Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Այս աշխարհը ինչպէ՛ս վերջ պիտի գտնէ

Այս աշխարհը ինչպէ՛ս վերջ պիտի գտնէ

Այս աշխարհը ինչպէ՛ս վերջ պիտի գտնէ

«Խաւարի մէջ չէք, որ այն օրը գողի մը պէս ձեր վրայ հասնի» (Ա. ԹԵՍ. 5։4

ԿՐՆԱ՞Ս ԲԱՑԱՏՐԵԼ

Հետեւեալ համարները պատահելիք ի՞նչ զարգացումներ ցոյց կու տան.

Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։3

Յայտնութիւն 17։16

Դանիէլ 2։44

1. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ արթուն կենալու եւ փորձութիւններու հետ գլուխ ելլելու։

ՇՈՒՏՈՎ աշխարհացունց դէպքեր պիտի պատահին։ Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն կատարումը կը հաստատէ այս իրողութիւնը, ուստի պէտք է արթուն կենանք։ Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ այս մարզին մէջ։ Պօղոս առաքեալ մեզ կը յորդորէ որ ‘չերեւցածներուն նայինք’։ Այո, պէտք է ի մտի ունենանք յաւիտենական կեանքի մեր վարձատրութիւնը, ըլլա՛յ ատիկա երկնքի մէջ կամ երկրի վրայ։ Ինչպէս որ բովանդակութիւնը ցոյց կու տայ, Պօղոս այս խօսքերը գրեց քաջալերելու համար իր հաւատակիցները, որ իրենց հաւատարիմ ընթացքին ուրախ արդիւնքին վրայ կեդրոնանան։ Ասիկա ընելը նաեւ իրենց պիտի օգնէր փորձութիւններու եւ հալածանքի հետ գլուխ ելլելու (Բ. Կոր. 4։8, 9, 16-18. 5։7

2. ա) Մեր յոյսը հաստատ պահելու համար, ի՞նչ պէտք է ընենք։ բ) Այս եւ յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

2 Պօղոսի յորդորը կ’ընդգրկէ կարեւոր սկզբունք մը. մեր յոյսը հաստատ պահելու համար, պէտք է մեր ուղղակի տեսած բաներէն անդին նայինք։ Պէտք է կեդրոնանանք մասնայատուկ դէպքերու վրայ, որոնք տակաւին անտեսանելի են (Եբ. 11։1. 12։1, 2)։ Այս եւ յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք ապագային պատահելիք տասը դէպքեր, որոնք յաւիտենական կեանքի մեր յոյսին սերտօրէն առնչուած են։

ՎԱԽՃԱՆԷՆ ՔԻՉ ԱՌԱՋ Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՀԻ

3. ա) Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։2, 3–ի մէջ նշուած ո՞ր զարգացումը դեռ տեղի պիտի ունենայ։ բ) Քաղաքական առաջնորդները ի՞նչ պիտի ընեն, եւ թերեւս որո՞նք անոնց միանան։

3 Թեսաղոնիկեցիներուն յղած իր նամակին մէջ, Պօղոս ապագայ մէկ զարգացում կը նշէ (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։2, 3Ան «Տէրոջը օր»ուան վրայ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ։ Ինչպէս որ հոս գործածուած է, «Տէրոջը օր»ը կ’ակնարկէ այն ժամանակաշրջանին, որ սուտ կրօնքի կործանումով պիտի սկսի եւ իր գագաթնակէտին պիտի հասնի Արմագեդոնի պատերազմին։ Սակայն, Եհովային օրը սկսելէ քիչ առաջ, աշխարհի առաջնորդները պիտի ըսեն «թէ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է»։ Ասիկա կրնայ ակնարկել մէկ կամ շարք մը իրադարձութիւններու։ Ազգեր թերեւս խորհին թէ իրենց կարգ մը հսկայ խնդիրները լուծելու վրայ են։ Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել կրօնական առաջնորդներուն մասին։ Անոնք աշխարհին մէկ մասն են, ուստի հաւանական է որ քաղաքական առաջնորդներուն միանան (Յայտ. 17։1, 2)։ Այսպէս կղերականները ընդօրինակած պիտի ըլլան վաղեմի Յուդայի սուտ մարգարէները, որոնց մասին Եհովան նշեց. «‘Խաղաղութիւն, խաղաղութիւն է’, կ’ըսեն, երբ խաղաղութիւն չկայ» (Եր. 6։14. 23։16, 17

