Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մեր յոյսով ուրախանանք

Մեր յոյսով ուրախանանք

Մեր յոյսով ուրախանանք

«Յաւիտենական կեանքի յոյս [կայ], որ անսուտն Աստուած խոստացած է դարեր առաջ» (ՏԻՏ. 1։2

ՎԵՐԱՔԱՂԻ ՀԱՄԱՐ

Ինչպէ՞ս գիտենք թէ երկնքի մէջ ուրախութիւն կ’ըլլայ, երբ օծեալներէն մէկը մինչեւ մահ իր ուղղամտութիւնը պահէ։

Ուրիշ ոչխարներուն յոյսին իրականացումը ինչպէ՞ս կապուած է օծեալներուն յոյսին հետ։

Մեր յոյսին իրականացումը տեսնելու համար, ինչպէ՞ս «սուրբ վարմունք» եւ «բարեպաշտութիւն» պէտք է ցոյց տանք։

1. Եհովայի մեզի շնորհած յոյսը ինչպէ՞ս կրնայ օգնել որ տոկանք։

ԵՀՈՎԱՆ «յուսոյ Աստուածն» է։ Այսպէս ըսաւ Պօղոս առաքեալ, աւելցնելով՝ թէ Ան կրնայ ‘մեզ լեցնել կատարեալ ուրախութիւնով ու խաղաղութիւնով՝ մեր հաւատքին համաձայն, որպէս զի մեր յոյսը առատանայ Սուրբ Հոգիին զօրութիւնովը’ (Հռով. 15։13)։ Եթէ մեր յոյսը մեր մէջ առատանայ, պիտի կարենանք որեւէ պարագայի տոկալ, մեր սիրտը ուրախութեամբ եւ խաղաղութեամբ լեցուած։ Ինչպէս որ է պարագան օծեալ քրիստոնեաներուն, այսպիսի յոյս մը «հաստատ ու անշարժ խարիսխ մը» պիտի ըլլայ միւս քրիստոնեաներուն (Եբ. 6։18, 19)։ Մեր յոյսը բան մըն է, որուն կրնանք կառչիլ՝ կեանքի փոթորիկներուն ընթացքին, բան մը՝ որ մեզի պիտի օգնէ որ չքշուինք դէպի կասկած կամ անհաւատութիւն (կարդա՛ Եբրայեցիս 2։1. 6։11

2. Ներկայիս, քրիստոնեաները ի՞նչ երկու յոյս ունին, եւ «ուրիշ ոչխարներ»ը օծեալներուն վայելած յոյսով ինչո՞ւ հետաքրքրուած են։

2 Այս վախճանին ատենը ապրող քրիստոնեաները, իրենց ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնեն երկու յոյսերէ մէկուն վրայ։ Օծեալ քրիստոնեաներու «պզտիկ հօտ»ին մնացեալ անդամները, երկնքի մէջ անմահ կեանքի յոյսը ունին, Քրիստոսի Թագաւորութեան մէջ որպէս թագաւորներ եւ քահանաներ (Ղուկ. 12։32. Յայտ. 5։9, 10)։ «Ուրիշ ոչխարներ»ու «մեծ բազմութիւն»ը, դրախտային երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունին, որպէս Մեսիական Թագաւորութեան հպատակներ (Յայտ. 7։9, 10. Յովհ. 10։16)։ Ուրիշ ոչխարները բնա՛ւ պէտք չէ մոռնան, թէ իրենց փրկութիւնը կախեալ է իրենց գործօն աջակցութենէն Քրիստոսի օծեալ «եղբայրներ»ուն, որոնք տակաւին երկրի վրայ կ’ապրին (Մատ. 25։34-40)։ Օծեալները իրենց վարձատրութիւնը պիտի ստանա՛ն, եւ նմանապէս ուրիշ ոչխարներուն յոյսը վստահաբար պիտի կատարուի (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։39, 40Նախ, օծեալներուն առջեւ դրուած յոյսը քննարկենք։

ՕԾԵԱԼ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒՆ «ԿԵՆԴԱՆԻ ՅՈՅՍ»Ը

3, 4. Օծեալ քրիստոնեաները ինչպէ՞ս ‘նորէն կը ծնին կենդանի յոյսին համար’, եւ ի՞նչ է այդ յոյսը։

