Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովան կը յայտնէ «ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ»

Եհովան կը յայտնէ «ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ»

Եհովան կը յայտնէ «ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ»

«Յիսուս Քրիստոսին յայտնութիւնը, որ Աստուած տուաւ իր ծառաներուն ցուցնելու ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ» (ՅԱՅՏ. 1։1

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

Մեծ արձանին ո՞ր մասերը կը խորհրդանշեն անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը։

Յովհաննէս ինչպէ՞ս կը նկարագրէ անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժին եւ ՄԱԿ–ին միջեւ եղած կապը։

Դանիէլ եւ Յովհաննէս ինչպէ՞ս կը նկարագրեն մարդկային իշխանութեան վախճանը։

1, 2. ա) Դանիէլի եւ Յովհաննէսի մարգարէութիւնները մեզի թոյլ կու տան որ ի՞նչ ընենք։ բ) Գազանին առաջին վեց գլուխները ի՞նչ կը ներկայացնեն։

ԴԱՆԻԷԼԻ եւ Յովհաննէսի մարգարէութիւնները իրարու հետ համեմատելով, աշխարհի ներկայ եւ ապագայ շատ մը իրադարձութիւններու նշանակութիւնը կը հասկնանք։ Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Յովհաննէսի եօթգլխանի գազանին տեսիլքէն, Դանիէլի տասը եղջիւր ունեցող գազանին տեսիլքէն եւ մեծ արձանին մեկնութենէն։ Իսկ այս մարգարէութիւններուն յստակ հասկացողութիւնը մեզ պէտք է մղէ որ ի՞նչ ընենք։

2 Նախորդ յօդուածին մէջ, Յովհաննէսի տեսած գազանի տեսիլքին մասին սորվեցանք (Յայտ., գլուխ 13)։ Գազանին առաջին վեց գլուխները կը ներկայացնեն՝ Եգիպտոսը, Ասորեստանը, Բաբելոնը, Մարա–Պարսկաստանը, Յունաստանը եւ Հռոմը։ Բոլո՛րը կնոջ սերունդին հանդէպ ատելութիւն ցուցաբերեցին (Ծն. 3։15)։ Յովհաննէս իր տեսիլքը գրելէն ետք, վեցերորդ գլուխը՝ Հռոմը՝ դարեր շարունակ տիրական քաղաքական ոյժ մնաց։ Ի վերջոյ, եօթներորդ գլուխը Հռոմին տեղը պիտի գրաւէր։ Քաղաքական ո՞ր աշխարհակալ ուժն էր այդ, եւ կնոջ սերունդին հետ ինչպէ՞ս պիտի վարուէր։

ԲՐԻՏԱՆԻԱՆ ԵՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԸ ՀԶՕՐ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ

3. Տասը եղջիւր ունեցող սարսափազդու գազանը զո՞վ կը ներկայացնէ, իսկ տասը եղջիւրները ի՞նչ կը պատկերացնեն։

3 Յայտնութիւն 13–րդ գլուխին մէջ նշուած գազանին եօթներորդ գլուխը կրնանք բնորոշել, Յովհաննէսի տեսիլքը համեմատելով Դանիէլի տասը եղջիւր ունեցող սարսափազդու գազանի տեսիլքին հետ (կարդա՛ Դանիէլ 7։7, 8, 23, 24 * Դանիէլի տեսած գազանը ներկայացուց հռոմէական աշխարհակալ ուժը (տե՛ս էջ 14-15–ի ցուցակը)։ Մ.թ. հինգերորդ դարուն, հռոմէական կայսրութիւնը սկսաւ բաժան–բաժան ըլլալ։ Այդ ահեղ գազանին տասը եղջիւրները կը ներկայացնեն թագաւորութիւններ, որոնք այդ կայսրութենէն ծագեցան։

