Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Թոյլ տուր որ Եհովան քեզ իսկական ազատութեան առաջնորդէ

Թոյլ տուր որ Եհովան քեզ իսկական ազատութեան առաջնորդէ

Թոյլ տուր որ Եհովան քեզ իսկական ազատութեան առաջնորդէ

‘Ազատութեան կատարեալ օրէնքին աչք տնկելով նայէ’ (ՅԱԿ. 1։25

ԿՐՆԱ՞Ս ԲԱՑԱՏՐԵԼ

Ո՞ր օրէնքը իսկական ազատութեան կը տանի, եւ որո՞նք այդ օրէնքէն կ’օգտուին։

Իսկական ազատութիւն ունենալու գաղտնիքը ի՞նչ է։

Ի՞նչ ազատութիւն կը սպասէ բոլոր անոնց՝ որոնք կեանքի տանող ճամբուն մէջ կը մնան։

1, 2. ա) Աշխարհի ազատութիւններուն ի՞նչ կը պատահի եւ ինչո՞ւ։ բ) Եհովայի ծառաներուն ի՞նչ ազատութիւն կը սպասէ։

Կ’ԱՊՐԻՆՔ այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ ագահութիւնը, անօրէնութիւնը եւ բռնութիւնը կ’աւելնան (Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Առ ի հակազդեցութիւն, կառավարութիւնները աւելի օրէնքներ կը դնեն, ոստիկանական ուժերը կը զօրացնեն եւ ելեկտրոնական հսկողութիւն կը զետեղեն։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, մարդիկ իրենք զիրենք պաշտպանելու համար, իրենց տան մէջ զետեղած են ահազանգի սարքեր, յաւելեալ կղպանքներ եւ նո՛յնիսկ ելեկտրական ցանկապատներ։ Շատեր կը մերժեն գիշերով տունէն դուրս ելլել կամ թոյլ տալ իրենց զաւակներուն որ դուրսը առանձին խաղան,– թէ՛ ցերեկ աչքով եւ թէ գիշերը։ Յստակ է որ ազատութիւնը կը նուազի, եւ այնպէս կը թուի թէ պարագան պիտի չբարելաւուի։

2 Եդեմի պարտէզին մէջ, Սատանան պնդեց թէ Եհովայէն անկախ ըլլալը իսկական ազատութեան բանալին է։ Ասիկա ի՜նչ սարսափելի սուտ մըն էր։ Իրապէս, մարդիկ որքա՛ն աւելի Աստուծոյ հաստատած բարոյական եւ հոգեւոր սահմանները անտեսեն, ա՛յնքան աւելի ընկերութիւնը ընդհանուր առմամբ կը տառապի։ Այս վատթարացող վիճակը Եհովայի ծառաներուն ալ կ’ազդէ։ Բայց եւ այնպէս, մենք կը յուսանք տեսնել մարդկութիւնը մեղքին ու ապականութեան գերութենէն ազատագրուած, վայելելով այն ինչ որ Աստուածաշունչը կը կոչէ՝ «Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութիւնը» (Հռով. 8։21)։ Իրականութեան մէջ, Եհովան արդէն սկսած է իր ծառաները այդ ազատութեան համար պատրաստել։ Ի՞նչ կերպով։

3. Եհովան Քրիստոսի հետեւորդներուն ի՞նչ օրէնք տուած է, եւ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

3 Իր ծառաները այդ ապագայ ազատութեան համար պատրաստելու համար, Եհովան մեզի տուաւ այն ինչ որ Յակոբոս աշակերտ կը կոչէ՝ «ազատութեան կատարեալ օրէնք» (կարդա՛ Յակոբոս 1։25Աստուածաշունչի Անթիլիաս թարգմանութեան մէջ այս արտայայտութիւնը թարգմանուած է՝ «ազատարար ու կատարեալ Օրէնք»։ Անշուշտ սովորաբար, մարդիկ «օրէնք» բառը «սահմանափակում» բառին հետ կը կապեն եւ ոչ թէ «ազատութիւն» բառին հետ։ Ուստի, «ազատութեան կատարեալ օրէնք»ը ի՞նչ է։ Եւ այս օրէնքը ինչպէ՞ս մեզի ազատութիւն կու տայ։

