Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Սուրբ հոգիէն շարժուած՝ խօսեցան»

«Սուրբ հոգիէն շարժուած՝ խօսեցան»

«Սուրբ հոգիէն շարժուած՝ խօսեցան»

«Մարգարէութիւն մը երբեք մարդոց կամքին պէս չտրուեցաւ, հապա Աստուծոյ սուրբ մարդիկը Սուրբ Հոգիէն շարժուած՝ խօսեցան» (Բ. ՊԵՏ. 1։21

ԽՈԿԱԼՈՒ ԿԷՏԵՐ

Աստուծոյ պատգամը ինչպէ՞ս սուրբ հոգիին միջոցաւ Աստուածաշունչը գրողներուն հաղորդուեցաւ։

Ի՞նչ ապացոյցներ ցոյց կու տան թէ Սուրբ Գիրքը Աստուծմէ ներշնչուած է։

Ամէն օր ի՞նչ կրնաս ընել, որպէսզի Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ գնահատութիւնդ պահպանես։

1. Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին ինչո՞ւ պէտք ունինք։

ԻՆՉՊԷ՞Ս գոյութիւն ունեցանք։ Ինչո՞ւ հոս ենք։ Ո՞ւր կ’երթանք։ Աշխարհը ինչո՞ւ այս վիճակին մէջ է։ Ի՞նչ կը պատահի մեզի երբ կը մեռնինք։ Աշխարհի տարածքին, մարդիկ այս հարցումները կ’ուղղեն։ Ինչպէ՞ս պիտի գիտնայինք այս հարցումներուն եւ ուրիշ կարեւոր հարցումներու պատասխանները, եթէ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը չունենայինք։ Առանց Սուրբ Գրութիւններուն, մեր գլխաւոր ուսուցիչը պիտի ըլլար՝ անձնական փորձառութիւնը։ Եւ եթէ այդպէս ըլլար պարագան, արդեօք երբեք պիտի կարենայի՞նք ունենալ այն զգացումները, որ սաղմոսերգուն ունէր «Տէրոջը օրէնք»ին հանդէպ (կարդա՛ Սաղմոս 19։7

2. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ Աստուածաշունչին հանդէպ մեր գնահատութիւնը պահպանենք։

2 Սակայն, տխուր իրողութիւնը այն է, թէ ոմանք թոյլ տուած են որ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան հանդէպ իրենց ունեցած առաջին սէրը պաղի (համեմատէ՛ Յայտնութիւն 2։4)։ Անոնք այլեւս չեն քալեր այն ճամբով՝ որուն Եհովան կը հաճի (Եսա. 30։21)։ Հարկ չկայ որ ասիկա մեզի պատահի։ Կրնա՛նք եւ պէտք է ջանք թափենք, որ Աստուածաշունչին եւ անոր ուսուցումներուն հանդէպ մեր գնահատութիւնը պահպանենք։ Աստուածաշունչը մեր սիրառատ Ստեղծիչէն կարեւոր պարգեւ մըն է (Յակ. 1։17)։ Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ «Աստուծոյ խօսք»ին հանդէպ մեր գնահատութիւնը խորացնենք։ Բանալի ազդակ մըն է՝ խոկալ թէ ինչպէ՛ս Աստուածաշունչը գրողները առաջնորդուեցան, որպէսզի զայն գրի առնեն։ Ասիկա կը պարփակէ մտաբերել ատոր ներշնչեալ ըլլալուն բազմաթիւ ապացոյցներէն մի քանին։ Ասիկա ընելը մեզ պիտի մղէ որ Աստուծոյ Խօսքը ամէն օր կարդանք եւ ատոր խրատը ի գործ դնենք (Եբ. 4։12

ԻՆՉՊԷ՞Ս ‘ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻԷՆ ՇԱՐԺՈՒԵՑԱՆ’

