Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչո՞ւ առաջին տեղը դնել Եհովայի ծառայութիւնը

Ինչո՞ւ առաջին տեղը դնել Եհովայի ծառայութիւնը

Ինչո՞ւ առաջին տեղը դնել Եհովայի ծառայութիւնը

«Բերանս պիտի պատմէ քու արդարութիւնդ, ամէն օր՝ քու փրկութիւնդ» (ՍԱՂ. 71։15

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

Նոյ, Մովսէս, Երեմիա եւ Պօղոս ինչո՞ւ իրենց կեանքին մէջ առաջին տեղը դրին Եհովայի ծառայութիւնը։

Քու կողմէդ ինչպիսի՞ վերլուծում մը պիտի յայտնէ թէ կեանքդ ինչպէ՛ս կը գործածես։

Ինչո՞ւ վճռած ես Եհովայի ծառայութիւնը առաջին տեղը դնել։

1, 2. ա) Անհատի մը Եհովային նուիրուիլը ի՞նչ ցոյց կու տայ։ բ) Նոյի, Մովսէսի, Երեմիայի եւ Պօղոսի ըրած ընտրութիւնները նկատի առնելով՝ ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ։

ԵՐԲ Յիսուսի՝ նուիրուած եւ մկրտուած հետեւորդ մը դառնաս, շատ լուրջ քայլ մը կ’առնես։ Աստուծոյ նուիրուիլը ամէնէն լուրջ որոշումն է որ անհատապէս կրնաս կայացնել։ Կարծես թէ կ’ըսես. ‘Եհովա՛, կ’ուզեմ իմ Տէրս ըլլաս կեանքիս իւրաքանչիւր երեսակին մէջ։ Ես քու ծառադ եմ։ Կ’ուզեմ դո՛ւն որոշես թէ ժամանակս ինչպէ՛ս պէտք է անցընեմ, նախապատուութիւններս ի՛նչ պէտք է ըլլան եւ իմ միջոցներս ու ձիրքերս ինչպէ՛ս պէտք է գործածեմ’։

2 Եթէ նուիրուած քրիստոնեայ մըն ես, ասիկա է որ հիմնականօրէն Եհովայի խոստացար։ Այս որոշումիդ համար գովասանքի արժանի ես. ատիկա ընելիք ճիշդ ու իմաստուն բանն էր։ Բայց հիմա որ Եհովան ընդունած ես որպէս Տէրդ, ժամանակդ ինչպէ՞ս կը գործածես։ Այս հարցումը քննելու համար, Նոյի, Մովսէսի, Երեմիայի եւ Պօղոս առաքեալի օրինակները կրնան մեզի օգնել։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը Եհովայի բոլորանուէր մէկ ծառան էր, եւ մեր պարագան իրենց պարագային նման է։ Իրենց գլխաւոր հետապնդումներուն առնչութեամբ իրենց առած որոշումները կրնան մեզ քաջալերել, որպէսզի քննենք թէ մեր ժամանակը ինչպէ՛ս կը գործածենք (Մատ. 28։19, 20. Բ. Տիմ. 3։1

ՋՐՀԵՂԵՂԷՆ ԱՌԱՋ

3. Մեր օրերը ինչպէ՞ս Նոյի օրերուն նման են։

3 Յիսուս Նոյի օրերը մեր օրերուն հետ համեմատեց։ «Ինչպէս Նոյի օրերը եղաւ, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ», ըսաւ ան։ Անոնք «կ’ուտէին, կը խմէին, կին կ’առնէին ու էրկան կու տային՝ մինչեւ այն օրը երբ Նոյ տապանը մտաւ, չգիտցան՝ մինչեւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը վերցուց» (Մատ. 24։37-39)։ Ներկայիս, մարդկութեան մեծամասնութիւնը մտիկ չ’ըներ Աստուծոյ ծառաներուն ծանուցանած ազդարարութիւնները. անոնք հետաքրքրուած չեն թէ խիստ կարեւոր եւ լուրջ օրերու մէջ կ’ապրինք։ Շատեր նոյնիսկ կը ծաղրեն մարդկային հարցերու մէջ Աստուծոյ միջամտութեան գաղափարը,– ինչպէս որ Նոյի ժամանակակից մարդիկը ըրին (Բ. Պետ. 3։3-7)։ Սակայն, այդ թշնամական միջավայրին մէջ, Նոյ իր ժամանակը ինչպէ՞ս գործածեց։

