Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Պատասխանները գիտնալը տարբերութիւն կ’ընէ՞

Պատասխանները գիտնալը տարբերութիւն կ’ընէ՞

Պատասխանները գիտնալը տարբերութիւն կ’ընէ՞

«Ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ» (ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 8։32

Աստուածաշունչը կը բովանդակէ ճշմարտութիւնը, որ կրնայ մեզ ազատել Յիսուսի վերաբերեալ շփոթեցուցիչ կամ նո՛յնիսկ մոլորեցուցիչ հաւատալիքներէ։ Սակայն, ի՛րապէս տարբերութիւն կ’ընէ՞ թէ իր մասին ինչի՛ կը հաւատանք։ Այո՛, տարբերութիւն կ’ընէ։ Եհովային տարբերութիւն կ’ընէ։ Յիսուսին տարբերութիւն կ’ընէ։ Եւ պէտք է որ մեզի ալ տարբերութիւն ընէ։

Ինչո՞ւ Եհովային տարբերութիւն կ’ընէ։ Պարզ խօսքով, քանի որ «Աստուած սէր է» (Ա. Յովհաննէս 4։8)։ Եհովան կ’ուզէ որ առյաւէ՛տ երջանիկ ապրինք։ Յիսուս ըսաւ. «Աստուած այնպէս սիրեց [մարդկութեան] աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհաննէս 3։16)։ Աստուած իր Որդին որպէս Փրկիչ ղրկեց մեզի եւ ճամբան հարթեց որ յաւիտեան ապրինք դրախտային երկրի վրայ, Իր սկզբնական նպատակին հետ ներդաշնակ ըլլալով (Ծննդոց 1։28)։ Աստուած կը տենչա՛յ յաւիտենական կեանքի պարգեւը տալ անոնց, որոնք ճշմարտութիւնը կը սորվին իր Որդւոյն մասին եւ այդ ճշմարտութեան համաձայն կը գործեն (Հռովմայեցիս 6։23

Ինչո՞ւ Յիսուսին տարբերութիւն կ’ընէ։ Յիսուսն ալ մարդկութիւնը կը սիրէ։ Ան անձնազոհ սէր դրսեւորեց՝ կամովին զոհելով իր կեանքը մեզի համար (Յովհաննէս 15։13)։ Ան հասկցաւ որ զայս ընելով, փրկութեան միակ ճամբան կը բանար (Յովհաննէս 14։6)։ Ուստի պէտք չէ զարմանանք որ Յիսուս կը փափաքի կարելի եղածին չափ շատ անհատներ տեսնել, որոնք իր փրկանքի զոհէն կ’օգտուին։ Ասո՛ր համար է որ ան իր ճշմարիտ հետեւորդներուն յանձնարարեց համայն աշխարհի մէջ Աստուծոյ կամքն ու նպատակը սորվեցնել (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20

Ինչո՞ւ մեզի տարբերութիւն պէտք է ընէ։ Պահ մը խորհէ այն բաներուն շուրջ, որոնք անկասկած քեզի համար մեծ նշանակութիւն ունին,– առողջութիւնդ եւ ընտանիքդ։ Կը տենչա՞ս որ դուն ու սիրելիներդ լաւ առողջութիւն եւ աւելի լաւ կեանք մը վայելէք։ Յիսուսի միջոցով, Եհովան քեզի ու քու սիրելիներուդ կ’առաջարկէ կատարեա՛լ առողջութիւն եւ անվե՛րջ կեանք նոր աշխարհի մը մէջ, ուր ցաւ ու կսկիծ պիտի չըլլան (Սաղմոս 37։11, 29. Յայտնութիւն 21։3, 4)։ Այս հեռանկարը քեզ չի՞ հրապուրեր։ Եթէ այո՛, ուրեմն բան մը կայ որ պէտք ունիս ընելու։

Դարձեալ խորագրին հետ նշուած համարը կարդա՛. «Ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ»։ Յիսուսի մասին եւ Աստուծոյ նպատակի կատարման մէջ իր ունեցած դերին մասին ճշմարտութիւնը գիտնալը կրնայ մեզ ազատել ամենագէշ ստրկութենէն,– մեղքի եւ մահուան կապանքէն։ Բայց այդ ազատագրումը վայելելու համար, պէտք ունիս ‘ճշմարտութիւնը գիտնալու’։ Ինչո՞ւ աւելին չգիտնաս այս ճշմարտութեան մասին եւ թէ ինչպէ՛ս կրնաս դուն ու քու սիրելիներդ ատկէ օգտուիլ։ Եհովայի վկաները ուրախութեա՛մբ պիտի օգնեն քեզի։