ԱԶԱՏԱՐԱՐ ՕՐԷՆՔԸ

4. «Ազատութեան կատարեալ օրէնք»ը ի՞նչ է, եւ որո՞նք ատկէ կ’օգտուին։

4 «Ազատութեան կատարեալ օրէնք»ը Մովսիսական օրէնքը չէ, քանի որ այդ օրէնքը օրինազանցութիւնները յայտնեց, եւ Քրիստոս զայն կատարեց (Մատ. 5։17. Գաղ. 3։19)։ Ուրեմն, Յակոբոս ո՞ր օրէնքին կ’ակնարկէր։ Ան ի մտի ունէր «Քրիստոսին օրէնքը», որ նաեւ կը կոչուի «հաւատքի օրէնք» եւ «ազատ ժողովուրդի օրէնք» (Գաղ. 6։2. Հռով. 3։27. Յակ. 2։12, ՆԱ)։ Ուստի, «կատարեալ օրէնք»ը կը պարփակէ ամէն ինչ որ Եհովան մեզմէ կը պահանջէ։ Թէ՛ օծեալ քրիստոնեաները եւ թէ «ուրիշ ոչխարներ»ը ատկէ կ’օգտուին (Յովհ. 10։16

5. Ազատութեան օրէնքը ինչո՞ւ ծանր չէ։

5 Բազմաթիւ երկիրներու օրէնքներուն հակառակը, «կատարեալ օրէնք»ը ո՛չ բարդ է եւ ոչ ալ ծանր. այլ՝ պարզ պատուիրաններէ եւ հիմնական սկզբունքներէ կը բաղկանայ (Ա. Յովհ. 5։3)։ Յիսուս ըսաւ. «Իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ» (Մատ. 11։29, 30)։ Առաւել, «կատարեալ օրէնք»ը պատժամիջոցի երկար ցանկի մը պէտք չունի, քանի որ սիրոյ վրայ հիմնուած է եւ մտքերու ու սրտերու վրայ փորագրուած է,– ոչ թէ քարէ տախտակներու վրայ (կարդա՛ Եբրայեցիս 8։6, 10

«ԿԱՏԱՐԵԱԼ ՕՐԷՆՔ»Ը ԻՆՉՊԷ՛Ս ՄԵԶ Կ’ԱԶԱՏԷ

6, 7. Եհովայի չափանիշներուն մասին ի՞նչ կրնայ ըսուիլ, եւ ազատութեան օրէնքը ինչո՞ւ կ’ազատագրէ։

6 Իր մտացի արարածներուն համար դրած Եհովայի սահմանները, անոնց օգտին եւ պաշտպանութեան համար են։ Առ, զոր օրինակ, ֆիզիքական օրէնքները՝ որոնք հակակշռի տակ կ’առնեն ուժն ու նիւթը։ Մարդիկ չեն գանգատիր թէ այդ օրէնքները զիրենք կը նեղեն։ Փոխարէն, անոնք կը գնահատեն զանոնք, գիտակցելով թէ այդ բնական օրէնքները իրենց բարօրութեան համար կենսական են։ Նմանապէս, Եհովայի բարոյական եւ հոգեւոր չափանիշները, որոնք Քրիստոսի «կատարեալ օրէնք»ին մէջ կ’արտացոլուին, մարդոց օգտին համար են։

7 Պաշտպանութիւն ըլլալու կողքին, ազատութեան օրէնքը մեզի թոյլ կու տայ, որ մեր բոլոր պատշաճ փափաքները գոհացնենք, առանց մենք մեզի վնասելու կամ ուրիշներուն իրաւունքներն ու ազատութիւնները խլելու։ Ուրեմն, իրապէս ազատ ըլլալու եւ մեր ուզածը ընելու գաղտնիքն է՝ մշակել պատշաճ փափաքներ, որոնք Եհովայի անձնաւորութեան եւ չափանիշներուն հետ ներդաշնակ են։ Ուրիշ խօսքով, պէտք է սորվինք Եհովային սիրածը սիրել եւ Եհովային ատածը ատել, ինչ որ ազատութեան օրէնքը կ’օգնէ մեզի այդպէս ընելու (Ամովս 5։15