4. Եհովայէն իր յանձնարարութիւնը ստանալէ ետք, Նոյ իր ժամանակը ինչպէ՞ս գործածեց եւ ինչո՞ւ։

4 Իմանալէ ետք թէ Աստուած ի՛նչ մտադրած էր ընել եւ իր յանձնարարութիւնը ստանալէ ետք, Նոյ տապան մը շինեց՝ մարդիկն ու անասունները ազատելու համար (Ծն. 6։13, 14, 22)։ Նոյ նաեւ Եհովայի մօտալուտ դատաստանը ծանուցանեց։ Պետրոս առաքեալ զինք կը կոչէ՝ «արդարութեան քարոզիչ», ցոյց տալով թէ Նոյ ջանաց իր ընկեր արարածներուն օգնել, որպէսզի իրենց կացութեան լրջութեան գիտակցին (կարդա՛ Բ. Պետրոս 2։5Կը խորհի՞ս թէ տրամաբանական պիտի ըլլար, որ Նոյն ու իր ընտանիքը իրենց ջանքերը կեդրոնացնէին արհեստ մը զարգացնելու վրայ, իրենց ժամանակակիցներէն աւելի՛ յաջող դառնալու վրայ կամ հանգստաւէտ կենցաղակերպ մը հաստատելու վրայ։ Անշուշտ ո՛չ։ Իմանալը թէ Եհովան շուտով ի՛նչ պիտի ընէր, զիրենք մղեց որ խուսափին այսպիսի բաներով մտացիր դառնալէ։

ԵԳԻՊՏԱՑԻ ԻՇԽԱՆԻ ՄԸ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

5, 6. ա) Մովսէսի ստացած կրթութիւնը հաւանաբար զինք ի՞նչ բանի համար կը պատրաստէր։ բ) Մովսէս ինչո՞ւ մերժեց Եգիպտոսի մէջ իրեն հրամցուած բաները։

5 Այժմ նկատի առնենք Մովսէսի օրինակը։ Ան եգիպտական պալատի մը մէջ մեծցաւ՝ որպէս փարաւոնի աղջկան որդեգիրը։ Պատանի իշխանը «եգիպտացիներուն բոլոր իմաստութիւնովը» կրթութիւն ստացաւ (Գործք 7։22. Ել. 2։9, 10)։ Հաւանաբար այս կրթութեան նպատակն էր փարաւոնին պալատէն ներս զինք պաշտօնի մը համար պատրաստել։ Մովսէս այդ ատենուան ամէնէն զօրեղ կառավարութեան աչքառու մէկ անձնաւորութիւնը կրնար ըլլալ. եւ այսպիսի դիրքի մը վրայ ըլլալը կրնար իրեն տալ պերճանքներ, առանձնաշնորհումներ եւ հաճոյքներ։ Բայց արդեօք Մովսէսի նպատա՞կն էր այսպիսի բաներ վայելել։

