Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դաւաճանութիւն. ժամանակներու չարագուշակ նշան

Դաւաճանութիւն. ժամանակներու չարագուշակ նշան

Դաւաճանութիւն. ժամանակներու չարագուշակ նշան

«Սրբութիւնով ու արդարութիւնով եւ անարատութիւնով վարուեցանք» (Ա. ԹԵՍ. 2։10

ՀԵՏԵՒԵԱԼ ԳԼԽԱՒՈՐ ԿԷՏԵՐԸ ԶԱՏՈՐՈՇԷ.

Դալիլայի, Աբիսողոմի եւ Յուդա Իսկարիովտացիի դաւաճանութիւններէն ի՞նչ ազդարարական դասեր կրնանք սորվիլ։

Ինչպէ՞ս կրնանք Յովնաթանի եւ Պետրոսի ցուցաբերած հաւատարմութիւնը ընդօրինակել։

Մեր կողակիցին եւ Եհովայի հանդէպ մեր հաւատարմութեան մէջ ինչպէ՞ս կրնանք հաստատ մնալ։

1-3. ա) Ժամանակներու չարագուշակ մէկ նշանը ի՞նչ է, եւ ի՞նչ կը պարփակէ։ բ) Ո՞ր երեք հարցումներուն պիտի պատասխանենք։

ԴԱԼԻԼԱՆ, Աբիսողոմը եւ Յուդա Իսկարիովտացին հասարակաց ի՞նչ բան ունին։ Բոլո՛րը անհաւատարիմ էին,– Դալիլան, զինք սիրող անձին՝ Սամփսոն դատաւորին. Աբիսողոմը, իր հօր՝ Դաւիթ թագաւորին. Յուդան, իր Տէրոջ՝ Քրիստոս Յիսուսին։ Իւրաքանչիւր պարագայի, իրենց սոսկալի արարքները ուրիշներուն վնասեցին եւ նեղեցին։ Սակայն, ասիկա ինչո՞ւ մեզ պէտք է հետաքրքրէ։

2 Գրագիտուհի մը դաւաճանութիւնը կը դասէ այժմու ամէնէն սովորական արատներուն շարքին։ Ասիկա զարմանալի չէ։ Երբ Յիսուս «աշխարհիս վերջին» նշանը կու տար՝ ըսաւ. «Շատեր. . . մէկզմէկ պիտի մատնեն» (Մատ. 24։3, 10)։ «Դաւաճանել» կը նշանակէ՝ «գաղտնօրէն խաբել եւ չարիք հասցնել, իր հարազատները թակարդը ձգել, հաւատարմութիւնը նենգել, թշնամիին կողմը անցնիլ, մատնել, դրժել»։ Այսպիսի անհաւատարմութիւն մը կը հաստատէ, թէ մենք «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք, երբ մարդիկ «անսուրբ. . . մատնիչ» պիտի ըլլային (Բ. Տիմ. 3։1, 2, 4)։ Թէեւ հեղինակներ եւ ֆիլմեր յօրինողներ յաճախ անհաւատարմութեան արարքները հրապուրիչ եւ ռոմանթիկ կ’երեւցնեն, սակայն իսկական կեանքին մէջ, անհաւատարմութիւնն ու դաւաճանութիւնը ցաւ եւ տառապանք կը պատճառեն։ Արդարեւ, այսպիսի արարքներ ժամանակներու չարագուշակ նշան մըն են։

3 Աստուածաշունչէն ի՞նչ դասեր կրնանք սորվիլ անցեալի անհաւատարիմ անհատներուն մասին։ Ուրիշներու հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը ցուցաբերող անհատներու օրինակներուն ինչպէ՞ս կրնանք հետեւիլ։ Եւ որո՞նց հանդէպ մեր հաւատարմութեան մէջ հաստատ պէտք է կենանք։ Տեսնե՛նք։

