Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Զիս դարձո՛ւր»

«Զիս դարձո՛ւր»

Աստուծոյ մօտեցիր

«Զիս դարձո՛ւր»

Ատեն մը Եհովայի կը ծառայէի՞ր։ Արդեօք մտածա՞ծ ես դարձեալ իրեն ծառայել, բայց հարց տուած ես թէ ան ետ քեզ պիտի ընդունի կամ ոչ։ Հաճիս ուշադրութեամբ կարդա՛ այս յօդուածը, որ պատրաստուած է մասնաւորաբար քեզ ի մտի ունենալով։

«ԵՀՈՎԱՅԻ աղօթեցի աղաչելով որ զիս վերադարձնէ եւ ինծի ներէ զինք վիրաւորելուն համար», ըսաւ կին մը որ իր քրիստոնէական կրթութենէն շատ շեղած էր։ Անոր կը կարեկցի՞ս։ Հարց կու տա՞ս. «Աստուած ինչպէ՞ս կը զգայ անոնց հանդէպ՝ որոնք ատեն մը իրեն կը ծառայէին։ Զանոնք կը յիշէ՞։ Կ’ուզէ՞ որ ‘վերադառնան’»։ Այդ հարցումներուն պատասխանելու համար, Երեմիայի արձանագրած խօսքերը քննարկենք։ Անկասկած պատասխանները սիրտդ պիտի տոգորեն (կարդա՛ Երեմիա 31։18-20

Նկատի առ թէ ի՛նչ էր պարագան երբ Երեմիան այս խօսքերը գրեց։ Մ.թ.ա. 740–ին, Երեմիայի օրերէն տասնամեակներ առաջ, Եհովան թոյլ տուաւ որ ասորեստանցիները Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութեան բնակիչները գերեվարեն։ * Աստուած թոյլ տուաւ որ այս աղէտը պատահի, քանի որ իր ժողովուրդը լուրջ մեղքեր կը գործէր, անտեսելով իր մարգարէներուն կրկնակի ազդարարութիւնները (Դ. Թագաւորաց 17։5-18)։ Իրենց Աստուծմէն անջատ ու հայրենիքէն հեռու ըլլալով, գերութեան դժուարութիւնները պատճառ դարձա՞ն որ ժողովուրդը իր կեցուածքը փոխէ։ Եհովան զիրենք բոլորովին մոռցա՞ւ։ Երբեք ան զիրենք ետ պիտի ընդունէ՞ր։

«Զղջացի»

Գերութեան մէջ ժողովուրդը ինքնիրեն եկաւ եւ զղջաց։ Եհովան նշմարեց անոնց սրտագին զղջումը։ Մտի՛կ ըրէ մինչ Եհովան կը նկարագրէ աքսորուած իսրայէլացիներուն կեցուածքն ու զգացումները, հաւաքականօրէն անոնց մասին խօսելով որպէս Եփրեմ։

Եհովան կ’ըսէ. «Յիրաւի Եփրեմին այսպէս ողբալը լսեցի» (համար 18)։ Ան իսրայէլացիները լսեց մինչ անոնք իրենց մեղաւոր ընթացքին հետեւանքներուն համար ողբացին։ Ուսումնական մը կ’ըսէ, թէ «ողբալ» բառը կրնայ նշանակել «երերալ»։ Անոնք կը նմանէին կամակոր որդիի մը, որ գլուխը կը շարժէ, մինչ կը խոկայ իր վրայ բերած դժուարութիւններուն մասին եւ կը տենչայ տան մէջ վայելած կեանքին (Ղուկաս 15։11-17)։ Ժողովուրդը ի՞նչ կ’ըսէր։

«Զիս խրատեցիր. . . լուծի չսորված զուարակի պէս» (համար 18)։ Ժողովուրդը ընդունեց որ կրթութեան արժանի էր։ Վերջ ի վերջոյ անոնք լուծի չվարժուած զուարակի նման եղած էին։ Աշխատասիրութիւն մը կը նշէ, թէ այս նմանութիւնը կրնայ նշանակել, որ անոնք նման էին զուարակի մը, որ բնա՛ւ «խթանը պիտի չզգար եթէ նախ լուծին դէմ չըմբոստանար»։

«Զիս դարձո՛ւր, որպէս զի դառնամ, վասն զի իմ Տէր Աստուածս դո՛ւն ես» (համար 18)։ Իրենց սիրտը խոնարհելով, ժողովուրդը Աստուծոյ աղաղակեց։ Մեղաւոր ընթացքի մը մէջ խոտորած էին, սակայն այժմ անոնք օգնութիւն կը խնդրէին, որպէսզի դարձեալ Եհովայի աչքին հաճոյ գտնուէին։

«Զղջացի. . . ամչցայ ու նախատուեցայ» (համար 19)։ Ժողովուրդը մեղանչելուն համար ցաւ զգաց։ Անոնք մեղադրանքը ընդունեցին եւ իրենց յանցանքը խոստովանեցան։ Կարծես իրենց կուրծքը ծեծելով, անոնք նաեւ անարգուած եւ երեսի վրայ ձգուած զգացին (Ղուկաս 15։18, 19, 21

Իսրայէլացիները զղջացին։ Կսկիծով լեցուեցան, իրենց մեղքերը Աստուծոյ խոստովանեցան եւ իրենց չար ճամբաներէն ետ դարձան։ Իրենց զղջումը Աստուծոյ սիրտը պիտի կակուղցնէ՞ր։ Ան թոյլ պիտի տա՞ր որ անոնք հայրենիք վերադառնային։