4. Ընդհանուր մարդկութեան հակառակը, մենք ի՞նչ կը զատորոշենք։

4 Ո՛վ որ ալ մասնակցի «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն» ըսելուն, այդ զարգացումը ցոյց պիտի տայ, թէ Եհովայի օրը սկսելու վրայ է։ Ուստի, Պօղոս կրցաւ ըսել. «Եղբայրներ, խաւարի մէջ չէք, որ այն օրը գողի մը պէս ձեր վրայ հասնի։ Վասն զի դուք ամէնքդ լուսոյ որդիներ էք» (Ա. Թես. 5։4, 5)։ Ընդհանուր մարդկութեան հակառակը, ընթացիկ դէպքերուն աստուածաշնչական նշանակութիւնը կը զատորոշենք։ Ճիշդ ինչպէ՞ս «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն» ըսելուն մարգարէութիւնը պիտի կատարուի։ Պէտք է սպասենք ու տեսնենք։ Ուստի, վճռենք որ «արթուն ու զգաստ ըլլանք» (Ա. Թես. 5։6. Սոփ. 3։8

«ԹԱԳՈՒՀԻ» ՄԸ, ՈՐ ՉԻ ԳԻՏԵՐ ԹԷ ՊԻՏԻ ԲՆԱՋՆՋՈՒԻ

5. ա) «Մեծ նեղութիւն»ը ինչպէ՞ս պիտի սկսի։ բ) Ո՞վ «թագուհի»ի մը նման է, որ կը խորհի թէ իրեն բան մը պիտի չպատահի։

5 Ապա ո՞ր դէպքը պիտի պատահի։ Պօղոս նշեց. «Երբ ըսելու ըլլան թէ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է, այն ատեն կորուստը յանկարծակի անոնց վրայ պիտի հասնի»։ Այս յանկարծահաս կորուստին առաջին հանգրուանը յարձակումն է «Մեծ Բաբելոն»ի՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան դէմ, որ նաեւ կոչուած է՝ «պոռնիկ» (Յայտ. 17։5, 6, 15)։ Ամէն տեսակ սուտ կրօնքի, ներառեալ՝ քրիստոնէական աշխարհի, դէմ այդ յարձակումը ‘մեծ նեղութեան’ սկիզբն է (Մատ. 24։21. Բ. Թես. 2։8)։ Շատե՜ր անակնկալի պիտի գան։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մինչեւ այդ ատեն, պոռնիկը վստահութեամբ ինքզինք պիտի նկատէ «թագուհի» մը, որ «բնաւ սուգ պիտի չտեսն[է]»։ Սակայն յանկարծ, ան պիտի գիտնայ թէ վերապրելու սխալ հաշիւներ ըրած է։ Ան արագօրէն,– կարծես թէ «մէկ օրուան մէջ»,– պիտի բնաջնջուի (Յայտ. 18։7, 8

6. Ո՞վ պիտի կործանէ սուտ կրօնքը։

6 Աստուծոյ Խօսքը կը բնորոշէ պոռնիկին վրայ յարձակողը որպէս «գազան», որ «տասը եղջիւր» ունի։ Յայտնութիւն գիրքը ուսումնասիրելը ցոյց կու տայ, թէ այդ գազանը կ’ակնարկէ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ)։ «Տասը եղջիւր»ները կը ներկայացնեն ներկայ բոլոր քաղաքական ուժերը, որոնք «կարմիր գազան»ին կ’աջակցին (Յայտ. 17։3, 5, 11, 12 * Յարձակումը որքա՞ն քանդիչ պիտի ըլլայ։ ՄԱԿ–ի անդամ ազգերը պոռնիկին հարստութիւնը պիտի կողոպտեն, անոր իսկական ինքնութիւնը պիտի քօղազերծեն եւ զայն ամբողջովին «պիտի այրեն»։ Անոր կործանումը վերջնական պիտի ըլլայ (կարդա՛ Յայտնութիւն 17։16