ԱՆՑԵԱԼԷՆ ԱԶԴԱՐԱՐԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐ

4. Դալիլա ինչպէ՞ս Սամփսոնին դաւաճանեց, եւ ատիկա ինչո՞ւ շատ արհամարհելի էր։

4 Նախ նկատի առ խաբեբայ Դալիլան, որուն Սամփսոն դատաւորը սիրահարուած էր։ Սամփսոն մտադիր էր փղշտացիներուն դէմ պատերազմը առաջնորդել՝ Աստուծոյ ժողովուրդին ի նպաստ։ Թերեւս գիտնալով որ Դալիլան Սամփսոնի հանդէպ հաւատարիմ սէր չունէր, հինգ փղշտացի նախարարները իրեն մեծ կաշառք մը առաջարկեցին, անոր գերբնական ուժին գաղտնիքը գիտնալու համար, որպէսզի կարենան զինք բնաջնջել։ Շահադէտ Դալիլան ընդունեց առաջարկը, սակայն անոր ջանքերը երեք անգամ ձախողեցան։ Ապա ան շարունակեց ‘ամէն օր իր խօսքերովը անոր նեղութիւն տալ ու զանիկա բռնադատել’։ Ի վերջոյ «անոր սիրտը մինչեւ մահուան աստիճան նեղացաւ»։ Ուստի, Սամփսոն Դալիլայի ըսաւ որ իր մազերը բնաւ չէին ածիլուած, եւ եթէ ածիլուէին՝ իր ուժը պիտի կորսնցնէր։ * Ասիկա գիտնալով, Դալիլա զանիկա իր ծունկերուն վրայ քնացուց ու մարդ մը կանչեց եւ անոր գլխուն մազերը ածիլել տուաւ, եւ ապա զինք թշնամիներուն յանձնեց, որպէսզի իրենց ուզածը ընեն անոր (Դատ. 16։4, 5, 15-21)։ Դալիլայի այս արարքը որքա՜ն արհամարհելի էր։ Իր ագահութեան պատճառով, Դալիլա զինք սիրող մարդուն դաւաճանեց։

5. ա) Աբիսողոմ Դաւիթի հանդէպ ինչպէ՞ս անհաւատարիմ գտնուեցաւ, եւ ասիկա իր մասին ի՞նչ յայտնեց։ բ) Դաւիթ Աքիտոփէլի դաւաճանութեան նկատմամբ ինչպէ՞ս զգաց։

5 Նկատի առ դաւաճան Աբիսողոմը։ Փառասիրութեամբ լեցուած, ան վճռեց իր հօր՝ Դաւիթ թագաւորի գահը յափշտակել։ Աբիսողոմ նախ շողոքորթութեամբ «Իսրայէլի մարդոց սիրտը իրեն դարձուց», սուտ խոստումներ եւ գուրգուրանքի կեղծ արտայայտութիւններ գործածելով։ Ան զանոնք ողջագուրեց եւ համբուրեց, կարծես թէ իսկապէս անոնցմով եւ անոնց կարիքներով հետաքրքրուած էր (Բ. Թագ. 15։2-6)։ Աբիսողոմ նոյնիսկ շահեցաւ Դաւիթի գաղտնեկիցը՝ Աքիտոփէլը, որ դաւաճան դարձաւ եւ ըմբոստութեան միացաւ (Բ. Թագ. 15։31)։ 3–րդ եւ 55–րդ սաղմոսներուն մէջ, Դաւիթ կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս այսպիսի անհաւատարմութիւն իրեն ազդեց (Սաղ. 3։1-8. կարդա՛ Սաղմոս 55։12-14)։ Աբիսողոմ Աստուծոյ գերիշխանութեան հանդէպ իր անամօթ արհամարհանքը յայտնեց, Եհովայի օծեալ թագաւորին դէմ իր սնափառ եւ բացայայտ դաւադրութեամբ (Ա. Մն. 28։5)։ Վերջաւորութեան, ապստամբութիւնը ձախողեցաւ եւ Դաւիթ շարունակեց իշխել որպէս Եհովայի օծեալը։

6. Յուդա ինչպէ՞ս Յիսուսին դաւաճանեց, եւ Յուդային անունը ո՞ր բառին հոմանիշը դարձած է։

6 Հիմա մտածէ թէ դաւաճան Յուդա Իսկարիովտացին ի՛նչ ըրաւ Քրիստոսին։ Վերջին Պասեքին, որ Յիսուս իր 12 առաքեալներուն հետ տօնեց, անոնց ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ ձեզմէ մէկը զիս պիտի մատնէ» (Մատ. 26։21)։ Ետքը, այդ գիշերը, Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ Յիսուս Պետրոսի, Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի յայտնեց. «Ահա մօտեցաւ անիկա որ զիս պիտի մատնէ»։ Անմիջապէս, Յուդան բազմութեան մը հետ եկաւ, «եւ շուտ մը Յիսուսին մօտենալով՝ ըսաւ. ‘Ողջոյն քեզ, վա՛րդապետ’, ու համբուրեց զանիկա» (Մատ. 26։46-50. Ղուկ. 22։47, 52)։ Յուդա ‘անմեղ արիւն մատնեց’ եւ Քրիստոսը թշնամիներուն յանձնեց։ Դրամասէր Յուդան ի՞նչ բանի համար այդպէս ըրաւ։ Պարզապէս 30 կտոր արծաթի համար (Մատ. 27։3-5)։ Անկէ ի վեր Յուդա անունը «դաւաճան» բառին հոմանիշը եղած է, մասնաւորաբար մէկը՝ որ բարեկամութեան դիմակով ուրիշին կը դաւաճանէ։ *

