Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ

Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ

Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ

Ի՞ՆՉ բան տղամարդ մը մղեց, որ վերադառնայ այն կրօնական ուսուցումներուն, որոնք պատանի եղած ատեն ձգած էր։ Երիտասարդ մը ինչպէ՞ս սկսաւ Եհովան իր Հայրը նկատել։ Նկատի առ անոնց փորձառութիւնները։

«Պէտք էր Եհովային վերադառնայի» (ԷԼԻ ԽԱԼԻԼ)

ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ. 1976

ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ. ԿԻՊՐՈՍ

ՆԱԽԱՊԷՍ. ԱՆԱՌԱԿ ՈՐԴԻ

ԱՆՑԵԱԼՍ։ Ծնայ Կիպրոսի մէջ, բայց մեծցայ Աւստրալիոյ մէջ։ Ծնողներս Եհովայի վկաներ են, եւ իրենց լաւագոյնը ըրին, որ ինծի սորվեցնեն սիրել Եհովան եւ իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը։ Սակայն, պատանեկութեան տարիներուս սկսայ ըմբոստանալ։ Գիշերը տունէն կը սպրդէի, որպէսզի ուրիշ պատանիներու հետ ժամանակ անցընէի։ Ինքնաշարժներ կը գողնայինք եւ բազմաթիւ խնդիրներու մէջ կ’իյնայինք։

Սկիզբը, այդ բաները գաղտնաբար կ’ընէի, քանի որ կը վախնայի որ ծնողքս նեղացնեմ։ Բայց կամաց–կամաց այդ վախը անհետացաւ։ Ընկերներ ունեցայ, որոնք տարիքով ինձմէ շա՜տ աւելի մեծ էին եւ Եհովան չէին սիրեր։ Անոնք գէշ ազդեցութիւն ունեցան վրաս։ Ի վերջոյ, ծնողքիս ըսի որ չեմ ուզեր Եհովայի վկայ ըլլալ։ Անոնք համբերութեամբ փորձեցին ինծի օգնել, բայց ի զուր։ Անոնց սիրտը կոտրեցաւ։

Ծնողքիս տունը ձգելէ ետք, սկսայ թմրեցուցիչներ գործածել, նոյնիսկ մարիխուանա ցանեցի եւ մեծ քանակով ծախեցի։ Անբարոյ կեանք վարեցի եւ շատ ժամանակ կ’անցընէի նայթքլապներու մէջ։ Նաեւ, դիւրաւ կը պոռթկայի։ Եթէ անհատ մը ըսէր կամ ընէր բան մը, որ չէի հաւներ, բարկութիւնս կը բորբոքէր եւ յաճախ մարդոց վրայ կը պոռայի ու զիրենք կը ծեծէի։ Մէկ խօսքով, ըրի ամէն բան որ ծնողքս ըսած էր, որ պէտք չէ ընեմ։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։ Մտերմացայ մէկու մը հետ, որ ինքն ալ թմրեցուցիչ կը գործածէր։ Յաճախ մինչեւ ուշ գիշեր իրարու հետ կը խօսէինք։ Ատեններ իր սիրտը բանալով ինծի կ’ըսէր, թէ որքա՜ն իր հայրը կը կարօտնար, որ մահացաւ երբ ինք տակաւին պզտիկ էր։ Որովհետեւ ես յարութեան յոյսին մասին գիտէի, սկսայ իրեն պատմել, թէ ինչպէ՛ս Յիսուս մեռելներուն յարութիւն տուաւ եւ կը խոստանայ ապագային ալ նոյնը ընել (Յովհաննէս 5։28, 29)։ Իրեն կ’ըսէի. «Երեւակայէ որ հայրդ նորէն պիտի տեսնես։ Բոլորս ալ պիտի կարենանք դրախտային երկրի վրայ յաւիտեա՛ն ապրիլ»։ Ըսածներս իրապէս զինք մխիթարեցին։

Ուրիշ անգամներ, ընկերս վերջին օրերուն եւ Երրորդութեան նիւթը բացաւ։ Իր Աստուածաշունչը գործածելով՝ իրեն ցոյց տուի համարներ, որոնք Եհովա Աստուծոյ, Յիսուսին եւ վերջին օրերուն նկատմամբ ճշմարտութիւնը կը փաստեն (Յովհաննէս 14։28. Բ. Տիմոթէոս 3։1-5)։ Ընկերոջս ո՛րքան աւելի կը խօսէի Եհովայի մասին, ա՛յնքան աւելի կը մտածէի Եհովայի մասին։

