Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Համաժողովներ. ուրախ առիթներ

Համաժողովներ. ուրախ առիթներ

Համաժողովներ. ուրախ առիթներ

«Հաւաքեցէք ժողովուրդը՝ այրերը, կիները, տղաքներն ու քաղաքներուդ մէջ եղող օտարականները» (Բ. ՕՐ. 31։12

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

Ո՞ր օրինակները ցոյց կու տան, թէ համաժողովները միշտ կարեւոր եղած են Եհովայի ժողովուրդին համար։

Երուսաղէմի մէջ տօներուն ներկայ գտնուելու համար, բազմաթիւ իսրայէլացիներ ի՞նչ զոհողութիւններ ըրին։

Ինչո՞ւ իւրաքանչիւր համաժողովի ներկայ պէտք է գտնուիս։

1, 2. Այս յօդուածին մէջ համաժողովներու մասին ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

ՏԱՐԻՆԵՐԷ ի վեր, Եհովայի վկաները մէկտեղ կը հաւաքուին միջազգային եւ նահանգային համաժողովներու մէջ։ Մեզմէ շատեր այս համաժողովներուն ներկայ գտնուած են,– թերեւս բազմաթիւ համաժողովներու։

2 Հազարաւոր տարիներ առաջ, Աստուծոյ ժողովուրդը ե՛ւս համաժողովներ ունէր։ Այս յօդուածին մէջ, նկատի պիտի առնենք Աստուծոյ վաղեմի ժողովուրդին համաժողովները եւ թէ անոնք ինչպէ՛ս համանման էին մեր այժմու համաժողովներուն։ Նաեւ, նկատի պիտի առնենք թէ ինչո՛ւ լաւ է որ ատոնց ներկայ գտնուինք (Սաղ. 44։1. Հռով. 15։4

ՎԱՂԵՄԻ ԵՒ ԱՐԴԻ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐ

3. ա) Ըստ Աստուածաշունչին, Աստուծոյ ժողովուրդին առաջին համաժողովին ընթացքին ի՞նչ պատահեցաւ։ բ) Իսրայէլացիները ինչպէ՞ս կը գիտնային ե՛րբ համախմբուիլ։

3 Աստուածաշունչի մէջ նշուած առաջին հսկայ համաժողովը տեղի ունեցաւ, երբ բոլոր իսրայէլացիները Սինա լերան ստորոտը հաւաքուեցան, Եհովայէն ցուցմունքներ ստանալու համար։ Ատիկա մաքուր պաշտամունքի պատմութեան մէջ մասնայատուկ առիթ մըն էր եւ անմոռանալի օր մը։ Եհովան իսրայէլացիներուն ցոյց տուաւ իր զօրութիւնը, ինչպէս նաեւ Մովսէսի միջոցաւ փոխանցեց իր Օրէնքը (Ել. 19։2-9, 16-19. կարդա՛ Ելից 20։18. Բ. Օրինաց 4։9, 10)։ Այդ օրը, Աստուծոյ հետ իսրայէլացիներու փոխյարաբերութիւնը նոր ուղղութիւն ստացաւ։ Համաժողովէն կարճ ժամանակ ետք, Եհովան Մովսէսին ըսաւ ժողովուրդը ինչպէ՛ս ժողվել։ Անոր ըսաւ որ արծաթէ երկու փողեր շինէ։ Երբ երկու փողերը հնչուէին, իսրայէլացիները կը գիտնային թէ «վկայութեան խորանին դուռը» պէտք է երթային (Թուոց 10։1-4)։ Փորձէ երեւակայել թէ այս համաժողովներուն ընթացքին ժողովուրդը որքա՜ն խանդավառ եղած ըլլալու էր։

4, 5. Մովսէսի եւ Յեսուի կազմակերպած համաժողովները ինչո՞ւ կարեւոր էին։

4 Իսրայէլացիները շուրջ 40 տարի անապատին մէջ թափառելէ ետք, Մովսէս ամբողջ ազգին համար համաժողով մը կազմակերպեց։ Ասիկա նորակազմ ազգին պատմութեան շատ կարեւոր մէկ պահուն տեղի ունեցաւ։ Անոնք Խոստացեալ երկիրը մտնելու վրայ էին. ուստի, յարմար էր որ Մովսէս իրենց յիշեցնէր բոլո՛ր այն բաները, որոնք Եհովան իրենց համար ըրած էր եւ պիտի ընէր (Բ. Օր. 29։1-15. 30։15-20. 31։30