7. Հետեւեալ անհատներու կեանքէն ի՞նչ դաս սորվեցանք. ա) Աբիսողոմ ու Յուդա, եւ բ) Դալիլա։

7 Այս ազդարարական օրինակներէն ի՞նչ սորվեցանք։ Թէ՛ Աբիսողոմ եւ թէ Յուդա ամօթալի վախճան ունեցան, քանի որ Եհովայի օծեալներուն դաւաճանեցին (Բ. Թագ. 18։9, 14-17. Գործք 1։18-20)։ Դալիլային անունը դաւաճանութեան եւ կեղծաւոր սիրոյ առյաւէտ պիտի առնչուի (Սաղ. 119։158)։ Որքա՜ն կենսական է որ մերժենք որեւէ հակում կոյր փառասիրութեան կամ ագահութեան հանդէպ, որոնք կրնան պատճառ դառնալ որ Եհովայի հաճութիւնը կորսնցնենք։ Ասոնք զօրաւոր դասեր են, որոնք մեզի կ’օգնեն որ անհաւատարմութեան զզուելի յատկութիւնը մերժենք։

ՀԱՒԱՏԱՐԻՄՆԵՐԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԷ՛

8, 9. ա) Յովնաթան ինչո՞ւ Դաւիթի հաւատարմութիւն խոստացաւ։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք Յովնաթանը ընդօրինակել։

8 Աստուածաշունչը նաեւ կը նկարագրէ բազմաթիւ հաւատարիմ անհատներ։ Անոնցմէ երկուքը նկատի առնենք, եւ տեսնենք թէ անոնցմէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ. սկսինք անհատով մը՝ որ Դաւիթին հաւատարիմ էր։ Յովնաթան՝ Սաւուղ թագաւորին երիցագոյն որդին՝ հաւանաբար Իսրայէլի գահաժառանգը պիտի ըլլար։ Սակայն, Եհովա Դաւիթը ընտրեց որպէս Իսրայէլի յաջորդ թագաւոր։ Յովնաթան Աստուծոյ որոշումը յարգեց եւ նախանձելով Դաւիթը մրցակից չնկատեց։ Փոխարէն, իր «սիրտը Դաւիթին սրտին հետ կապուեցաւ» եւ անոր հաւատարմութիւն խոստացաւ։ Ան նոյնիսկ Դաւիթին տուաւ իր հանդերձները, սուրը, աղեղը եւ գօտին, այսպէս թագաւորական պատիւ տալով անոր (Ա. Թագ. 18։1-4)։ Յովնաթան իր ամէն կարելին ըրաւ, որ ‘Դաւիթի ձեռքը զօրացնէ’, այն աստիճան որ իր կեանքը վտանգեց Դաւիթը պաշտպանելու համար Սաւուղի առջեւ։ Ան հաւատարմաբար Դաւիթի ըսաւ. «Դուն Իսրայէլի վրայ թագաւոր պիտի ըլլաս ու ես քու երկրորդդ պիտի ըլլամ» (Ա. Թագ. 20։30-34. 23։16, 17)։ Զարմանալի չէ որ Յովնաթանի մահէն ետք, Դաւիթ յուզիչ սգերգով իր վիշտը եւ անոր հանդէպ իր սէրը արտայայտեց (Բ. Թագ. 1։17, 26

9 Յովնաթան գիտէր որո՛ւն հաւատարիմ ըլլալ։ Ան ամբողջովին ենթարկուեցաւ Գերիշխանին՝ Եհովային, եւ լիովին աջակցեցաւ Դաւիթին որպէս Եհովային օծեալը։ Նմանապէս այսօր, նոյնիսկ երբ ժողովքին մէջ մասնաւոր առանձնաշնորհում չէ տրուած մեզի, պէտք է կամովին աջակցինք այն եղբայրներուն, որոնք նշանակուած են մեր մէջ առաջնորդութիւնը առնելու (Ա. Թես. 5։12, 13. Եբ. 13։17, 24