7. «Գազան»ին յարձակումը ինչպէ՞ս պիտի հրահրուի։

7 Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը նաեւ ցոյց կու տայ թէ այդ յարձակումը ինչպէ՛ս պիտի հրահրուի։ Ձեւով մը, Եհովան քաղաքական կառավարիչներուն սրտին մէջ պիտի դնէ «որ իր կամքը կատարեն», այսինքն՝ պոռնիկը բնաջնջել (Յայտ. 17։17)։ Ռազմամոլ կրօնքը կը շարունակէ քայքայիչ ոյժ մը ըլլալ աշխարհի մէջ. անոր համար ազգերը թերեւս խորհին թէ պոռնիկը բնաջնջելը իրենց ազգային շահերուն կը ծառայէ։ Իրականութեան մէջ, երբ կառավարիչները յարձակին, անոնք պիտի խորհին թէ իրե՛նց մէկ միտքը կ’իրագործեն. սակայն, անոնք պիտի գործեն որպէս Աստուծոյ գործիքը ամբողջ սուտ կրօնքը ոչնչացնելու համար։ Այսպէս, դէպքերու ապշեցուցիչ դարձակէտով՝ Սատանայի դրութեան մէկ մասը միւս մասին վրայ պիտի յարձակի, եւ Սատանան պիտի չկարենայ արգելք հանդիսանալ (Մատ. 12։25, 26

ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ՄԸ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՎՐԱՅ

8. «Մագոգի երկիրը եղող. . . Գոգին» յարձակումը ի՞նչ է։

8 Սուտ կրօնքը կործանուելէ ետք, Աստուծոյ ծառաները պիտի շարունակեն «ապահովութեամբ բնակիլ. . . անպարիսպ տեղեր» (Եզեկ. 38։11, 14)։ Ի՞նչ պիտի պատահի այս երեւութապէս անպաշտպան խումբին, որ Եհովան կը պաշտէ։ Այնպէս կը թուի, թէ անոնք «շատ ժողովուրդներ»ու ամբողջական յարձակումին թիրախը պիտի դառնան։ Աստուծոյ Խօսքը կը նկարագրէ այդ զարգացումը որպէս «Մագոգի երկիրը եղող. . . Գոգին» յարձակումը (կարդա՛ Եզեկիէլ 38։2, 15, 16Այդ յարձակումը ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք։

9. ա) Քրիստոնեային գլխաւոր մտահոգութիւնը ի՞նչ է։ բ) Մեր հաւատքը զօրացնելու համար, հիմա ի՞նչ քայլեր պէտք է առնենք։

