Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուսի օրինակելի խոնարհութիւնը

Յիսուսի օրինակելի խոնարհութիւնը

Յիսուսի օրինակելի խոնարհութիւնը

«Ձեզի օրինակ մը տուի, որպէս զի ինչպէս ես ձեզի ըրի՝ դուք ալ ընէք» (ՅՈՎՀ. 13։15

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

Աստուծոյ Որդին երկնքի մէջ ինչպէ՞ս խոնարհութիւն ցուցաբերեց։

Երկրի վրայ, Յիսուս ինչպէ՞ս խոնարհութիւն ցուցաբերեց։

Յիսուսի խոնարհութեան օգուտները ի՞նչ եղած են։

1, 2. Իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը, Յիսուս առաքեալներուն ի՞նչ դաս սորվեցուց։

ՅԻՍՈՒՍԻ երկրային կեանքին վերջին գիշերն է։ Առաքեալներուն հետ ան Երուսաղէմի մէկ տան վերնատան մէջ է։ Մինչ կ’ընթրեն, Յիսուս ոտքի կ’ելլէ եւ հանդերձները մէկդի կը դնէ։ Ղենջակ մը առնելով՝ մէջքը կը փաթթէ ու կոնքի մը մէջ ջուր կը լեցնէ։ Ապա, կը սկսի աշակերտներուն ոտքերը լուալ եւ ղենջակով սրբել։ Վերջանալէ ետք, իր հանդերձները առնելով՝ ան ետ սեղան կը նստի։ Յիսուս ինչո՞ւ այսպիսի խոնարհ արարք մը գործեց (Յովհ. 13։3-5

2 Յիսուս ինք բացատրեց. «Գիտէ՞ք, ի՛նչ ըրի ձեզի»։ Ապա շարունակեց. «Եթէ ես Տէրս ու Վարդապետս ձեր ոտքերը լուացի, ուրեմն պէտք է որ դուք ալ իրարու ոտքերը լուաք։ Վասն զի ձեզի օրինակ մը տուի, որպէս զի ինչպէս ես ձեզի ըրի՝ դուք ալ ընէք» (Յովհ. 13։12-15)։ Իր խոնարհ արարքով, Յիսուս առաքեալներուն սորվեցուց անմոռանալի դաս մը, որ զիրենք պիտի քաջալերէր խոնարհ ըլլալու։

3. ա) Երկու առիթներով, Յիսուս ինչպէ՞ս խոնարհութեան կարեւորութիւնը ցոյց տուաւ։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի սորվինք։

3 Յիսուս այս դէպքէն առա՛ջ ալ խոնարհութեան կարեւորութիւնը ընդգծած էր։ Առիթով մը, առաքեալները կը վիճէին թէ իրենց մէջ ո՛վ մեծ է։ Յիսուս տղեկ մը առաւ ու զանիկա իր քով կանգնեցնելով՝ անոնց ըսաւ. «Ով որ այս տղան իմ անունովս ընդունի՝ զիս կ’ընդունի. եւ ան որ զիս կ’ընդունի՝ անիկա զիս ղրկողը կ’ընդունի. վասն զի ան որ ձեր ամենուն մէջ պզտիկ է, անիկա մեծ պիտի ըլլայ» (Ղուկ. 9։46-48)։ Յետագային, երբ Յիսուս կը խօսէր երեւելիութիւն փնտռող փարիսեցիներուն հետ, ըսաւ. «Ամէն ով որ իր անձը կը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ» (Ղուկ. 14։11)։ Յստակ է որ Յիսուս կ’ուզէ որ իր հետեւորդները խոնարհ ըլլան, այսինքն՝ հպարտութենէ եւ ինքնահաւանութենէ զերծ։ Ուստի, բծախնդրաբար ուսումնասիրենք Յիսուսի խոնարհութիւնը, որպէսզի կարենանք զայն ընդօրինակել։ Ասկէ զատ, պիտի սորվինք թէ ինչպէ՛ս այս յատկութիւնը կ’օգնէ ոչ միայն զինք ցուցաբերողին, այլ նաեւ՝ ուրիշներուն։

«ԵՏ ՉԴԱՐՁԱՅ»