4, 5. ա) Պզտիկ եղջիւրը ի՞նչ ըրաւ։ բ) Գազանին եօթներորդ գլուխը ո՞վ է։

4 Դանիէլի տեսած տասը եղջիւր ունեցող գազանի տեսիլքին մէջ, ուրիշ պզտիկ եղջիւր մը կ’ելլէ եւ տասը եղջիւրներէն երեքը կը փոխարինէ։ Ասիկա կատարուեցաւ երբ Բրիտանիան՝ հռոմէական կայսրութեան պզտիկ մէկ մասը՝ զօրացաւ։ Մինչեւ 17–րդ դար, Բրիտանիան յարաբերաբար աննշան ոյժ մըն էր։ Հռոմէական կայսրութենէն յառաջ եկած երեք թագաւորութիւններ,– Սպանիա, Հոլանտա եւ Ֆրանսա,– շատ աւելի ազդու էին։ Բայց Բրիտանիան անոնց դէմ մէկ առ մէկ պատերազմեցաւ եւ անոնցմէ աւելի կարեւոր դարձաւ։ 18–րդ դարու կիսուն, Բրիտանիան աշխարհի թատերաբեմին վրայ տիրական ոյժ դառնալու վրայ էր։ Սակայն ատիկա տակաւին գազանին եօթներորդ գլուխը չէր եղած։

5 Թէեւ Բրիտանիան զօրաւոր իշխանութիւն ունեցաւ, բայց Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ անոր գաղութները ըմբոստացան ու Միացեալ Նահանգները հաստատեցին։ Ասով հանդերձ, Բրիտանիան թոյլ տուաւ որ Միացեալ Նահանգները զօրանան, եւ նո՛յնիսկ իր նաւատորմով զանոնք պաշտպանեց։ Երբ 1914–ին Տէրունական օրը սկսաւ, Բրիտանիան պատմութեան ամէնէն հսկայ կայսրութիւնը շինած էր, իսկ Միացեալ Նահանգները երկրագունդին վրայ ամէնէն մեծ ճարտարարուեստական ուժը դարձած էին։ * Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին, Միացեալ Նահանգները Բրիտանիոյ հետ մասնայատուկ գործակցութիւն հաստատեցին։ Գազանին եօթներորդ գլուխը այժմ մէջտեղ եկած էր որպէս անկլօամերիկեան աշխարհակալ ոյժ։ Այս գլուխը կնոջ սերունդին հետ ինչպէ՞ս վարուեցաւ։

6. Եօթներորդ գլուխը ինչպէ՞ս վարուած է Աստուծոյ ժողովուրդին հետ։

6 Տէրունական օրը սկսելէն քիչ ետք, եօթներորդ գլուխը յարձակեցաւ Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ,– երկրի վրայ Քրիստոսի եղբայրներուն մնացորդը (Մատ. 25։40)։ Յիսուս ցոյց տուաւ, թէ իր ներկայութեան ժամանակ, սերունդին մնացորդը երկրի վրայ գործունեայ պիտի ըլլար (Մատ. 24։45-47. Գաղ. 3։26-29)։ Անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը պատերազմեցաւ այս սուրբերուն դէմ (Յայտ. 13։3, 7)։ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին, ատիկա Աստուծոյ ժողովուրդը հարստահարեց, անոնց կարգ մը հրատարակութիւնները արգիլեց եւ հաւատարիմ ծառայ դասակարգին ներկայացուցիչները բանտը նետեց։ Գազանին եօթներորդ գլուխը որոշ ժամանակ մը գրեթէ քարոզչութեան վերջ դրաւ։ Եհովան նախատեսեց այս շշմեցուցիչ դէպքը եւ Յովհաննէսի յայտնեց զայն։ Ան նաեւ Յովհաննէսի ըսաւ, թէ սերունդին երկրորդական մասը պիտի վերակենդանանար եւ հոգեւոր մեծ գործունէութիւն պիտի ունենար (Յայտ. 11։3, 7-11)։ Եհովայի այժմու ծառաներուն պատմութիւնը կը հաստատէ, թէ այդ դէպքերը տեղի ունեցան։

ԱՆԿԼՕԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԱԿԱԼ ՈՒԺԸ ԵՒ ԵՐԿԱԹԷ ՈՒ ԿԱՒԷ ՈՏՔԵՐԸ

7. Գազանին եօթներորդ գլուխին եւ մեծ արձանին միջեւ կապը ի՞նչ է։

7 Գազանին եօթներորդ գլուխին եւ մեծ արձանին միջեւ կապը ի՞նչ է։ Բրիտանիան,– եւ ընդարձակ կիրարկումով՝ Միացեալ Նահանգները,– հռոմէական կայսրութենէն ելան։ Սակայն, ի՞նչ կարելի է ըսել արձանին ոտքերուն մասին։ Ատոնք նկարագրուած են որպէս երկաթէ եւ կաւէ խառնուրդ մը (կարդա՛ Դանիէլ 2։41-43Այս նկարագրութիւնը կը զուգադիպի այն ժամանակին հետ, երբ եօթներորդ գլուխը,– անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը,– պիտի տիրէր։ Ճիշդ ինչպէս որ երկաթէ եւ կաւէ կազմուածք մը աւելի տկար է քան՝ զուտ երկաթէ կազմուածքը, նմանապէս, անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը աւելի տկար է քան՝ այդ կայսրութիւնը, որմէ ծագում առաւ։ Ինչպէ՞ս։