Կամաց–կամաց Աստուածաշունչի ճշմարտութեան սերմերը, որոնք ծնողներս շատ ջանք թափած էին որ ցանէին սրտիս մէջ, սկսան ծիլ տալ։ Օրինակ, ատեններ երբ ընկերներուս հետ թմրեցուցիչ կ’առնէի, մէկ անգամէն Եհովան միտքս կու գար։ Ընկերներէս շատեր կ’ըսէին որ Աստուած կը սիրեն, բայց իրենց ըրածները ատիկա ցոյց չէր տար։ Չուզելով այդպէս ըլլալ, գիտցայ ի՛նչ ընել։ Պէտք էր Եհովային վերադառնայի։

Անշուշտ, գիտնալ ի՛նչ ընել եւ զայն ընելը, երկու տարբեր բաներ են։ Կարգ մը փոփոխութիւններ դիւրաւ ըրի, ինչպէս՝ թմրեցուցիչ գործածելը կեցնել եւ ընկերներուս հետ կապերս կտրել։ Եւ սկսայ Աստուածաշունչը սերտել երէցի մը հետ։

Սակայն, շատ դժուար էր կարգ մը փոփոխութիւններ ընել, մանաւանդ՝ բարկութիւնս զսպել։ Երբեմն, որոշ ժամանակ մը կը յաջողէի, իսկ ետքը տեղի կու տայի։ Գէշ կը զգայի, մտածելով թէ ձախող անձ մըն եմ եւ պիտի չկարենամ փոխուիլ։ Ընկճուած ըլլալով, ինծի հետ սերտող երէցին օգնութեան դիմեցի։ Ան միշտ համբերող ու ազնիւ էր, եւ զիս իրապէս քաջալերեց։ Օր մը ինծի կարդալ տուաւ Դիտարան–էն յօդուած մը, որ չյանձնուելու կարեւորութեան մասին կը խօսի *։ Քննարկեցինք թէ ի՛նչ քայլեր կրնայի առնել, երբ բարկանալու վրայ ըլլայի։ Այդ յօդուածը ի մտի ունենալով եւ Եհովային շատ աղօթելով, սկսայ աստիճանաբար բարկութիւնս զսպել։ Վերջապէս, ապրիլ 2000–ին մկրտուեցայ որպէս Եհովայի վկայ, եւ խօսք չ’ուզեր որ ծնողներս շա՜տ ուրախացան։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։ Որովհետեւ այլեւս թմրեցուցիչներ չեմ գործածեր եւ անբարոյ կեանք չեմ վարեր, ունիմ մտքի խաղաղութիւն եւ մաքուր խղճմտանք։ Այժմ, ի՛նչ որ ալ ընեմ, ամենայն ուրախութեամբ կ’ընեմ։ Դրական աչքով կը նայիմ կեանքին։

Եհովայէն շնորհակալ եմ ծնողներուս համար, որոնք անդադար փորձեցին ինծի օգնել։ Նաեւ կը մտածեմ Յիսուսի խօսքին մասին, որ արձանագրուած է Յովհաննէս 6։44–ի մէջ. «Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ»։ Կը զգացուիմ, երբ կը մտածեմ, թէ կրցայ Եհովային վերադառնալ, քանի որ ինք զիս ետ քաշեց։

«Հօր մը կարօտը կը քաշէի» (ՄԱՐՔՕ ԱՆԹՈՆԻՕ ԱԼՎԱՐԵԶ ՍՕԹՕ)

ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ. 1977

ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ. ՉԻԼԻ

ՆԱԽԱՊԷՍ. ՀԵՒԻ ՄԵԹԸԼԻ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄ

ԱՆՑԵԱԼՍ։ Մայրս զիս մեծցուց Փունթա Արենաս քաղաքին մէջ, որ Հարաւային Ամերիկայի հարաւը կը գտնուի։ Ծնողներս իրարմէ բաժնուեցան, երբ հինգ տարեկան էի, ինչ որ ձգեց որ լքուած զգամ։ Հօր մը կարօտը կը քաշէի։

Մայրս Աստուածաշունչը կը սերտէր Եհովայի վկաներուն հետ, եւ զիս իրեն հետ ժողովներու կը տանէր, որոնք տեղի կ’ունենային Թագաւորութեան սրահին մէջ։ Բայց ես ժողովներու երթալը կ’ատէի ու մայրս զիս քաշկռտելով կը տանէր։ 13 տարեկանիս, այլեւս ժողովներու չէի երթար։

