Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուս Քրիստոս. մեր հարցումները կը պատասխանուին

Յիսուս Քրիստոս. մեր հարցումները կը պատասխանուին

Յիսուս Քրիստոս. մեր հարցումները կը պատասխանուին

«Ժողովուրդը ինծի համար ո՞վ կ’ըսեն թէ եմ» (ՂՈՒԿԱՍ 9։18

ՅԻՍՈՒՍ իր աշակերտներուն ուղղեց այդ հարցումը, քանի որ գիտէր թէ մարդիկ իր մասին զանազան կարծիքներ ունէին։ Սակայն շփոթելու վաւերական պատճառ մը չկար։ Յիսուս ճգնաւոր չէր։ Ան գաղտնօրէն չգործեց, հապա ազատօրէն մարդոց հետ ընկերակցեցաւ իրենց գիւղերուն ու քաղաքներուն մէջ։ Ան հանրապէս քարոզեց ու սորվեցուց, քանի որ կ’ուզէր որ մարդիկ իր մասին ճշմարտութիւնը գիտնային (Ղուկաս 8։1

Յիսուսի մասին ճշմարտութիւնը կարելի է բնորոշել իր խօսքերէն ու արարքներէն, որոնք արձանագրուած են Աստուածաշունչի չորս Աւետարաններուն մէջ,– Մատթէոս, Մարկոս, Ղուկաս եւ Յովհաննէս։ Այս ներշնչուած արձանագրութիւնը՝ իր մասին մեր հարցումներու պատասխաններուն հիմն է (Յովհաննէս 17։17

ՀԱՐՑՈՒՄ. Յիսուս իրապէս պատմակա՞ն անձ մըն էր։

ՊԱՏԱՍԽԱՆ. Այո՛։ Աշխարհիկ պատմաբանները, մէջը ըլլալով առաջին դարու Յովսեպոսն ու Տակիտոսը, Յիսուսը որպէս պատմական անձ նշեցին։ Աւելի կարեւորին գալով, Աւետարանները համոզիչ կերպով ցոյց կու տան թէ Յիսուս իրական անձ մըն էր, ու ոչ թէ առասպելական։ Արձանագրութիւնը ժամանակներն ու վայրերը բծախնդրաբար կը մանրամասնէ։ Օրինակ, աւետարանագիր Ղուկաս կը նշէ եօթը հեղինակաւոր պաշտօնեաներ (որոնց անունները վաւերացուած են աշխարհիկ պատմաբաններու կողմէ), որպէսզի հաստատէ այն տարին, երբ Յիսուս սկսաւ ծառայել (Ղուկաս 3։1, 2, 23

Յիսուսի պատմական ըլլալուն ապացոյցը համոզիչ է։ «Ուսումնականներու մեծ մասը պիտի ընդունի, որ Նազովրեցի Յիսուս անունով մարդ մը կար առաջին դարուն», կ’ըսէ գիրք մը (Evidence for the Historical Jesus

ՀԱՐՑՈՒՄ. Յիսուս իրապէս Աստուա՞ծ է։

ՊԱՏԱՍԽԱՆ. Ո՛չ։ Յիսուս բնաւ ինքզինք Աստուծոյ հաւասար չսեպեց։ Ընդհակառակը, ան կրկին անգամ ցոյց տուաւ թէ ենթակայ էր Եհովային *։ Օրինակ, ան Եհովային ակնարկելով ըսաւ «Աստուա՜ծ իմ» եւ «միմիայն ճշմարիտ Աստուած» (Մատթէոս 27։46. Յովհաննէս 17։3)։ Միայն ենթակայ անհատը կրնայ ուրիշի մը ակնարկելու համար այսպիսի արտայայտութիւններ գործածել։ Իր գործատիրոջ համար «վարպետս» կամ «պատասխանատուն» ըսող գործաւորը յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ ինքզինք անկէ ստորադաս կը սեպէ։