6 Մատղաշ տարիքէն իր իսկական ծնողներուն կողմէ ստացած դաստիարակութեան շնորհիւ, Մովսէս հաւանաբար գիտէր թէ Եհովան ի՛նչ խոստացած էր իր նախահայրերուն՝ Աբրահամի, Իսահակի եւ Յակոբի։ Մովսէս այդ խոստումներուն հաւատաց։ Ան խորապէս մտածած ըլլալու էր իր ապագային եւ Եհովայի հանդէպ իր հաւատարմութեան մասին։ Ուստի, երբ ժամանակը եկաւ որ ընտրէ կա՛մ եգիպտացի իշխան եւ կամ իսրայէլացի ստրուկ ըլլալ, ան ի՞նչ որոշեց։ Մովսէս ընտրեց «Աստուծոյ ժողովուրդին հետ չարչարուիլ, քան թէ մեղքին ժամանակաւոր զուարճութիւնը վայելել» (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։24-26Յետագային, իր կեանքը ինչպէ՛ս գործածելուն մէջ Եհովայի առաջնորդութեան հետեւեցաւ (Ել. 3։2, 6-10)։ Մովսէս այսպէս ըրաւ, քանի որ Եհովայի խոստումներուն հաւատաց։ Ան եզրակացուց թէ իրեն համար ապագայ մը չկար Եգիպտոսի մէջ։ Արդարեւ, շուտով Աստուծոյ կողմէ տասը պատուհասներ այդ ազգը հարուածեցին։ Ներկայիս Եհովայի բոլո՛ր նուիրուած ծառաները Մովսէսի օրինակէն կրնան դաս մը քաղել. փոխանակ գործի մը կամ այս աշխարհի հաճոյքներուն վրայ կեդրոնանալու, մեր կեդրոնացումը պէտք է ըլլայ Եհովային եւ անոր ծառայութեան վրայ։

ԵՐԵՄԻԱՆ ԳԻՏԷՐ ԹԷ Ի՛ՆՉ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՀԷՐ

7. Երեմիայի պարագան ինչպէ՞ս մեր պարագային նման էր։

7 Ուրիշ անհատ մը որ Եհովային ծառայութիւնը առաջին տեղը դրաւ՝ Երեմիա մարգարէն էր։ Եհովան այս մարգարէին յանձնարարեց, որ հաւատուրաց Երուսաղէմի եւ Յուդայի դէմ դատաստանական պատգամ մը ծանուցանէ։ Առումով մը, Երեմիան «վերջին օրեր»ուն մէջ ապրեցաւ (Եր. 23։19, 20)։ Ան շատ լաւ գիտէր թէ այն դրութիւնը որուն մէջ կ’ապրէր, պիտի չտեւէր։

8, 9. ա) Ինչո՞ւ հարկ կար որ Բարուքի մտածելակերպը սրբագրուէր։ բ) Երբ կը ծրագրենք, ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենանք։

8 Երեմիայի համոզումները տրամաբանօրէն զինք մղեցին որ ի՞նչ ընէ։ Ան չջանաց այդ դատապարտուած դրութեան մէջ ապագայ մը շինել, քանի որ ասիկա իր կողմէ յիմարութիւն մը պիտի ըլլար։ Բայց Երեմիայի քարտուղարը՝ Բարուք՝ ժամանակ մը հարցերը յստակ կերպով չտեսաւ։ Ուստի, Աստուած ներշնչեց Երեմիան որ իր քարտուղարին ըսէ. «Ահա ես իմ շինածս պիտի փլցնեմ ու իմ տնկածս պիտի խլեմ, այսինքն այս բոլոր երկիրը։ Դուն քեզի մեծ բանե՞ր կը փնտռես։ Մի՛ փնտռեր, քանզի ահա ես ամէն մարմնի վրայ չարիք պիտի բերեմ. . . քու կեանքդ քեզի աւարի մը պէս պիտի տամ քու ամէն երթալու տեղերդ» (Եր. 45։4, 5

9 Վստահ չենք թէ Բարուք իր անձին համար ինչ «մեծ բաներ» կը փնտռէր։ * Սակայն գիտենք թէ անոնք ապագայ չունեցող բաներ էին, բաներ՝ որոնք վերջ պիտի ունենային մ.թ.ա. 607–ին՝ երբ բաբելոնացիները Երուսաղէմը նուաճէին։ Ասկէ ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ։ Կեանքի անհրաժեշտութիւնները ձեռք ձգելը կը պահանջէ որ ապագային համար կարգ մը ծրագիրներ ընենք (Առ. 6։6-11)։ Բայց որքանո՞վ իմաստութիւն պիտի ըլլար շատ ժամանակ եւ կորով տրամադրել հետապնդումներու համար, որոնք մնայուն արժէք չունին։ Ճիշդ է որ Եհովային կազմակերպութիւնը կը շարունակէ ծրագրել Թագաւորութեան նոր սրահներու, մասնաճիւղի համալիրներու եւ աստուածպետական ուրիշ յայտագիրներու համար. սակայն, ասոնք ապագայ ունին, քանի որ իրենց նպատակն է՝ Թագաւորութեան շահերը յառաջացնել։ Եհովայի նուիրուած բոլոր ծառաներուն համար, յարմար պիտի ըլլար ծրագրելու ատեն համանման նախապատուութիւններ դնել։ Սրտանց համոզուա՞ծ ես թէ ‘Առաջ կը խնդրես Աստուծոյ Թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը’ (Մատ. 6։33