5 Թերեւս այդ առիթին էր, որ Մովսէս ժողովուրդին ըսաւ որ յատուկ համաժողով մը պիտի ըլլար։ Եօթը տարին անգամ մը՝ Տաղաւարահարաց տօնին՝ բոլոր տղամարդիկը, կիները, երեխաները եւ օտարները, Եհովայի ընտրած վայրին մէջ պէտք է հաւաքուէին։ Հոն՝ Եհովային Օրէնքին մասին պիտի սորվէին, որպէսզի իրմէ վախնային եւ իրեն հնազանդէին (կարդա՛ Բ. Օրինաց 31։1, 10-12Յստակ էր որ Եհովան կ’ուզէր որ իր ժողովուրդը մէկտեղ հաւաքուէր, իր պատուէրներուն ու կամքին մասին սորվելու համար։ Յետագային, Խոստացեալ երկիրը նուաճելէ ետք, Յեսու իսրայէլացիներուն ըսաւ որ մէկտեղ հաւաքուին։ Այդ ատեն, հեթանոս ազգեր զիրենք կը շրջապատէին, ուստի ան գիտէր որ Եհովայի հաւատարիմ մնալու համար, անոնք քաջալերութեան պէտք ունէին։ Այդ օրը, ժողովուրդը լրջօրէն խոստացաւ Աստուծոյ ծառայել (Յես. 23։1, 2. 24։1, 15, 21-24

6, 7. Արդի ժամանակներուն, մասնաւորապէս կարեւոր ի՞նչ համաժողովներ տեղի ունեցած են։

6 Արդի ժամանակներուն, նաեւ տեղի ունեցած են մասնաւորապէս կարեւոր համաժողովներ։ Այս համաժողովներուն մէջ, յայտարարուեցաւ որ կազմակերպութեան աստուածպետական գործունէութիւններուն ե՛ւ որոշ համարներու մեր հասկացողութեան մէջ փոփոխութիւններ մտցուեցան (Առ. 4։18)։ Ա. Աշխարհամարտէն ետք, 1919–ին, Աստուածաշունչի Աշակերտները իրենց առաջին հսկայ համաժողովը ունեցան Սիտըր Փոյնթի մէջ, Օհայօ (ԱՄՆ). եւ ներկաներուն թիւն էր՝ 7000 հոգի։ Այդ համաժողովին մէջ յայտարարուեցաւ, որ Աստուծոյ ժողովուրդը մասնաւոր ջանք պիտի թափէր, ամբողջ աշխարհի տարածքին քարոզելու համար։ 1922–ին, նոյն վայրին մէջ, ինը օր տեւող համաժողովի մը ընթացքին, Ճոզէֆ Ֆ. Ռատըրֆորտ ազդու դասախօսութիւն մը տուաւ, որուն մէջ ներկաները քաջալերեց որ շարունակեն ամէնուրեք քարոզել՝ ըսելով. «Տէրոջ համար հաւատարիմ ու ճշմարիտ վկաներ եղէ՛ք։ Պայքարին մէջ շարունակեցէք, մինչեւ որ Բաբելոնի ամէն հետք չքանայ։ Պատգամը ամէնուրեք ծանուցանեցէք։ Աշխարհը պէտք է գիտնայ թէ Եհովա՛ն է Աստուած եւ թէ Յիսուս Քրիստոս թագաւորներուն Թագաւորն է եւ տէրերուն Տէրը։ Ասիկա կարեւորագոյն օր է։ Ահաւասի՛կ Թագաւորը կ’իշխէ։ Դուք անոր ներկայացուցիչներն էք։ Հետեւաբար, ծանուցանեցէ՛ք, ծանուցանեցէ՛ք, ծանուցանեցէ՛ք Թագաւորը եւ անոր Թագաւորութիւնը»։ Արդիւնքն այն էր որ ներկաները, ինչպէս նաեւ աշխարհի տարածքին գտնուող Աստուծոյ ժողովուրդը, սկսան աւելի՛ նախանձախնդրութեամբ քարոզել։