Յիսուս նաեւ ցոյց տուաւ թէ ինք Աստուծմէ անջատ էր։ Ատեն մը, ան իր հեղինակութեան ասպարէզ կարդացող հակառակորդներուն ըսաւ. «Ձեր օրէնքին մէջ ալ գրուած է թէ՝ ‘Երկու մարդու վկայութիւնը ճշմարիտ է’։ Ե՛ս եմ որ իմ անձիս համար կը վկայեմ ու Հայրն ալ, որ զիս ղրկեց կը վկայէ ինծի համար» (Յովհաննէս 8։17, 18)։ Յիսուս պէ՛տք է որ Եհովայէն անջատ ըլլայ. ապա թէ ոչ, ինչպէ՞ս կարելի է զիրենք երկու վկաներ նկատել։

ՀԱՐՑՈՒՄ. Յիսուս միայն բարի մա՞րդ մըն էր։

ՊԱՏԱՍԽԱՆ. Ո՛չ. ան բարի մարդէ մը շա՜տ աւելին էր։ Յիսուս կը հասկնար որ շարք մը կարեւոր դերեր ունէր Աստուծոյ կամքը կատարուելուն մէջ։ Այդ դերերէն ոմանք են.

«Աստուծոյ միածին Որդի» (Յովհաննէս 3։18)։ Յիսուս իր ծագումը գիտէր։ Իրականութեան մէջ, իր կեանքը սկիզբ առաւ՝ երկրի վրայ իր ծնելէն շա՜տ առաջ։ «Ես երկնքէն իջայ», բացատրեց ան (Յովհաննէս 6։38)։ Յիսուս Աստուծոյ առաջին ստեղծագործութիւնն էր եւ միւս բոլոր բաներու ստեղծագործութեան մէջ օգնական եղաւ։ Ուղղակիօրէն Աստուծմէ ստեղծուած միակ անձը ըլլալով, Յիսուս իրաւացիօրէն կրնար կոչուիլ «Աստուծոյ միածին Որդի» (Յովհաննէս 1։3, 14. Կողոսացիս 1։15, 16

«Որդին մարդոյ» (Մատթէոս 8։20)։ Յիսուս բազմիցս ինքզինք «Որդին մարդոյ» կոչեց, գործածելով արտայայտութիւն մը, որ Աւետարաններուն մէջ մօտ 80 անգամ կը նշուի։ Սոյն արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ որ ան լիովին մա՛րդ էր եւ ոչ թէ մարմնացած Աստուած։ Ինչպէ՞ս եղաւ որ Աստուծոյ միածին Որդին ծնաւ որպէս մարդ։ Սուրբ հոգիին միջոցով, Եհովան իր Որդիին կեանքը փոխադրեց հրեայ կոյս Մարիամին արգանդը, պատճառելով որ ան յղանայ։ Առ ի արդիւնք, Յիսուս ծնաւ որպէս անմեղ եւ կատարեալ անձ (Մատթէոս 1։18. Ղուկաս 1։35. Յովհաննէս 8։46

«Վարդապետ» (Յովհաննէս 13։13)։ Յիսուս ցոյց տուաւ թէ իր աստուածատուր գործն էր՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ‘սորվեցնել եւ աւետարանը քարոզել’ (Մատթէոս 4։23. Ղուկաս 4։44)։ Ան շատ յստակ ու պարզ կերպով բացատրեց թէ ի՛նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը եւ թէ ատիկա ի՛նչ պիտի ընէ որ Եհովայի կամքը կատարուի (Մատթէոս 6։9, 10

«Բանը» (Յովհաննէս 1։1)։ Յիսուս Աստուծոյ Խօսնակն էր,– ուրիշներուն տեղեկութիւն եւ ուղղութիւն հաղորդելու Աստուծոյ գործածած միջոցը։ Եհովան Յիսուսը գործածեց Իր պատգամը երկրի վրայ մարդոց տալու համար (Յովհաննէս 7։16, 17