ԶԱՆՈՆՔ «ԱՂՏԵՂՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՍԵՊԵՄ»

10, 11. ա) Քրիստոնեայ դառնալէ առաջ, Պօղոսի համար ի՞նչ բան կարեւոր էր։ բ) Պօղոսի նպատակը ինչո՞ւ բոլորովին փոխուեցաւ։

10 Վերջապէս, նկատի առնենք Պօղոսի օրինակը։ Քրիստոնեայ դառնալէ առաջ, Պօղոս խոստմնալից ապագայ մը ունէր՝ ըստ մարդոց։ Ան այդ ատենուան համբաւաւոր մէկ ուսուցիչին կողմէ հրէական օրէնքը սորված էր, հրեայ քահանայապետը իրեն իշխանութիւն տուած էր եւ հրէականութեան մէջ աւելի կը յառաջդիմէր, քան՝ իր բազմաթիւ ժամանակակիցները (Գործք 9։1, 2. 22։3. 26։10. Գաղ. 1։13, 14)։ Սակայն, այս բոլորը փոխուեցան, երբ Պօղոս գիտակցեցաւ որ Եհովան այլեւս հրեաները որպէս ազգ չէր օրհներ։

11 Պօղոս գիտակցեցաւ, թէ Եհովային տեսանկիւնէն դիտուած՝ հրէական դրութեան պատկանող ասպարէզ մը արժէք՝ ապագայ՝ չունէր (Մատ. 24։2)։ Այս նախկին փարիսեցին մինչեւ իսկ ըսաւ, թէ առաջուան կարեւոր նկատած բաները այժմ ‘աղտեղութիւն կը սեպէր’, երբ համեմատէր զանոնք Աստուծոյ նպատակներու իր լուսաւոր հասկացողութեան եւ ծառայութեան առանձնաշնորհումին հետ։ Պօղոս հրէականութիւնը լքեց եւ իր երկրային կեանքի մնացած օրերը տրամադրեց բարի լուրը քարոզելու (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 3։4-8, 15. Գործք 9։15

ՆԱԽԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԴ ՔՆՆԷ՛

12. Մկրտուելէ ետք, Յիսուս ի՞նչ բանի վրայ կեդրոնացաւ։

12 Նոյ, Մովսէս, Երեմիա, Պօղոս եւ անոնց նման բազմաթիւ անհատներ, իրենց ժամանակին ու կորովին մեծամասնութիւնը յատկացուցին աստուածպետական հետապնդումներու։ Անոնք մեզի համար լաւ օրինակներ կը հանդիսանան։ Անշուշտ, Եհովայի նուիրուած ծառաներուն մեծագոյնը՝ Յիսուսն է (Ա. Պետ. 2։21)։ Մկրտուելէ ետք, Յիսուս իր երկրային կեանքի մնացած օրերը տրամադրեց՝ բարի լուրը քարոզելու եւ Եհովան պատուելու։ Ուստի, Եհովային ծառայելը պէտք է նախապատուութիւնը ըլլայ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի, որ Յիսուսի օրինակին կը հետեւի եւ Եհովան կ’ընդունի որպէս իր Տէրը։ Եհովային ծառայելը նախապատուութի՞ւնդ է։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք աստուածպետական նպատակակէտեր ունենալ եւ միեւնոյն ժամանակ անհրաժեշտ աշխարհիկ գործունէութիւններով զբաղիլ (կարդա՛ Սաղմոս 71։15. 145։2

13, 14. ա) Բոլոր նուիրուած քրիստոնեաներուն քաջալերութիւն կը տրուի որ ի՞նչ նկատի առնեն։ բ) Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչ գոհունակութիւն կրնայ վայելել։

