Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Ո՛չ օրը գիտէք եւ ո՛չ ժամը»

«Ո՛չ օրը գիտէք եւ ո՛չ ժամը»

«Ո՛չ օրը գիտէք եւ ո՛չ ժամը»

«Արթուն կեցէք, վասն զի ո՛չ օրը գիտէք եւ ո՛չ ժամը» (ՄԱՏ. 25։13

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

Վախճանին օրն ու ժամը չգիտնալով, ի՞նչ կերպերով կ’օգտուինք։

Օծեալները ինչպէ՞ս արթուն կեցած են։

Ի՞նչ կերպերով կրնանք փաստել թէ Քրիստոսին գալուստին պատրաստ ենք։

1-3. ա) Ո՞ր պարագաները կը լուսաբանեն Յիսուսի երկու առակները։ բ) Ո՞ր հարցումներուն պէտք է պատասխանենք։

ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ՛ թէ բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը քեզմէ կը խնդրէ, որ ինքնաշարժով զինք կարեւոր ժամադրութեան մը հասցնես։ Բայց, զինք առնելէ քանի մը վայրկեան առաջ, կը նկատես որ ինքնաշարժիդ մէջ բաւարար վառելանիւթ չկայ, եւ արագօրէն կ’երթաս վառելանիւթ լեցնելու։ Մինչ այդ, պաշտօնեան կը ժամանէ, քեզ կը փնտռէ ու չի գտներ։ Չկարենալով սպասել, ան ուրիշ անհատէ մը կը խնդրէ որ զինք հասցնէ։ Շատ չանցած, կը վերադառնաս ու կ’անդրադառնաս թէ ան ձգած գացած է։ Ինչպէ՞ս կը զգաս։

2 Լաւ, հիմա երեւակայէ որ դուն բարձրաստիճան պաշտօնեան ես եւ երեք ատակ տղամարդիկ ընտրած ես, կարեւոր աշխատանք մը ձեռք առնելու համար։ Պահանջուածը անոնց կը բացատրես եւ երեքը յօժարօրէն կ’ընդունին զայն կատարել։ Բայց որոշ ժամանակ ետք, կը վերադառնաս ու կ’իմանաս որ անոնցմէ միայն երկուքը իրենց աշխատանքը կատարած են։ Աւելին, երրորդը չքմեղանքներ կը ներկայացնէ եւ նոյնիսկ չէ փորձած աշխատիլ։ Ինչպէ՞ս կը զգաս։

3 Կոյսերու եւ տաղանդներու իր առակներուն մէջ, Յիսուս համանման պարագաներ նկարագրելով՝ լուսաբանեց թէ ինչո՛ւ վերջին օրերուն օծեալներէն ոմանք հաւատարիմ ու իմաստուն պիտի ըլլային, իսկ ուրիշներ՝ ոչ (Մատ. 25։1-30 * Ան այս կէտը շեշտեց՝ ըսելով. «Արթուն կեցէք, վասն զի ո՛չ օրը գիտէք եւ ո՛չ ժամը»,– այսինքն, երբ Յիսուս Սատանայի աշխարհին վրայ Աստուծոյ դատաստանը ի գործ պիտի դնէր (Մատ. 25։13)։ Ներկայիս, կրնանք այդ խրատը կիրարկել։ Արթուն մնալով ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ։ Որո՞նք արթուն մնացած են։ Եւ այժմ ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի արթուն մնանք։