10, 11. ա) Պետրոս ինչո՞ւ հաւատարմաբար Յիսուսի հետ մնաց։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք Պետրոսը ընդօրինակել, եւ պիտի մղուինք ի՞նչ ընելու։

10 Ուրիշ լաւ օրինակ մը որ նկատի պիտի առնենք՝ Պետրոս առաքեալն է, որ Յիսուսի հանդէպ իր հաւատարմութիւնը հաստատեց։ Քրիստոս լուսաբանութիւն մը գործածեց, իր աշակերտներուն օգնելու որ հասկնան, թէ որքա՜ն կարեւոր պիտի ըլլար որ շուտով զոհուելիք իր մարմնին եւ արեան հաւատք ընծայէին։ Լուսաբանութիւնը բառացի չէր, սակայն իր աշակերտներէն շատեր զայն շատ խիստ գտան, եւ թողուցին զինք (Յովհ. 6։54-61, 67)։ Ուստի, Յիսուս իր 12 առաքեալներուն հարցուց. «Միթէ դո՞ւք ալ կ’ուզէք երթալ»։ Պետրոս ինք պատասխանեց. «Տէ՛ր, որո՞ւ պիտի երթանք, դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս։ Մենք հաւատացինք ու գիտցանք թէ դուն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին» (Յովհ. 6։68-70)։ Ասիկա կը նշանակէ՞ր թէ Պետրոս Յիսուսի մօտալուտ զոհաբերութեան մասին բոլո՛ր ըսուածները լիովին հասկցած էր։ Հաւանաբար ո՛չ։ Ասով հանդերձ, Պետրոս վճռած էր Աստուծոյ օծեալ Որդիին հաւատարիմ մնալ։

11 Պետրոս չտրամաբանեց թէ Յիսուս հարցերու շուրջ սխալ տեսակէտ ունեցած ըլլալու էր, եւ թէ ժամանակի ընթացքին իր ըսածները ետ պիտի քաշէր. այլ՝ խոնարհաբար գիտակցեցաւ, թէ Յիսուս «յաւիտենական կեանքի խօսքեր» ունէր։ Նմանապէս այսօր, ինչպէ՞ս կը հակազդենք երբ ‘հաւատարիմ տնտեսին’ պատրաստած հրատարակութիւններուն մէջ հանդիպինք կէտի մը, որ դժուար է հասկնալ կամ մեր մտածելակերպին չի համապատասխաներ։ Պէտք է ջանանք ատոր իմաստը ըմբռնել, փոխանակ պարզապէս ակնկալելու որ մեր տեսակէտին համակերպող փոփոխութիւն մը պիտի ըլլայ (կարդա՛ Ղուկաս 12։42

ԿՈՂԱԿԻՑԻԴ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄՆԱՑԻՐ

12, 13. Անհատ մը իր կողակիցին ինչո՞ւ կրնայ դաւաճանել, եւ ինչո՞ւ անհատի մը տարիքը չքմեղանք մը չէ։

12 Ամէն տեսակի դաւաճանութիւն գարշելի արարք մըն է, որուն պէտք չէ թոյլ տալ որ քրիստոնէական ընտանիքին եւ ժողովքին խաղաղութիւնն ու միութիւնը խանգարէ։ Ասիկա ի մտի ունենալով, տեսնենք թէ ինչպէս կրնանք մեր կողակիցին եւ մեր Աստուծոյն հանդէպ հաստատ հաւատարմութիւն ցուցաբերել։