7 1931–ին, Գոլըմպըսի մէջ, Օհայօ, տեղի ունեցած համաժողովի մը ընթացքին, Աստուածաշունչի Աշակերտները շա՜տ ուրախացան Եհովայի վկաներ անունը ընդունելով։ Ապա, 1935–ին, Ուաշինկթըն մայրաքաղաքին մէջ, Եղբայր Ռատըրֆորտ բացատրեց թէ ո՛վ է «մեծ բազմութիւն»ը, որուն մասին Յայտնութիւնը կ’ըսէ, թէ «աթոռին առջեւ ու Գառնուկին առջեւ կեցեր» է (Յայտ. 7։9-17)։ Ետքը, 1942–ին, Բ. Աշխարհամարտին ընթացքին, Նաթան Հ. Նոր ոգեւորիչ դասախօսութիւն մը տուաւ՝ «Խաղաղութիւնը կրնա՞յ յարատեւել» խորագրով։ Ան բացատրեց թէ Յայտնութեան 17–րդ գլուխի «կարմիր գազան»ը ի՛նչ է, եւ ըսաւ թէ պատերազմէն ետք քարոզչութեան մէջ ընելիք շատ բան պիտի ըլլայ։

8, 9. Աստուծոյ ժողովուրդին համար, ինչո՞ւ կարգ մը համաժողովներ յուզիչ առիթներ եղած են։

8 1946–ին, «Ուրախ ազգեր» խորագրով համաժողովին ընթացքին, Եղբայր Նոր շատ հետաքրքրաշարժ դասախօսութիւն մը ներկայացուց՝ «Վերանորոգման եւ ընդարձակման խնդիրները» բնաբանով։ Եղբայր մը, որ այդ դասախօսութեան ընթացքին բեմին վրայ էր, ներկաներուն հակազդեցութեան մասին գրեց, թէ երբ Եղբայր Նոր Պրուքլինի Բեթէլի ընդարձակման մասին խօսեցաւ, ներկաները անդադար ծափահարեցին։ Նոյնիսկ հեռուէն դիւրին էր ներկաներուն խանդավառութիւնը նշմարել։ 1950–ին, Նիւ Եորք քաղաքին մէջ, միջազգային համաժողովի մը ընթացքին, ներկաները ուրախացան երբ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը ստացան։ Յետագային, ասիկա արդի անգլերէն լեզուով Աստուածաշունչին մէկ մասը դարձաւ, որ Աստուծոյ անունը պատշաճօրէն ետ զետեղեց Իր Խօսքին մէջ (Եր. 16։21

9 Համաժողովներ կազմակերպուած են կարգ մը երկիրներու մէջ, ուր Եհովայի վկաները հալածուած էին կամ քարոզելը արգիլուած էր։ Ատոնք ներկաներուն համար յուզիչ առիթներ եղած են։ Օրինակ, Ատոլֆ Հիթլեր ըսած էր որ Գերմանիոյ մէջ եղող Եհովայի վկաները պիտի բնաջնջէր։ Բայց 1955–ին, Նուրեմպէրկի մէջ 107,000 Վկաներ համաժողով ունեցան հոն՝ ուր Հիթլեր եւ իր համակիրները սովորաբար կը հաւաքուէին։ Ներկաներէն շատեր իրենց ուրախութենէն արցունք թափեցին։ 1989–ին, 166,518 եղբայրներ ու քոյրեր Լեհաստան եկան, ներկայ գտնուելու համար՝ երեք տարբեր վայրերու մէջ տեղի ունեցող «Աստուածպաշտութիւն» խորագրով համաժողովներու։ Շատեր եկան Խորհրդային Միութենէն, Չեխոսլաւաքիայէն եւ Արեւելեան Եւրոպայի ուրիշ երկիրներէ։ Ոմանց համար առաջին անգամն էր, որ կը հաւաքուէին Աստուծոյ ծառաներուն հետ, որոնք 15-20 հոգիէ աւելի էին։ Եւ երեւակայէ «Աստուածային ուսուցում» խորագրով միջազգային համաժողովին ներկայ եղողներուն ուրախութիւնը, որ տեղի ունեցաւ 1993–ին, Գիէվի մէջ, Ուքրանիա, երբ 7402 անհատներ մկրտուեցան։ Ասիկա ցարդ մէկ օրուան մէջ մկրտուող Եհովայի վկաներու ամէնէն բարձր թիւն է (Եսա. 60։22. Ան. 2։7