9 Աստուծոյ ժողովուրդին դէմ այս յարձակումը սկիզբէն գիտնալը մեզ չափազանց մտահոգ չի դարձներ։ Փոխարէն, մեր գլխաւոր մտահոգութիւնը մեր անձնական փրկութիւնը չէ, այլ՝ Եհովայի անուան սրբացումը եւ իր գերիշխանութեան ջատագովումը։ Իրականութեան մէջ, Եզեկիէլի գրքին մէջ, Եհովան իր խօսքը ազգերուն ուղղելով՝ աւելի քան 60 անգամ կ’ըսէ. «Պիտի գիտնաք թէ ե՛ս եմ Տէրը» (Եզեկ. 6։7)։ Անոր համար, խոր հետաքրքրութեամբ կը սպասենք Եզեկիէլի մարգարէութեան այս յատկանշական երեսակին կատարման, վստահ ըլլալով որ «Տէրը գիտէ բարեպաշտները ազատել փորձութենէ» (Բ. Պետ. 2։9)։ Մինչ այդ, կ’ուզենք ամէն պատեհութիւն օգտագործել մեր հաւատքը զօրացնելու, որպէսզի կարող ըլլանք Եհովայի հանդէպ մեր ուղղամտութիւնը պահպանել, ի՛նչ փորձութիւններ ալ դիմագրաւենք։ Ի՞նչ պէտք է ընենք։ Պէտք է աղօթենք, Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրենք, ատոր վրայ խոկանք եւ Թագաւորութեան պատգամը ուրիշներու հետ բաժնենք։ Այսպէս ընելով, մեր յաւիտենական կեանքի յոյսը «խարիսխ»ի նման հաստատ կը պահենք (Եբ. 6։19. Սաղ. 25։21

ԱԶԳԵՐԸ ՊԻՏԻ ՍՏԻՊՈՒԻՆ ԵՀՈՎԱՆ ԸՆԴՈՒՆԻԼ

10, 11. Ի՞նչ բան Արմագեդոնին սկսիլը պիտի նշէ, եւ այդ ժամանակ ի՞նչ պիտի պատահի։

10 Աշխարհացունց ի՞նչ դէպք պիտի պատահի, երբ Եհովայի ծառաները յարձակումի ենթարկուին։ Եհովան, Յիսուսին եւ երկնային զօրքերու միջոցաւ, իր ժողովուրդին ի նպաստ պիտի միջամտէ (Յայտ. 19։11-16)։ Այդ միջամտութիւնը պիտի ըլլայ «Ամենակալ Աստուծոյ այդ մեծ օրուան պատերազմ»ը՝ Արմագեդոնը (Յայտ. 16։14, 16

11 Գոգին դէմ մղուած այս պատերազմին առնչութեամբ, Եհովան Եզեկիէլի միջոցաւ կը յայտարարէ. «‘Անոր դէմ՝ իմ բոլոր լեռներուս վրայ սուրը պիտի կանչեմ’, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ ‘Մարդուն սուրը իր եղբօրը վրայ պիտի ըլլայ’»։ Խուճապի մատնուած, Սատանային կողմը դիրք բռնողները պիտի շփոթին եւ սկսին մէկզմէկ սպաննել։ Եհովան կը նշէ. «Անոր վրայ ու անոր զօրքերուն գունդերուն վրայ ու անոր հետ եղող ժողովուրդներուն վրայ. . . կրակ ու ծծումբ պիտի տեղան» (Եզեկ. 38։21, 22)։ Այս աստուածային արարքին արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։

12. Ազգերը պիտի ստիպուին ի՞նչ ընել։

12 Ազգերը պիտի ստիպուին անդրադառնալ թէ իրենց ջախջախիչ պարտութիւնը Եհովայի՛ հրամանով է։ Ապա, ինչպէս որ Կարմիր ծովուն մէջ իսրայէլացիները հետապնդող եգիպտացի յարձակողները ըրին, Սատանայի գունդերը թերեւս յուսահատութեամբ աղաղակեն. «Ահա Եհովա անոնց համար մեզի հետ կը պատերազմի» (Ել. 14։25)։ Արդարեւ, ազգերը պիտի ստիպուին Եհովան ընդունիլ (կարդա՛ Եզեկիէլ 38։23Այս իրարայաջորդ դէպքերուն սկսելուն որքա՞ն մօտ ենք։

