Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բաժնուած ընտանիքի մէջ կարելի է ուրախ ըլլալ

Բաժնուած ընտանիքի մէջ կարելի է ուրախ ըլլալ

Բաժնուած ընտանիքի մէջ կարելի է ուրախ ըլլալ

«Ի՞նչ գիտես դուն. . . թերեւս [կողակիցդ] պիտի ապրեցնես» (Ա. ԿՈՐ. 7։16

ԿՐՆԱ՞Ս ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ ԳՏՆԵԼ

Հաւատացեալները ի՞նչ կրնան ընել, որպէսզի կրօնապէս բաժնուած տունէն ներս խաղաղութիւն մշակեն։

Քրիստոնեայ մը ինչպէ՞ս կրնայ ընտանիքի անհաւատ անդամներուն օգնել, որ ճշմարիտ պաշտամունքը որդեգրեն։

Ուրիշներ ի՞նչ կրնան ընել որպէսզի կրօնապէս բաժնուած ընտանիքներու մէջ ապրող հաւատակիցներուն օգնեն։

1. Թագաւորութեան պատգամը ընդունիլը ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ ընտանիքի մը վրայ։

ԱՌԻԹՈՎ մը Յիսուս իր առաքեալները քարոզելու ղրկելով՝ ըսաւ. «Երբ կ’երթաք, քարոզեցէք ու ըսէք. ‘Երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է’» (Մատ. 10։1, 7)։ Այս բարի լուրը խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն պիտի բերէր անոնց՝ որոնք իսկական գնահատութեամբ զայն պիտի ընդունէին։ Սակայն Յիսուս իր առաքեալները զգուշացուց, թէ շատեր Թագաւորութեան քարոզչութեան պիտի հակառակէին (Մատ. 10։16-23)։ Մասնաւորաբար հակառակութեան ցաւալի մէկ կերպը կը դիմագրաւուի, երբ ընտանիքի անդամներ Թագաւորութեան պատգամը կը մերժեն (կարդա՛ Մատթէոս 10։34-36

2. Ինչո՞ւ ուրախութիւնը անհասանելի չէ կրօնապէս բաժնուած ընտանիքներու մէջ ապրող քրիստոնեաներուն համար։

2 Սա կը նշանակէ՞ թէ ուրախութիւնը անհասանելի է Քրիստոսի այն հետեւորդներուն համար, որոնք կրօնապէս բաժնուած ընտանիքներու մէջ կ’ապրին։ Բնա՛ւ երբեք։ Թէեւ ընտանեկան հակառակութիւնը ատեններ խիստ կրնայ ըլլալ, սակայն պարագան միշտ այդպէս չէ։ Նաեւ, ընտանեկան հակառակութիւնը անպայմանօրէն մնայուն չէ։ Շատ բան կախեալ է այն բանէն, թէ հաւատացեալներ հակառակութեան կամ անտարբերութեան ինչպէ՛ս կը հակազդեն։ Ասկէ զատ, Եհովա իրեն հաւատարիմ եղողները կ’օրհնէ, զանոնք ուրախացնելով՝ հակառակ աննպաստ պարագաներու։ Հաւատացեալները կրնան իրենց ուրախութիւնը աւելցնել՝ 1) ջանալով տունէն ներս խաղաղութիւն մշակել եւ 2) անկեղծօրէն փորձելով ընտանիքի անհաւատ անդամներուն օգնել, որ ճշմարիտ պաշտամունքը որդեգրեն։

ՏՈՒՆԷՆ ՆԵՐՍ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ՄՇԱԿԷ

3. Բաժնուած ընտանիքին մէջ քրիստոնեան ինչո՞ւ պէտք է խաղաղութիւն մշակէ։

3 Ընտանեկան միջավայրէն ներս արդարութեան սերմը պտուղ տալու համար, տան մէջ խաղաղ պայմանները կենսական են (կարդա՛ Յակոբոս 3։18Նո՛յնիսկ երբ քրիստոնեային ընտանիքը մաքուր պաշտամունքին մէջ տակաւին միացած չէ, ան պէտք է անկեղծ ջանք թափէ տունէն ներս խաղաղութիւն մշակելու համար։ Ասիկա ինչպէ՞ս կարելի է ընել։

