Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ջանանք խոնարհ ըլլալ

Ջանանք խոնարհ ըլլալ

Ջանանք խոնարհ ըլլալ

«Ան որ ձեր ամենուն մէջ պզտիկ է [«պզտիկի պէս կը վարուի», ՆԱ], անիկա մեծ պիտի ըլլայ» (ՂՈՒԿ. 9։48

ԿՐՆԱ՞Ս ՊԱՏԱՍԽԱՆԵԼ

Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ ջանանք խոնարհ ըլլալ։

Պզտիկի պէս վարուողը ի՞նչ կերպերով «մեծ» է։

Ինչպէ՞ս կրնանք խոնարհութիւն ցուցաբերել՝ ամուսնութեան մէջ, ժողովքին մէջ եւ ուրիշներուն հետ մեր փոխյարաբերութեանց մէջ։

1, 2. Յիսուս առաքեալներուն ի՞նչ յորդոր տուաւ եւ ինչո՞ւ։

ՏԱՐԻՆ Ք.Ե. 32–ն էր։ Յիսուս եւ առաքեալները Գալիլիոյ նահանգին մէջ էին։ Առաքեալները կը վիճէին, թէ ո՛վ էր մեծագոյնը իրենց մէջ։ Աւետարանագիր Ղուկաս կը տեղեկագրէ. «Խորհուրդ մըն ալ մտաւ անոնց մէջ՝ թէ արդեօք իրենց մէջ ո՞վ է մեծ։ Յիսուս անոնց սրտին խորհուրդը իմանալով՝ տղայ մը առաւ ու զանիկա իր քով կանգնեցուց եւ ըսաւ անոնց. ‘Ով որ այս տղան իմ անունովս ընդունի՝ զիս կ’ընդունի. եւ ան որ զիս կ’ընդունի՝ անիկա զիս ղրկողը կ’ընդունի. վասն զի ան որ ձեր ամենուն մէջ պզտիկ է [«պզտիկի պէս կը վարուի», ՆԱ], անիկա մեծ պիտի ըլլայ’» (Ղուկ. 9։46-48)։ Համբերատարութեամբ բայց հաստատ ըլլալով՝ Յիսուս առաքեալներուն օգնեց տեսնելու պզտիկի պէս վարուելու կարեւորութիւնը։

2 Յիսուս առաքեալներուն ըսաւ, որ խոնարհ կեցուածք ունենան. բայց արդեօք ժամանակակից հրեաներուն մեծամասնութիւնը այդ կեցուածքը ունէ՞ր։ Ո՛չ. ընդհակառակը, բառարան մը կ’ըսէ. «Բոլոր փոխյարաբերութիւններուն մէջ, միշտ հարցում կը ծագէր թէ ո՛վ աւելի մեծ էր, եւ միշտ մտահոգութիւն կար որ իւրաքանչիւր անհատ հարկ եղած կերպով պատիւ կը ստանա՛ր կամ ոչ» (Theological Dictionary of the New Testament)։ Յիսուս առաքեալները կը յորդորէր որ առհասարակ մարդոցմէ տարբեր ըլլային։

3. ա) «Պզտիկի պէս վարուիլը» ի՞նչ կը նշանակէ։ բ) Խոնարհ ըլլալը ինչո՞ւ կրնայ մարտահրաւէր ըլլալ։ գ) Խոնարհ ըլլալու նկատմամբ ի՞նչ հարցումներ կը ծագին։

3 «Պզտիկ» թարգմանուած յունարէն բառը կ’ակնարկէ անհատի մը՝ որ համեստ, հեզ, հլու եւ աննշան է, ինչպէս նաեւ զօրութիւն կամ հեղինակութիւն չունի։ Յիսուս տղեկ մը օգտագործեց՝ առաքեալներուն յստակացնելու համար որ խոնարհ ու համեստ ըլլան։ Այժմու ճշմարիտ քրիստոնեաները հարկ է որ Յիսուսի այդ յորդորը գործադրեն։ Թերեւս նկատենք թէ առնուազն որոշ պարագաներու մէջ, խոնարհ ըլլալը մարտահրաւէր մըն է։ Մարդիկ աւելի հակամէտ են հպարտ ըլլալու. ինչ որ կրնայ մեզ մղել երեւելիութեան հետամուտ ըլլալու։ Սատանայի աշխարհին մրցակցական մթնոլորտը ե՛ւ անոր հոգին թերեւս մեզի ազդեն՝ որ անձնագով, կռուազան կամ նենգամիտ ըլլանք։ Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել որ ջանանք խոնարհ ըլլալ։ Ինչպէ՞ս մեր մէջ ‘պզտիկի պէս վարուողը մեծ պիտի ըլլայ’։ Եւ, կեանքի ո՞ր երեսակներուն մէջ պէտք է ջանանք խոնարհութիւն ցուցաբերել։