3. Մարգարէներն ու Աստուածաշունչը գրողները ինչպէ՞ս ‘Սուրբ Հոգիէն շարժուեցան’։

3 Աւելի քան 1610 տարիներու ընթացքին,– մ.թ.ա. 1513–էն մինչեւ մ.թ. 98,– շուրջ 40 տղամարդիկ Աստուածաշունչը գրեցին։ Ոմանք՝մարգարէներ էին, որոնք ‘Սուրբ Հոգիէն շարժուեցան’ (կարդա՛ Բ. Պետրոս 1։20, 21«Շարժուած» թարգմանուած յունարէն արտայայտութիւնը կը հաղորդէ «կրել կամ մէկ տեղէն ուրիշ տեղ փոխադրել» իմաստը, եւ «կրնայ տարբեր ձեւերով ըսուիլ. մղուիլ, քշուիլ, թոյլ տալ իր անձին որ շարժուի»։ * Գործք 27։15–ը կը գործածէ այս արտայայտութիւնը, նկարագրելով թէ ինչպէս քամին որոշ ուղղութեամբ նաւ մը կը շարժէր կամ կը քշէր։ Սուրբ Գիրքի մարգարէներն ու գրողները ‘Սուրբ Հոգիէն շարժուեցան’, այն առումով որ Աստուած իր գործօն ուժով անոնց հետ հաղորդակցեցաւ, զիրենք մղեց եւ առաջնորդեց։ Ասիկա ըլլալով պարագան, անոնք ոչ թէ իրենց անձնական գաղափարները գրեցին, այլ՝ Աստուծոյ խորհուրդները։ Ատեններ ներշնչեալ մարգարէներն ու գրողները նոյնիսկ չգիտցան իրենց կանխագուշակած բաներուն կամ գրածներուն նշանակութիւնը (Դան. 12։8, 9)։ Արդարեւ, «բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է» եւ մարդկային կարծիքներէ զերծ է (Բ. Տիմ. 3։16

4-6. Եհովան ի՞նչ կերպերով իր պատգամը փոխանցեց Աստուածաշունչը գրողներուն. լուսաբանէ՛։

4 Սակայն, Աստուծոյ պատգամը ինչպէ՞ս սուրբ հոգիով փոխանցուեցաւ Աստուածաշունչը գրողներուն։ Անոնք ստացան մասնայատուկ խօսքե՞ր թէ պարզապէս գաղափարներ, որոնք կրնային իրենց անձնական բառերով արտայայտել։ Նկատի առ թէ առեւտրական մը ինչպէ՛ս նամակ կը գրէ։ Երբ մասնայատուկ բառեր գործածելը կարեւոր է, ան նամակը անձամբ կը գրէ կամ իր քարտուղարին կ’ըսէ, թէ բառ առ բառ ի՛նչ գրէ։ Քարտուղարը նամակը կը տպէ, եւ ատիկա առեւտրականին ստորագրութիւնը կը կրէ։ Ատեններ, ան միայն գլխաւոր գաղափարները կու տայ, եւ քարտուղարը նամակը կը պատրաստէ իր անձնական ոճը կամ բառամթերքը գործածելով։ Ապա, առեւտրականը նամակը կը սրբագրէ եւ քարտուղարը փոփոխութիւնները կը մտցնէ։ Վերջապէս, նամակը կը կրէ առեւտրականին ստորագրութիւնը եւ իրմէ եկած կը նկատուի։

5 Նմանապէս, Աստուածաշունչին մէկ մասը «Աստուծոյ մատովը» տրուեցաւ (Ել. 31։18)։ Նաեւ, երբ շատ կարեւոր էր յարմար բառեր գործածել, Եհովան գրողին ըսաւ թէ ի՛նչ գրէ։ Օրինակ, Ելից 34։27–ի մէջ կը կարդանք. «Տէրը ըսաւ Մովսէսին. ‘Գրէ՛ այս խօսքերը. վասն զի այս խօսքերուն համեմատ քեզի հետ ու Իսրայէլին հետ ուխտ ըրի’»։ Նոյնպէս, Եհովան Երեմիա մարգարէին ըսաւ. «Բոլոր քեզի ըսած խօսքերս գրքի մը մէջ գրէ՛» (Եր. 30։2