«Անշուշտ անոր ողորմութիւն պիտի ընեմ»

Եհովան իսրայէլացիներուն հետ մասնայատուկ մտերմութիւն ունէր։ Ան ըսաւ. «Իսրայէլին հա՛յր եղայ ու Եփրեմը իմ անդրանիկս է» (Երեմիա 31։9)։ Սիրալիր հայր մը ինչպէ՞ս կրնայ մերժել ետ ընդունիլ այն զաւակը, որուն սիրտը խղճահարութեամբ լեցուած է։ Նշմարէ թէ Եհովան ինչպէ՛ս իր ժողովուրդին հանդէպ իր հայրական զգացումները կ’արտայայտէ։

«Միթէ Եփրեմ ինծի համար պատուական որդի՞ է, սիրական զաւա՞կ է. որովհետեւ իրեն դէմ խօսելէս ետք՝ շարունակ զինք կը յիշեմ» (համար 20, ԱԾ)։ Ի՜նչ ջերմ են այդ խօսքերը։ Հաստատ բայց սիրալիր ծնողի մը նման, Աստուած հարկադրուած էր իր զաւակներուն «դէմ» խօսիլ, կրկնակի զգուշացնելով զիրենք, իրենց մեղաւոր ճամբաներուն պատճառով։ Երբ անոնք յամառօրէն մերժեցին լսել, ան թոյլ տուաւ որ անոնք գերեվարուին,– իրականութեան մէջ, զիրենք հայրենիքէն դուրս հանելով։ Սակայն, զանոնք պատժելով հանդերձ, ան զանոնք չմոռցաւ։ Ան բնաւ չէր կրնար այսպէս ընել։ Սիրալիր հայր մը իր որդիները չի մոռնար։ Եհովան ինչպէ՞ս զգաց, երբ իր որդիներուն իսկական զղջումը տեսաւ։

«Աղիքս կը գալարի անոր համար. * անշուշտ անոր ողորմութիւն պիտի ընեմ» (համար 20)։ Եհովան իր որդիներուն հանդէպ մեծ կարօտ զգաց։ Անոնց անկեղծ զղջումը իր սրտին դպաւ եւ զանոնք իրեն վերադարձնելու խոր տենչ ունեցաւ։ Անառակ որդիին առակին մէջի հօր նման, Եհովային «գութը շարժեցաւ» եւ ցանկաց որ իր որդիները վերադառնան (Ղուկաս 15։20

«Եհովան ինծի թոյլ տուաւ որ վերադառնամ»

Երեմիա 31։18-20–ի խօսքերը Եհովայի կարեկցութեան եւ ողորմութեան մասին մեզի հասկացողութիւն կու տան։ Աստուած չի մոռնար զանոնք՝ որոնք ատեն մը իրեն կը ծառայէին։ Ի՞նչ կարելի է ըսել եթէ այսպիսիներ կ’ուզեն իրեն վերադառնալ։ Աստուած «ներելու պատրաստ» է (Սաղմոս 86։5, ՆԱ)։ Ան բնաւ պիտի չմերժէ զանոնք՝ որոնք զղջացող սրտերով իրեն կու գան (Սաղմոս 51։17)։ Ընդհակառակը, ան զիրենք ընդունելով կ’ուրախանայ (Ղուկաս 15։22-24

Բացումին մէջ նշուած կինը Եհովային վերադառնալու նախաքայլը առաւ եւ Եհովայի վկաներու տեղական ժողովքին այցելութիւն մը տուաւ։ Սկիզբը, հարկ էր որ ան իր անձնական բացասական զգացումները յաղթահարէր։ Ան կը յիշէ. «Եհովային վերադառնալու արժանի չզգացի»։ Բայց ժողովքին երէցները զինք քաջալերեցին եւ օգնեցին որ հոգեւոր զօրութիւն վերստին ձեռք ձգէ։ Գնահատութեամբ լի սրտով, ան կ’ըսէ. «Շա՜տ հոյակապ զգացում է որ Եհովան ինծի թոյլ տուաւ որ վերադառնամ»։

Եթէ ատեն մը Եհովային կը ծառայէիր եւ դարձեալ իրեն ծառայելու մասին մտածած ես, քեզ կը հրաւիրենք որ Եհովայի վկաներու տեղական ժողովքին այցելութիւն մը տաս։ Յիշէ թէ Եհովան կարեկցութեամբ եւ ողորմութեամբ կ’ընդառաջէ, երբ զղջացողները իրեն բացագանչեն. «Զիս դարձո՛ւր»։

Ապրիլ ամսուան համար թելադրուած՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն.

Երեմիա 17-31

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 2 Դարեր առաջ, մ.թ.ա. 997–ին, իսրայէլացիները երկու թագաւորութիւններու բաժնուեցան։ Մէկը՝ Յուդայի հարաւային երկու–ցեղեան թագաւորութիւնն էր, իսկ միւսը՝ Իսրայէլի հիւսիսային տասը–ցեղեան թագաւորութիւնը, որ նաեւ կը կոչուէր Եփրեմ,– քանի որ իր ամէնէն գլխաւոր տոհմն էր։

^ պարբ. 5 Աղիքային խռովութեան այս նկարագրութիւնը մեկնաբանելով, Աստուածաշունչ թարգմանողներու ուղեցոյց մը կը բացատրէ. «Հրեաներուն համար, մարմնին ներքին մասը զգացումներու կեդրոնն էր»։