«Ո՜Վ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԵԾՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՈՒՆԿՈՒԹԻՒՆԸ»

4, 5. Ի՞նչը կրնայ մեզ մղել որ խոնարհութիւն ունենանք. լուսաբանէ՛։

4 Յիշելը թէ Եհովան մեզմէ շա՜տ մեծ է, կերպ մըն է՝ որով կրնանք աւելի՛ խոնարհ դառնալ։ Իրականութեան մէջ, «անոր իմաստութիւնը չի քննուիր» (Եսա. 40։28)։ Եհովայի վսեմութեան մասին խօսելով՝ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ո՜վ Աստուծոյ մեծութեան ու իմաստութեան եւ գիտութեան խորունկութիւնը. ի՜նչպէս անքննելի են իր դատաստանները ու անզննելի են իր ճամբաները» (Հռով. 11։33)։ Թէեւ Պօղոսի այս խօսքերը արձանագրուելէ ետք, մարդկութիւնը բազմաթիւ բաներու մասին բաւական գիտելիքներ ձեռք ձգած է, սակայն անոր գրածը տակաւի՛ն ճշմարիտ է։ Պէտք է մեզ խոնարհեցնէ այն իրողութիւնը, թէ որքա՛ն ալ շատ ըլլան մեր գիտելիքները, տակաւին Եհովային, իր գործերուն եւ իր ճամբաներուն մասին սորվելիք անվերջ բաներ ունինք։

5 Օրինակ, երբ Լէօ * գիտակցեցաւ որ Աստուծոյ ստեղծագործութեան մասին բնաւ չէր կրնար ամէն բան սորվիլ, աւելի խոնարհ անհատ դարձաւ։ Երիտասարդ Լէոն գիտութիւնով հիացած էր։ Որովհետեւ կը փափաքէր կարելի եղածին չափ ֆիզիքական տիեզերքը հասկնալ, ան աստղաբնագիտութեան ճիւղը ընտրեց, բայց կարեւոր եզրակացութեան մը հասաւ։ Ան կ’ըսէ, թէ այժմու գիտական տեսութիւնները առանձին չեն կրնար մարդոց օգնել որ տիեզերքի մասին ամէն բան հասկնան։ Ուստի, Լէոն սկսաւ փաստաբանութիւն ուսանիլ։ Ժամանակի ընթացքին, փաստաբան եղաւ եւ ապա՝ դատաւոր։ Ի վերջոյ, Լէոն եւ իր կինը Եհովայի վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրեցին, ճշմարտութիւնը ընդունեցին եւ Աստուծոյ նուիրուած ծառաները դարձան։ Հակառակ իր ենթահողին, ի՞նչը Լէոյին օգնեց որ խոնարհ ըլլայ։ «Գիտակցիլը թէ որքա՛ն Եհովային եւ տիեզերքին մասին սորվիս, տակաւի՛ն յայտնաբերուելիք շատ բան կայ», կը պատասխանէ ան։

6, 7. ա) Եհովան խոնարհութեան ի՞նչ հոյակապ օրինակ կը հանդիսանայ։ բ) Աստուծոյ խոնարհութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ անհատը «մեծ» ընել։

6 Ուրիշ ազդակ մը որ մեզի կ’օգնէ խոնարհ ըլլալու, յիշելն է՝ թէ Եհովան ինք խոնարհութիւն կը ցուցաբերէ։ Նկատի առ հետեւեալը. «Մենք Աստուծոյ գործակից ենք» (Ա. Կոր. 3։9)։ Երեւակայէ՛։ Եհովան որ անմրցելի մեծութիւն ունի, մեզ կը պատուէ՝ մեզի պատեհութիւն տալով, որ իր Խօսքը գործածելով մեր ծառայութիւնը կատարենք։ Թէեւ Եհովան սերմերը կ’աճեցնէ, բայց զանոնք ցանելու եւ ջրելու պատիւը կը շնորհէ մեզի (Ա. Կոր. 3։6, 7)։ Ասիկա Աստուծոյ հոյակապ խոնարհութիւնը չի՞ ցուցներ։ Վստահաբար Եհովային խոնարհութիւնը պէտք է մեզ շա՜տ քաջալերէ որ պզտիկի պէս վարուինք։