6 Բայց շատ մը պարագաներուն, մասնայատուկ բառերու տեղ, հրաշալիօրէն գաղափարներ հաղորդուեցան Աստուածաշունչը գրողներու սրտին ու մտքին մէջ, թոյլ տալով անոնց որ իրենց անձնական բառերով արտայայտեն զանոնք։ Ժողովող 12։10–ը կը նշէ. «Ժողովողը փնտռեց, որ ախորժելի խօսքեր գտնէ։ Գրուածը ուղիղ եւ ճշմարիտ խօսքեր են»։ Իսկ Ղուկաս աւետարանագիրը ըսաւ. «Սկիզբէն այն ամէն բաներուն ճշդութեամբ տեղեկացեր էի, յարմար դատեցի կարգաւ գրել» (Ղուկ. 1։3)։ Աստուծոյ սուրբ հոգին թոյլ չտուաւ, որ մարդկային անկատարութիւնը իր պատգամը փոխէ։

7. Աստուծոյ իմաստութիւնը ինչպէ՞ս բացայայտ կը դառնայ այն կերպէն, որով մարդիկ գործածեց Աստուածաշունչը գրելու համար։

7 Աստուծոյ խոր իմաստութիւնը բացայայտ է այն կերպէն, որով մարդիկ գործածեց Աստուածաշունչը գրելու համար։ Բառերը ոչ միայն տեղեկութիւններ կը փոխանցեն, այլեւ՝ յոյզեր ու զգացումներ։ Եթէ Եհովան հրեշտակներ գործածէր Աստուածաշունչը գրելու համար, անոնք պիտի կարենայի՞ն վախի, վիշտի եւ յուսախաբութեան նման մարդկային յոյզեր արտայայտել։ Քանի որ Աստուած թոյլ տուաւ անկատար մարդոց, որ Աստուածաշունչը իրենց բառամթերքով գրեն, Իր պատգամը մեր սրտին կը դպչի։

ՆԵՐՇՆՉՄԱՆ ԱՊԱՑՈՅՑՆԵՐԸ ԱՐԾԱՐԾԵԼ

8. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ, թէ Աստուածաշունչը կրօնական այլ գիրքերու նման չէ։

8 Բազմաթիւ պատճառներ ունինք հաւատալու, թէ Աստուածաշունչը Աստուծմէ է։ Կրօնական որեւէ այլ գիրքէ աւելի, ատիկա մեզի կ’օգնէ ճշմարիտ Աստուածը ճանչնալու։ Օրինակ, հինտուականութեան գրքերը (Ramayana, Mahabharata, Bhagavad Gita) կը խօսին հինտու ծէսերուն, փիլիսոփայութեան, առասպելներու եւ բարոյականութեան կանոններուն մասին։ Պուտտայականութեան գրքերը (Tipitaka) կը բացատրեն Պուտտային բերանացի ուսուցումները եւ պուտտայական վարդապետութիւնները, ինչպէս նաեւ կանոններ՝ որոնց վանականներն ու մայրապետները պէտք է հետեւին։ Պուտտան չըսաւ թէ ինք աստուած էր, եւ Աստուծոյ մասին շատ քիչ խօսեցաւ։ Իսկ կոնփիւկիոսականութեան գրքերը կը խօսին միջադէպերու մասին, որոնք անցեալին պատահեցան, ինչպէս նաեւ՝ բարոյական կանոններու, հմայութեան եւ օրհներգերու մասին։ Ճիշդ է որ իսլամութեան Քուրանը կը սորվեցնէ թէ մէկ Աստուած կայ եւ թէ ան ամենագէտ է ու կանխագիտութիւն ունի, սակայն ատիկա նոյնիսկ չի՛ յայտներ Աստուծոյ անունը՝ Եհովա, որ հազարաւոր անգամներ յիշուած է Աստուածաշունչին մէջ։

9, 10. Աստուածաշունչէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուծոյ մասին։