13 Շնութիւնը դաւաճանութեան ամէնէն ջախջախիչ տեսակներէն մէկն է։ Շնացողը իր կողակիցին հանդէպ իր նուիրուածութիւնը բեկանած կ’ըլլայ, եւ իր ուշադրութիւնը ուրիշ անձի դարձուցած կ’ըլլայ։ Դաւաճանուած կողակիցը յանկարծ առանձին կը ձգուի,– տակնուվրայ դարձած կեանքով մը։ Ասիկա ինչպէ՞ս կը պատահի երկու անհատներու միջեւ, որոնք ատեն մը զիրար կը սիրէին։ Յաճախ, այս ուղղութեամբ առաջին քայլը կ’ըլլայ՝ երբ կողակիցներ զգացական գետնի վրայ իրարմէ կը հեռանան։ Ընկերաբանութեան փրոֆէսոր՝ Կապրիելլա Թուրնադուրի կը բացատրէ, թէ դաւաճանութիւնը կրնայ տեղի ունենալ, երբ կողակիցներ դադրին իրենց ամէն կարելին ընելէ որ իրենց փոխյարաբերութիւնը զօրացնեն։ Ասիկա նոյնիսկ կրնայ պատահիլ միջին տարիքի զոյգերու միջեւ, որոնք տարիներէ ամուսնացած են։ Օրինակ, 50 տարեկան տղամարդ մը, որ 25 տարիէ ամուսնացած է, ամուսնալուծուեցաւ իր հաւատարիմ կնոջմէն, որպէսզի միանայ այն կնոջ՝ որմով հրապուրուած էր։ Ոմանք կ’ըսեն թէ ասիկա իր տարիքին եղող մարդու մը բնական վարքն է։ Սակայն տարիքը չքմեղանք մը չէ՛։ Կողակիցին անհաւատարիմ ըլլալը բնական բան չէ՛. ատիկա դաւաճանութիւն է։ *

14. ա) Եհովա ինչպէ՞ս կը զգայ անոնց հանդէպ՝ որոնք իրենց կողակիցներուն անհաւատարիմ կը գտնուին։ բ) Յիսուս ամուսնական հաւատարմութեան մասին ի՞նչ ըսաւ։

14 Եհովա ինչպէ՞ս կը զգայ անոնց հանդէպ՝ որոնք առանց աստուածաշնչական պատճառի իրենց կողակիցը կը ձգեն։ Մեր Աստուածը «կին արձակելը» կ’ատէ, եւ խիստ խօսքեր ըսած է անոնց դէմ՝ որոնք իրենց կողակիցներուն հետ գէշ կերպով կը վարուին եւ զիրենք կը լքեն (կարդա՛ Մաղաքիա 2։13-16Սրտանց համաձայնելով իր Հօր հետ, Յիսուս սորվեցուց թէ անհատ մը չի կրնար իր անմեղ կողակիցը մերժել կամ լքել, եւ այնպէս մը վարուիլ որ կարծես բան մը չէ պատահած (կարդա՛ Մատթէոս 19։3-6, 9

15. Ամուսնացածները իրենց կողակիցներուն հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը ինչպէ՞ս կրնան զօրացնել։

15 Ամուսնացածները ինչպէ՞ս կրնան իրենց կողակիցներուն հաւատարիմ մնալ։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Երիտասարդութեանդ կնոջը [կամ ամուսինին] հետ ուրախ եղիր», եւ «քու սիրած կնոջդ [կամ ամուսինիդ] հետ կեանքը վայլէ» (Առ. 5։18. Ժող. 9։9)։ Մինչ կողակիցները տարիքի մէջ կը յառաջանան, պէտք է իրենց ամէն կարելին ընեն, որպէսզի իրենց փոխյարաբերութիւնը զօրաւոր մնայ, թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ զգացական գետնի վրայ։ Ասիկա կը նշանակէ իրարու ուշադիր ըլլալ, իրարու հետ ժամանակ անցընել եւ իրարու աւելի մօտենալ։ Անոնք պէտք է կեդրոնանան իրենց ամուսնութիւնը եւ Եհովայի հետ իրենց փոխյարաբերութիւնը պահպանելու վրայ։ Ասիկա իրագործելու համար, զոյգեր պէտք է Աստուածաշունչը միասնաբար ուսումնասիրեն, կանոնաւորաբար միասին ծառայութեան մասնակցին եւ Եհովայի օրհնութեան համար միասնաբար աղօթեն։

ԵՀՈՎԱՅԻ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄՆԱՑԻՐ

16, 17. ա) Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը ինչպէ՞ս խնդրոյ առարկայ կրնայ ըլլալ՝ ընտանիքին եւ ժողովքին մէջ։ բ) Ո՞ր օրինակը կը լուսաբանէ թէ վտարուած ազգականներու հետ չընկերակցելու Աստուծոյ պատուէրին հնազանդիլը կրնայ լաւ արդիւնքներու առաջնորդել։