8, 9. Ի՞նչ օգուտներ կը քաղեն անոնք՝ որոնք ազատութեան օրէնքին կը յարին. լուսաբանէ՛։

8 Մեր անկատար վիճակին մէջ, շատ դժուար է սխալ ցանկութիւնները հակակշռի տակ առնել։ Այսուհանդերձ, մինչ հաւատարմօրէն կը յարինք ազատութեան օրէնքին, նոյնիսկ հիմա մեզ ազատելու ատոր ուժը կը համտեսենք։ Լուսաբանենք. Ճէյ անունով Աստուածաշունչի նոր աշակերտ մը ծխախոտի մոլի էր։ Երբ գիտակցեցաւ որ այս սովորութիւնը Աստուած կը տհաճեցնէ, որոշումի առջեւ գտնուեցաւ։ Արդեօք ան պիտի շարունակէ՞ր իր մարմնին ենթարկուիլ, թէ ոչ Եհովայի պիտի ենթարկուէր։ Իմաստութեամբ, ան ընտրեց Աստուծոյ ծառայել, թէեւ իր մարմինը սաստիկ կերպով նիկոտին կը պահանջէր։ Այս սովորութիւնը յաղթահարելէ ետք, ան ինչպէ՞ս զգաց։ «Սքանչելի կերպով ազատ եւ չափազանց ուրախ զգացի», ըսաւ ան յետագային։

9 Ճէյ փորձառութեամբ սորվեցաւ թէ աշխարհիս հայթայթած ազատութիւնները, որոնք թոյլ կու տան մարդոց որ «մարմնաւոր խորհուրդ» ունենան, իրականութեան մէջ մարդս կը գերեվարեն, մինչդեռ Եհովային տուած ազատութիւնները, որոնք կը նշանակեն «հոգեւոր խորհուրդ», կ’ազատեն եւ ‘կեանքի ու խաղաղութեան’ կ’առաջնորդեն (Հռով. 8։5, 6)։ Ճէյ իր ծխամոլութիւնը յաղթահարելու համար, ուրկէ՞ զօրութիւն գտաւ։ Ոչ թէ իր մէջ, այլ՝ Աստուծմէ։ Ան ըսաւ. «Կանոնաւորաբար Աստուածաշունչը ուսումնասիրեցի, աղօթքով սուրբ հոգին խնդրեցի եւ ժողովքի եղբայրներուն ու քոյրերուն սիրալիր օգնութիւնը ընդունեցի»։ Այս նոյն կարգադրութիւնները կրնան մեր բոլորին օգնել իսկական ազատութիւնը հետապնդելուն մէջ։ Տեսնե՛նք ինչպէս։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԻՆ ԱՉՔ ՏՆԿԵԼՈՎ ՆԱՅԷ՛

10. Ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծոյ օրէնքին ‘աչք տնկելով նայիլ’։

10 Յակոբոս 1։25–ը մասամբ կը նշէ. «Ան որ ազատութեան կատարեալ օրէնքին աչք տնկելով կը նայի եւ անոր մէջ կը կենայ. . . երանելի պիտի ըլլայ իր գործերուն մէջ»։ «Աչք տնկելով նայիլ» թարգմանուած յունարէն բառը կը նշանակէ «ծռիլ նայելու համար», ինչ որ կեդրոնացած ջանք ցոյց կու տայ։ Եթէ կ’ուզենք որ ազատութեան օրէնքը մեր մտքին եւ սրտին ազդէ, պէտք է մեր բաժինը կատարենք, ժրաջանօրէն Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով եւ մեր կարդացածին շուրջ աղօթքով խոկալով (Ա. Տիմ. 4։15

11, 12. ա) Յիսուս ինչպէ՞ս ճշմարտութիւնը մեր կենցաղակերպը ընելու կարիքը շեշտեց։ բ) Ինչպէս որ վերը լուսաբանուած է, պատանիները ո՞ր վտանգէն պէտք է խուսափին։