4. Երկիր գալէ առաջ, Աստուծոյ միածին Որդին ինչպէ՞ս խոնարհութիւն ցուցաբերեց։

4 Աստուծոյ միածին Որդին նոյնիսկ երկիր գալէ առաջ խոնարհութիւն ցուցաբերեց։ Երկնքի մէջ, ան իր Հօր երկա՜ր ժամանակ ընկերակցած էր։ Եսայի գիրքը կը նկարագրէ անոնց զօրաւոր փոխյարաբերութիւնը՝ ըսելով. «Տէր Եհովան ինծի իմաստուններու լեզու տուաւ, որպէս զի կարենամ խօսքով օգնել յոգնածին։ Ամէն առտու զիս կ’արթնցնէ, անիկա իմ ականջս կը բանայ, որպէս զի աշակերտներու պէս լսեմ։ Տէր Եհովան իմ ականջս բացաւ ու ես անհնազանդ չեղայ, ետ չդարձայ» (Եսա. 50։4, 5)։ Որդին Աստուծմէ սորվելու տենչ ունէր։ Ան խոնարհութիւն ցուցաբերեց եւ ուշի–ուշով Եհովայի սորվեցուցածները մտիկ ըրաւ։ Յիսուս որքա՜ն մօտէն նշմարած ըլլալու էր, թէ Եհովան ինչպէ՛ս մեղաւոր մարդոց հանդէպ խոնարհաբար ողորմութիւն ցուցաբերեց։

5. Բանսարկուին հետ վիճաբանութեան մը ընթացքին, Յիսուս՝ որպէս Միքայէլ հրեշտակապետ, ինչպէ՞ս խոնարհութիւն եւ համեստութիւն ցուցաբերեց։

5 Բոլոր հրեշտակները Աստուծոյ միածին Որդիին նման խոնարհ չէին։ Այն հրեշտակը, որ Բանսարկու Սատանայ դարձաւ, չուզեց Եհովայէն սորվիլ։ Ան հպարտացաւ եւ ինքնահաւանութիւն զարգացուց,– խոնարհութեան հակառակ յատկութիւններ։ Առ ի արդիւնք, ան Եհովային դէմ ըմբոստացաւ։ Միւս կողմէ, Յիսուսի կեցուածքը շա՜տ տարբեր էր։ Ան իր աստուածատուր հեղինակութենէն աւելի բան չխնդրեց, ոչ ալ ուզեց զայն չարաչար գործածել։ Օրինակի համար, Աստուածաշունչը կը պատմէ թէ ատեն մը, երբ Յիսուս որպէս Միքայէլ հրեշտակապետ «Սատանային դէմ դնելով՝ Մովսէսին մարմնին համար կը վիճէր», իր ունեցած հեղինակութիւնը չշահագործեց։ Փոխարէն, Աստուծոյ Որդին խոնարհութիւն եւ համեստութիւն ցուցաբերեց։ Ան ուրախութեամբ սպասեց Եհովային՝ տիեզերքի Գերագոյն Դատաւորին, որ Իր կերպով ու յարմար ժամանակին հարցերը ձեռք առնէ (կարդա՛ Յուդա 9

6. Մեսիան ըլլալ ընդունելով, Յիսուս ինչպէ՞ս խոնարհութիւն ցուցաբերեց։

6 Մինչ տակաւին երկնքի մէջ էր, Աստուծոյ Որդին վստահաբար Մեսիային առնչուող բոլոր մարգարէութիւնները գիտէր, ներառեալ՝ անոր կրելիք չարչարանքը։ Ասով հանդերձ, ան ընդունեց երկրի վրայ որպէս խոստացեալ Մեսիան ապրելու եւ մեռնելու իր նշանակումը։ Ինչո՞ւ։ Պօղոս առաքեալ ցոյց տուաւ որ խոնարհութի՛ւնը Յիսուսին օգնեց։ Ան գրեց որ Յիսուս հզօր հրեշտակ ըլլալով հանդերձ, չմտածեց «Աստուծոյ հաւասար ըլլալ»։ Փոխարէն, իր «անձը ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով՝ մարդոց նման ըլլալով» (Փլպ. 2։6, 7

ՈՐՊԷՍ ՄԱՐԴ «ԻՆՔԶԻՆՔ ԽՈՆԱՐՀԵՑՈՒՑ»

7, 8. Իր մանկութեան ե՛ւ ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս ի՞նչ կերպերով խոնարհութիւն ցուցաբերեց։