13 Տարիներու ընթացքին, Եհովայի կազմակերպութիւնը կրկին անգամ քրիստոնեաները քաջալերած է, որպէսզի աղօթքով նկատի առնեն թէ արդեօք կրնա՛ն ռահվիրայ ըլլալ։ Զանազան պատճառներով, Եհովայի կարգ մը հաւատարիմ ծառաներուն պարագաները թոյլ չեն տար որ ամիսը 70 ժամ քարոզեն. եւ ասոր համար պէտք չէ գէշ զգան (Ա. Տիմ. 5։8)։ Սակայն, ի՞նչ կարելի է ըսել քու մասիդ։ Ռահվիրայութիւնը իրապէս հասողութենէդ անդի՞ն է։

14 Պահ մը խոկա՛ այն ուրախութեան վրայ, որ Աստուծոյ ժողովուրդէն շատերը ունեցան այս տարի՝ Յիշատակատօնին շրջանին։ Մարտ ամսուան ընթացքին, մասնաւոր կարգադրութիւն մը թոյլ տուաւ օժանդակ ռահվիրաներուն, որպէսզի ընտրեն կա՛մ 30 ժամ եւ կամ 50 ժամ տրամադրել դաշտի ծառայութեան (Սաղ. 110։3)։ Միլիոնաւորնե՜ր օժանդակ ռահվիրայութեան մէջ բաժին բերին. եւ կրնայիր զգալ ժողովքներուն բացառիկ ոգեւորումը եւ ուրախութիւնը։ Կրնա՞ս յայտագիրդ ճշդել որպէսզի կարենաս աւելի յաճախ օժանդակ ռահվիրայ ըլլալ։ Իւրաքանչիւր օրուան վերջաւորութեան, նուիրուած քրիստոնեային մե՜ծ գոհունակութիւն կու տայ ըսելը. «Եհովա՛, իմ ամէ՛ն կարելիս ըրի ծառայութեանդ մէջ»։

15. Ուսումի առնչութեամբ պատանի քրիստոնեայի մը նպատակակէտը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։

15 Եթէ դպրոցէն շրջանաւարտ ըլլալու վրայ ես, թերեւս լաւ առողջութիւն եւ քիչ պատասխանատուութիւններ ունիս։ Լրջօրէն նկատի առա՞ծ ես կանոնաւոր ռահվիրաներուն շարքին անցնիլ։ Անկասկած, դպրոցի խրատատուները անկեղծօրէն կը հաւատան, թէ բարձր ուսում հետապնդելը եւ աշխարհիկ գործի մը ծրագրելը լաւագոյն շահերդ են։ Բայց անոնք կը վստահին ընկերային եւ ֆինանսական դրութեան մը, որ մնայուն ապագայ չունի՛։ Միւս կողմէ, աստուածպետական ասպարէզ հետապնդելով՝ ի՛րապէս արժէքաւոր ու մնայուն նպատակակէտեր հետապնդած պիտի ըլլաս. եւ այսպէս Յիսուսի կատարեալ օրինակին պիտի հետեւիս։ Այսպիսի իմաստուն որոշում մը քեզ պիտի երջանկացնէ եւ պաշտպանէ։ Նաեւ, ցոյց պիտի տայ թէ վճռա՛ծ ես Եհովայի ըրած նուիրումիդ համաձայն ապրիլ (Մատ. 6։19-21. Ա. Տիմ. 6։9-12

16, 17. Աշխարհիկ գործի եւ այլ հետապնդումներու առնչութեամբ, ի՞նչ հարցումներ կը ծագին։

