Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բոլո՞ր «քրիստոնեաները» քրիստոնեայ են

Բոլո՞ր «քրիստոնեաները» քրիստոնեայ են

Բոլո՞ր «քրիստոնեաները» քրիստոնեայ են

ՀԱՄԱՅՆ աշխարհի մէջ, քանի՞ քրիստոնեայ կայ։ Ըստ հրատարակութեան մը (Atlas of Global Christianity), 2010–ին, անոնց թիւը գրեթէ 2,3 միլիառ էր։ Սակայն նոյն հրատարակութիւնը նաեւ ցոյց կու տայ, թէ այդ քրիստոնեաները աւելի քան 41,000 յարանուանութիւններու կը պատկանին,– իւրաքանչիւրը իր անձնական վարդապետութիւնները եւ վարքի կանոնները ունենալով։ Այս բազմաթիւ «քրիստոնէական» կրօնքները նկատելով, հասկնալի է որ կարգ մը դիտորդներ շփոթին կամ հիասթափին։ Անոնք թերեւս հարց տան. ‘Բոլո՞ր դաւանեալ քրիստոնեաները իրապէս քրիստոնեայ են’։

Հարցը ուրիշ անկիւնէ դիտենք։ Սովորաբար, ճամբորդէ մը կը պահանջուի որ սահմանի պաշտօնեային իր քաղաքացիութիւնը նշէ։ Ան նաեւ իր ինքնութիւնը պէտք է փաստէ, թերեւս ցոյց տալով իր անցագիրը։ Նմանապէս, ճշմարիտ քրիստոնեայ մը ‘Քրիստոսի կը հաւատամ’ ըսելէն աւելի՛ն պէտք է ընէ։ Ան իր ինքնութիւնը բնորոշող յաւելեալ ապացոյցներ պէտք է ունենայ։ Ատոնք ի՞նչ են։

«Քրիստոնեայ» բառը առաջին անգամ գործածուեցաւ մ.թ. 44–էն քիչ ետք։ Աստուածաշունչի պատմաբան Ղուկաս նշեց. «Ամենէն առաջ Անտիոքի մէջ աշակերտները Քրիստոնեայ անուանուեցան» (Գործք 11։26)։ Նշմարէ թէ այդ քրիստոնեայ կոչուածները Քրիստոսի աշակերտներն էին։ Ի՞նչ բան անհատ մը Յիսուս Քրիստոսի աշակերտը կ’ընէ։ Նոր Կտակարանի բառարան մը կը բացատրէ. «Որպէս աշակերտ Յիսուսին հետեւիլը կը նշանակէ որ անհատը իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան՝ անվերապահօրէն իր ամբողջ կեանքը պիտի զոհէ» (The New International Dictionary of New Testament Theology)։ Հետեւաբար, ճշմարիտ քրիստոնեան այն է, որ բոլորովին եւ անվերապահօրէն Յիսուսի՝ քրիստոնէութեան Հիմնադրին՝ ուսուցումներուն ու ցուցմունքներուն կը հետեւի։

Ներկայիս, կարելի՞ է այսպիսի անհատներ գտնել բազմաթիւ քրիստոնեայ ըլլալ դաւանողներուն մէջ։ Ըստ Յիսուսի, ի՞նչ բաներ պիտի բնորոշէին իր ճշմարիտ հետեւորդները։ Կը հրաւիրենք քեզ որ նկատի առնես թէ Աստուածաշունչը ինչպէ՛ս այս հարցումներուն կը պատասխանէ։ Յաջորդ յօդուածներուն մէջ, պիտի քննարկենք Յիսուսի հինգ արտայայտութիւններ, որոնք կը յատկանշեն եւ կ’օգնեն բնորոշելու իր ճշմարիտ հետեւորդները։ Նկատի պիտի առնենք, թէ առաջին դարու քրիստոնեաները ինչպէ՛ս ցոյց տուին թէ այդ յատկութիւնները ունէին։ Եւ պիտի ջանանք տեսնել, թէ բազմաթիւ դաւանեալ քրիստոնեաներէն որո՛նք ներկայիս այդ չափանիշներուն գոհացում կու տան։