11 Միեւնոյն ժամանակ պէտք է ‘կենանք’ կամ տոկանք Աստուծոյ Խօսքը կիրարկելուն մէջ, այսպէս ճշմարտութիւնը մեր կենցաղակերպը ընելով։ Յիսուս համանման միտք մը արտայայտեց՝ երբ իրեն հաւատացողներէն ոմանց ըսաւ. «Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք, ճշմարտապէս իմ աշակերտներս կ’ըլլաք եւ ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ» (Յովհ. 8։31, 32)։ Աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ, թէ հոս «գիտնալ» բառը նաեւ կը նշանակէ գնահատութիւն ունենալ, քանի որ «‘գիտցուածը’ գիտցողին համար արժէք կամ կարեւորութիւն ունի»։ Ուրեմն, մենք ճշմարտութիւնը լման առումով ‘կը գիտնանք’, երբ զայն մեր կենցաղակերպը կ’ընենք։ Ապա իրաւացիօրէն կրնանք ըսել, թէ «Աստուծոյ խօսք»ը մեր մէջ «կը ներգործէ», մեր անձնաւորութիւնը կաղապարելով, որպէսզի մեր երկնաւոր Հայրը աւելի մօտէն արտացոլենք (Ա. Թես. 2։13

12 Դուն քեզի հարց տուր. ‘Իրապէս ճշմարտութիւնը գիտե՞մ։ Զայն իմ կենցաղակերպս ըրա՞ծ եմ։ Կամ, տակաւին բուռն փափաք ունի՞մ աշխարհի կարգ մը «ազատութիւններուն» հանդէպ’։ Իր պատանեկութեան օրերը յիշելով, քոյր մը՝ որ քրիստոնեայ ծնողներու կողմէ մեծցած էր, գրեց. «Երբ ճշմարտութեան մէջ կը մեծնաս, Եհովան միշտ մատչելի է՝ այլաբանօրէն խօսելով։ Բայց իմ պարագայիս, ջանք չթափեցի իրեն իրապէս ծանօթանալու համար։ Բնա՛ւ չսորվեցայ իր ատածը ատել։ Բնա՛ւ չհաւատացի թէ ինչ որ կ’ընեմ, զինք կը հետաքրքրէ։ Եւ բնա՛ւ չսորվեցայ իրեն դիմել, երբ խնդրի մը մէջ իյնայի։ Իմ հասկացողութեանս ապաւինեցայ, ինչ որ հիմա կը գիտակցիմ թէ անմտութիւն էր, քանի որ բան մը չէի գիտեր»։ Քոյրը յետագային անդրադարձաւ որ իր մտածելակերպը շատ սխալ էր եւ կարգ մը հսկայական փոփոխութիւններ ըրաւ։ Ան նոյնիսկ սկսաւ որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ ծառայել։

ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՆ Կ’ՕԳՆԷ ՔԵԶ ԱԶԱՏԵԼՈՒ

13. Աստուծոյ սուրբ հոգին ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզ ազատելու։

13 Բ. Կորնթացիս 3։17–ի մէջ կը կարդանք. «Ուր որ Տէրոջը Հոգին կայ, հոն ազատութիւն կայ»։ Սուրբ հոգին ինչպէ՞ս մեր ազատութեան կը նպաստէ։ Ուրիշ բաներու կողքին, անիկա մեր մէջ կ’արտադրէ յատկութիւններ՝ որոնք ազատութեան համար կենսական են. «Սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն» (Գաղ. 5։22, 23)։ Առանց այս յատկութիւններուն, մանաւանդ առանց սիրոյ, որեւէ ընկերութիւն իրապէս ազատ չի կրնար ըլլալ,– իրողութիւն մը՝ որ ներկայ աշխարհին մէջ բացայայտ է։ Հետաքրքրականօրէն, հոգիին պտուղը թուելէ ետք, Պօղոս առաքեալ աւելցուց. «Այսպիսի բաներու դէմ օրէնք չկայ»։ Ան ի՞նչ ըսել ուզեց։ Աստուծոյ հոգիին պտուղը սահմանափակուած չէ որեւէ օրէնքով՝ որ կրնայ իր աճման սահման դնել (Գաղ. 5։18)։ Վերջ ի վերջոյ, այսպիսի օրէնքի մը նպատակը ի՞նչ պիտի ըլլար։ Եհովայի կամքն է որ առյաւէտ քրիստոսանման յատկութիւններ մշակենք եւ առանց սահմանափակումներու զանոնք դրսեւորենք։