7 Աստուծոյ խոնարհութիւնը շա՜տ ազդեց Դաւիթին։ Ան Եհովային տաղերգեց. «Քու փրկութեանդ վահանը տուիր ինծի, ու քու հեզութիւնդ զիս մեծցուց» (Բ. Թագ. 22։36, ԱԾ)։ Դաւիթ գիտէր որ կրնար ընել բոլոր այն մեծ բաները, որոնք Իսրայէլի մէջ ըրաւ, քանի որ Եհովան իրեն հանդէպ խոնարհութիւն ցուցաբերած էր, իրեն ուշադրութիւն ընծայելով եւ օգնելով (Սաղ. 113։5-7)։ Նոյնն է պարագան մեզի։ Մեր ունեցած յատկութիւններուն, կարողութիւններուն եւ մասնաւոր պատասխանատուութիւններուն Աղբիւրը՝ Եհովա՛ն է (Ա. Կոր. 4։7)։ Խոնարհ անհատը «մեծ» կ’ըլլայ՝ Եհովայի աչքին աւելի արժէքաւոր ծառայ դառնալով (Ղուկ. 9։48)։ Նկատի առնենք ինչպէ՛ս։

‘ՁԵՐ ՄԷՋ ՊԶՏԻԿԻ ՊԷՍ ՎԱՐՈՒՈՂԸ ՄԵԾ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ’

8. Խոնարհութիւնը ինչպէ՞ս կ’ազդէ Եհովայի կազմակերպութեան հանդէպ մեր ունեցած կեցուածքին։

8 Աստուծոյ կազմակերպութեան մէջ գոհունակ ըլլալու եւ ժողովքային կարգադրութեան աջակցելու համար, խոնարհութիւնը կարեւոր է։ Օրինակի համար, նկատի առ Փեթրան, որ Վկաներու մէկ ընտանիքին մէջ մեծնալով հանդերձ, փափաքեցաւ ի՛ր ուզածը ընել եւ ժողովքը լքեց։ Տարիներ ետք, ան սկսաւ ետ ժողովքին հետ ընկերակցիլ։ Այժմ, ան ուրա՛խ է որ Եհովայի կազմակերպութեան կը պատկանի եւ ժողովքային կարգադրութեան կ’աջակցի։ Իր կեցուածքը ինչպէ՞ս փոխուեցաւ։ Ան գրեց. «Կարեւորագոյն երկու յատկութիւններ պէտք է հասկնայի ու մշակէի. խոնարհութիւն եւ համեստութիւն»։

9. Խոնարհ անհատը մեր ստացած հոգեւոր սնունդին նկատմամբ ի՞նչ կեցուածք ունի, եւ ասիկա ինչո՞ւ զինք աւելի արժէքաւոր կը դարձնէ։

9 Խոնարհ անհատը սրտագին երախտագիտութիւն ունի Եհովայի կարգադրութիւններուն հանդէպ, ներառեալ՝ հոգեւոր սնունդին հանդէպ։ Անոր համար, այսպիսի անհատ մը Աստուածաշունչի ժրաջան աշակերտ եւ Դիտարան–ի ու Զարթի՛ր–ի անյագ ընթերցող է։ Եհովայի բազմաթիւ այլ ծառաներուն նման, ան սովորութիւն կ’ունենայ իւրաքանչիւր նոր հրատարակութիւն կարդալ, գրադարանին մէջ տեղաւորելէ առաջ։ Եթէ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած մեր հրատարակութիւնները կարդալով եւ ուսումնասիրելով ցոյց տանք թէ խոնարհ ու գնահատող անհատներ ենք, հոգեւորապէս պիտի յառաջդիմենք եւ Եհովան մեզ իր ծառայութեան մէջ լիովին պիտի գործածէ (Եբ. 5։13, 14

10. Ինչպէ՞ս կրնանք ժողովքին մէջ խոնարհութիւն ցուցաբերել։

10 Խոնարհ անհատը «մեծ» է ուրիշ կերպով ալ։ Իւրաքանչիւր ժողովք որակեալ տղամարդիկ ունի, որոնք Եհովայի սուրբ հոգիին միջոցաւ նշանակուած են՝ որպէս երէցներ ծառայելու։ Անոնք կը կազմակերպեն ժողովքային հանդիպումները եւ դաշտի ծառայութիւնը, ինչպէս նաեւ ժողովքը կը հովուեն։ Երբ խոնարհութիւն կը ցուցաբերենք՝ կամովին երէցներուն հետ համագործակցելով, ժողովքին ուրախութեան, խաղաղութեան եւ միութեան կը նպաստենք (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։7, 17Եթէ Եհովայի կը ծառայես որպէս երէց կամ օգնական ծառայ, խոնարհութիւն կը ցուցաբերե՞ս երախտագէտ ըլլալով, որ ան քեզի այսպիսի առանձնաշնորհում վստահած է։