Այդ ժամանակ, սկսայ երաժշտութիւնը սիրել եւ անդրադարձայ, որ երաժշտական ձիրք ունէի։ Երբ 15 տարեկան եղայ, արդէն հեւի մեթըլ երաժշտութիւնը կը նուագէի հանդէսներու, գինետուներու եւ անձնական հաւաքոյթներու մէջ։ Հմուտ երաժիշտներ իմ մէջս հետաքրքրութիւն արթնցուցին դասական երաժշտութեան հանդէպ։ Սկսայ երաժշտութիւն ուսանիլ տեղական երաժշտանոցի մը մէջ։ 20 տարեկանիս փոխադրուեցայ մայրաքաղաքը՝ Սանդիակօ, որպէսզի ա՛լ աւելի երաժշտութիւն սորվիմ։ Հոն, շարունակեցի նուագել հեւի մեթըլի նուագախումբերու հետ։

Բոլոր այդ ժամանակուան ընթացքին, մեծ պարապութիւն կը զգայի։ Տրամադրութիւնս փոխելու համար, կը գինովնայի եւ թմրեցուցիչ կը գործածէի նուագախումբիս անդամներուն հետ, որոնք ընտանիքս կը սեպէի։ Ըմբոստ անձ մըն էի, եւ ասիկա յայտնի կ’ըլլար երեւոյթովս։ Գոց գոյնով հագուստներ կը հագուէի, մօրուք ունէի եւ մազս մինչեւ մէջքս երկնցուցած էի։

Ըմբոստ կեցուածքս կրկին անգամ պատճառ եղաւ, որ կռիւներու բռնուիմ եւ ոստիկանութեան հետ խնդիրներ ունենամ։ Անգամ մը երբ գինով էի, յարձակեցայ թմրեցուցիչ ծախողներու վրայ, որոնք ինծի եւ ընկերներուս նեղութիւն կու տային։ Բայց անոնք զիս ծեծեցին ու կզակս կոտրեցին։

Սակայն, մեծագոյն ցաւս եկաւ մտերիմ ընկերներէս։ Օր մը գիտցայ, որ ընկերուհիս տարիներով ինծի կը դաւաճանէր ամենամտերիմ ընկերոջս հետ, եւ թէ բոլոր ընկերներս ասիկա գիտէին եւ ինձմէ կը պահէին։ Սիրտս կտոր–կտոր եղաւ։

Վերադարձայ Փունթա Արենաս, ուր սկսայ երաժշտութիւն սորվեցնել ու աշխատիլ որպէս ջութակահար։ Նաեւ շարունակեցի նուագել ու ձայնագրութիւններ ընել հեւի մեթըլի նուագախումբերու հետ։ Հանդիպեցայ Սուսան անունով գեղեցիկ կնոջ մը եւ սկսանք միասին ապրիլ։ Ժամանակ մը ետք, ան տեսաւ որ իր մայրը Երրորդութեան կը հաւատար, մինչդեռ ես չէի հաւատար։ Ան ինծի հարցուց. «Լաւ, ի՞նչ է ճշմարտութիւնը»։ Պատասխանեցի, թէ գիտեմ որ Երրորդութիւնը սխալ է, բայց չեմ կրնար Աստուածաշունչէն փաստել։ Եւ իրեն ըսի, որ Եհովայի վկաները կրնան իրեն ցոյց տալ ճշմարտութիւնը, Աստուածաշունչը գործածելով։ Ետքը, ըրի բան մը, որ տարիներէ ի վեր չէի ըրած. Աստուծոյ աղօթեցի եւ իր օգնութիւնը խնդրեցի։

Քանի մը օր ետք, տեսայ մարդ մը, որ ծանօթ թուեցաւ, եւ իրեն հարցուցի եթէ Եհովայի վկայ է։ Թէեւ անհանգիստ զգաց տեսքիս պատճառաւ, ազնուութեամբ պատասխանեց հարցումներուս, թէ Թագաւորութեան սրահին մէջ ե՛րբ ժողովները տեղի կ’ունենային։ Ես համոզուած էի, որ այս հանդիպումը աղօթքիս պատասխանն էր։ Թագաւորութեան սրահ գացի եւ վերջին շարքը նստայ, որպէսզի աչքի չզարնեմ։ Բայց շատեր զիս ճանչցան, յիշելով որ այն պզտիկն էի, որ տարիներ առաջ ժողովներու կու գար։ Անոնք զիս այնքա՛ն սիրով դիմաւորեցին ու փաթթուկ ըրին, որ մեծ խաղաղութիւն զգացի։ Իսկ երբ տեսայ այն մարդը, որ պզտիկուց ինծի Աստուածաշունչը սորվեցուցած էր, խնդրեցի որ նորէն ինծի հետ սերտէ։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։ Օր մը կարդացի Առակաց 27։11–ը, որ կ’ըսէ. «Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր»։ Զիս տպաւորեց այն գաղափարը, թէ պարզ մարդ մը կրնա՛յ տիեզերքի Գերիշխանին սիրտը ուրախացնել։ Ըմբռնեցի որ Եհովան այն Հայրն էր, որ կը փնտռէի ամբողջ կեանքիս ընթացքին։