3 Պետրոս առաքեալ երկու նամակ գրեց օծեալ քրիստոնեաներուն, զիրենք «ընտրուած»ներ կոչելով (Ա. Պետ. 1։1)։ Ան պզտիկ հօտին շնորհուած հոյակապ յոյսին մասին մանրամասնութիւններ տուաւ։ Իր առաջին նամակին մէջ, Պետրոս գրեց. «Օրհնեալ է Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հայրը՝ որ իր առատ ողորմութեամբ մեզ նորէն ծնաւ կենդանի յոյսին համար՝ Յիսուս Քրիստոսին մեռելներէն յարութիւն առնելովը, անեղծ ու անարատ եւ անթառամ ժառանգութեանը համար՝ որ երկինքը պահուած է մեզի, որ Աստուծոյ զօրութիւնովը պահպանուած էք հաւատքով այն փրկութեանը համար՝ որ պատրաստուած է վերջին ժամանակը յայտնուելու. որով կ’ուրախանաք» (Ա. Պետ. 1։3-6

4 Սահմանափակ թիւով քրիստոնեաները,– Եհովայի կողմէ ընտրուած՝ Քրիստոսի իշխանակիցներ ըլլալու,– ‘նորէն կը ծնին’ որպէս Աստուծոյ հոգիէն–ծնած որդիներ։ Անոնք սուրբ հոգիով կ’օծուին՝ Քրիստոսի հետ թագաւորներ եւ քահանաներ ըլլալու համար (Յայտ. 20։6)։ Պետրոս կը նշէ, թէ ‘նորէն ծնիլը’ իրենց կու տայ «կենդանի յոյս», որ «անեղծ ու անարատ եւ անթառամ ժառանգութիւն» է՝ իրենց համար «երկինքը պահուած»։ Այս հոյակապ յոյսը, օծեալներուն վաւերական պատճառ կու տայ ուրախանալու։ Սակայն, այս յոյսին իրականացումը անոնց հաւատարմութենէն կախեալ է։

5, 6. Օծեալ քրիստոնեաները ինչո՞ւ ջանք պէտք է ընեն, որ իրենց երկնային կոչումը հաստատեն։

5 Իր երկրորդ նամակին մէջ, Պետրոս օծեալ քրիստոնեաները յորդորեց, որ ‘աւելի ջանք ընեն որ իրենց կոչումը ու ընտրութիւնը հաստատեն’ (Բ. Պետ. 1։10)։ Անոնք պէտք էր ջանք թափէին, հաւատքի, աստուածպաշտութեան, եղբայրսիրութեան եւ սիրոյ նման քրիստոնէական յատկութիւններ մշակելու համար։ Պետրոս նշեց. «Եթէ այս բաները ձեր վրայ կը գտնուին ու կ’աճին, պարապ ու անպտուղ չեն ըներ ձեզ» (կարդա՛ Բ. Պետրոս 1։5-8

6 Փոքր Ասիոյ առաջին դարու Ֆիլատելֆիա ժողովքի հոգիէն–ծնած երէցներուն յարուցեալ Քրիստոս ըսաւ. «Որովհետեւ իմ համբերութեան խօսքս պահեցիր, ես ալ քեզ պիտի պահեմ փորձութեան ժամանակ, որ պատրաստ է գալու բոլոր աշխարհի վրայ՝ երկրի երեսը բնակողները փորձելու համար։ Ահա ես շուտով պիտի գամ։ Ունեցածդ ամուր բռնէ, որպէս զի մէ՛կը չառնէ քու պսակդ» (Յայտ. 3։10, 11)։ Եթէ օծեալ քրիստոնեայ մը անհաւատարիմ դառնայ, պիտի չստանայ «փառքի անթառամ պսակը», որ մինչեւ մահ հաւատարիմ մնացող ընտրեալներուն խոստացուած է (Ա. Պետ. 5։4. Յայտ. 2։10

ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄՏՆԵԼ

7. Իր նամակին մէջ, Յուդա ի՞նչ հոյակապ յոյս մը նշեց։

7 Շուրջ մ.թ. 65–ին, Յիսուսի խորթ եղբայրը՝ Յուդա, իր օծեալ հաւատակիցներուն նամակ գրեց, զիրենք «կանչուած»ներ կոչելով (Յուդա 1. համեմատէ՛ Եբրայեցիս 3։1)։ Սկիզբը, ան ուզեց բոլոր օծեալ քրիստոնեաներուն ունեցած փրկութեան յոյսին մասին գրել (Յուդա 3)։ Բայց ան ստիպուեցաւ ուրիշ հրատապ հարցերու մասին գրել։ Այսուհանդերձ, ան իր կարճ նամակը եզրափակեց՝ օծեալ քրիստոնեաներուն հոյակապ յոյսը նշելով։ Ան գրեց. «Անոր՝ որ կարող է զերծ պահել ձեզ անկումէ, եւ անարատ կեցնել իր փառքին առջեւ՝ ցնծութեամբ, մեր Փրկիչին՝ միա՛կ Աստուծոյ, (մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով) փա՜ռք ու մեծափառութի՜ւն, զօրութի՜ւն եւ իշխանութի՜ւն (բոլոր դարերէն առաջ,) հիմա ու բոլոր դարերուն մէջ» (Յուդա 24, 25, ԱԾ

8. Յուդա 24–ի համաձայն, ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, թէ երկնքի մէջ ցնծութիւն կ’ըլլայ երբ օծեալներէն մէկը իր ուղղամտութիւնը կը պահէ։

8 Վստահաբար, հաւատարիմ օծեալ քրիստոնեաները կ’ուզեն անձնապէս անկումէ զերծ պահուիլ։ Անոնց աստուածաշնչական յոյսն է, թէ Յիսուս Քրիստոս զիրենք մահուընէ պիտի յարուցանէ որպէս կատարեալ հոգեւոր արարածներ, թոյլ տալով որ Աստուծոյ առջեւ ցնծութեամբ ներկայանան։ Երբ օծեալներէն մէկը հաւատարիմ մեռնի, կասկած չկայ թէ ան «անապականութիւնով» եւ «փառքով» որպէս «հոգեւոր մարմին» յարութիւն պիտի առնէ (Ա. Կոր. 15։42-44)։ Եթէ մեծ ‘ուրախութիւն կ’ըլլայ երկինքը մէկ մեղաւորի համար, որ կ’ապաշխարէ’, երեւակայէ հոգեւոր ծիրին մէջ այն ուրախութիւնը, երբ Քրիստոսի հոգիէն–ծնած եղբայրներէն մէկը մինչեւ մահ իր ուղղամտութիւնը պահէ (Ղուկ. 15։7)։ Եհովան եւ հաւատարիմ հոգեղէն արարածները պիտի ուրախանան օծեալին հետ մէկտեղ, որ իր վարձատրութիւնը «ցնծութիւնով» պիտի ստանայ (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 3։2

9. Հաւատարիմ օծեալներուն համար ինչպէ՞ս «ճոխութեամբ պիտի հայթայթուի» Թագաւորութիւն մտնելը, եւ ինչպէ՞ս այս յոյսը երկրի վրայ ապրող օծեալներուն կ’ազդէ։

9 Նման ոճով, Պետրոս օծեալ քրիստոնեաներուն գրեց, որ եթէ իրենց հաւատարմութեամբ իրենց կոչումը հաստատեն, իրենց «ճոխութեամբ պիտի հայթայթուի. . . մեր Տէրոջ ու Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի յաւիտենական թագաւորութեան մուտքը» (Բ. Պետ. 1։10, 11, ԱԾ)։ Երբ Պետրոս ըսաւ, որ Թագաւորութիւն մտնելը «ճոխութեամբ պիտի հայթայթուի», ան թերեւս կ’ակնարկէր այն իրողութեան, թէ անոնք մեծ փառքով երկինք պիտի մտնէին։ Նաեւ, ան թերեւս կ’ակնարկէր այն բազմաթիւ օրհնութիւններուն, որոնք անոնք երկնքի մէջ պիտի ստանան։ Օծեալները կրնան ցնծութեամբ եւ երախտագիտութեամբ լեցուած սրտերով յետադարձ ակնարկ նետել իրենց հաւատարիմ կենցաղին վրայ։ Անկասկած, այս հեռանկարը տակաւին երկրի վրայ ապրող օծեալ քրիստոնեաներուն ոյժ կու տայ, որ շարունակեն ‘իրենց մտքերը գօտեպնդել’ (Ա. Պետ. 1։13

ՈՒՐԻՇ ՈՉԽԱՐՆԵՐՈՒՆ «ՅՈՅՍ»Ի ՀԻՄԸ

10, 11. ա) Ուրիշ ոչխարները ի՞նչ յոյս ունին։ բ) Երկրային յոյսի իրականացումը ինչպէ՞ս կապուած է Քրիստոսի հետ եւ «Աստուծոյ որդիներուն յայտնուելուն» հետ։