11, 12. Ո՞ր կեցուածքը մեզ Եհովայի կազմակերպութեան աչքին աւելի թանկարժէք պիտի դարձնէ եւ ինչո՞ւ։

11 Խոնարհ անհատը Եհովայի կազմակերպութեան աչքին աւելի արժէքաւոր է, քանի որ խոնարհութիւնը զինք Աստուծոյ լաւ եւ պիտանի ծառայ մը կը դարձնէ։ Հարկ էր որ Յիսուս իր աշակերտները յորդորէր, որ պզտիկի պէս վարուէին, քանի որ ատոնցմէ ոմանք այդ ատենուան հպարտ անհատներուն նման կը խորհէին։ Ղուկաս 9։46–ը կը նշէ. «Խորհուրդ մըն ալ մտաւ անոնց մէջ՝ թէ արդեօք իրենց մէջ ո՞վ է մեծ»։ Կրնա՞յ ըլլալ որ մենք ալ սկսինք մտածել թէ մեր հաւատակիցներէն կամ ուրիշներէն ձեւով մը աւելի լաւ ենք։ Մեր շուրջի մարդոցմէ շատեր հպարտ եւ անձնասէր են։ Եթէ խոնարհ ենք եւ Եհովայի կամքը առաջին տեղը կը դնենք, մեր ընկերակցութիւնը քաջալերական պիտի ըլլայ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն։

12 Երբ հասկնանք ‘պզտիկի պէս վարուելու’ Յիսուսի յորդորը, կը մղուինք խոնարհութիւն ցուցաբերելու կեանքի բոլոր երեսակներուն մէջ։ Մասնաւոր ուշադրութիւն ընծայենք երեք մարզերու։

ՋԱՆԱ՛ ՊԶՏԻԿԻ ՊԷՍ ՎԱՐՈՒԻԼ

13, 14. Ամուսին մը կամ կին մը ինչպէ՞ս պէտք է պզտիկի պէս վարուի, եւ ասիկա ինչպէ՞ս կրնայ ամուսնութեան ազդել։

13 Ամուսնութեան մէջ։ Բազմաթիւ մարդիկ միայն իրենց իրաւունքներով հետաքրքրուած են, եւ ուրիշներուն իրաւունքները իրենց համար կարեւոր չեն։ Բայց խոնարհ անհատը ունի այն կեցուածքը, որ Պօղոս քրիստոնեաները քաջալերեց որ ունենան։ Հռոմայեցիներուն յղած իր նամակին մէջ, ան գրեց. «Հետամո՛ւտ ըլլանք այն բաներուն՝ որոնք խաղաղութիւն կը հայթայթեն, եւ այն բաներուն՝ որոնցմով շինութիւն կ’ըլլայ իրարու» (Հռով. 14։19, ԱԾ)։ Պզտիկի պէս վարուող անհատը ջանք կը թափէ որ բոլորին հետ խաղաղութիւն պահէ եւ մա՛նաւանդ իր կողակիցին հետ։

14 Օրինակ, երբ հարցը ժամանցի առնչուած է, զոյգին նախընտրութիւնները կրնան տարբեր ըլլալ։ Թերեւս ամուսինը կը սիրէ պարզապէս տունը նստիլ ու գիրք կարդալ։ Միւս կողմէ, կինը թերեւս կը սիրէ տունէն դուրս ճաշել կամ բարեկամներու այցելել։ Կնոջ համար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ իր ամուսինը յարգել, երբ կը նկատէ որ խոնարհութիւն կը ցուցաբերէ եւ իր կնոջ նախընտրութիւնները հաշուի կ’առնէ։ Իսկ ամուսինը իր կինը ա՛լ աւելի պիտի սիրէ եւ արժեւորէ, եթէ ան միշտ չջանայ ի՛ր ուզածը ձեռք ձգել։ Արդարեւ, երբ ամուսինը ու կինը խոնարհ ըլլան, իրենց փոխյարաբերութիւնը աւելի զօրաւոր պիտի դառնայ (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 2։1-4