4. Քրիստոնեաները ինչպէ՞ս կրնան իրենց ներքին խաղաղութիւնը պահպանել։

4 Քրիստոնեաները պէտք է իրենց ներքին խաղաղութիւնը պահպանեն։ Ասիկա սրտագին աղօթք կը պահանջէ, ինչ որ մեզի կրնայ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը» տալ, որ անբաղդատելի է (Փլպ. 4։6, 7)։ Ուրախութիւնը եւ խաղաղութիւնը, Եհովայի մասին գիտութիւն առնելու եւ կեանքի մէջ աստուածաշնչական սկզբունքները կիրարկելու արդիւնքն են (Եսա. 54։13)։ Ժողովներու մէջ բաժին բերելը եւ դաշտի ծառայութեան նախանձախնդրաբար մասնակցիլը, նաեւ կենսական են խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն վայելելու համար։ Ձեւով մը քրիստոնէական գործունէութիւններու մասնակցիլը, բաժնուած ընտանիքներու մէջ ապրող հաւատացեալներուն համար ընդհանուր առմամբ կարելի է։ Զոր օրինակ, նկատի առ Էնզան, * որուն ամուսինը վայրագօրէն կը հակառակի։ Ան իր առտնին պարտականութիւնները ընելէ ետք, աշակերտելու գործին կը մասնակցի։ Էնզա կ’ըսէ. «Եհովա լաւ արդիւնքներով զիս առատապէս կ’օրհնէ, իւրաքանչիւր անգամ որ ջանք կը թափեմ բարի լուրը ուրիշներուն քարոզելու»։ Այսպիսի օրհնութիւններու արդիւնքը վստահաբար կ’ըլլայ՝ խաղաղութիւն, գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն։

5. Բաժնուած ընտանիքներու մէջ հաւատացեալները ի՞նչ մարտահրաւէր յաճախ կը դիմագրաւեն, եւ ի՞նչ օգնութիւն մատչելի է։

5 Պէտք է անկեղծ ջանք թափենք, ընտանիքի անհաւատ անդամներուն հետ խաղաղ փոխյարաբերութիւն մշակելու համար։ Ասիկա կրնայ մարտահրաւէր ըլլալ, քանի որ ինչ որ անոնք մեզմէ կը պահանջեն ընել, ատեններ կրնայ աստուածաշնչական սկզբունքներուն հակառակ ըլլալ։ Ճիշդ սկզբունքներու կառչիլը, թերեւս ընտանիքի անհաւատ անդամներուն վիրաւորէ, սակայն այս կեցուածքը ժամանակի ընթացքին խաղաղութիւն կը յառաջացնէ։ Անշուշտ, չզիջիլը երբ բան մը աստուածաշնչական սկզբունքները չի բեկաներ, կրնայ անհարկի լարուածութիւն պատճառել (կարդա՛ Առակաց 16։7Մարտահրաւէրի մը դիմաց, կարեւոր է հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգին հայթայթած հրատարակութիւններէն եւ երէցներէն աստուածաշնչական խրատ փնտռել (Առ. 11։14

6, 7. ա) Ինչո՞ւ ոմանք կը հակառակին ընտանիքի անդամներուն, որոնք Եհովայի վկաներուն հետ կը սկսին Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ բ) Աստուածաշունչի աշակերտ մը կամ հաւատացեալ մը ընտանեկան հակառակութեան ինչպէ՞ս պէտք է հակազդէ։

6 Ընտանիքի մը մէջ խաղաղութիւն մշակելը կը պահանջէ Եհովայի վստահիլ եւ ընտանիքի անհաւատ անդամներու զգացումները հասկնալ (Առ. 16։20)։ Նո՛յնիսկ Աստուածաշունչի նորեկ աշակերտները այս առնչութեամբ կրնան խորաթափանցութիւն ցոյց տալ։ Անհաւատ ամուսիններէն կամ կիներէն ոմանք թերեւս չհակառակին որ իրենց կողակիցը Աստուածաշունչը ուսումնասիրէ։ Անոնք թերեւս նո՛յնիսկ ընդունին թէ ասիկա կրնայ ընտանիքի օգտին համար ըլլալ։ Սակայն ուրիշներ կրնան թշնամութիւն դրսեւորել։ Եսթեր, որ այժմ Վկայ է, կը խոստովանի թէ շա՜տ զայրացաւ երբ իր ամուսինը սկսաւ Եհովայի վկաներուն հետ Աստուածաշունչը սերտել։ Ան կ’ըսէ. «Անոր ունեցած հրատարակութիւնները կա՛մ կը թափէի եւ կամ կ’այրէի»։ Հաուըրտ, որ սկիզբը իր կնոջ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան կը հակառակէր, կը նշէ. «Բազմաթիւ ամուսիններ կը վախնան որ իրենց կիները խաբուելով աղանդի մը պատկանին։ Ամուսին մը թերեւս չգիտնայ ինչպէ՛ս հակազդել այս ենթադրեալ սպառնալիքին եւ կրնայ թշնամական դառնալ»։

