Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուս ե՞րբ Թագաւոր եղաւ

Յիսուս ե՞րբ Թագաւոր եղաւ

Աստուծոյ Խօսքէն սորվէ՛

Յիսուս ե՞րբ Թագաւոր եղաւ

Այս յօդուածը կ’ուղղէ հարցումներ, որոնք թերեւս միտքէդ անցած են, եւ ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչիդ մէջ ո՛ւր կրնաս պատասխանները կարդալ։ Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան այս պատասխանները քեզի հետ քննարկելու։

1. Յիսուսի ի՞նչ թագաւորութիւն խոստացուած էր։

Աստուած խոստացաւ թէ Դաւիթ թագաւորի մէկ զարմը յաւիտեան Իր գահին վրայ պիտի նստէր։ Այդ նախագուշակուած զարմը Յիսուսն է, եւ այժմ ան որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւոր երկնքի մէջ կ’իշխէ (կարդա՛ Սաղմոս 89։4. Ղուկաս 1։32, 33

Երբ Դաւիթ տակաւին տղեկ մըն էր, Աստուած զինք ընտրեց որպէս իր ժողովուրդին՝ իսրայէլի՝ թագաւոր։ Երբ Դաւիթ մահացաւ, Աստուծոյ կողմէ ընտրուած Սողոմոնը «Տէրոջը աթոռին» վրայ նստաւ (Ա. Մնացորդաց 28։4, 5. 29։23)։ Սողոմոնի մահէն ետք, բազմաթիւ թագաւորներ Երուսաղէմի մէջ իշխեցին, սակայն ատոնց մեծամասնութիւնը անհաւատարիմ էր։ Ի վերջոյ, Եհովան թոյլ տուաւ որ բաբելոնական զօրքերը Երուսաղէմը կործանեն եւ իշխող թագաւորը վերցնեն։ Ասիկա մ.թ.ա. 607–ին տեղի ունեցաւ։ Անկէ ի վեր, Դաւիթի զարմէն ոչ մէկ թագաւոր բառացի Երուսաղէմ քաղաքէն իշխած է (կարդա՛ Եզեկիէլ 21։27

2. Որքա՞ն ժամանակ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկրի վրայ ներկայացուած չէր։

Երուսաղէմի կործանումէն քիչ ետք, Եհովան Դանիէլ մարգարէին ըսաւ, թէ պիտի ընտրէր թագաւոր մը, որ երկնքէն պիտի իշխէր։ Անոր իշխանութիւնը ե՞րբ պիտի սկսէր (կարդա՛ Դանիէլ 7։13, 14

Դանիէլ մեկնաբանեց տեսիլք մը, որուն մէջ Աստուած հրամայեց որ հսկայ ծառ մը կտրուի, ճիշդ ինչպէս որ Ան հրամայած էր որ Երուսաղէմի թագաւորութիւնը կործանուէր։ Սակայն, ծառին արմատներուն բունը հողին մէջ պիտի մնար, որպէսզի «եօթը ժամանակ» ետք դարձեալ աճէր։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ երեքուկէս «ժամանակ» հաւասար է 1260 օրերու, ուրեմն «եօթը ժամանակ»ը հաւասար է 2520 օրերու (Յայտնութիւն 12։6, 14)։ Աստուածաշունչի մարգարէութեան մէջ, օրերը յաճախ կը ներկայացնեն տարիներ (Թուոց 14։34)։ Ուստի Աստուծոյ Թագաւորութիւնը 2520 տարի պիտի չներկայացուէր (կարդա՛ Դանիէլ 4։10-17

3. Յիսուս ե՞րբ Թագաւոր եղաւ։

Աստուած Յիսուսը երկնքի մէջ թագադրեց 1914–ին, ճիշդ Երուսաղէմի կործանումէն 2520 տարի ետք։ Որպէս Թագաւոր, Յիսուսի առաջին քայլն էր՝ Սատանան եւ դեւերը երկինքէն վռնտել (Յայտնութիւն 12։7-10)։ Այդ դէպքը մարդոց համար անտեսանելի էր, սակայն մարդկութեան պատճառեց շօշափելի տագնապ մը (Յայտնութիւն 12։12)։ 1914–էն ի վեր, իրադարձութիւնները կը հաստատեն թէ Յիսուս այդ տարին Թագաւոր եղաւ (կարդա՛ Մատթէոս 24։14. Ղուկաս 21։10, 11, 31

4. Յիսուսի թագաւորութիւնը քեզի համար ի՞նչ կը նշանակէ։

Յիսուսի թագաւորութեան մասին մարգարէութիւններու կատարումը կը փաստէ, թէ կրնաս Աստուծոյ Խօսքին վստահիլ։ Շուտով, Յիսուս իր թագաւորական հեղինակութիւնը պիտի գործածէ, մարդկութիւնը ամէն տառապանքէ հանգստացնելու համար (կարդա՛ Սաղմոս 72։8, 12, 13. Դանիէլ 2։44

Յաւելեալ տեղեկութեան համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 215-218–րդ էջերը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

[Ցուցակ՝ էջ 23]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

Հոկտեմբեր

Մ.թ.ա.  607 ← 2520 տարի → Մ.թ. 1914

Մ.թ.ա. 1000 | Մ.թ.ա. 1 | Մ.թ. 1 | Մ.թ. 1000 | Մ.թ. 2000

← 606.25 տարի →← 1913.75 տարի →

Երուսաղէմի թագաւորութիւնը կը կործանի

Հաշուի մեքենադ գործածէ. 606.25 + 1913.75 = 2520

Աստուած Յիսուսը կը թագադրէ եւ անոր հեղինակութիւն կու տայ ազգերուն վրայ