14. Աշխարհի հոգին ի՞նչ կերպերով կը գերեվարէ անոնք որ իրեն կ’ենթարկուին։

14 Անոնք՝ որոնք աշխարհի հոգիով հմայուած են եւ իրենց մարմնաւոր ցանկութիւններուն անձնատուր եղած են, թերեւս խորհին թէ ազատ են (կարդա՛ Բ. Պետրոս 2։18, 19Սակայն, իրողութիւնը ճիշդ հակառակն է։ Անոնց կիրքերն ու վարքը սանձելու համար, անհամար օրէնքներու եւ կանոններու հարկ կայ։ Պօղոս կ’ըսէ. «Արդարներուն համար չէ օրէնքը, հապա անօրէններուն ու անհնազանդներուն համար» (Ա. Տիմ. 1։9, 10)։ Անոնք նաեւ մեղքին գերիներն են, մղուած՝ ‘մարմնին ուզածը կատարելու’, որ դաժան տէր է (Եփ. 2։1-3)։ Կերպով մը, այսպիսի անհատներ կը նմանին միջատներու, որոնք իրենց ախորժակը գոհացնելու համար դէպի մեղրի պնակը կը սողան, սակայն շուտով իրենք զիրենք ծուղակը ինկած կը գտնեն (Յակ. 1։14, 15

ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ՝ ԺՈՂՈՎՔԷՆ ՆԵՐՍ

15, 16. Ժողովքին հետ ընկերակցիլը որքա՞ն կարեւոր է, եւ անոր մէջ ի՞նչ ազատութիւններ կը վայելենք։

15 Երբ սկսար քրիստոնէական ժողովքին հետ ընկերակցիլ, ընկերային ակումբի մը անդամ չեղար։ Փոխարէն, ժողովքին միացար, քանի որ Եհովան քեզ քաշեց (Յովհ. 6։44)։ Ի՞նչ բան զինք մղեց որ այսպէս ընէ։ Արդեօք ան արդար, աստուածավախ անհա՞տ մը տեսաւ մէջդ։ Թերեւս ըսես. «Բնա՛ւ երբեք»։ Լաւ, Աստուած ի՞նչ տեսաւ մէջդ։ Ան տեսաւ սիրտ մը՝ որ իր ազատութեան օրէնքին պիտի ընդառաջէր, սիրտ մը՝ որ իր ազնիւ ազդեցութեան պիտի ենթարկուէր։ Ժողովքէն ներս, Եհովան սիրտդ սնուցանած է, քեզ հոգեւորապէս կերակրելով՝ քեզ ազատելով կրօնական սուտերէ ու նախապաշարումներէ, եւ քեզի սորվեցնելով ինչպէ՛ս քրիստոսանման անձնաւորութիւն զարգացնել (կարդա՛ Եփեսացիս 4։22-24Առ ի արդիւնք, դուն առանձնաշնորհում ունիս ըլլալու այն միակ ժողովուրդին մէջ, որ իրաւացիօրէն կրնայ կոչուիլ ‘ազատ ժողովուրդ’ (Յակ. 2։12, ՆԱ

16 Նկատի առ հետեւեալը. երբ կ’ընկերակցիս անոնց հետ՝ որոնք Եհովան ամբողջ սրտով կը սիրեն, կը վախնա՞ս։ Մինչ Թագաւորութեան սրահին մէջ եղբօր մը կամ քրոջ մը հետ կը խօսակցիս, արդեօք աչքերդ պայուսակիդ վրայ կը մնա՞ն, վախնալով որ ատիկա կորսուի։ Ընդհակառա՛կը, հանգիստ եւ ազատ կը զգաս։ Արդեօք այսպէս պիտի զգայի՞ր աշխարհիկ առիթի մը ընթացքին։ Հաւանաբար ո՛չ։ Ասկէ զատ, այն ազատութիւնը որ այժմ կը վայելես Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ, մօտալուտ ազատութեան միայն համտեսումն է։

‘ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՐԴԻՆԵՐՈՒՆ ՓԱՌԱՒՈՐ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ’

17. Մարդկութեան ազատութիւնը ինչպէ՞ս կապուած է «Աստուծոյ որդիներուն յայտնուելուն» հետ։