Ուզեցի երկնաւոր Հայրս հաճեցնել եւ իր կամքը ընել, բայց երկար տարիներ թմրեցուցիչի եւ խմիչքի մոլի էի։ Ինծի յստակ եղաւ Յիսուսին ըսածը Մատթէոս 6։24–ին մէջ. «Մարդ մը չի կրնար երկու տիրոջ ծառայութիւն ընել»։ Մինչ կը պայքարէի փոփոխութիւններ ընելու, ինծի շատ օգնեց Ա. Կորնթացիս 15։33–ի սկզբունքը. «Չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն»։ Անդրադարձայ որ վնասակար սովորութիւնները պիտի չկարենայի կեցնել, եթէ շարունակէի նոյն վայրերը երթալ եւ նոյն մարդոց հետ ընկերակցիլ։ Աստուածաշունչին խրատը յստակ էր. եթէ կ’ուզէի Եհովային ծառայել, պէտք էր վճռական քայլեր առնէի (Մատթէոս 5։30

Հեւի մեթըլ երաժշտութիւնը այնքա՛ն շատ կը սիրէի, որ ինծի համար շատ դժուար եղաւ կեցնել զայն նուագելը եւ մտիկ ընելը։ Բայց Վկայ բարեկամներուս օգնութեամբ, վերջապէս կրցայ անկէ ձերբազատուիլ։ Չափազանց խմիչք խմելուն եւ թմրեցուցիչներ գործածելուն վերջ դրի։ Նաեւ մազս կտրեցի, մօրուքս ածիլեցի եւ այլեւս միայն սեւ չէի հագներ։ Երբ Սուսանին ըսի որ կ’ուզեմ մազս կտրել, իր հետաքրքրութիւնը շարժեցաւ եւ ինծի ըսաւ. «Քու հետդ պիտի երթամ, որպէսզի տեսնեմ թէ Թագաւորութեան սրահին մէջ ի՛նչ տեղի կ’ունենայ»։ Հոն իր տեսածը սիրեց, եւ շատ չանցած՝ ինքն ալ սկսաւ Աստուածաշունչը սերտել։ Ի վերջոյ, ես եւ Սուսանը ամուսնացանք, եւ 2008–ին մկրտուեցանք որպէս Եհովայի վկաներ։ Ուրախ ենք որ այժմ մօրս հետ Եհովային կը ծառայենք։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։ Ձգած եմ աշխարհ մը, որ ինծի տուաւ միայն կեղծ ուրախութիւն եւ դաւաճան ընկերներ։ Տակաւին երաժշտութիւնը կը սիրեմ, բայց կ’ընտրեմ ի՛նչ երաժշտութիւն մտիկ ընել։ Փորձառութիւնս կը գործածեմ, որ օգնեմ ընտանիքիս անդամներուն եւ ուրիշներուն, մանաւանդ պատանիներուն։ Կ’ուզեմ որ տեսնեն, թէ աշխարհին հրամցուցած բաներուն մեծ մասը գեղեցիկ կ’երեւի, բայց վերջաւորութեան պարզապէս «աղտեղութիւն» է (Փիլիպպեցիս 3։8

Հաւատարիմ բարեկամներ գտած եմ քրիստոնէական ժողովքին մէջ, ուր իսկական սէր եւ խաղաղութիւն կայ։ Եւ ամէն բանէ աւելի, Եհովային մօտենալով՝ վերջապէս գտած եմ Հայրս։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 14 «Յաջողութիւն՝ յարատեւութեան շնորհիւ» յօդուածը լոյս տեսաւ Դիտարան–ի 1 փետրուար 2000 թիւին մէջ, էջ 4-6։

[Մէջբերում]

«Կրցայ Եհովային վերադառնալ, քանի որ ինք զիս ետ քաշեց»