16 Ժողովքի անդամներ կան, որոնք լուրջ մեղքեր գործեցին եւ ‘սաստիկ յանդիմանուեցան, որպէսզի առողջանան հաւատքի մէջ’ (Տիտ. 1։13)։ Ոմանց վարքը պահանջած է որ վտարուին։ «Անով վարժուողներուն» համար, կրթութիւնը օգնած է որ հոգեւորապէս բուժուին (Եբ. 12։11)։ Ի՞նչ կարելի է ըսել եթէ ունինք ազգական մը կամ մօտիկ բարեկամ մը, որ վտարուած է։ Այժմ մեր հաւատարմութիւնը խնդրոյ առարկայ է,– ո՛չ թէ այդ անձին հանդէպ, այլ՝ Աստուծոյ հանդէպ։ Եհովա մեզ կը դիտէ, որ տեսնէ թէ ոեւէ վտարուած անհատի հետ չյարաբերելու իր պատուէրին պիտի կառչի՛նք թէ ոչ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 5։11-13

17 Նկատի առ միայն մէկ օրինակ որ ցոյց կու տայ, թէ լաւ արդիւնքներ կրնան ձեռք ձգուիլ, երբ ընտանիքը Եհովայի հաւատարիմ կը մնայ՝ վտարուած ազգականներուն հետ չընկերակցելու իր պատուէրին հնազանդելով։ Երիտասարդ մը աւելի քան տասը տարի վտարուած էր, որուն ընթացքին իր հայրը, մայրը եւ չորս եղբայրները իրեն հետ ‘չյարաբերեցան’ (ԱԾ)։ Ատեններ, ան կը ջանար անոնց գործունէութիւններուն միջամուխ ըլլալ, սակայն ընտանիքին իւրաքանչիւր անդամը իրեն հետ կապ չպահելու մէջ հաստատ էր։ Երբ ժողովքին մէջ վերընդունուեցաւ, ան ըսաւ թէ ընտանիքին ընկերակցութիւնը միշտ կը փնտռէր, մա՛նաւանդ գիշերները երբ առանձին կ’ըլլար։ Ան խոստովանեցաւ, որ եթէ իր ընտանիքը նոյնիսկ քիչ մը ժամանակ անցընէր իրեն հետ, ինք պիտի գոհանար։ Բայց անոնք որեւէ կերպով իրեն հետ չհաղորդակցեցան։ Ուստի, անոնց հետ ըլլալու իր զօրաւոր փափաքը պատճառ մըն էր, որ Եհովայի հետ իր փոխյարաբերութիւնը վերահաստատէ։ Ասոր մասին մտածէ, եթէ երբեք փորձուիս վտարուած ազգականներուդ հետ չընկերակցելու Աստուծոյ պատուէրը բեկանել։

18. Հաւատարմութեան եւ անհաւատարմութեան օրինակները վերաքաղ ընելէ ետք, ի՞նչ վճռած ես ընել։

18 Կ’ապրինք դաւաճան, անհաւատարիմ աշխարհի մը մէջ։ Այսուհանդերձ, մեր շուրջը՝ ժողովքին մէջ՝ կրնանք գտնել ընդօրինակուելիք հաւատարիմ մարդիկ։ Անոնց կենցաղը իրենց ի նպաստ կը խօսի, կարծես կ’ըսէ. «Դուք վկայ էք եւ Աստուած ալ՝ թէ ի՛նչպէս սրբութիւնով ու արդարութիւնով եւ անարատութիւնով վարուեցանք ձեզի հետ» (Ա. Թես. 2։10)։ Թող որ բոլո՛րս որեւէ ժամանակէ աւելի Աստուծոյ եւ իրարու հանդէպ մեր հաւատարմութեան մէջ հաստատ կենանք։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 4 Իր ուժին աղբիւրը ոչ թէ բառացի մազն էր, այլ՝ անոր նշանակութիւնը,– որպէս ուխտաւոր՝ Եհովայի հետ Սամփսոնի մասնաւոր յարաբերութիւնը։

^ պարբ. 6 Այսպէս «Յուդայի համբոյր» արտայայտութիւնը կը նշանակէ՝ «դաւաճանութեան արարք մը»։

^ պարբ. 13 Կողակիցի մը դաւաճանութեան հետ ինչպէ՛ս գլուխ ելլելու մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար, տե՛ս «Կողակիցի դաւաճանութեան հետ գլուխ ելլել» յօդուածը, Դիտարան–ի 15 յունիս 2010 թիւը, էջ 29-32 (անգլերէն)։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 16]

Պետրոս Աստուծոյ օծեալ Որդիին հաւատարիմ էր, թէեւ ուրիշներ զայն մերժեցին