7 Աշակերտ մը՝ որուն կողակիցը իրեն կը հակառակի, պէտք է օգնութիւն ստանայ տեսնելու թէ հարկ չկայ որ իր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը դադրեցնէ։ Ան յաճախ կարող պիտի ըլլայ հարցերը լուծել՝ հեզ ըլլալով եւ անհաւատ կողակիցը յարգելով (Ա. Պետ. 3։15)։ Հաուըրտ կ’ըսէ. «Շա՜տ երախտապարտ եմ որ կինս հանդարտ մնաց եւ չափէ դուրս չհակազդեց»։ Կինը կը բացատրէ. «Հաուըրտը ուզեց որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը ձգեմ։ Ան ըսաւ թէ ուղեղալուացքի կ’ենթարկուէի։ Հակաճառելու տեղ, իրեն ըսի թէ թերեւս իր ըսածը ճիշդ է, բայց նաեւ ըսի թէ անկեղծօրէն չեմ կրնար տեսնել թէ ի՛նչ կերպով. ուստի, իրմէ խնդրեցի որ կարդայ այն գիրքը որ կը սերտեմ։ Ան կարդաց եւ չկրցաւ ատոր ըսածին հետ չհամաձայնիլ։ Ասիկա խորապէս իրեն ազդեց»։ Լաւ է յիշել, թէ անհաւատ ամոլներ կրնան լքուած կամ վտանգուած զգալ, երբ իրենց կողակիցը տունէն դուրս քրիստոնէական գործունէութիւններու կը մասնակցի, սակայն վստահութիւն ներշնչող խօսքեր կրնան մեծապէս օգնել այսպիսի զգացումներ մեղմացնելու։

ՕԳՆԷ ԱՆՈՆՑ ՈՐ ՃՇՄԱՐԻՏ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԸ ՈՐԴԵԳՐԵՆ

8. Պօղոս առաքեալ անհաւատ կողակիցներ ունեցող քրիստոնեաներուն ի՞նչ խրատ տուաւ։

8 Պօղոս առաքեալ քրիստոնեաները կը խրատէ որ իրենց կողակիցը չձգեն, պարզ այն պատճառով որ անիկա անհաւատ է (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 7։12-16 * Ի մտի ունենալը այն հաւանականութիւնը, թէ անհաւատ կողակիցը կրնայ քրիստոնեայ ըլլալ, կրնա՛յ հաւատացեալին օգնել որ ուրախութիւնը պահէ, թէեւ բաժնուած ընտանիքի մէջ կ’ապրի։ Սակայն, մինչ ան կը ջանայ ճշմարտութեան պատգամը անհաւատին հաղորդել, պէտք է ուշադիր ըլլայ, ինչպէս որ հետեւեալ փորձառութիւնները ցոյց կու տան։

9. Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ընտանիքի անհաւատ անդամներուն ներկայացնելու առնչութեամբ, ի՞նչ զգուշացում տեղին է։