8, 9. ա) Աշխարհակալ եօթներորդ ուժը ինչպէ՞ս երկաթանման զօրութիւն ցուցաբերեց։ բ) Արձանի ոտքերուն կաւը ի՞նչ կը ներկայացնէ։

8 Ատեններ, գազանին եօթներորդ գլուխը երկաթանման յատկութիւններ ցուցաբերած է։ Օրինակ, անիկա իր զօրութիւնը փաստեց Ա. Աշխարհամարտը շահելով։ Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին, եօթներորդ գլուխին երկաթանման զօրութիւնը նաեւ բացայայտ էր։ * Այդ պատերազմէն ետք, եօթներորդ գլուխը երբեմն երկաթանման յատկութիւններ ցուցաբերեց։ Սակայն, սկիզբէն ի վեր այդ երկաթը կաւի հետ խառնուած էր։

9 Եհովայի ծառաները վաղուց ջանացած են հասկնալ արձանին ոտքերուն խորհրդանշական իմաստը։ Դանիէլ 2։41–ը երկաթէ եւ կաւէ խառնուրդը կը նկարագրէ որպէս մէկ «թագաւորութիւն» եւ ոչ թէ բազմաթիւ թագաւորութիւններ։ Ուստի, կաւը կը ներկայացնէ անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժի ազդեցութեան ծիրէն ներս եղող տարրերը, որոնք զինք երկաթեայ հռոմէական կայսրութենէն աւելի կը տկարացնեն։ Կաւին ակնարկուած է որպէս «մարդոց սերունդ»ը կամ հասարակ ժողովուրդ (Դան. 2։43)։ Անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժին մէջ, մարդիկ ոտքի ելած են իրենց իրաւունքները պահանջելու համար՝ աշխատաւորական միութիւններու, քաղաքացիական իրաւունքներու արշաւներու եւ անկախութեան շարժումներու միջոցաւ։ Հասարակ ժողովուրդը կը տկարացնէ անոր երկաթանման զօրութեամբ գործելու կարողութիւնը։ Նաեւ, մարդիկ տարբեր քաղաքական կարծիքներ ունենալով, ընտրութիւններու ատեն երբ առաջնորդ մը միայն քանի մը ձայնով շահի, հարկ եղած հեղինակութիւնը չ’ունենար իր խոստացածը ի գործ դնելու համար։ Ճիշդ ինչպէս Դանիէլ կանխագուշակեց. «Այն թագաւորութեանը մէկ մասը ամուր ու մէկ մասը դիւրաբեկ պիտի ըլլայ» (Դան. 2։42. Բ. Տիմ. 3։1-3

10, 11. ա) Արձանին «ոտքեր»ուն ի՞նչ պիտի պատահի։ բ) Արձանին ոտնամատներուն թիւին մասին ի՞նչ կրնանք եզրակացնել։

10 21–րդ դարուն, Բրիտանիա եւ Միացեալ Նահանգներ շարունակած են իրենց մասնայատուկ գործակցութիւնը, յաճախ միասնաբար գործելով աշխարհի հարցերուն մէջ։ Մեծ արձանին եւ գազանին մասին եղած մարգարէութիւնները կը հաստատեն, թէ ապագայ աշխարհակալ ոյժ մը պիտի չփոխարինէ անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը։ Այս վերջին աշխարհակալ ուժը երկաթէ սրունքներով ներկայացուած կայսրութենէն տկար ըլլալով հանդերձ, ինքնիրեն պիտի չքայքայուի։