ՈՒՐԻՇ ԱՇԽԱՐՀԱԿԱԼ ՈՅԺ ՄԸ ՊԻՏԻ ՉԳՈՅԱՆԱՅ

13. Դանիէլի նկարագրած արձանին հինգերորդ մասին նկատմամբ ի՞նչ գիտենք։

13 Դանիէլի գրքին մէկ մարգարէութիւնը մեզի կ’օգնէ հասկնալու, որ ժամանակի հոսանքին մէջ ո՛ւր ենք։ Դանիէլ կը նկարագրէ մարդկային կերպարանքով արձան մը, որ տարբեր մետաղներէ շինուած է (Դան. 2։28, 31-33)։ Ատիկա կը ներկայացնէ իրարայաջորդ աշխարհակալ ուժեր, որոնք մեծ ազդեցութիւն ունեցած են Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ, թէ՛ անցեալին եւ թէ ներկայիս։ Անոնք են՝ Բաբելոն, Մարա–Պարսկաստան, Յունաստան, Հռոմ,– եւ վերջինը՝ մեր ժամանակներուն մէջ ուրիշ աշխարհակալ ոյժ մը։ Դանիէլի մարգարէութիւնը ուսումնասիրելը ցոյց կու տայ, թէ այս վերջին աշխարհակալ ուժը կը պատկերացուի արձանին ոտքերով ու մատներով։ Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին, Բրիտանիան եւ Միացեալ Նահանգները մասնայատուկ գործակցութիւն մը կերտեցին։ Արդարեւ, Դանիէլի տեսած արձանին հինգերորդ մասը անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժն է։ Ոտքերը արձանին վերջին մասը կազմելով, յայտնի կ’ըլլայ թէ մարդկային այլ աշխարհակալ ոյժ մը պիտի չգոյանայ։ Իսկ արձանին ոտքերուն եւ մատներուն երկաթէ ու կաւէ ըլլալը կը պատկերացնէ անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժին տկար վիճակը։

14. Ո՞ր աշխարհակալ ուժին օրերուն Արմագեդոնը պիտի հարուածէ։

14 Նոյն մարգարէութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը որ մեծ քարով պատկերացուած է, Եհովայի գերիշխանութեան լեռնէն կտրուեցաւ 1914–ին։ Այդ քարը այժմ կը սուրայ դէպի իր նշանակէտը՝ արձանին ոտքերը։ Արմագեդոնին, արձանին ոտքերը ե՛ւ մնացեալ մասերը պիտի փշրուին (կարդա՛ Դանիէլ 2։44, 45Ուրեմն, անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժին օրերուն է որ Արմագեդոնը պիտի հարուածէ։ Որքա՜ն ոգեւորիչ պիտի ըլլայ այս մարգարէութեան ամբողջական կատարման ականատես ըլլալ։ * Լաւ, Եհովան Սատանային ի՞նչ վերապահած է։

Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՀԻ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԳԼԽԱՒՈՐ ՀԱԿԱՌԱԿՈՐԴԻՆ

15. Արմագեդոնէն ետք, Սատանային եւ իր դեւերուն ի՞նչ պիտի պատահի։

15 Նախ, Սատանան երկրի վրայ իր ամբողջ կազմակերպութեան կործանման ականատես պիտի ըլլայ,– սկիզբէն մինչեւ վերջ։ Ապա, Սատանան ի՛նք ուշադրութեան առանցքը պիտի դառնայ։ Յովհաննէս առաքեալ կը տեղեկացնէ թէ ի՛նչ պիտի պատահի (կարդա՛ Յայտնութիւն 20։1-3Յիսուս Քրիստոս,– այն ‘հրեշտակը որ անդունդին բանալին ունի’,– Սատանան ու անոր դեւերը պիտի բռնէ, անդունդը նետէ եւ հազար տարի հոն պահէ (Ղուկ. 8։30, 31. Ա. Յովհ. 3։8)։ Ասիկա օձին գլուխը ջախջախելուն առաջին հանգրուանը պիտի ըլլայ (Ծն. 3։15 *