10 Պօղոս առաքեալ հոգիէն–ծնած «Աստուծոյ որդիներուն» գրեց, Քրիստոսի «ժառանգակիցներ» ըլլալու անոնց փառաւոր յոյսին մասին։ Ապա ան նշեց այն հոյակապ յոյսը, որ Եհովա անհամար ուրիշ ոչխարներուն կը հրամցնէ. «Ստեղծուածները մեծ ակնկալութեամբ Աստուծոյ որդիներուն [օծեալներուն] յայտնուելուն կը սպասեն։ Վասն զի ունայնութեան հնազանդեցան ստեղծուածները, ոչ թէ իրենց կամքովը՝ հապա անոր համար որ Աստուած հնազանդեցուց, այն յոյսով, որ ստեղծուածները իրենք ալ ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին» (Հռով. 8։14-21

11 Մարդկութեան «յոյս»ի հիմը Եհովան տուաւ, երբ խոստացեալ «սերունդ»ին միջոցաւ, «առաջուան օձ»էն՝ Բանսարկու Սատանայէն ազատում խոստացաւ (Յայտ. 12։9. Ծն. 3։15)։ Այդ «սերունդ»ը գլխաւորաբար Յիսուս Քրիստոսն էր (Գաղ. 3։16)։ Յիսուսի մահն ու յարութիւնը, կարելի դարձուց որ մարդիկ մեղքէն եւ մահէն ազատուելու յոյսը ունենան։ Այս յոյսը «Աստուծոյ որդիներուն յայտնուելուն» հետ կապ ունի։ Փառաւորեալ օծեալները «սերունդ»ին երկրորդական մասն են։ Անոնք պիտի ‘յայտնուին’, երբ Քրիստոսի հետ Սատանայի չար աշխարհը կործանեն (Յայտ. 2։26, 27)։ Ասիկա փրկութիւն պիտի բերէ ուրիշ ոչխարներուն, որոնք մեծ նեղութենէն պիտի վերապրին (Յայտ. 7։9, 10, 14

12. Օծեալներուն յայտնուիլը մարդկութեան համար ի՞նչ փառաւոր օգուտներ պիտի ունենայ։

12 «Ստեղծուածներ»ուն համար ի՜նչ մխիթարութիւն պիտի ըլլայ Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին։ Այդ ատեն, փառաւորեալ «Աստուծոյ որդիները» յաւելեալ կերպով պիտի ‘յայտնուին’, երբ Քրիստոսի հետ որպէս քահանաներ գործեն, մարդկութեան օգնելով որ Յիսուսի փրկանքի զոհին օգուտները ստանան։ Որպէս երկնային Թագաւորութեան հպատակներ, «ստեղծուածները» պիտի սկսին մեղքին եւ մահուան ազդեցութիւններէն ձերբազատուիլ։ Հնազանդ մարդիկ աստիճանաբար ‘ապականութեան ծառայութենէն պիտի ազատին’։ Եթէ անոնք Եհովայի հաւատարիմ մնան Հազարամեայ իշխանութեան ե՛ւ վերջին փորձին ընթացքին, անոնց անունները մնայուն կերպով ‘կեանքի գիրքին’ մէջ պիտի գրուին։ Անոնք ‘Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութիւնը’ պիտի ունենան (Յայտ. 20։7, 11, 12)։ Արդարեւ փառաւոր յոյս մը։

ՄԵՐ ՅՈՅՍԸ ԿԵՆԴԱՆԻ ՊԱՀԵԼ

13. Մեր յոյսը ի՞նչ բանի վրայ հիմնուած է, եւ ե՞րբ Քրիստոս պիտի յայտնուի։

13 Պետրոսի երկու ներշնչեալ նամակները շատ բան կը բովանդակեն՝ օծեալներուն եւ ուրիշ ոչխարներուն օգնելու, որ իրենց յոյսերը կենդանի պահեն։ Ան դիտել տուաւ, թէ իրենց յոյսը իրենց գործերուն վրայ չէ հիմնուած, այլ՝ Եհովայի շնորհքին վրայ։ Ան գրեց. «Արթուն կեցած՝ կատարելապէս յուսացէք այն շնորհքին որ ձեզի պիտի տրուի Յիսուս Քրիստոսին յայտնուելու ատենը» (Ա. Պետ. 1։13)։ Քրիստոս պիտի յայտնուի, երբ գայ իր հաւատարիմ հետեւորդները վարձատրելու եւ Եհովայի դատաստանները անբարեպաշտներուն վրայ գործադրելու (կարդա՛ Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-10