ԱՐԹՈՒՆ ՄՆԱԼՈՒՆ ՕԳՈՒՏՆԵՐԸ

4. ‘Արթուն կենալ’ ինչո՞ւ չի նշանակեր աչքերնիս ժամացոյցին վրայ սեւեռած պահել։

4 Որոշ գործունէութիւններ, ինչպէս՝ գործարանի մէջ աշխատիլ, բժիշկի մը այցելել կամ հանրային փոխադրամիջոց առնել, կը պահանջեն որ դրուած յայտագիրը յարգենք։ Սակայն ուրիշ գործունէութիւններու մէջ, ինչպէս՝ հրդեհ մարել կամ աղէտէ մը ետք փրկարար աշխատանքի մասնակցիլ, ժամացոյցին նայիլը կրնայ խանգարիչ կամ աւելի գէշ՝ վտանգաւոր ըլլալ։ Այսպիսի պարագաներու ներքեւ, ա՛լ աւելի կարեւոր է կեդրոնանալ մեր ընելիք գործին վրայ, քան՝ ժամանակին վրայ։ Համանման կերպով, մեր քարոզչութիւնը կ’օգնէ մարդոց, որ փրկութեան համար Եհովայի ըրած կարգադրութիւններուն մասին սորվին։ Քարոզչութիւնը մանաւանդ հիմա կարեւոր է, քանի որ այս աշխարհին վախճանը երթալով աւելի կը մօտենայ։ Որպէս քրիստոնեաներ արթուն կենալ չի նշանակեր աչքերնիս ժամացոյցին վրայ սեւեռած պահել։ Իրականութեան մէջ, վախճանին ճիշդ օրն ու ժամը չգիտնալը առնուազն հինգ օգուտ ունի։

5. Օրն ու ժամը չգիտնալը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեր սրտին մէջինը յայտնելու։

5 Առաջին, վախճանին օրն ու ժամը չգիտնալը մեզի թոյլ կու տայ, որ յայտնենք այն ինչ որ իրապէս մեր սրտին մէջ է։ Իրականութեան մէջ, այդ գիտութիւնը չունենալը մեզ կը պատուէ, թոյլ տալով որ մեր ազատ կամքը գործածենք, Եհովայի հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը ցուցաբերելու։ Թէեւ անձկագին կը սպասենք որ այս աշխարհի վախճանէն վերապրինք, բայց մենք Եհովային կը ծառայենք քանի որ զինք կը սիրե՛նք, եւ ոչ թէ պարզապէս յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգելու համար (կարդա՛ Սաղմոս 37։4Մենք Աստուծոյ կամքը կատարելով կ’ուրախանանք, եւ կը գիտակցինք որ մեզի կը սորվեցնէ մե՛ր օգտին համար (Եսա. 48։17)։ Փորձառաբար գիտենք թէ իր պատուիրանքները ծանր չեն (Ա. Յովհ. 5։3

6. Երբ սէրէ մղուած Աստուծոյ կը ծառայենք, ան ինչպէ՞ս կը զգայ եւ ինչո՞ւ։

6 Երկրորդ, օրն ու ժամը չգիտնալը մեզի պատեհութիւն կու տայ, որ Եհովային սիրտը ուրախացնենք։ Երբ սէրէ՛ մղուած իրեն կը ծառայենք, եւ ոչ թէ յատուկ թուականի մը կամ վարձատրութեան մը պատճառով, կ’օգնենք որ Եհովան իր թշնամիին անհիմն նախատինքներուն պատասխան տայ (Յոբ 2։4, 5. կարդա՛ Առակաց 27։11)։ Բանսարկուին պատճառած ցաւն ու վիշտը գիտնալով, մենք ուրախութեամբ Եհովայի գերիշխանութեան կողքին դիրք կը բռնենք եւ Սատանայի չար իշխանութիւնը կը մերժենք։

7. Ինչո՞ւ կը խորհիս թէ անձնազոհ կեանք վարելը հաճոյալի է։

7 Երրորդ, առանց մասնայատուկ թուական մը ի մտի ունենալու ծառայելը մեզ կը քաջալերէ որ անձնազոհ կեանք մը վարենք։ Ներկայիս, Աստուած չճանչցողներէն ոմանք ալ կը հաւատան, թէ աշխարհը վերջ պիտի գտնէ։ Քանի որ մօտալուտ աղէտէ մը կը վախնան, անոնք «ուտենք ու խմենք, վասն զի վաղը պիտի մեռնինք» կեցուածքը ունին (Ա. Կոր. 15։32)։ Միւս կողմէ, մենք վախ չունինք։ Կը մերժենք մենք մեզ մեկուսացնել անձնական հաճոյքներուն գոհացում տալու համար (Առ. 18։1)։ Փոխարէն, մենք մեզ կ’ուրանանք, եւ յօժարօրէն մեր ժամանակը, կորովը եւ այլ բաներ կը գործածենք, Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը ուրիշներու հետ բաժնելու համար (կարդա՛ Մատթէոս 16։24Աստուծոյ ծառայելուն մէջ ուրախութիւն կը գտնենք, մանաւանդ երբ կ’օգնենք ուրիշներուն որ Աստուած ճանչնան։