10. Ո՞ր համաժողովները շատ արժէքաւոր են քեզի համար եւ ինչո՞ւ։

10 Կրնայ ըլլալ որ կարգ մը նահանգային համաժողովներ կամ միջազգային համաժողովներ քեզի համար շատ արժէքաւոր են։ Կը յիշե՞ս այն առաջին համաժողովը, որուն ներկայ գտնուեցար կամ այն՝ որուն մէջ մկրտուեցար։ Ասոնք Եհովայի մատուցած պաշտամունքիդ մէջ շատ կարեւոր դէպքեր են, որոնք պէտք չէ մոռնաս։ Անոնք գեղեցիկ յիշատակներ են (Սաղ. 42։4

ԿԱՆՈՆԱՒՈՐ ՈՒՐԱԽ ԱՌԻԹՆԵՐ

11. Իսրայէլացիները ամէն տարի ո՞ր տօները պէտք էր տօնէին։

11 Եհովան իսրայէլացիներէն պահանջեց, որ ամէն տարի երեք տօներու համար Երուսաղէմի մէջ հաւաքուին։ Այդ երեք տօներն էին՝ Բաղարջակերաց տօնը, Շաբաթներու տօնը (որ յետագային կոչուեցաւ Պէնտէկոստէ) եւ Տաղաւարահարաց տօնը։ Աստուած իսրայէլացիներուն ըսաւ. «Տարին երեք անգամ քու բոլոր արուներդ Տէր Եհովային առջեւ թող երեւնան» (Ել. 23։14-17)։ Բազմաթիւ տղամարդիկ գիտէին այս տօներուն կարեւորութիւնը Եհովայի պաշտամունքին մէջ. անոր համար իրենց ամբո՛ղջ ընտանիքին հետ Երուսաղէմ կ’երթային (Ա. Թագ. 1։1-7. Ղուկ. 2։41, 42

12, 13. Ամէն տարի, տօներուն ներկայ գտնուելու համար, բազմաթիւ իսրայէլացիներ ի՞նչ պէտք է ընէին։

12 Պահ մը խորհէ՛ թէ իսրայէլացի ընտանիքի մը համար ի՛նչ կը նշանակէր այդ ճամբորդութիւնը կատարել։ Օրինակ, Նազարէթէն Երուսաղէմ երթալու համար, Յովսէփ եւ Մարիամ ստիպուած էին շուրջ 100 քմ կտրել։ Քու կարծիքովդ, որքա՞ն ժամանակ պիտի առնէր որ երեխաներու հետ քալելով ա՛յդքան հեռաւորութիւն կտրէիր։ Պատանի Յիսուսի այցելութեան արձանագրութիւնը կը յայտնէ, թէ ատեններ ազգականներ եւ բարեկամներ միասին կը ճամբորդէին։ Երեւակայէ անոնց ընկերակցութիւնը, միասնաբար ճաշեր պատրաստելը եւ անծանօթ վայրերու մէջ քնանալը։ Գիտենք թէ ճամբորդութիւնը ապահով եղած ըլլալու էր, քանի որ Յիսուսի ծնողքը իրեն որոշ ազատութիւն տուած էր, թէեւ ան միայն 12 տարեկան էր։ Արդարեւ, այս տօները որքա՜ն անմոռանալի առիթներ էին, մա՛նաւանդ երեխաներուն համար (Ղուկ. 2։44-46