ՀԱՐՑՈՒՄ. Յիսուս խոստացեալ Մեսիա՞ն էր։

ՊԱՏԱՍԽԱՆ. Այո՛։ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները նախանշեցին թէ պիտի գար Մեսիան, կամ Քրիստոսը, որ կը նշանակէ «Օծեալ»։ Այս Խոստացեալը շատ կարեւոր դեր պիտի խաղար Եհովայի նպատակը իրականացնելուն մէջ։ Առիթով մը, սամարացի կին մը Յիսուսին ըսաւ. «Գիտեմ թէ Մեսիան պիտի գայ, Քրիստոս ըսուածը»։ Յիսուս ալ անոր յստակօրէն ըսաւ. «Ես՝ որ քեզի հետ կը խօսիմ՝ ան եմ» (Յովհաննէս 4։25, 26

Կա՞յ արդեօք որեւէ փաստ, որ Յիսուս իրօ՛ք Մեսիան էր։ Կան երեք փաստեր, որոնք իրարու կցելով մեծ փաստ մը կ’ելլէ, ինչպէս որ մատնային դրոշմը կը բնորոշէ մէկ անհատ։ Յիսուս այսպիսի դրոշմի մը գոհացում կու տա՞յ։ Նկատի առ.

Իր տոհմածառը։ Աստուածաշունչը նախանշեց թէ Մեսիան պիտի գար Աբրահամէն՝ Դաւիթի շառաւիղէն (Ծննդոց 22։18. Սաղմոս 132։11, 12)։ Յիսուս երկուքին ալ շառաւիղէն էր (Մատթէոս 1։1-16. Ղուկաս 3։23-38

Կատարուած մարգարէութիւններ։ Եբրայերէն Գրութիւնները տասնեակ մարգարէութիւններ կը բովանդակեն Մեսիայի երկրային կեանքին մասին, մէջը ըլլալով մանրամասնութիւններ՝ իր ծնունդին եւ մահուան մասին։ Յիսուս բոլոր մարգարէութիւններն ալ կատարեց։ Ահա՛ ատոնցմէ ոմանք. ան Բեթլեհէմի մէջ ծնաւ (Միքիա 5։2. Ղուկաս 2։4-11), Եգիպտոսէն կանչուեցաւ (Ովսէէ 11։1. Մատթէոս 2։15), եւ սպաննուեցաւ առա՛նց իր ոսկորներէն մէկը կոտրուելով (Սաղմոս 34։20. Յովհաննէս 19։33, 36)։ Պարզապէս ա՛նկարելի էր որ Յիսուս իր կեանքը այնպէս մը դասաւորէր, որ պէտք եղած առիթներն ստեղծուէին Մեսիական բոլոր մարգարէութիւնները կատարուելու համար։ *

Աստուծո՛յ վկայութիւնը։ Յիսուսի ծնունդին ատեն, Աստուած հրեշտակներ ուղարկեց հովիւներուն, որպէսզի ըսեն թէ Մեսիան ծնաւ (Ղուկաս 2։10-14)։ Յիսուսի ծառայութեան ընթացքին, Աստուած քանի մը առիթներով անձա՛մբ երկնքէն խօսեցաւ, Յիսուսի հանդէպ իր հաւանութիւնը արտայայտելով (Մատթէոս 3։16, 17. 17։1-5)։ Եհովան Յիսուսը կարող դարձուց հզօր հրաշքներ գործելու՝ յաւելեալ ապացոյց տալով թէ Յիսուս Մեսիան էր (Գործք 10։38

ՀԱՐՑՈՒՄ. Յիսուս ինչո՞ւ պէտք էր տառապէր ու մեռնէր։

ՊԱՏԱՍԽԱՆ. Անմեղ մարդ ըլլալով՝ Յիսուս տառապանքի արժանի չէր. ոչ ալ արժանի էր փայտի մը վրայ իբրեւ սովորական ոճրագործ գամուելու եւ նախատինքով մեռնելու։ Ասով հանդերձ, ան ակնկալեց այդպիսի վերաբերմունք ստանալ եւ յօժարակամօրէն ենթարկուեցա՛ւ ատոր (Մատթէոս 20։17-19. Ա. Պետրոս 2։21-23