7 Պօղոս գրեց. «[Յիսուս] մարդու կերպարանքովը ինքզինք խոնարհեցուց, մինչեւ իսկ մեռնելու յօժարեցաւ ու այն ալ խաչի մահուամբ» (Փլպ. 2։7, 8)։ Մանկութենէն ի վեր, Յիսուս մեզի խոնարհութեան օրինակ հանդիսացաւ։ Ան իր ծնողքին՝ Յովսէփի ու Մարիամի՝ հնազանդեցաւ, թէեւ անոնք անկատար էին (Ղուկ. 2։51)։ Ասիկա դեռատիներուն համար լա՛ւ օրինակ մըն է։ Իրենց ծնողներուն հնազանդելուն համար, Աստուած զանոնք պիտի օրհնէ։

8 Երիտասարդ Յիսուս բազմաթիւ կերպերով ցոյց տուաւ որ խոնարհ էր։ Իրեն համար կարեւորագոյն բանն էր՝ Եհովայի կամքը կատարել (Յովհ. 4։34)։ Իր ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ անձնական անունը գործածեց եւ անկեղծ մարդոց օգնեց, որ Եհովայի յատկութիւններուն ու մարդկութեան նկատմամբ Իր նպատակին մասին ճշգրիտ գիտելիքներ ստանան։ Ասկէ զատ, ան իր սորվեցուցածներուն հետ ներդաշնակ ապրեցաւ։ Օրինակի համար, երբ Յիսուս իր աշակերտներուն աղօթել սորվեցուց, առաջին կէտը որ նշեց, հետեւեալն էր. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ» (Մատ. 6։9)։ Այսպէս, ան իր աշակերտներուն ցոյց տուաւ որ Եհովայի անունը փառաւորելը կարեւորագոյն բանն էր։ Յիսուս ինք այդ առաջնահերթութիւնը ունէր։ Իր երկրային կեանքին վերջաւորութեան, ան կրցաւ Եհովային ըսել. «Քու անունդ անոնց [առաքեալներուն] ճանչցուցի ու պիտի ճանչցնեմ» (Յովհ. 17։26)։ Նաեւ, իր ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս իր բոլոր իրագործումներուն վարկը Եհովային տուաւ (Յովհ. 5։19

9. ա) Զաքարիան Մեսիային մասին ի՞նչ մարգարէացաւ։ բ) Յիսուս այդ մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարեց։

9 Զաքարիան Մեսիային մասին մարգարէացաւ. «Մեծապէս ուրախացի՛ր, ո՛վ Սիօնի աղջիկ, ցնծութեամբ աղաղակէ՛, ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկ. ահա քու թագաւորդ քեզի կու գայ. անիկա արդար ու փրկիչ է, հեզ է ու իշու վրայ հեծած եւ իշու ձագի, աւանակի վրայ» (Զաք. 9։9)։ Ասիկա կատարուեցաւ երբ Յիսուս Երուսաղէմ մտաւ, Ք.Ե. 33–ի Պասեքէն առաջ։ Բազմաթիւ մարդիկ իրենց հանդերձները ճամբուն վրայ փռեցին, ինչպէս նաեւ ծառերէն ճիւղեր կտրելով՝ ճամբուն վրայ տարածեցին։ Իրականութեան մէջ, Երուսաղէմի բնակիչները խանդավառուեցան, երբ լսեցին որ ան քաղաք կը մտնէ։ Նոյնիսկ երբ անոնք զինք փառաբանեցին որպէս իրենց Թագաւորը, Յիսուս խոնարհ մնաց (Մատ. 21։4-11

10. Մինչեւ մահ հնազանդ մնալով, Յիսուս ի՞նչ փաստեց։

10 Մինչ երկրի վրայ էր, Յիսուս Քրիստոս մինչեւ մահ խոնարհութիւն եւ հնազանդութիւն ցուցաբերեց։ Ան լաւագոյն կերպով փաստեց, թէ մարդիկ կրնան Եհովային հաւատարիմ մնալ՝ նո՛յնիսկ ամէնէն դժուար պարագաներու ներքեւ։ Ինչպէս նաեւ հերքեց Սատանային այն դաւանումը, թէ մարդիկ անձնասէր պատճառներով Եհովային կը ծառայեն (Յոբ 1։9-11. 2։4)։ Քրիստոսի կատարեալ ուղղամտութեան արձանագրութիւնը ե՛ւս վեր բռնեց Եհովայի տիեզերական գերիշխանութեան իրաւացի ու արդար ըլլալը։ Եհովան որքա՜ն ուրախացաւ տեսնելով իր խոնարհ Որդիին կատարեալ հաւատարմութիւնը (կարդա՛ Առակաց 27։11