9 Մինչ կրօնական գլխաւոր գրքերուն մեծամասնութիւնը Աստուծոյ մասին շատ քիչ կը խօսի, Աստուածաշունչի՛ն միջոցաւ Եհովա Աստուծոյ եւ անոր գործունէութիւններուն կը ծանօթանանք։ Ատիկա մեզի կ’օգնէ տեսնելու իր անձնաւորութեան բազմաթիւ երեսակները։ Աստուածաշունչը Աստուած կը յայտնէ ոչ միայն որպէս ամենազօր, իմաստուն եւ արդար Աստուած, այլեւ՝ որպէս մեզ սիրող Աստուած (կարդա՛ Յովհաննէս 3։16. Ա. Յովհաննէս 4։19Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ. «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է» (Գործք 10։34, 35)։ Առումով մը, Աստուածաշունչին մատչելի ըլլալը այս ճշմարտութիւնը կ’ապացուցանէ։ Լեզուագէտներ կ’ըսեն, թէ ներկայիս աշխարհին մէջ շուրջ 6700 խօսուող լեզուներ կան, եւ թէ աշխարհի բնակչութեան շուրջ 90 տոկոսը կը խօսի մօտաւորապէս 100 լեզու։ Միւս կողմէ, Աստուածաշունչը ամբողջութեամբ կամ մասնակի կերպով թարգմանուած է աւելի քան 2400 լեզուներու։ Ուրեմն, երկրի վրայ գրեթէ ամէն անհատի առնուազն անկէ մասեր մատչելի են։

10 Յիսուս ըսաւ. «Իմ Հայրս մինչեւ հիմա կը գործէ, ես ալ կը գործեմ» (Յովհ. 5։17Եհովան «յաւիտենից մինչեւ յաւիտեանս» Աստուած է. ուստի, մտածէ իր բոլո՜ր իրագործումներուն մասին (Սաղ. 90։2)։ Միայն Աստուածաշունչին միջոցաւ կը ծանօթանանք Աստուծոյ անցեալի, ներկայ եւ ընելիք գործունէութիւններուն։ Սուրբ Գրութիւնները նաեւ մեզի կը սորվեցնեն թէ Աստուած ի՛նչ բանի կը հաճի եւ ի՛նչ բանի չի հաճիր, եւ ցոյց կու տան թէ ինչպէ՛ս կրնանք իրեն մօտենալ (Յակ. 4։8)։ Թոյլ չտանք որեւէ անձնական հետապնդումի կամ մտահոգութեան որ մեզ իրմէ հեռացնէ։

11. Աստուածաշունչի էջերուն մէջ ի՞նչ անհուն եւ վստահելի իմաստութիւն կայ։

11 Աստուածաշունչին մէջ գտնուած անհուն եւ վստահելի իմաստութիւնը նաեւ ցոյց կու տայ, թէ այս գիրքը մարդէն գերիվեր Աղբիւրէ մըն է։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ո՞վ գիտցաւ Տէրոջը միտքը, որ անոր խրատ տուող ալ ըլլայ» (Ա. Կոր. 2։16)։ Համարը հիմնուած է իր ժամանակակիցներուն ուղղած Եսայի մարգարէին հարցումին վրայ. «Ո՞վ քննեց Տէրոջը Հոգին ու անոր խորհրդակից ըլլալով՝ ուղղութիւն տուաւ անոր» (Եսա. 40։13)։ Պատասխանը անշուշտ՝ ո՛չ ոք։ Ուստի, զարմանալի չէ որ ամուսնութեան, զաւակներու կրթութեան, ժամանցի, ընկերակցութեան, ջանասիրութեան, պարկեշտութեան եւ բարոյականութեան առնչութեամբ աստուածաշնչական խրատները կիրարկելը, հոյակապ արդիւնքներ կու տայ։ Աստուածաշունչէն բնաւ վնասակար խրատներ չենք ստանար։ Միւս կողմէ, մարդիկ պարզապէս բաւարար չափով իմաստուն չեն որ միշտ յաջող խրատներ տան (Եր. 10։23)։ Անոնք յաճախ կը փոխեն եւ կ’այժմէականացնեն իրենց խրատը, երբ գիտակցին թէ ատիկա թերի էր։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մարդոց խորհուրդները. . . ունայնութիւն են» (Սաղ. 94։11