11 Արձանին ոտնամատներուն թիւը որոշ նշանակութիւն ունի՞։ Նկատի առ հետեւեալը. ուրիշ տեսիլքներու մէջ, Դանիէլ մասնայատուկ թիւեր կը նշէ,– օրինակ՝ զանազան գազաններու գլուխի եղջիւրներուն թիւերը։ Այդ թիւերը նշանակալից են։ Սակայն, երբ արձանը կը նկարագրէ, Դանիէլ ոտնամատներու թիւը չի նշեր։ Ուրեմն, այնպէս կը թուի թէ ոտնամատներուն թիւը կարեւորութիւն չունի, ճիշդ ինչպէս որ կարեւորութիւն չունի այն իրողութիւնը թէ արձանը ունի երկու թեւ, երկու սրունք եւ երկու ոտք։ Բայց Դանիէլ մասնայատուկ կերպով կը նշէ, թէ ոտնամատները երկաթէ եւ կաւէ կազմուած պիտի ըլլային։ Իր նկարագրութենէն կրնանք եզրակացնել, թէ մինչ անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը կը տիրէ, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ներկայացնող «քար»ը արձանին ոտքերուն պիտի զարնէ (Դանիէլ 2։45

ԱՆԿԼՕ–ԱՄԵՐԻԿԱՆ ԵՒ ԵՐԿՈՒ ԵՂՋԻՒՐ ՈՒՆԵՑՈՂ ԳԱԶԱՆԸ

12, 13. Երկու եղջիւր ունեցող գազանը զո՞վ կը ներկայացնէ եւ ի՞նչ կ’ընէ։

12 Թէեւ անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը երկաթի եւ կաւի խառնուրդ է, սակայն Յովհաննէսի տրուած տեսիլքները ցոյց կու տան, թէ ատիկա պիտի շարունակէր բանալի դեր խաղալ վերջին օրերուն ընթացքին։ Ինչպէ՞ս։ Յովհաննէս տեսիլքի մը մէջ տեսաւ երկու եղջիւր ունեցող գազան մը, որ վիշապի պէս կը խօսէր։ Այս տարօրինակ գազանը զո՞վ կը ներկայացնէ։ Ատիկա երկու եղջիւր ունի, ուրեմն երկեակ ոյժ մըն է։ Յովհաննէս դարձեալ կը տեսնէ անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը, բայց մասնայատուկ դերի մը մէջ (կարդա՛ Յայտնութիւն 13։11-15

13 Երկու եղջիւր ունեցող այս գազանը յառաջ կը մղէ Յայտնութիւն 13։1–ի գազանին պատկեր մը շինելը։ Յովհաննէս գրեց, թէ գազանին պատկերը պիտի յայտնուէր, անհետանար, ապա դարձեալ երեւան պիտի գար։ Ճիշդ ասիկա է որ պատահեցաւ այն կազմակերպութեան, որուն թիկունք կանգնեցան Բրիտանիան եւ Միացեալ Նահանգները, այն՝ որուն նպատակն էր միացնել եւ ներկայացնել աշխարհիս թագաւորութիւնները։ * Այս կազմակերպութիւնը Ա. Աշխարհամարտէն ետք յայտնուեցաւ, եւ ճանչցուեցաւ որպէս Ազգերու դաշնակցութիւն։ Բ. Աշխարհամարտի սկիզբը, ատիկա անհետացաւ։ Այդ պատերազմին ընթացքին, Աստուծոյ ժողովուրդը ծանուցանեց, թէ ըստ Յայտնութիւն գրքի մարգարէութեան, գազանին պատկերը դարձեալ պիտի յայտնուէր. եւ ի՛րապէս յայտնուեցաւ,– որպէս Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւն (Յայտ. 17։8

14. Գազանին պատկերը ի՞նչ առումով «ութերորդ» թագաւոր է։

14 Յովհաննէս գազանին պատկերը նկարագրեց որպէս «ութերորդ» թագաւոր։ Ի՞նչ առումով։ Ատիկա չի պատկերացուիր որպէս գազանին ութերորդ գլուխը, այլ՝ միայն այդ գազանին պատկերը։ Իր զօրութիւնը իր անդամներէն կու գայ, յատկապէս իրեն կռնակ կեցողէն՝ անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժէն (Յայտ. 17։10, 11)։ Սակայն, ատիկա հեղինակութիւն կը ստանայ, որպէսզի իբրեւ թագաւոր գործէ, մասնայատուկ պարտականութիւն մը կատարելու համար. պարտականութիւն մը, որ սկիզբ պիտի տայ իրարայաջորդ իրադարձութիւններու, որոնք պատմութիւնը պիտի փոխեն։