11. Յիսուսի զոհաբերութիւնը հաւատացեալ մարդոց համար ի՞նչ հեռանկարներու դուռ բացաւ։

11 Տանջանքի ցիցին վրայ Յիսուսի մահը կարելի դարձուց, որ մարդիկ մեղքէն ու մահէն ձերբազատուին (Մատ. 20։28)։ Անոր զոհաբերութեան հիման վրայ, Եհովան կրնայ մեր մեղքերը ներել իր արդար պահանջներուն համաձայն եւ մարդոց տալ առյաւէտ ապրելու պատեհութիւնը։ Պօղոս գրեց. «Մէկուն արդարութիւնովը բոլոր մարդոց կեանքի արդարութեան շնորհք եղաւ» (Հռով. 5։18)։ Յիսուսի մահը կարելի դարձուց որ հոգիով օծուածները երկնքի մէջ անմահութիւն ունենան, իսկ «ուրիշ ոչխարներ»ը՝ երկրի վրայ յաւիտենական կեանք (Յովհ. 10։16. Հռով. 8։16, 17

«ՍՐՏՈՎ ԽՈՆԱՐՀ» ԵՄ

12. Յիսուս անկատար մարդոց հանդէպ իր վերաբերմունքին մէջ ինչպէ՞ս խոնարհ եւ համեստ էր։

12 Յիսուս «բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ»ը իրեն կանչեց՝ ըսելով. «Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինձմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք» (Մատ. 11։28, 29)։ Քանի որ Յիսուս խոնարհ ու համեստ էր, անկատար մարդոց հետ ազնուութեամբ եւ անաչառութեամբ վարուեցաւ։ Եւ իր աշակերտներէն ակնկալածը տրամաբանօրէն անոնց կարողութեան սահմաններէն ներս էր։ Ան զիրենք գովեց ու քաջալերեց եւ չզգացուց որ անատակ կամ անարժան անհատներ են։ Վստահաբար Յիսուս բիրտ կամ դառն վերաբերմունք չունէր։ Ընդհակառակը, ան ըսաւ. «Իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ»։ Այսպէս, ան ըսել ուզեց թէ իր աշակերտը ըլլալը դժուար բան չէր։ Եթէ իրմէ սորվէին եւ իր ուսուցումներուն հնազանդէին, պիտի հանգստանային։ Անոր համար, թէ՛ տղամարդիկը եւ թէ կիները, մեծերն ու պզտիկները, Յիսուսի ընկերակցութիւնը վայելեցին (Մատ. 11։30

13. Դժուար կեանք վարողներուն հանդէպ, Յիսուս ինչպէ՞ս ողորմութիւն ցուցաբերեց։

13 Յիսուս խղճաց Իսրայէլի մէջ դժուար կեանք վարողներուն, ուստի իր ամէն կարելին ըրաւ որ անոնց օգնէ։ Երիքովի մօտ, ան հանդիպեցաւ երկու կոյր մուրացկաններու՝ Բարտիմէոսին ու անոր բարեկամին, որոնք անդադար իրմէ օգնութիւն խնդրեցին, մինչ շուրջի մարդիկը կը ջանային զիրենք լռեցնել։ Յիսուս դիւրաւ կրնար կոյրերը անտեսել, բայց այդպէս չըրաւ։ Անոնց խղճաց եւ իրեն քով կանչելով՝ զանոնք բժշկեց։ Այսպէս, մեղաւոր մարդոց հանդէպ խոնարհութիւն եւ ողորմութիւն ցուցաբերելով՝ Յիսուս իր Հայրը ընդօրինակեց (Մատ. 20։29-34. Մար. 10։46-52

«ՈՎ ՈՐ ԻՐ ԱՆՁԸ ԽՈՆԱՐՀԵՑՆԷ, ՊԻՏԻ ԲԱՐՁՐԱՆԱՅ»

14. Յիսուսի խոնարհութեան օգուտները ի՞նչ եղած են։

14 Յիսուսի խոնարհ ընթացքը ուրախացուց եւ օրհնեց շատերը։ Եհովան ցնծաց տեսնելով իր սիրալիր Որդին, որ խոնարհաբար Իր կամքին կ’ենթարկուէր։ Առաքեալներն ու աշակերտները հանգստացան եւ քաջալերուեցան Յիսուսի համեստ ու խոնարհ վերաբերմունքով։ Յիսուսի լաւ օրինակը, ուսուցումները եւ ջերմ գովասանքը օգնեցին անոնց որ հոգեւորապէս յառաջդիմեն։ Սովորական մարդիկը Յիսուսի խոնարհութենէն օգտուեցան, քանի որ իր օգնութեան, ուսուցումներուն եւ քաջալերութեան ընդառաջեցին։ Իրականութեան մէջ, Յիսուսի զոհաբերութեան շնորհիւ, իրեն բոլոր հաւատացողները առյաւէտ պիտի օրհնուին։