8. Աստուածաշունչի ո՞ր օրինակը ցոյց կու տայ, թէ ինչո՛ւ պէտք է աւելի լիակատար կերպով Եհովային եւ իր Խօսքին վստահինք։

8 Չորրորդ, օրն ու ժամը չգիտնալը մեզի կ’օգնէ, որ աւելի լիակատար կերպով Եհովային վստահինք եւ մեր լաւագոյնը ընենք որ իր Խօսքին հնազանդինք։ Քանի որ մեղաւոր ենք, աւելի կը հակինք մեր անձին վստահիլ։ Պօղոս բոլոր քրիստոնեաները յորդորեց. «Ան որ կը սեպէ թէ հաստատուն կեցած է, թող զգուշանայ որ չըլլայ թէ իյնայ»։ Ան նշեց այն 23,000 իսրայէլացիները, որոնք Եհովային հանդէպ անհնազանդ գտնուեցան եւ մեռան Խոստացեալ երկիրը մտնելէ քիչ առաջ։ Պօղոս ըսաւ, թէ «այս բոլոր բաները. . . մեզի՝ քանի որ դարերուն վերջը հասաւ՝ խրատ ըլլալու համար գրուեցան» (Ա. Կոր. 10։8, 11, 12

9. Փորձութիւնները ինչպէ՞ս կրնան մեր հաւատքը եւ Եհովայի հետ մեր բարեկամութիւնը զօրացնել։

9 Հինգերորդ, աշխարհին վախճանին ժամանակը չգիտնալը մեզի թոյլ կու տայ, որ փորձութիւններէն սորվինք եւ մեր հաւատքը զօրացնենք (կարդա՛ Սաղմոս 119։71Այս աշխարհին վերջին օրերը իրապէս «չար ժամանակներ» են (Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Սատանայի աշխարհին մէջ շատեր մեզ կ’ատեն, ուստի կրնայ ըլլալ որ մեր հաւատքին համար հալածուինք (Յովհ. 15։19. 16։2)։ Ճիշդ ինչպէս որ կրակը կրնայ մետաղ զտել, փորձութիւնները կրնան մեր հաւատքը զտել եւ աւելի՛ զօրացնել։ Եթէ խոնարհ ենք եւ Եհովայի առաջնորդութեան կը հետեւինք, փորձութիւնները իրեն ծառայելէ մեզ ետ պիտի չկեցնեն։ Փոխարէն, Եհովայի հետ մեր բարեկամութիւնը մեր երեւակայածէն աւելի՛ զօրաւոր պիտի ըլլայ (Յակ. 1։2-4. 4։8

10. Ժամանակը ե՞րբ կը թուի թէ արագ կ’անցնի։

10 Ժամանակը կրնայ թուիլ թէ արագ կամ կամաց կ’անցնի։ Երբ զբաղած ենք եւ միշտ ժամացոյցին չենք նայիր, ժամանակը արագ կ’անցնի։ Նմանապէս, երբ մեզի յանձնարարուած Եհովայի ոգեւորիչ գործով տարուած ենք, այդ օրն ու ժամը կրնան մեր ակնկալածէն առաջ հասնիլ։ Այս առնչութեամբ, օծեալներուն մեծամասնութիւնը հոյակապ օրինակ հանդիսացած է։ Այժմ, հակիրճ կերպով վերաքաղ ընենք թէ 1914–ին Յիսուս Թագաւոր ըլլալէ ետք ի՛նչ պատահեցաւ եւ տեսնենք թէ ինչպէս ոմանք պատրաստ էին, իսկ ուրիշներ՝ ոչ։