13 Իսրայէլացիները երկրագունդի այլ մասեր ցրուելէ ետք, տօներուն ներկայ գտնուողները բազմաթիւ ազգերէ կու գային։ Մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէին, հրեաները եւ Եհովայի այլ երկրպագուներ ցոյց տուին թէ այս տօները կ’արժեւորէին, Երուսաղէմ ճամբորդելով՝ զոր օրինակ, Իտալիայէն, Լիպիայէն, Կրետէէն, Փոքր Ասիայէն եւ Միջագետքէն (Գործք 2։5-11. 20։16

14. Ամէն տարի տօներուն ներկայ գտնուելով, իսրայէլացիները ինչպէ՞ս զգացին։

14 Հաւատարիմ իսրայէլացիներուն համար, այս ճամբորդութիւններուն ամէնէն կարեւոր եւ ոգեւորիչ բանն էր՝ Եհովան պաշտել զինք սիրող հազարաւոր երկրպագուներու հետ։ Տօներուն ներկայ գտնուողները ինչպէ՞ս զգացին։ Երբ իր ժողովուրդին կը խօսէր Տաղաւարահարաց տօնին մասին, Եհովան ըսաւ. «Տօնիդ մէջ ուրախութիւն ըրէք դուն ու քու տղադ եւ աղջիկդ, քու ծառադ ու աղախինդ, քաղաքներուդ մէջ եղող Ղեւտացին, օտարականը եւ որբն ու որբեւարին։ Քու Տէր Աստուածդ քու բոլոր բերքերդ ու ձեռքիդ բոլոր գործերը օրհնելուն համար, Տէրոջը ընտրած տեղը քու Տէր Աստուծոյդ եօթը օր տօն պահելով ուրախութիւն ըրէ» (Բ. Օր. 16։14, 15. կարդա՛ Մատթէոս 5։3

ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅԺՄՈՒ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ԱՐԺԵՒՈՐԵՆՔ

15, 16. ա) Համաժողովներուն ներկայ գտնուելու համար, ի՞նչ զոհողութիւններ ըրած ես։ բ) Ինչո՞ւ այդ զոհողութիւնները ուրախութեամբ ըրած ես։

15 Անցեալի այդ տօները Աստուծոյ այժմու ժողովուրդին համար հոյակապ օրինակներ են։ Շատ մը կերպերով, մեր համաժողովները ատոնց համանման են։ Վաղեմի իսրայէլացիներուն նման, մեզմէ շատեր համաժողովներու ներկայ գտնուելու համար զոհողութիւններ պէտք է ընեն։ Սակայն, մենք ուրախութեամբ այդ զոհողութիւնները կ’ընենք, քանի որ գիտենք թէ հոն ներկայ գտնուելով որքա՜ն պիտի օգտուինք։ Համաժողովները տակաւին հոգեւոր կարեւոր առիթներ են։ Աստուծոյ հետ մեր բարեկամութիւնը զօրաւոր պահելու համար, այդտեղ ներկայացուած տեղեկութիւններուն եւ հասկացողութեան պէտք ունինք։ Համաժողովները մեզ կը մղեն, որ Աստուածաշունչէն մեր սորվածը կիրարկենք եւ կ’օգնեն որ խնդիրներէ հեռու մնանք։ Ինչպէս նաեւ մեզ կը քաջալերեն, որ խուսափինք բաներէ, որոնք կրնան մեզ մտահոգել, եւ մեզ կը յորդորեն որ մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնենք այն բաները, որոնք մեզ պիտի ուրախացնեն (Սաղ. 122։1-4

16 Համաժողովներուն ներկայ եղողները միշտ կ’ուրախանան։ 1946–ի հսկայ համաժողովի մը մասին եղած տեղեկագրութիւնը ցոյց տուաւ, թէ ոգեւորիչ էր հազարաւո՜ր ուրախ Վկաներ մէկտեղ տեսնել։ Եւ մա՛նաւանդ ոգեւորիչ էր ունկնդրել մեծ նուագախումբին նուագը ու Եհովային գովերգելը ներկաներուն կողմէ։ Տեղեկագրութիւնը նաեւ նշեց, թէ շատեր կամաւորաբար զանազան բաժանմունքներու մէջ աշխատեցան։ Անոնք ուրա՛խ էին իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն ծառայելով։ Արդեօք դուն եւս այսպէս ոգեւորուա՞ծ ես նահանգային կամ միջազգային համաժողովներուն ընթացքին (Սաղ. 110։3. Եսա. 42։10-12