12. Դարերէ ի վեր Աստուածաշունչը ի՞նչ ջանքերէ վերապրած է։

12 Պատմութիւնը յաւելեալ ապացոյց կու տայ, թէ Աստուածաշունչին Հեղինակը ճշմարիտ Աստուածն է. անցեալին, շատե՜ր ջանացին Աստուծոյ պատգամը բնաջնջել։ Մ.թ.ա. 168–ին, սուրիացի թագաւոր Անտիոքոս Դ. ջանաց Օրէնքին ներշնչեալ գիրքերը գտնել ու զանոնք այրել։ Մ.թ. 303–ին, հռոմայեցի Դիոկղետիանոս կայսրը հրաման արձակեց որ քրիստոնեաներուն ժողովատեղիները քանդուին եւ անոնց Սուրբ Գրութիւնները այրուին։ Այս արշաւը շուրջ տասը տարի տեւեց։ Իսկ 11–րդ դարէն ետք, պապերը իրենց ամէն կարելին ըրին, որպէսզի Աստուածաշունչը հասարակ ժողովուրդին գործածած լեզուներով թարգմանելու աշխատանքը կեցնեն, քանի որ չուզեցին որ մարդիկ անոր մասին սորվին։ Հակառակ Սատանային ու իր գործակալներուն այս ջանքերուն, Աստուածաշունչը մինչեւ օրս վերապրեցաւ։ Եհովան թոյլ չէ տուած որ ոեւէ անհատ մարդկութեան շնորհած իր այս պարգեւը բնաջնջէ։

ՇԱՏԵՐԸ ՀԱՄՈԶՈՂ ԱՊԱՑՈՅՑՆԵՐ

13. Աստուածաշունչը ներշնչեալ ըլլալուն ի՞նչ ապացոյցներ կրնանք նշել։

13 Աստուածաշունչը ներշնչեալ ըլլալուն ուրիշ ապացոյցներ կան. ներքին ներդաշնակութիւնը, գիտական ճշգրտութիւնը, կատարուած մարգարէութիւնները, անսովոր անկեղծութիւնը, կեանքեր բարելաւելու զօրութիւնը, պատմական ճշգրտութիւնը եւ առաջին պարբերութեան հարցումներուն գոհացուցիչ պատասխանները։ Նկատի առ թէ ի՛նչ բան օգնած է կարգ մը անհատներու, որ տեսնեն թէ Աստուածաշունչը Աստուծմէ է։

14-16. ա) Ի՞նչ բաներ համոզեցին իսլամ մը, հինտու մը եւ երեւութապաշտ մը, թէ Սուրբ Գիրքը աստուածային աղբիւր ունի։ բ) Ծառայութեան մէջ, Սուրբ Գիրքին ներշնչեալ ըլլալուն ո՞ր ապացոյցը կը փափաքիս գործածել։

14 Անուար * որպէս իսլամ մեծցաւ Միջին Արեւելքի մէկ երկրին մէջ։ Մինչ ան ժամանակաւորապէս կ’ապրէր Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, Եհովայի վկաները իր դուռը զարկին։ Անուար կ’ըսէ. «Այդ ժամանակ, Խաչակրութիւններուն եւ Հաւատաքննութեան պատճառաւ քրիստոնէական կրօնքներուն մասին բացասական կարծիք ունէի։ Բայց եւ այնպէս, հետաքրքիր անհատ ըլլալով՝ ընդունեցի Աստուածաշունչը ուսումնասիրել»։ Շատ չանցած, Անուար իր երկիրը վերադարձաւ եւ Վկաներուն հետ չկրցաւ կապ պահել։ Տարիներ ետք, ան Եւրոպա փոխադրուեցաւ ու Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը շարունակեց. ան հետեւեալ եզրակացութեան հասաւ. «Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն կատարումը, ներքին ներդաշնակութիւնը, բնաւ հակասական չըլլալը եւ Եհովայի երկրպագուներուն միջեւ գտնուած սէրը, զիս համոզեցին թէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է»։ Անուար 1998–ին մկրտուեցաւ։

15 Տասնվեց տարեկան Իշա, թունդ հինտու ընտանիքի մը աղջիկն է։ Ան կ’ըսէ. «Կ’աղօթէի միայն երբ տաճար կ’երթայի կամ երբ դժուար պարագաներէ կ’անցնէի, բայց Աստուծոյ մասին բնաւ չէի մտածեր երբ կեանքը երեսիս կը ժպտար»։ Ան կը շարունակէ. «Սակայն, երբ Եհովայի վկաները դուռս զարկին, կեանքս բոլո՛րովին փոխուեցաւ»։ Իշա Աստուածաշունչը սերտեց եւ Աստուած ճանչցաւ որպէս իր Բարեկամը։ Ի՞նչը զինք համոզեց որ Սուրբ Գիրքը Աստուծմէ ներշնչուած է։ Ան կը բացատրէ. ‘Աստուածաշունչը իւրաքանչիւր հարցումիս պատասխանեց. ատիկա ինծի օգնեց որ հաւատք ունենամ, առանց տաճար երթալու եւ կուռքի առջեւ ծնրադրելու’։