ԳԱԶԱՆԻՆ ՊԱՏԿԵՐԸ ԿԸ ԲԶԿՏԷ ՊՈՌՆԻԿԸ

15, 16. Պոռնիկը ի՞նչ կը խորհրդանշէ, եւ ներկայիս կրօնքին ի՞նչ կը պատահի։

15 Ըստ Յովհաննէսի, կարմիր գազանին,– գազանին պատկերին,– վրայ խորհրդանշական պոռնիկ մը նստած է. պոռնիկը այս գազանին կը տիրէ եւ անոր անունն է՝ «Մեծ Բաբելոն» (Յայտ. 17։1-6)։ Այս պոռնիկը պատշաճ կերպով կը ներկայացնէ ամբողջ սուտ կրօնքը, որուն գլխաւոր մասը կը կազմեն քրիստոնեայ աշխարհի եկեղեցիները։ Կրօնական կազմակերպութիւնները իրենց օրհնութիւնը տուած են գազանին պատկերին եւ ջանացած են ատոր վրայ ազդեցութիւն բանեցնել։

16 Սակայն, Տէրունական օրուան ընթացքին, Մեծ Բաբելոնը տեսած է թէ ջուրերը՝ իրեն աջակցող մարդիկը, շշմեցուցիչ կերպով կը ցամքին (Յայտ. 16։12. 17։15)։ Օրինակ, երբ գազանին պատկերը առաջին անգամ յայտնուեցաւ, քրիստոնեայ աշխարհի եկեղեցիները,– Մեծ Բաբելոնի ազդեցիկ մէկ մասը,– Արեւմտեան աշխարհին կը տիրէին։ Ներկայիս, եկեղեցիներն ու անոնց քարոզիչները բազմաթիւ մարդոց յարգանքն ու աջակցութիւնը կորսնցուցած են։ Իրականութեան մէջ, շատեր կը հաւատան թէ աշխարհի խնդիրներուն պատճառը կրօնքն է։ Ուրիշներ հրապարակաւ կ’ըսեն, թէ աշխարհը պէտք է բոլոր կրօնքներէն ձերբազատուի։

17. Շուտով սուտ կրօնքին ի՞նչ պիտի պատահի եւ ինչո՞ւ։

17 Բայց սուտ կրօնքը պարզապէս պիտի չանհետանայ։ Պոռնիկը զօրեղ ոյժ մը պիտի մնայ եւ ջանք պիտի թափէ որ թագաւորները իր ամէն ուզածը ընեն, մինչեւ որ Աստուած հեղինակաւորներու սրտին մէջ գաղափար մը դնէ (կարդա՛ Յայտնութիւն 17։16, 17Շուտով Եհովան պիտի մղէ Սատանայի աշխարհին քաղաքական տարրերը,– որոնք ՄԱԿ–ով կը ներկայացուին,– որ սուտ կրօնքին վրայ յարձակին։ Պոռնիկը ա՛լ կարող պիտի չըլլայ կառավարութիւններուն տիրել եւ իր հարստութիւնը պիտի կորսնցնէ։ Միայն տասնամեակներ առաջ, այսպիսի դէպք մը կրնար անհաւանական թուիլ։ Բայց այժմ պարագան փոխուած է։ Ասով հանդերձ, պոռնիկը պարզապէս աստիճանաբար վերջ պիտի չգտնէ։ Ան յանկարծ եւ վայրագ կերպով պիտի կործանուի (Յայտ. 18։7, 8, 15-19

ԳԱԶԱՆՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ՎԱԽՃԱՆԻՆ ԿԸ ՀԱՍՆԻՆ

18. ա) Գազանը ի՞նչ պիտի ընէ, իսկ արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ բ) Դանիէլ 2։44–ը կը նշէ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի կործանէ ո՞ր թագաւորութիւնները (տե՛ս էջ 19–ի շրջանակը)։

18 Սուտ կրօնքը կործանուելէ ետք, գազանը՝ Սատանային երկրային քաղաքական դրութիւնը՝ պիտի դրդուի Աստուծոյ Թագաւորութեան վրայ յարձակելու։ Երկինք հասնելու անկարող ըլլալով, երկրագունդի թագաւորները իրենց բարկութիւնը պիտի թափեն Աստուծոյ Թագաւորութեան աջակցողներուն վրայ։ Արդիւնքը անխուսափելի է (Յայտ. 16։13-16. 17։12-14)։ Դանիէլ կը նկարագրէ վերջին պատերազմին մէկ երեսակը (կարդա՛ Դանիէլ 2։44Յայտնութիւն 13։1–ի գազանը, անոր պատկերը եւ երկու եղջիւր ունեցող գազանը, պիտի կործանուին։