15, 16. ա) Սաղմոս 131–ի մէջ, Դաւիթ իսրայէլացիները քաջալերեց որ ի՞նչ ընեն։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք նոյն կերպով վարուիլ ժողովքէն ներս։

15 Ժողովքին մէջ։ Այս աշխարհին մէջ շատեր կը խորհին որ իրենց ուզածը անմիջապէս պէտք է ձեռք ձգեն։ Անոնք համբերութիւն չունին եւ կ’ատեն սպասել։ Խոնարհ ըլլալու համար մեր թափած ջանքերը մեզի պիտի օգնեն Եհովային սպասելու (կարդա՛ Սաղմոս 131։1-3Երբ խոնարհ ենք եւ Եհովային կը սպասենք, պիտի օրհնուինք,– ապահով պիտի զգանք, պիտի մխիթարուինք եւ գոհունակ ըլլանք։ Ուստի, զարմանալի չէ որ Դաւիթ իր հայրենակիցները քաջալերեց, որ համբերութեամբ Աստուծոյ սպասեն։

16 Դաւիթին նման կրնաս մխիթարուիլ, երբ խոնարհաբար Եհովային սպասես (Սաղ. 42։5)։ Թերեւս «աղէկ գործի» ցանկալով կ’ուզես տեսուչ ըլլալ (Ա. Տիմ. 3։1-7)։ Անշուշտ, սուրբ հոգիին օգնութեամբ պէտք է նախ ամէն կարելիդ ընես, որպէսզի մշակես այն որակումները, որոնք երէց մը պէտք է ունենայ։ Բայց ի՞նչ կարելի է ըսել եթէ այս հարցը քեզի հետ ուրիշներէն աւելի՛ ժամանակ առնէ։ Պզտիկի պէս վարուողը, որ համբերութեամբ ծառայութեան առանձնաշնորհումի կը սպասէ, պիտի շարունակէ ուրախութեամբ Եհովային ծառայել եւ որեւէ նշանակումով պիտի ցնծայ։

17, 18. ա) Երբ ուրիշներուն կը ներենք եւ անոնցմէ ներողութիւն կը խնդրենք, արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։ բ) Առակաց 6։1-5 ի՞նչ կը յորդորէ։

17 Ուրիշներու հետ մեր փոխյարաբերութեանց մէջ։ Ներողութիւն խնդրելը շատերու համար դժուար բան է։ Բայց Աստուծոյ ծառաները խոնարհութիւն ցուցաբերելու մէջ իրենց լաւագոյնը կ’ընեն, իրենց սխալները ընդունելով եւ ներողութիւն խնդրելով։ Անոնք նաեւ պատրաստ են իրենց դէմ յանցանք գործողներուն ներելու։ Մինչ հպարտութիւնը բաժանումներ եւ վիճաբանութիւններ կը հրահրէ, ներելը՝ ժողովքէն ներս խաղաղութիւն յառաջ կը մղէ։

18 Ատեն–ատեն հարկ է որ խոնարհաբար ներողութիւն խնդրենք։ Օրինակ, կրնայ ըլլալ որ անհատի մը հետ բան մը համաձայնած ենք, բայց վաւերական պատճառով մը չկարենանք մեր ըսածը ընել։ Այս պարագային, պէտք է մեր անձնական սխալներուն մասին խորհինք եւ զանոնք ընդունինք, նոյնիսկ երբ պատահածը ամբողջովին մեր յանցանքը չէ (կարդա՛ Առակաց 6։1-5

19. Ինչո՞ւ պէտք է երախտապարտ ըլլանք, որ Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ պզտիկի պէս վարուելու։

19 Շա՜տ երախտապարտ ենք որ Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ պզտիկի պէս վարուելու։ Ատեններ խոնարհ ըլլալը կրնայ դժուար ըլլալ։ Բայց եթէ մտածենք թէ Եհովան մեզմէ որքա՜ն մեծ է եւ եթէ յիշենք թէ Եհովան ի՛նք խոնարհութիւն կը ցուցաբերէ, պիտի ուզե՛նք այս հոյակապ յատկութիւնը դրսեւորել։ Այսպէս ընելով, Եհովայի աւելի՛ արժէքաւոր ծառաները պիտի դառնանք։ Ուստի, բոլորս մեր ամէն ջանքը թափենք պզտիկի պէս վարուելու։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 5 Անունները փոխուած են։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 22]

Պզտիկի պէս վարուելու ի՞նչ պատեհութիւններ ունիս