17. Համաժողովներ կազմակերպելը ինչպէ՞ս փոխուած է։

17 Համաժողովներ կազմակերպելը կարգ մը ձեւերով փոխուած է։ Օրինակ, ոմանք կը յիշեն թէ նախապէս ատոնք ութ օր կը տեւէին։ Առաւօտուն, յետմիջօրէին եւ իրիկունը նիստեր կ’ըլլային։ Դաշտի ծառայութիւնը յայտագրին կանոնաւոր մէկ մասն էր։ Ատեններ, յայտագիրը կը սկսէր առաւօտեան ժամը 9։00–ին եւ վերջ կը գտնէր իրիկունը՝ 9։00–ին։ Կամաւորները ջանադրութեամբ երկա՜ր ժամեր կ’աշխատէին, բոլորին նախաճաշ, ճաշ եւ ընթրիք պատրաստելու համար։ Ներկայիս, համաժողովները այլեւս այդպէս չեն ընթանար։ Եղբայրներուն եւ քոյրերուն մեծամասնութիւնը կրնայ յայտագրին աւելի ուշադրութիւն ընծայել, քանի որ ամէն անհատ իր ճաշը համաժողովի կը բերէ։

18, 19. Համաժողովներուն ո՞ր մասերը մասնաւորաբար կը սիրես եւ ինչո՞ւ։

18 Միշտ անձկագին կը սպասենք յայտագրին մէջ կարգ մը բաներու, որոնք երկա՜ր տարիներ համաժողովներուն մէկ մասը եղած են։ Օրինակ, ‘ատենին կերակուր’ կը ստանանք դասախօսութիւններէն եւ նոր հրատարակութիւններէն, որոնք մեզի կ’օգնեն աստուածաշնչական մարգարէութիւնները եւ ուսուցումները աւելի լաւ կերպով հասկնալու (Մատ. 24։45)։ Այդ հրատարակութիւններուն մեծամասնութիւնը կրնանք գործածել մարդոց օգնելու, որ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները հասկնան։ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած թատերախաղերը բոլորի՛ս կ’օգնեն,– ըլլա՛նք երիտասարդ կամ տարեց,– որպէսզի վստահ ըլլանք որ ճիշդ պատճառով Եհովային կը ծառայենք, ե՛ւ մեր միտքը պահպանենք աշխարհի ապականիչ մտածելակերպէն։ Մկրտութեան դասախօսութիւնը բոլորիս կ’օգնէ որ մեր կեանքին կարեւորագոյն բաներուն մասին մտածենք։ Ինչպէս նաեւ կ’ուրախանանք երբ կը տեսնենք ուրիշներ Եհովայի ըրած իրենց նուիրումը կը յայտնեն՝ մկրտուելով։

19 Հազարաւոր տարիներ շարունակ, համաժողովները մաքուր պաշտամունքին մէկ մասը եղած են։ Անոնք մեզի կ’օգնեն որ ուրախ ըլլանք եւ դժուար ժամանակներուն մէջ Եհովայի հաւատարիմ մնանք, ինչպէս նաեւ մեզ կը քաջալերեն որ իրեն աւելի՛ ծառայենք։ Ատոնք մեզի պատեհութիւն կ’ընծայեն, որ նոր բարեկամներու ծանօթանանք, եւ մեզի կ’օգնեն գիտնալու թէ ի՛նչ կը նշանակէ միջազգային ընտանիքի մէկ անդամը ըլլալ։ Համաժողովները շատ կարեւոր կերպ մըն են, որով Եհովան իր ժողովուրդը կ’օրհնէ եւ կը հոգայ։ Վստահաբար, բոլորս չենք ուզեր իւրաքանչիւր համաժողովէն մէկ նիստ իսկ փախցնել (Առ. 10։22

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 30]

1950–ի միջազգային համաժողովը, Նիւ Եորք քաղաքը

[Նկար՝ էջ 32]

Հարաւային Քորէա

[Նկար՝ էջ 32]

Մոզամպիկ