ՕԾԵԱԼՆԵՐԸ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՆ ԹԷ ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՆ

11. 1914–էն ետք, ինչո՞ւ օծեալներէն ոմանք եզրակացուցին թէ Տէրը կ’ուշանար։

11 Ետ դառնանք կոյսերու եւ տաղանդներու Յիսուսի առակներուն։ Եթէ այդ կոյսերը կամ ծառաները գիտնային փեսան կամ տէրը ե՛րբ պիտի գար, անոնք հարկ պիտի չունենային արթուն մնալու։ Բայց քանի որ չէին գիտեր ժամանակը, պէտք է պատրաստ ըլլային։ Թէեւ օծեալները տասնամեակներ շարունակ 1914 թուականը յատկանշական տարի սեպեցին, բայց անոնք յստակ կերպով չէին գիտեր թէ ի՛նչ պիտի պատահէր։ Երբ հարցերը իրենց ակնկալածին պէս տեղի չունեցան, ոմանք խորհեցան թէ փեսան կ’ուշանար։ Եղբայր մը յետագային նշեց. «Մեզմէ քիչեր լրջօրէն խորհեցան թէ [1914–ի] հոկտեմբեր ամսուան առաջին շաբաթը երկինք պիտի երթայինք»։

12. Օծեալները ինչպէ՞ս ցոյց տուին թէ հաւատարիմ ու իմաստուն էին։

12 Պահ մը մտածէ որքա՜ն վհատեցուցիչ եղած ըլլալու էր վախճանը ակնկալել, եւ ատիկա չպատահէր։ Աւելին, Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին, եղբայրները հակառակութիւն դիմագրաւեցին։ Քարոզչութիւնը գրեթէ ամբողջապէս դադրեցաւ։ Կարծես թէ օծեալները քնացած էին։ Բայց 1919–ին, արթննալու կոչ մը կար։ Յիսուս Աստուծոյ հոգեւոր տաճարը եկած էր ու քննութեան ժամանակ մը հասած էր։ Օծեալներէն ոմանք այս քննութեան մէջ ձախողեցան, եւ այլեւս չէին կրնար իրենց Տիրոջ՝ Յիսուսին հաշւոյն աշխատիլ (Մատ. 25։16)։ Անոնք զգաստ չէին. այլ կը նմանէին այդ յիմար կոյսերուն, որոնք իրենց լապտերները ձէթով չլեցուցին, ե՛ւ կը նմանէին ծոյլ ծառային, յօժար չըլլալով Թագաւորութեան համար անձնական զոհողութիւններ ընելու։ Բայց օծեալներուն մեծամասնութիւնը անխախտ հաւատարմութիւն եւ իրենց Տէրոջ ծառայելու զօրաւոր փափաք ցուցաբերեց,– նոյնիսկ պատերազմի դժուար տարիներուն ընթացքին։

13. 1914–էն քիչ ետք, ծառայ դասակարգը ի՞նչ կեցուածք ունէր, իսկ ներկայիս ի՞նչ կեցուածք ունի։

13 Դիտարան–ի 1 փետրուար 1916 թիւը այս յատկանշական արտայայտութիւնը ըրաւ. «Եղբայրնե՛ր, մեզմէ անոնք՝ որոնք Աստուծոյ հանդէպ շիտակ կեցուածք ունին, Անոր ըրած կարգադրութիւններով յուսախաբ չեն ըլլար։ Մենք չուզեցինք որ մեր կամքը կատարուի. ուստի, երբ նշմարեցինք թէ 1914–ի հոկտեմբերին առնչութեամբ սխալ բան մը կ’ակնկալէինք, ուրախացանք որ Տէրը իր Ծրագիրը չփոխեց մեզի յարմարելու համար։ Արդէն մենք չենք ուզեր որ ան այդպէս ընէ, այլ՝ կը փափաքինք իր ծրագիրներն ու նպատակները հասկնալ»։ Այժմու օծեալները ե՛ւս այսպիսի խոնարհութեամբ եւ նուիրուածութեամբ յատկանշուած են։ Անոնք չեն դաւանիր որ ներշնչուած են, այլ կը վճռեն Յիսուսի յանձնարարած գործը կատարել։ Եւ այժմ, երկրային յոյս ունեցող «ուրիշ ոչխարներ»ու «մեծ բազմութիւն մը» անոնց արթնութիւնը եւ նախանձախնդրութիւնը կ’ընդօրինակէ (Յայտ. 7։9. Յովհ. 10։16