14, 15. ա) Մեր յոյսը կենդանի պահելու համար, մեր ուշադրութիւնը ի՞նչ բանի վրայ պէտք է կեդրոնացնենք։ բ) Պետրոս ի՞նչ խրատ տուաւ։

14 Մեր յոյսը կենդանի պահելու համար, պէտք է մեր ուշադրութիւնը եւ կեանքը կեդրոնացնենք «Աստուծոյ օրուանը» գալուն վրայ։ Եհովան պիտի կործանէ այժմու «երկինք»ը,– մարդկային իշխանութիւնը,– եւ «երկիր»ը,– ամբարիշտ մարդկային ընկերութիւնը,– ու իր «տարրերը»։ Պետրոս գրեց. «Ձեզի ի՞նչպիսի մարդիկ ըլլալ կը վայելէ. . . սպասելով ու արտորալով Աստուծոյ օրուանը գալուն, որուն մէջ երկինք կրակով այրուած պիտի լուծուի, տարրերը բռնկած պիտի հալին» (Բ. Պետ. 3։10-12

15 Այժմու «երկինք»ը եւ «երկիր»ը պիտի փոխարինուին ‘նոր երկինքով [Քրիստոսի կառավարութիւնը] ու նոր երկրով [նոր երկրային ընկերութիւն]’ (Բ. Պետ. 3։13)։ Ապա Պետրոս ուղղակի խրատ տուաւ, որ կապ ունի մեր ‘սպասելուն’ իրողութեան հետ կամ այս խոստացեալ նոր երկրին հանդէպ մեր յոյսը կենդանի պահելուն հետ. «Ուստի, սիրե՛լիներ, ասոնց սպասելով ջանացէ՛ք որ ան ձեզ անբիծ ու անարատ գտնէ խաղաղութիւնով» (Բ. Պետ. 3։14

ՄԵՐ ՅՈՅՍԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ ՔԱԼԵԼ

16, 17. ա) «Սուրբ վարմունք»ը եւ «բարեպաշտութիւն»ը ի՞նչ բաներ կը պարփակեն։ բ) Մեր յոյսը ինչպէ՞ս պիտի իրականանայ։

16 Ոչ միայն պէտք է մեր յոյսը կենդանի պահենք, այլ նաեւ՝ պէտք է ատոր հետ ներդաշնակ ապրինք։ Պէտք է ուշադրութիւն ընծայենք թէ հոգեւորապէս ինչպիսի՛ անձնաւորութիւն ենք։ «Սուրբ վարմունք»ը կը պարփակէ՝ մեր «վարքը հեթանոսներուն մէջ բարի պահել», բարոյական բարձր չափանիշներուն կառչելով (Բ. Պետ. 3։11. Ա. Պետ. 2։12)։ «Իրարու վրայ սէր» պէտք է ունենանք։ Ասիկա կ’ընդգրկէ մեր ամէն կարելին ընել, մեր համաշխարհային եղբայրութեան միութիւնը պահպանելու համար, նո՛յնիսկ մեր տեղական ժողովքին միութիւնը (Յովհ. 13։35)։ «Բարեպաշտութիւն»ը կապ ունի այն արարքներուն հետ, որոնք Եհովայի հետ մեր մօտիկ յարաբերութիւնը կը հաստատեն։ Ասիկա կը պարփակէ մեր աղօթքներուն որակը, Աստուածաշունչի առօրեայ ընթերցանութիւնը, անձնական խոր ուսումնասիրութիւնը, ընտանեկան պաշտամունքը եւ ‘արքայութեան աւետարանը’ նախանձախնդրաբար քարոզելը (Մատ. 24։14

17 Իւրաքանչիւրս կ’ուզենք ըլլալ այնպիսի անձ մը՝ որուն Եհովան կը հաճի ե՛ւ պիտի ազատէ, երբ ներկայ չար աշխարհը «լուծուի»։ Այսպէս, պիտի վայելենք մեր յոյսին իրականացումը,– ‘յաւիտենական կեանքի յոյսը, որ անսուտն Աստուած խոստացած է դարեր առաջ’ (Տիտ. 1։2

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 22]

Օծեալ քրիստոնեաները ‘նորէն կը ծնին կենդանի յոյսին համար’

[Նկար՝ էջ 24]

Ընտանիքիդ մէջ յոյսը կենդանի պահէ