17 Երբ կը քննարկէր այն ազատութիւնը, որ Եհովան իր երկրային ծառաներուն համար վերապահած է, Պօղոս գրեց. «Ստեղծուածները մեծ ակնկալութեամբ Աստուծոյ որդիներուն յայտնուելուն կը սպասեն»։ Ապա աւելցուց. «Ստեղծուածները իրենք ալ ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին» (Հռով. 8։19-21)։ «Ստեղծուածները» կ’ակնարկէ երկրային յոյս ունեցող մարդկութեան, որ պիտի օգտուի Աստուծոյ սուրբ–հոգիով–օծուած որդիներուն ‘յայտնուելէն’։ Այդ յայտնուիլը պիտի սկսի երբ այս «որդիներ»ը, որոնք յարութիւն առնելով երկինքն են, Քրիստոսի հետ երկրագունդը չարիքէ մաքրեն եւ «մեծ բազմութիւն» մը պահպանեն ու նոր աշխարհ մտցնեն (Յայտ. 7։9, 14

18. Հնազանդ մարդկութեան համար ազատութիւնը ինչպէ՞ս պիտի աւելնայ, եւ ի՞նչ ազատութիւն ի վերջոյ պիտի վայելեն։

18 Փրկուած մարդկութիւնը ապա պիտի վայելէ ամբողջովին նոր ազատութիւն մը,– Սատանային եւ դեւերուն ազդեցութենէն ազատ ըլլալ (Յայտ. 20։1-3)։ Ի՜նչ հանգստութիւն պիտի ըլլայ ատիկա։ Անկէ ետք, Քրիստոսի ընկերակցող 144,000 թագաւորներն ու քահանաները պիտի շարունակեն մարդկութիւնը ազատել՝ աստիճանաբար կիրարկելով փրկանքի զոհին օգուտները, մինչեւ որ Ադամական մեղքը եւ անկատարութիւնը լիովին ջնջուին (Յայտ. 5։9, 10)։ Փորձութեան ներքեւ իրենց հաւատարմութիւնը ապացուցանելով, մարդիկ հասած պիտի ըլլան կատարեալ ազատութեան, որ Եհովան նպատակադրած էր իրենց համար,– ‘Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութիւնը’։ Պահ մը խորհէ՛։ Այլեւս պիտի չմաքառիս ընելու ա՛յն ինչ որ Աստուծոյ աչքին ճիշդ է, քանի որ մարմինդ, սիրտդ եւ միտքդ կատարեալ են, եւ կրնաս Աստուծոյ յատկութիւնները կատարելապէս ընդօրինակել։

19. Ներկայիս, ի՞նչ պէտք է շարունակենք ընել, որպէսզի իսկական ազատութեան տանող ճամբուն մէջ մնանք։

19 «Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը» անձկագին կը սպասե՞ս։ Եթէ այո՛, թոյլ տուր որ «ազատութեան կատարեալ օրէնք»ը շարունակէ մտքիդ ու սրտիդ ազդել։ Արդ, Սուրբ Գրութիւնները ժրաջանօրէն ուսումնասիրէ։ Ճշմարտութիւնը կենցաղակերպդ դարձուր։ Աղօթքով սուրբ հոգին խնդրէ։ Լիովին օգտուէ քրիստոնէական ժողովքէն եւ Եհովայի հայթայթած հոգեւոր սնունդէն։ Թոյլ մի՛ տար Սատանային որ քեզ խաբէ,– ինչպէս որ Եւան խաբեց,– մտածել տալով թէ Աստուծոյ ճամբաները անտեղիօրէն կաշկանդիչ են։ Թէեւ Բանսարկուն շատ ուշիմ է, բայց կրնանք իրմէ զրկանք մը չկրել, քանի որ «անոր խորհուրդները գիտենք», ինչպէս որ պիտի տեսնենք յաջորդ յօդուածին մէջ (Բ. Կոր. 2։11

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 14]

Արդեօք աշխարհի տուած կարգ մը «ազատութիւններուն» տակաւին կը տենչա՞մ

[Նկարներ՝ էջ 14]

Ճշմարտութինը իմ կենցաղակերպս ըրա՞ծ եմ