9 Ճէյսըն շատ խանդավառուեցաւ երբ առաջին անգամ ճշմարտութիւնը սորվեցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Ուզեցի բոլորի՛ն պատմել»։ Երբ Աստուածաշունչի աշակերտը Սուրբ Գրութիւններէն իր սորվածներուն ճշմարիտ ըլլալը սկսի գնահատել, ան ա՛յնքան ուրախ կրնայ ըլլալ որ գրեթէ ամէն ատեն ատոնց մասին կը խօսի։ Ան թերեւս ակնկալէ թէ ընտանիքի անհաւատ անդամները Թագաւորութեան պատգամը անմիջապէս ընդունին, բայց կրնայ ըլլալ որ անոնք իրեն հետ չհամաձայնին։ Ճէյսընի սկզբնական խանդավառութիւնը ինչպէ՞ս իր կնոջ ազդեց։ Կինը կը յիշէ. «Ջախջախուած զգացի»։ Կին մը, որ ճշմարտութիւնը ընդունեց՝ իր ամուսինէն 18 տարի ետք, կ’ըսէ. «Պէտք ունէի զայն աստիճանաբար սորվիլ»։ Եթէ ներկայիս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն կը վարես աշակերտի մը հետ, որուն կողակիցը չի փափաքիր ճշմարիտ պաշտամունքը որդեգրել, ինչո՞ւ աշակերտին հետ կանոնաւոր փորձի նիստեր չընես, անոր օգնելու որ հարցերուն փափկանկատօրէն մօտենայ։ Մովսէս մարգարէն ըսաւ. «Իմ խրատս անձրեւի պէս պիտի կաթի, իմ խօսքս ցօղի պէս պիտի իջնէ. . . առատ անձրեւներու պէս՝ խոտի վրայ» (Բ. Օր. 32։2)։ Ճշմարտութեան լաւ զետեղուած քանի մը կաթիլներ յաճախ աւելի լաւ արդիւնք կու տան, քան՝ հոգեւոր տեղատարափը։

10-12. ա) Պետրոս առաքեալ ի՞նչ խրատ տուաւ անհաւատ կողակից ունեցող քրիստոնեաներուն։ բ) Աստուածաշունչի աշակերտ մը ինչպէ՞ս սորվեցաւ Ա. Պետրոս 3։1, 2–ի խրատը կիրարկել։

10 Պետրոս առաքեալ կրօնապէս բաժնուած ընտանիքներու մէջ ապրող քրիստոնեայ կիներուն ներշնչեալ խրատ տուաւ։ Ան գրեց. «Կիները հնազանդ պէտք է ըլլան իրենց այրերուն, որպէս զի եթէ ոմանք խօսքին հնազանդ չըլլան ալ, առանց խօսքի շահուին իրենց կիներուն վարուելակերպովը՝ տեսնելով անոնց երկիւղած եւ պարկեշտ վարքը» (Ա. Պետ. 3։1, 2)։ Կին մը թերեւս կրնայ իր ամուսինը ճշմարիտ պաշտամունքին կողմը շահիլ, եթէ անոր ենթարկուի եւ խոր յարգանք ցուցաբերէ, նոյնիսկ երբ ան անգթօրէն իրեն հետ կը վարուի։ Նմանապէս, հաւատացեալ ամուսին մը պէտք է բարեպաշտ կերպով վարուի եւ ընտանիքի սիրալիր գլուխ ըլլայ, նոյնիսկ եթէ իր անհաւատ կնոջմէն հակառակութիւն դիմագրաւէ (Ա. Պետ. 3։7-9

11 Արդի բազմաթիւ օրինակներ Պետրոսի խրատը կիրարկելու արժէքը կը լուսաբանեն։ Նկատի առ Սելմայի պարագան։ Երբ ան սկսաւ Եհովայի վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, իր ամուսինը՝ Սթիւ չհաճեցաւ։ Սթիւ կը խոստովանի թէ բարկացաւ, նախանձեցաւ եւ անապահով զգաց։ Սելմա կը նշէ. «Նո՛յնիսկ ճշմարտութիւնը սորվելէ առաջ, Սթիւին հետ ապրիլը հաւկիթի կեղեւի վրայ քալելու նման էր։ Ան ջղային էր։ Եւ երբ Աստուածաշունչը սկսայ ուսումնասիրել, այս յատկութիւնը սաստկացաւ»։ Ի՞նչ բան օգնեց։

