Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մարգարէութիւններ. կատարեալ արձանագրութիւն

Մարգարէութիւններ. կատարեալ արձանագրութիւն

Մարգարէութիւններ. կատարեալ արձանագրութիւն

«Ձեր Տէր Աստուածը ձեզի համար որչափ բարիք որ խոստացաւ, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ» (ՅԵՍՈՒ 23։14

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՏԱՐԲԵՐ Է։ Վաղեմի պատգամախօսներու գուշակումները անորոշ եւ անվստահելի էին. իսկ արդի աղթարքները անոնցմէ լաւ չեն։ Ապագան սերտելու գիտութիւնը հիմնուած է ներկայ զարգացումներուն վրայ, եւ շատ յաճախ չի փորձեր դարեր ետք պատահելիք մասնայատուկ դէպքեր նշել։ Ի հակապատկեր, Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները մանրամասն են եւ միշտ կը կատարուին, նոյնիսկ երբ «դեռ չեղածը առաջուընէ» պատմեն (Եսայի 46։10

ՕՐԻՆԱԿ։ Մ.թ.ա. վեցերորդ դարուն, Դանիէլ մարգարէն տեսիլք մը տեսաւ՝ որ կանխագուշակեց Մարա–Պարսկաստանի արագ պարտութիւնը Յունաստանի կողմէ։ Ատիկա նաեւ կանխագուշակեց, որ հազիւ Յունաստանի յաղթական թագաւորը ‘ուժովնար’, իր թագաւորութիւնը պիտի ‘կոտրուէր’։ Ո՞վ պիտի փոխարինէր զինք։ Դանիէլ գրեց. «Այն ազգէն չորս թագաւորութիւն պիտի ելլէ, բայց ո՛չ թէ անոր զօրութիւնովը» (Դանիէլ 8։5-8, 20-22

ԻՆՉ ՈՐ ՊԱՏՄԱԲԱՆՆԵՐԸ Կ’ԸՍԵՆ։ Դանիէլի օրերէն աւելի քան 200 տարի ետք, Մեծն Աղեքսանդր Յունաստանի թագաւորը եղաւ։ Տասը տարուան մէջ, Աղեքսանդր մարա–պարսկական կայսրութիւնը պարտութեան մատնեց եւ յունական իշխանութիւնը ընդարձակեց մինչեւ Ինդոս գետ (արդի Փաքիստանի մէջ)։ Սակայն ան յանկարծ մահացաւ 32 տարեկանին։ Իսկ Փոքր Ասիոյ Իբսոսի մօտ պատերազմ մը իր կայսրութիւնը ազդուօրէն քայքայեց։ Վերջ ի վերջոյ, այդ պատերազմին չորս յաղթականները յունական կայսրութիւնը իրենց միջեւ բաժնեցին։ Սակայն, անոնցմէ ո՛չ մէկը Աղեքսանդրին զօրութեան հասաւ։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ԽՈՐՀԻՍ։ Կրնա՞յ որեւէ այլ գիրք մարգարէութեան կատարման այսպիսի արձանագրութիւն մը դաւանիլ, թէ ոչ՝ Աստուածաշունչը իւրայատուկ է։

[Մէջբերում՝ էջ 4]

‘Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները այնքան բազմաթիւ են որ ատոնց կատարումը կարելի չէ դիպուածի վերագրել’ (ՓԱՍՏԱԲԱՆ ՄԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԸ ՔՆՆԷ [ԱՆԳԼԵՐԷՆ], ԻՐՎԻՆ Հ. ԼԻՆԹԸՆԻ ԿՈՂՄԷ)։

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 4]

© Robert Harding Picture Library/SuperStock