Մեսիական մարգարէութիւնները նախանշեցին, որ Մեսիան պէտք էր տառապէր ու մեռնէր՝ ուրիշներու մեղքերը ծածկելու համար (Եսայի 53։5. Դանիէլ 9։24, 26)։ Յիսուս ի՛նք ըսաւ որ եկած էր «իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու» (Մատթէոս 20։28)։ Իր զոհաբերական մահուան փրկարար արժէքին հաւատացողները հեռանկարը ունին ազատուելու մեղքէն ու մահէն, եւ ապրելու յաւիտեան՝ դրախտային երկրի վրայ (Յովհաննէս 3։16. Ա. Յովհաննէս 4։9, 10 *

ՀԱՐՑՈՒՄ. Կրնա՞նք իսկապէս հաւատալ որ Յիսուս մեռելներէն յարուցանուեցաւ։

ՊԱՏԱՍԽԱՆ. Այո՛։ Յիսուս ամբողջովին կ’ակնկալէր մեռելներէն յարուցանուիլ (Մատթէոս 16։21)։ Սակայն կարեւոր է նշել, որ ո՛չ Յիսուս եւ ոչ ալ Աստուածաշունչի գրողները երբեւիցէ դաւանեցան, թէ ան բնական միջոցներով պիտի յարուցանուէր։ Այսպիսի գաղափարի մը հաւատալը անհնար պիտի ըլլար։ Փոխարէն, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աստուած յարուցանեց զայն, մահուան ցաւերը քակելով» (Գործք 2։24)։ Եթէ կ’ընդունինք որ Աստուած մը կայ եւ թէ ան է ամէն բանի Արարիչը, ուրեմն ամէն պատճառ ունինք հաւատալու, թէ ան կրնա՛ր իր Որդին մեռելներէն յարուցանել (Եբրայեցիս 3։4

Վստահելի ապացոյց մը կա՞յ, որ Յիսուս յարուցանուեցաւ։ Նկատի առ հետեւեալը.

Ականատեսներու վկայութիւն։ Յիսուսի մահէն շուրջ 22 տարի ետք, Պօղոս առաքեալ գրեց թէ 500–է աւելի անհատներ յարուցեալ Յիսուսը տեսան եւ թէ անոնց մեծամասնութիւնը տակաւին ողջ էր երբ ան կը գրէր (Ա. Կորնթացիս 15։6)։ Մէկ կամ երկու վկաներ զանց ընելը թերեւս դիւրին է, բայց ո՞վ կրնայ հերքել այդ հարիւրաւոր ականատեսներուն վկայութիւնը։

Վստահելի վկաներ։ Յիսուսի նախկին աշակերտները,– որոնք պատահածը իրապէս գիտնալու իւրայատուկ դիրքի մը մէջ էին,– համարձակօրէն ծանուցանեցին թէ Յիսուս յարուցանուած էր (Գործք 2։29-32. 3։13-15)։ Իրողութիւնն այն է թէ անոնք անոր յարութեան հաւատալը քրիստոնէական հաւատքի կարեւոր մէկ մասը սեպեցին (Ա. Կորնթացիս 15։12-19)։ Անոնք յօժար էին մեռնելու, քան թէ Յիսուսի հանդէպ իրենց հաւատքը ուրանալու (Գործք 7։51-59. 12։1, 2)։ Կը ճանչնա՞ս մէկը որ գիտնալով եւ ուզելով պիտի մեռնէր սուտի մը համար։

Մենք Յիսուսի մասին վեց կարեւոր հարցումներու Աստուածաշունչի պատասխանները քննարկեցինք։ Այդ պատասխանները մեզի յստակօրէն կ’ըսեն թէ ո՛վ է Յիսուսը։ Բայց պատասխանները գիտնալը իրապէս տարբերութիւն կ’ընէ՞։ Ուրիշ խօսքով, տարբերութիւն կ’ընէ՞ թէ Յիսուսի մասին ի՛նչ բան պիտի ընտրես հաւատալ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 9 Աստուածաշունչին մէջ Եհովա՝ Աստուծոյ անձնական անունն է։

^ պարբ. 21 Յիսուսի վրայ կատարուող կարգ մը մարգարէութիւններու ցանկի մը համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 200–րդ էջը։

^ պարբ. 25 Յիսուսի մահուան փրկաբեր արժէքին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 5–րդ գլուխը։