12 Սելմա կը յիշէ դաս մը, որ իրեն հետ ուսումնասիրող Վկայէն սորվեցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Օր մը, չուզեցի Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, քանի որ մէկ գիշեր առաջ, Սթիւ վայրագօրէն հակազդեց երբ փորձեցի իրեն կէտ մը բացատրել։ Նեղուած կը զգայի եւ իմ անձիս վրայ կը խղճայի։ Եղելութիւնը քրոջ պատմելէ ետք, ան ինձմէ խնդրեց որ Ա. Կորնթացիս 13։4-7–ն կարդամ։ Մինչ կը կարդայի, սկսայ մտածել. ‘Սթիւը այս սիրելի բաներէն որեւէ մէկը բնա՛ւ ինծի չ’ըներ’։ Սակայն, քոյրը պատճառ եղաւ որ ուրիշ կերպով մտածեմ, երբ հարցուց. ‘Այդ սիրոյ արարքներէն քանի՞ հատը դո՛ւն ամուսինիդ հանդէպ կը ցուցաբերես’։ Պատասխանս եղաւ. ‘Ո՛չ մէկը, քանի որ անոր հետ ապրիլը շա՛տ դժուար է’։ Քոյրը մեղմօրէն ըսաւ. ‘Սելմա՛, հոս ո՞վ կը փորձէ քրիստոնեայ ըլլալ, դո՞ւն թէ Սթիւը։’ Գիտակցելով որ մտածելակերպս պէտք է ճշդէի, Եհովայի աղօթեցի որ ինծի օգնէ որ Սթիւին հանդէպ աւելի սիրառատ ըլլամ։ Կամաց–կամաց հարցերը սկսան փոխուիլ»։ 17 տարի ետք, Սթիւ ճշմարտութիւնը ընդունեց։

ՈՒՐԻՇՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿՐՆԱՆ ՕԳՆԵԼ

13, 14. Ժողովքի անդամները ինչպէ՞ս կրնան ձեռնտու ըլլալ անոնց՝ որոնք կրօնապէս բաժնուած ընտանիքներու մէջ կ’ապրին։

13 Ինչպէս որ անձրեւի մեղմ կաթիլները գետինը կը թրջեն եւ կ’օգնեն որ բոյսերը աճին, նո՛յնպէս ժողովքին մէջ բազմաթիւ անհատներ բաժնուած ընտանիքներու քրիստոնեաներուն ուրախութեան կը նպաստեն։ «Եղբայրներուս եւ քոյրերուս սէրը ինծի օգնեց որ ճշմարտութեան մէջ հաստատ մնամ», կ’ըսէ Պրազիլի մէջ բնակող Էլվինան։

14 Ժողովքի անդամներուն ազնուութիւնը եւ հետաքրքրութիւնը, շատ բան կրնայ ընել ընտանիքի անհաւատ անդամին սրտին դպչելու համար։ Նիկերիոյ մէջ, ամուսին մը որ իր կնոջմէն 13 տարի ետք ընդունեց ճշմարտութիւնը, կը նշէ. «Մինչ Վկայի մը հետ կը ճամբորդէի, անոր ինքնաշարժը աւրուեցաւ։ Ան մօտակայ գիւղին մէջ ապրող հաւատակիցներուն օգնութիւնը հայցեց, եւ անոնց քով գիշերեցինք։ Անոնք ա՛յնպէս մը մեզի հոգ տարին որ կարծես մանկութենէ ի վեր զիրենք կը ճանչնայինք։ Անմիջապէս շօշափեցի այն քրիստոնէական սէրը, որուն մասին կինս միշտ կը խօսէր»։ Անգլիոյ մէջ, կին մը որ ճշմարտութեան եկաւ իր ամուսինէն 18 տարի ետք, կը յիշէ. «Վկաները երկուքս ճաշի կը հրաւիրէին։ Միշտ կը զգայի թէ սիրով ընդունուած եմ»։ * Նոյն երկրէն, ամուսին մը որ ի վերջոյ Վկայ եղաւ, կ’ըսէ. «Եղբայրներ եւ քոյրեր մեզի կ’այցելէին կամ մենք իրենց տունը հրաւիրուած կ’ըլլայինք, եւ նկատեցի թէ հոգածու կեցուածք ունէին։ Ասիկա մասնաւորաբար աչքառու էր երբ հիւանդանոցն էի եւ շատեր եկան ինծի այցելելու»։ Կրնա՞ս ընտանիքի անհաւատ անդամներուն համանման հետաքրքրութիւն ցոյց տալու կերպեր գտնել։

15, 16. Ի՞նչ բան կրնայ օգնել հաւատացեալին որ ուրախութիւն պահպանէ, երբ ընտանիքի անդամներ անհաւատ կը մնան։