16 Փոլա որպէս կաթողիկէ մեծցաւ, սակայն իր երիտասարդ տարիքին, ինքզինք երեւութապաշտ կը նկատէր։ Յետոյ, բան մը պատահեցաւ։ Ան կը պատմէ. «Հիփփիներու ժամանակաշրջանն էր։ Հանդիպեցայ բարեկամի մը, որ ամիսներէ չէի տեսած։ Երբ նշմարեցի թէ ան ինչպէ՛ս փոխուած էր,– ածիլուած եւ ուրախ,– իրեն հարցուցի. ‘Ի՞նչ պատահեցաւ քեզի, ո՞ւր էիր’. ան ըսաւ թէ Եհովայի վկաներուն հետ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէր, եւ սկսաւ ինծի վկայել»։ Քանի որ Փոլա տեսաւ թէ ինչպէ՛ս աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը իր բարեկամը փոխած էր, ան Աստուածաշունչի պատգամով հետաքրքրուեցաւ եւ ընդունեց զայն որպէս Աստուծմէ ներշնչուած։

«ՔՈՒ ԽՕՍՔԴ ԻՄ ՈՏՔԵՐՈՒՍ ՃՐԱԳ Է»

17. Աստուծոյ Խօսքը ամէն օր կարդալն ու անոր վրայ խոկալը ի՞նչ կրնայ ընել քեզի։

17 Աստուածաշունչը հոյակապ պարգեւ մըն է, որ Եհովան հայթայթած է իր սուրբ հոգիին միջոցաւ։ Զայն ամէն օր կարդալով ուրախացիր, եւ անոր ու անոր Հեղինակին հանդէպ սէրդ պիտի աճի (Սաղ. 1։1, 2)։ Ուսումնասիրութիւնդ աղօթքով սկսէ, Աստուծոյ հոգին խնդրելով որ մտածումներդ առաջնորդէ (Ղուկ. 11։13)։ Աստուածաշունչը կը բովանդակէ Աստուծոյ մտածումները. ուստի, ատոր ըսածին վրայ խոկալով, կրնաս մտածելակերպդ Աստուծոյ մտածելակերպին հետ ներդաշնակել։

18. Ինչո՞ւ կ’ուզես շարունակել Աստուածաշունչէն սորվիլ։

18 Մինչ կը շարունակես աստուածաշնչական ճշմարտութեան մասին աւելի սորվիլ, սորվածներդ կիրարկէ (կարդա՛ Սաղմոս 119։105Աստուածաշունչը կարդալը կրնայ նմանիլ հայելիին նայելուն։ Ուստի, եթէ տեսնես թէ պէտք է փոփոխութիւններ մտցնես, գործի անցիր (Յակ. 1։23-25)։ Աստուծոյ Խօսքը որպէս սուր գործածէ հաւատալիքներդ պաշտպանելու եւ հեզ անհատներուն սրտերէն սուտ ուսուցումները հանելու համար (Եփ. 6։17)։ Մինչ այսպէս կ’ընես, երախտապարտ եղիր թէ այն մարգարէներն ու տղամարդիկը, որոնք գործածուեցան Աստուածաշունչը գրելու, ի՛րապէս ‘Սուրբ Հոգիէն շարժուեցան’։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 3 A Greek-English Lexicon of the New Testament and Other Early Christian Literature։

^ պարբ. 14 Կարգ մը անուններ փոխուած են։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Մէջբերում՝ էջ 32]

Աստուածաշունչը ամէն օր կարդա՛, եւ ատոր Հեղինակին հանդէպ սէրդ պիտի աճի

[Նկար՝ էջ 29]

Նամակը կը սեպուի եկած այն անհատէն, որուն ստորագրութիւնը կը կրէ