16 Ներկայիս, Աստուծոյ ծառաներէն շատեր երկա՜ր ժամեր կ’աշխատին, իրենց ընտանիքներուն հիմնական անհրաժեշտութիւնները հոգալու համար։ Բայց թերեւս ոմանք անհրաժեշտ ժամերէն աւելի՛ կ’աշխատին (Ա. Տիմ. 6։8)։ Առեւտրական աշխարհը իր լաւագո՛յնը կ’ընէ, մեզ համոզելու թէ առանց իր բազմաթիւ նորանոր պիտոյքներուն չենք կրնար ապրիլ։ Սակայն, ճշմարիտ քրիստոնեաները չե՛ն ուզեր որ Սատանայի աշխարհը իրենց նախապատուութիւնները որոշէ (Ա. Յովհ. 2։15-17)։ Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել անոնց համար՝ որոնք իրենց աշխարհիկ գործէն հանգստեան կոչուած են։ Ընելիք լաւագոյն բանը չէ՞ որ իրենց ժամանակը ռահվիրայութեան տրամադրեն, Եհովային ծառայութիւնը առաջին տեղը դնելով։

17 Եհովայի բոլոր նուիրուած ծառաները կրնան իրենք իրենց հարց տալ. կեանքիս մէջ գլխաւոր նպատակակէտս ի՞նչ է։ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը կը դնե՞մ։ Յիսուսի անձնազոհ կեցուածքը կ’ընդօրինակե՞մ։ Իրեն շարունակ հետեւելու Յիսուսի յորդորին կ’անսա՞մ։ Կրնա՞մ յայտագիրս ճշդել, որպէսզի Թագաւորութեան քարոզչութեան կամ աստուածպետական այլ հետապնդումներու աւելի՛ ժամանակ տրամադրեմ։ Նոյնիսկ եթէ անմիջական պարագաներս չեն ներեր որ ծառայութիւնս ընդարձակեմ, կը շարունակե՞մ անձնազոհ հոգի մշակել։

‘ԿԱՄԵՆԱԼ ՈՒ ԸՆԵԼ’

18, 19. Ի՞նչ բանի մասին կրնաս աղօթել, եւ ինչո՞ւ այսպիսի խնդրանք մը Եհովային հաճելի պիտի ըլլար։

18 Աստուծոյ ժողովուրդին նախանձախնդրութիւնը տեսնելը հոյակապ բան է։ Սակայն, ոմանք կրնան զգալ թէ մասնաւոր հակում մը չունին ռահվիրայութիւն ընելու կամ ատոր որակեալ չեն,– նոյնիսկ եթէ իրենց պարագաները պիտի ներեն (Ել. 4։10. Եր. 1։6)։ Ուրեմն ի՞նչ։ Ասիկա աղօթքի յարմար նիւթ մը չէ՞։ Վստա՛հաբար։ Պօղոս հաւատակիցներուն ըսաւ, թէ Եհովան «ձեր մէջ կը ներգործէ կամենալը ու ընելը իր հաճութեանը համար» (Փլպ. 2։13)։ Եթէ կը զգաս որ մղուած չես ծառայութիւնդ ընդարձակելու, Եհովայէն խնդրէ որ քեզի տայ ասիկա ընելու թէ՛ փափաքը եւ թէ կարողութիւնը (Բ. Պետ. 3։9, 11

19 Նոյ, Մովսէս, Երեմիա, Պօղոս եւ Յիսուս նուիրուած տղամարդիկ էին։ Անոնք իրենց ժամանակն ու կորովը տրամադրեցին Եհովայի ազդարարական պատգամը ծանուցանելու համար։ Անոնք թոյլ չտուին որեւէ բանի որ զիրենք մտացիր դարձնէ։ Ներկայ աշխարհի վախճանը մօտալուտ է. ուստի, բոլորս՝ որ մեր կեանքը Աստուծոյ նուիրած ենք, պէտք է վստահ ըլլանք որ կը շարունակենք մեր ամէ՛ն կարելին ընել որ աստուածաշնչական այս հոյակապ օրինակները ընդօրինակենք (Մատ. 24։42. Բ. Տիմ. 2։15)։ Այսպէս ընելով՝ կրնանք Եհովան հաճեցնել եւ անոր առատ օրհնութիւնները քաղել (կարդա՛ Մաղաքիա 3։10

[Ստորանիշ]

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 22]

Մարդիկ Նոյի ազդարարութեան ականջ չտուին

[Նկար՝ էջ 25]

Լրջօրէն նկատի առա՞ծ ես կանոնաւոր ռահվիրաներու շարքին անցնիլ