15 Անշուշտ, նոյնիսկ երբ հաւատացեալը տարիներ հաւատարիմ վարք ունենայ եւ փափկանկատ վկայութիւն տայ, բոլոր անհաւատ ամոլները, զաւակները, ծնողները կամ ուրիշ ազգականներ ճշմարիտ պաշտամունքը չեն որդեգրեր։ Ոմանք անտարբեր կը մնան կամ մնայուն հակառակորդներ կը դառնան (Մատ. 10։35-37)։ Սակայն, երբ քրիստոնեաները բարեպաշտ յատկութիւններ կը դրսեւորեն, ասիկա կրնայ շատ լաւ ազդեցութիւն ունենալ։ Նախկին անհաւատ ամուսին մը կը նշէ. «Երբ հաւատացեալ կողակիցը կը սկսի այդ գեղեցիկ յատկութիւնները արտացոլացնել, չես գիտեր թէ անհաւատին մտքէն եւ սրտէն ի՛նչ կ’անցնի։ Ուստի, բնա՛ւ անհաւատ կողակիցէդ յոյսդ մի՛ կտրեր»։

16 Նոյնիսկ եթէ ընտանիքի անդամ մը անհաւատ մնայ, կարելի է որ հաւատացեալը ուրախ ըլլայ։ Քոյր մը՝ որուն ամուսինը չէ ընդունած ճշմարտութիւնը, հակառակ անոր որ իրեն 21 տարի վկայած է, կ’ըսէ. «Կարող եմ ուրախութիւնս պահպանել, ջանալով Եհովան հաճեցնել, իրեն հաւատարիմ մնալով եւ հոգեւորութիւնս զօրացնելով։ Հոգեւոր գործունէութիւններու միջամուխ ըլլալը,– անձնական ուսումնասիրութիւն, ժողովներու ներկայ գտնուիլ, դաշտի ծառայութիւն եւ ժողովքի անդամներուն օգնել,– զիս Եհովայի աւելի՛ մօտեցուցած է եւ սիրտս պահպանած է» (Առ. 4։23

ՄԻ՛ ՅԱՆՁՆՈԻԻՐ

17, 18. Նոյնիսկ կրօնապէս բաժնուած ընտանիքի մէջ, քրիստոնեայ մը ինչպէ՞ս կրնայ յոյսով լեցուիլ։

17 Եթէ հաւատարիմ քրիստոնեայ մըն ես, որ կրօնապէս բաժնուած ընտանիքի մէջ կ’ապրիս, մի՛ յանձնուիր։ Յիշէ՛ թէ «Տէրը իր մեծ անուանը համար իր ժողովուրդը չի թողուր» (Ա. Թագ. 12։22)։ Ան քեզի հետ է ա՛յնքան ատեն որ իրեն կը կառչիս (կարդա՛ Բ. Մնացորդաց 15։2Ուստի, «Տէրոջմով ուրախացիր»։ Արդարեւ, «Տէրոջը յանձնէ քու ճամբադ ու անոր յուսա» (Սաղ. 37։4, 5)։ ‘Ստէպ աղօթքի կեցիր’ եւ հաւատա՛ թէ մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը կրնայ քեզի օգնել, որ ամէն տեսակի դժուարութիւններու տոկաս (Հռով. 12։12

18 Եհովայէ իր սուրբ հոգին խնդրէ, որպէսզի քեզի օգնէ որ տունէն ներս խաղաղութիւն յառաջացնես (Եբ. 12։14)։ Այո, կարելի՛ է խաղաղ պայմաններ յառաջացնել, որոնք ի վերջոյ կրնան ընտանիքի անհաւատ անդամներու սրտին դպչիլ։ Մինչ ‘ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար կ’ընես’, ուրախութիւն եւ սրտի ու մտքի խաղաղութիւն պիտի վայելես (Ա. Կոր. 10։31)։ Նաեւ, կրնաս վստահ ըլլալ որ հոգեւոր եղբայրներդ եւ քոյրերդ քեզի սիրալիրօրէն պիտի աջակցին։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 4 Անունները փոխուած են։

^ պարբ. 8 Պօղոսի խրատը դուրս չի ձգեր ծայրայեղ պարագաներու ներքեւ օրինաւոր բաժանումը։ Ատիկա անձնական լուրջ որոշում է։ Տե՛ս «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք», էջ 220-221։

^ պարբ. 14 Անհաւատներու հետ ուտելը Սուրբ Գրութիւններուն մէջ արգիլուած չէ (Ա. Կոր. 10։27

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 30]

Հաւատալիքներդ բացատրելու համար՝ յարմար ժամանակը ընտրէ

[Նկար՝ էջ 31]

Անհաւատ կողակիցներու հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