15. Խոնարհ գտնուելով՝ Յիսուս ինչպէ՞ս օգտուեցաւ։

15 Ի՞նչ կարելի է ըսել Յիսուսին մասին։ Խոնարհ ըլլալով՝ օգտուեցա՞ւ։ Այո՛, քանի որ իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ով որ իր անձը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ» (Մատ. 23։12)։ Պօղոս բացատրեց թէ Յիսուսի պարագան այդպէս եղաւ՝ ըսելով. «Աստուած ալ զանիկա խիստ բարձրացուց ու անոր անուն մը տուաւ՝ որ ամէն անունէ վեր է. որպէս զի Յիսուսին անունին ծնրադրեն երկնաւորները ու երկրաւորները ու սանդարամետականները։ Ամէն լեզու դաւանի թէ՝ Յիսուս Քրիստոս Տէր է՝ Հօր Աստուծոյ փառքին համար»։ Յիսուս երկրի վրայ խոնարհ ու հաւատարիմ գտնուելով, Եհովա Աստուած զինք «բարձրացուց» կամ պատուեց, իրեն հեղինակութիւն տուաւ երկնային ու երկրային արարածներուն վրայ (Փլպ. 2։9-11

ՅԻՍՈՒՍ ՊԻՏԻ ՀԵԾՆԷ՝ «ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՀԵԶՈՒԹԵԱՆ» ՀԱՄԱՐ

16. Աստուծոյ Որդին ինչպէ՞ս պիտի շարունակէ ապագային խոնարհութիւն ցուցաբերել։

16 Աստուծոյ Որդին ապագային ալ պիտի շարունակէ խոնարհութիւն ցուցաբերել։ Սաղմոսներէն մէկը կը կանխագուշակէ թէ որպէս երկնային Թագաւոր, Յիսուս Աստուծոյ թշնամիներուն դէմ պիտի գործէ։ Ատիկա կ’ըսէ. «Վայելչութիւնովդ յառաջացիր։ Ճշմարտութեան ու հեզութեան եւ արդարութեան համար հեծիր» (Սաղ. 45։4)։ Արմագեդոնին, Յիսուս Քրիստոս պիտի պաշտպանէ բոլոր խոնարհները, արդարները եւ ճշմարտութիւնը սիրողները։ Իսկ ի՞նչ պիտի պատահի Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան վերջաւորութեան, երբ ան «խափանէ ամէն իշխանութիւն եւ ամէն պետութիւն ու զօրութիւն»։ Արդեօք Յիսուս խոնարհութիւն պիտի ցուցաբերէ՞։ Այո՛. Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ ան «թագաւորութիւնը պիտի տայ Հօր Աստուծոյ ձեռքը» (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։24-28

17, 18. ա) Եհովայի ծառաներուն համար, ինչո՞ւ կարեւոր է Յիսուսի խոնարհ օրինակին հետեւիլ։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ո՞ր հարցումներուն պատասխանները պիտի առնենք։

17 Ի՞նչ կարելի է ըսել մեր մասին։ Յիսուսի օրինակին հետեւելով խոնարհութիւն պիտի ցուցաբերե՞նք։ Արմագեդոնին, Յիսուս Թագաւոր պիտի փրկէ միայն խոնարհներն ու արդարները։ Ուստի, վերապրելու համար պէտք է խոնարհ ըլլանք։ Ինչպէս նաեւ, խոնարհութիւն ցուցաբերելով՝ մենք եւ ուրիշներ առատապէս պիտի օգտուինք, ինչպէս որ էր պարագան Յիսուսին։

18 Ի՞նչ բան մեզի կ’օգնէ որ Յիսուսի խոնարհութեան օրինակին հետեւինք։ Ինչպէ՞ս կրնանք մեր լաւագոյնը ընել՝ խոնարհ ըլլալու, նոյնիսկ երբ ատիկա ընելիք դիւրին բանը չըլլայ։ Յաջորդ յօդուածին մէջ այս հարցումներուն պատասխանները պիտի առնենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 17]

Յիսուսի խոնարհութիւնը ինչպէ՞ս ուրիշներուն օգնեց