ՈՒՐԻՇ ՈՉԽԱՐՆԵՐԸ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՆ ԹԷ ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՆ

14. Ինչո՞ւ մեզի համար լաւ է որ հաւատարիմ ու ծառայ դասակարգին սորվեցուցածին հնազանդինք։

14 Աստուած հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգը ընտրեց, որ իր ժողովուրդին հոգեւոր սնունդ տայ, կամ անոնց սորվեցնէ ինչպէ՛ս իր Խօսքէն եւ հոգիէն օգտուիլ։ Ինչպէս որ օծեալ քրիստոնեաները կ’ընեն, մեծ բազմութեան պատրաստ կեցած անդամները ծառային սորվեցուցածին կը հնազանդին։ Այսպէս, անոնք կարծես թէ իրենց լապտերները ձէթով կը լեցնեն (կարդա՛ Սաղմոս 119։130. Յովհաննէս 16։13Առ ի արդիւնք, անոնք եւս կրնան պատրաստ կենալ Քրիստոսի վերադարձին համար, եւ քաջութիւն ունենալ հաւատարիմ մնալու՝ նոյնիսկ ամէնէն դժուար պարագաներու ներքեւ։ Օրինակ, նացի ճամբարներէն մէկուն մէջ, եղբայրները միայն մէկ Աստուածաշունչ ունէին. ուստի, աղօթեցին որ յաւելեալ հոգեւոր սնունդ ձեռք ձգեն։ Անկէ քիչ ետք, անոնք իմացան որ նոր բանտարկուած եղբայր մը կրցած էր իր տախտակէ ոտքին մէջ Դիտարան–ի վերջին թիւերը պահել։ Վերապրող օծեալ եղբայր մը՝ Էրնսթ Վաուեր, յետագային ըսաւ. «Եհովան հիանալի կերպով մեզի օգնեց, որ յօդուածներուն քաջալերական կէտերը գոց սորվինք»։ Ապա ան ըսաւ. «Այսօր, հոգեւոր սնունդ ձեռք ձգելը շատ դիւրին է, բայց արդեօք միշտ զայն կ’արժեւորե՞նք։ Վստահ եմ որ Եհովան առատ օրհնութիւններ վերապահած է անոնց՝ որոնք իրեն կը վստահին, հաւատարիմ կը մնան եւ իր սեղանէն կը ճաշակեն»։

15, 16. Ծառայութեան մէջ զոյգի մը նախանձախնդրութիւնը ինչպէ՞ս վարձատրուեցաւ, եւ այսպիսի փորձառութիւններէ ի՞նչ կրնաս սորվիլ։

15 Ուրիշ ոչխարները Քրիստոսի եղբայրներուն կ’օգնեն, քարոզչութեան մէջ զբաղած մնալով (Մատ. 25։40)։ Յիսուսի առակին մէջի չար ու ծոյլ ծառային հակառակը, անոնք յօժար են զոհողութիւններ ընելու եւ ծանր աշխատելու, որպէսզի Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնեն։ Օրինակ, Ճոնէն ու Մասաքոյէն խնդրուեցաւ, որ Քենիայի մէջ չինախօս դաշտին թիկունք կանգնին։ Սկիզբը, անոնք վստահ չէին որ պէտք է երթան։ Բայց իրենց պարագան նկատի առնելէ եւ աղօթելէ ետք, անոնք որոշեցին հոն փոխադրուիլ։