19. Ի՞նչ վստահութիւն կրնանք ունենալ, եւ հիմա ի՞նչ ընելու ժամանակն է։

19 Յայտնութիւն 13։1–ի գազանին եօթներորդ գլուխին օրերուն մէջ կ’ապրինք։ Իր բնաջնջուելէն առաջ, այս գազանին վրայ յաւելեալ գլուխներ պիտի չյայտնուին։ Անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժին տիրած ատեն, սուտ կրօնքը արմատահան պիտի ըլլայ։ Դանիէլի եւ Յովհաննէսի մարգարէութիւններուն ամէնէն փոքր մանրամասնութիւններն իսկ կատարուած են։ Կրնանք վստահ ըլլալ, թէ սուտ կրօնքի կործանումը եւ Արմագեդոնի պատերազմը մօտալուտ են։ Աստուած այս մանրամասնութիւնները կանխաւ յայտնած է. արդեօք մարգարէական ազդարարութիւններուն ուշադրութիւն պիտի ընծայե՞նք (Բ. Պետ. 1։19)։ Հիմա՛ է ժամանակը Եհովային կողմը դիրք բռնելու եւ անոր Թագաւորութեան աջակցելու (Յայտ. 14։6, 7

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 3 Աստուածաշունչին մէջ տասը թիւը յաճախ ամբողջութիւն կը խորհրդանշէ,– այս պարագային, բոլո՛ր թագաւորութիւնները որոնք հռոմէական կայսրութենէն ծագեցան։

^ պարբ. 5 Թէեւ երկեակ աշխարհակալ ուժը կազմողները 18–րդ դարէն ի վեր գոյութիւն ունեցած են, սակայն Յովհաննէս կը նկարագրէ թէ ատիկա Տէրունական օրուան սկիզբը պիտի յայտնուէր։ Իրականութեան մէջ, Յայտնութիւն գրքին մէջ արձանագրուած տեսիլքներուն կատարումը տեղի կ’ունենայ «Տէրունական օր»ուան ընթացքին (Յայտ. 1։10, ստորանիշ)։ Միայն Ա. Աշխարհամարտին էր որ եօթներորդ գլուխը սկսաւ գործել որպէս միացած աշխարհակալ ոյժ մը։

^ պարբ. 8 Դանիէլ նախատեսեց թէ այս պատերազմին ընթացքին այս թագաւորը ահռելի կործանում պիտի պատճառէր։ Ան գրեց. «Անիկա ահաւոր աւերներ պիտի գործէ» (Դան. 8։24)։ Օրինակ, Միացեալ Նահանգները աննախընթաց տարողութեամբ ահռելի աւերումներ գործեցին, երբ երկու աթոմական ռումբեր նետեցին երկեակ աշխարհակալ ուժի մէկ թշնամիին վրայ։

^ պարբ. 13 Տե՛ս Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է, էջ 240, 241, 253։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 19]

ՈՐՈ՞ՆՔ ԿԸ ԿԱԶՄԵՆ «ԱՅՍ ԲՈԼՈՐ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ»

Դանիէլ 2։44–ի մարգարէութիւնը կը նշէ, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը «այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ»։ Այդ մարգարէութիւնը կ’ակնարկէ միայն ա՛յն թագաւորութիւններուն, որոնք արձանին զանազան մասերով պատկերացուած են։

Ի՞նչ կարելի է ըսել միւս բոլոր մարդկային կառավարութիւններուն մասին։ Յայտնութիւն գրքին մէջ, զուգահեռ մարգարէութիւնը ասոր մասին աւելի՛ն կը յայտնէ։ Ատիկա ցոյց կու տայ, թէ «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օր»ը, «բոլոր աշխարհի թագաւորներ»ը Եհովայի դէմ պիտի հաւաքուին (Յայտ. 16։14. 19։19-21)։ Ուստի, ոչ միայն արձանին թագաւորութիւնները, այլ նաեւ միւս բոլոր մարդկային կառավարութիւնները պիտի կործանին Արմագեդոնին։