16. Սատանային համար ի՞նչ պիտի նշանակէ «անդունդ»ը նետուիլ։

16 Ի՞նչ է այն «անդունդը», ուր Սատանան եւ իր դեւերը պիտի նետուին։ Յովհաննէսին գործածած յունարէն բառը՝ ապիս·սոս, կը նշանակէ՝ չափազանց խոր։ Ատիկա նաեւ կը թարգմանուի՝ անյատակ, անծայրածիր փոս։ Ուրեմն, անիկա բոլորին համար անհասանելի վայր մըն է,– բացի Եհովայէն եւ իր նշանակած հրեշտակէն, որ ‘անդունդին բանալին ունի’։ Հոն, Սատանան անգործունեայ վիճակի մէջ պիտի ըլլայ, որպէսզի «ա՛լ ազգերը չմոլորեցնէ»։ Իրապէս, այդ «մռնչող առիւծ»ը պիտի պապանձեցուի (Ա. Պետ. 5։8

ԴԷՊՔԵՐ՝ ՈՐՈՆՔ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԻՏԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԵՆ

17, 18. ա) Ո՞ր չերեւցած դէպքերը նկատի առինք մինչեւ հիմա։ բ) Այս դէպքերէն ետք, ինչպիսի՞ ժամանակ պիտի վայելենք։

17 Մասնայատուկ զարգացումներ եւ աշխարհացունց դէպքեր մօտալուտ են։ Անձկագին կը սպասենք որ տեսնենք թէ ինչպէ՛ս «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն» պիտի ըսուի։ Ապա, ականատես պիտի ըլլանք Մեծ Բաբելոնի կործանման, Մագոգի Գոգին յարձակման եւ Արմագեդոնի պատերազմին։ Յետոյ, Սատանան եւ իր դեւերը անդունդը պիտի նետուին։ Այս դէպքերէն ետք, երբ ամբողջ չարութիւնը անհետանայ, կեանքի նոր էջ մը պիտի բացուի մեր առջեւ,– Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութիւնը, որուն ընթացքին «խաղաղութեան առատութիւն» պիտի վայելենք (Սաղ. 37։10, 11

18 Մեր քննարկած հինգ դէպքերուն կողքին, կան այլ «չերեւցածներ», որոնց կ’ուզենք ‘նայիլ’։ Այդ դէպքերը պիտի քննարկուին յաջորդ յօդուածին մէջ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 6 Տե՛ս Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է գիրքը, էջ 251-258։

^ պարբ. 14 «Այս բոլոր թագաւորութիւնները. . . պիտի հատցնէ» նախադասութիւնը, որ եկած է Դանիէլ 2։44–ի մէջ, կ’ակնարկէ այն թագաւորութիւններուն կամ աշխարհակալ ուժերուն, որոնք արձանին մասերով պատկերացուած են։ Սակայն, Աստուածաշունչի զուգահեռ մարգարէութիւն մը ցոյց կու տայ, թէ «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օր»ը «բոլոր աշխարհի թագաւորներ»ը պիտի համախմբուին պատերազմելու Եհովային դէմ (Յայտ. 16։14. 19։19-21)։ Ուրեմն, ոչ միայն արձանին թագաւորութիւնները, այլ նաեւ այս աշխարհի միւս բոլոր թագաւորութիւնները Արմագեդոնին պիտի բնաջնջուին։

^ պարբ. 15 Հազար տարին վերջանալէ ետք, օձին գլուխը վերջնականապէս պիտի ջախջախուի, երբ Սատանան եւ իր դեւերը «կրակի ու ծծումբի լիճին մէջ» ձգուին (Յայտ. 20։7-10. Մատ. 25։41

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 9]

ՊԱՏԱՀԵԼԻՔ ՀԻՆԳ ԴԷՊՔ.

1 «Խաղաղութիւն ու ապահովութիւն» յայտարարել

2 Ազգերը կը յարձակին եւ կը կործանեն «Մեծ Բաբելոն»ը

3 Եհովայի ժողովուրդին վրայ յարձակում

4 Արմագեդոնի պատերազմը

5 Սատանան եւ իր դեւերը անդունդը կը նետուին