16 Ծառայութեան մէջ իրենց նախանձախնդրութեան պատճառով, Եհովան իրենց ջանքերը օրհնեց։ Անոնք ըսին. «Հոս քարոզելը հիանալի է»։ Անոնք Աստուածաշունչի եօթը ուսումնասիրութիւններ սկսան եւ բազմաթիւ հետաքրքրական փորձառութիւններ ունեցան։ Անոնք եզրափակեցին իրենց խօսքը, ըսելով. «Ամէն օր շնորհակալութիւն կը յայտնենք Եհովային որ մեզի թոյլ տուաւ որ հոս գանք»։ Անշուշտ, բազմաթիւ եղբայրներ եւ քոյրեր ցոյց տուած են, որ կ’ուզեն Աստուծոյ լիովին ծառայել ե՛րբ որ ալ վախճանը գայ։ Պահ մը խորհէ այն հազարաւորներուն մասին, որոնք Գաղաադի դպրոցը աւարտեցին եւ միսիոնարական ծառայութեան ձեռնարկեցին։ Կրնաս միսիոնարական ծառայութեան մասին աւելին գիտնալ՝ կարդալով Դիտարան–ի 15 հոկտեմբեր 2001 թիւին մէջ «Մեր լաւագոյնը կ’ընենք» յօդուածը։ Եւ մինչ կը կարդաս զայն, մտածէ թէ ինչպէ՛ս կրնաս Աստուծոյ ծառայութեան մէջ աւելի՛ն ընել։ Ծառայութիւնդ զինք պիտի փառաբանէ եւ քեզ աւելի՛ պիտի ուրախացնէ։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԵ՛ՆՔ ԱՐԹՈՒՆ ԿԵՆԱԼ

17. Օրն ու ժամը չգիտնալը ինչպէ՞ս օրհնութիւն եղած է մեզի համար։

17 Յստակ է որ այս աշխարհի վախճանին ճիշդ օրն ու ժամը չգիտնալը մեզի համար օրհնութիւն եղած է։ Փոխանակ յուսախաբ ըլլալու, մենք մեզ մեր սիրալիր հօր՝ Եհովային՝ աւելի մօտ կը զգանք, մինչ իր կամքը կատարելով զբաղած ենք։ Քանի որ մեր ձեռքը մաճին վրայ դրած ենք,– այլաբանօրէն խօսելով,– եւ խանգարումներէ խուսափած ենք, Եհովային ծառայելով ուրախ կեանք մը ունինք (Ղուկ. 9։62

18. Ինչո՞ւ կ’ուզենք Աստուծոյ ծառայելու մէջ հաւատարիմ մնալ։

18 Այս աշխարհին վախճանը մօտալուտ է։ Մեզմէ ո՛չ ոք կ’ուզէ Եհովան կամ Յիսուսը յուսախաբ ընել։ Այս վերջին օրերուն մէջ, անոնք մեզի ծառայութեան հոյակապ առանձնաշնորհումներ վստահած են. եւ մեզի հանդէպ իրենց ունեցած վստահութիւնը շա՜տ կ’արժեւորենք (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 1։12

19. Ինչպէ՞ս կրնանք արթուն կենալ։

19 Մեր յոյսը ըլլա՛յ երկնային կամ երկրային, պիտի շարունակենք քարոզելու եւ աշակերտելու Աստուծոյ պատուէրին հնազանդիլ։ Թէեւ տակաւին չենք գիտեր Եհովայի օրը ե՛րբ պիտի գայ,– հարկ ալ չկայ գիտնալու,– բայց կրնա՛նք եւ պիտի՛ շարունակենք արթուն կենալ (Մատ. 24։36, 44)։ Վստահ ենք որ այնքան ատեն որ Եհովային լիովին կը վստահինք եւ իր Թագաւորութիւնը առաջին տեղը կը դնենք, յուսախաբ պիտի չըլլանք (Հռով. 10։11

[Ստորանիշ]

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 27]

Երբ քրիստոնէական գործունէութիւններու վրայ կեդրոնացած կ’ըլլանք, ժամանակը արագ կ’անցնի