Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի ներումէն կրնա՛նք օգտուիլ

Եհովայի ներումէն կրնա՛նք օգտուիլ

Եհովայի ներումէն կրնա՛նք օգտուիլ

«Տէ՛ր Աստուածը, ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ [է]. . . անօրէնութիւնը, յանցանքը ու մեղքը ներող» (ԵԼ. 34։6, 7

ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ ՓՆՏՌԷ՛

Եհովան Դաւիթի ու Մանասէի գործած մեղքերուն ինչպէ՞ս հակազդեց եւ ինչո՞ւ։

Եհովան ինչո՞ւ իսրայէլ ազգին չներեց։

Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ կ’ուզենք որ Եհովան մեզի ներէ։

1, 2. ա) Իսրայէլ ազգին հանդէպ Եհովան ինչպիսի՞ Աստուած մըն էր։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի սորվինք։

ՆԷԵՄԻԱՅԻ օրերուն, խումբ մը ղեւտացիներ հանրային աղօթքի մը մէջ խոստովանեցան, որ իրենց նախահայրերը կրկին անգամ «չուզեցին մտիկ ընել» Եհովայի պատուէրները։ Բայց Եհովան կրկին ու կրկին ներեց անոնց։ Ան «ներող, ողորմած, գթած, երկայնամիտ ու բազմողորմ Աստուած» է։ Եւ այդ հայրենադարձ աքսորեալներուն հանդէպ՝ Եհովան շարունակե՛ց անզուգական բարութիւն ցուցաբերել (Նէ. 9։16, 17

2 Անհատապէս, իւրաքանչիւրս կրնանք հարց տալ. ‘Եհովային ներումը ինծի համար ի՞նչ կը նշանակէ’։ Այս կարեւոր հարցումին պատասխանելու համար, քննենք Աստուծոյ գործառնութիւնները երկու տղամարդոց հետ, որոնք իր ներումէն օգտուեցան. Դաւիթ եւ Մանասէ թագաւորները։

ԴԱՒԻԹԻՆ ԼՈՒՐՋ ՄԵՂՔԵՐԸ

3-5. Դաւիթ ինչպէ՞ս լուրջ մեղք գործեց։

3 Աստուածավախ մարդ ըլլալով հանդերձ՝ Դաւիթ լուրջ մեղքեր գործեց։ Ատոնցմէ երկուքը պարփակեցին ամուսնացած զոյգ մը՝ Ուրիան ու Բերսաբէն։ Այդ մեղքերը ցաւալի հետեւանքներ ունեցան Դաւիթի, Ուրիայի եւ Բերսաբէի վրայ։ Այսուհանդերձ, Դաւիթը սրբագրելու Եհովայի կերպը, Իր ներումին մասին շատ բան կը յայտնէ։ Նկատի առ պատահածը։

4 Դաւիթ Իսրայէլի զօրքը Ամմոնացիներու մայրաքաղաքը՝ Ռաբբա՝ ղրկեց, զայն պաշարելու համար։ Քաղաքը կը գտնուէր Երուսաղէմէն շուրջ 80 քմ դէպի արեւելք, Յորդանանի գետէն անդին։ Մինչ այդ, Երուսաղէմի մէջ, Դաւիթ իր պալատի տանիքէն տեսաւ Բերսաբէն, որ կը լուացուէր։ Անոր ամուսինը բանակին հետ գացած էր։ Դաւիթ կնոջմով հրապուրուելով՝ պատգամաւորներ ղրկեց ու զանիկա պալատ կանչեց, եւ անոր հետ շնութիւն գործեց (Բ. Թագ. 11։1-4

5 Երբ Դաւիթ իմացաւ որ Բերսաբէն յղի է, իր սպարապետին հրաման ղրկեց որ Ուրիան Երուսաղէմ վերադառնայ, այն յոյսով որ իր կնոջ հետ սեռային յարաբերութիւն ունենայ, որպէսզի կարծուի որ զաւակին հայրը Ուրիան է։ Դաւիթ շատ փորձեց Ուրիան համոզել որ տուն իջնէ, բայց ան չիջաւ։ Հետեւաբար, թագաւորը գաղտնօրէն իր սպարապետին նամակ գրեց, որ Ուրիան «խիստ սաստիկ պատերազմին մէջ» դրուի եւ միւս զինուորները ետ քաշուին։ Ուրիան դիւրութեամբ թշնամիին ձեռքով մեռաւ, ճիշդ ինչպէս որ Դաւիթ ծրագրած էր (Բ. Թագ. 11։12-17)։ Այսպէս, թագաւորը ոչ միայն շնութիւն գործեց, այլեւ իր մեղքը աւելցուց՝ անմեղ արիւն թափելով։

ԴԱՒԻԹ ԻՐ ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ ԿԸ ՓՈԽԷ

6. Աստուած Դաւիթի մեղքերուն ինչպէ՞ս հակազդեց, եւ ասիկա Իր մասին ի՞նչ կը յայտնէ։

6 Անշուշտ Եհովան պատահածը ծայրէ–ծայր տեսաւ։ Բան մը իր աչքէն չի վրիպիր (Առ. 15։3)։ Թէեւ թագաւորը Ուրիային մահէն ետք Բերսաբէի հետ ամուսնացաւ, բայց «Դաւիթին այս ըրած բանը Տէրոջը աչքերուն գէշ երեւցաւ» (Բ. Թագ. 11։27)։ Լաւ, Աստուած ինչպէ՞ս հակազդեց։ Ան իր մարգարէն՝ Նաթանը՝ Դաւիթին քով ղրկեց։ Ներող Աստուած ըլլալով՝ Եհովան ուզեց Դաւիթի հանդէպ ողորմութիւն ցուցաբերել. բայց հարկ էր որ գիտնար, թէ Դաւիթ ի՛րապէս զղջացած էր կամ ոչ։ Եհովայի այս մօտեցումը սրտապնդիչ չե՞ս նկատեր։ Ան Դաւիթի վրայ ճնշում չբանեցուց որ իր յանցանքը խոստովանի, այլ պարզապէս Նաթանի միջոցաւ անոր ներկայացուց պատմութիւն մը, լուսաբանելու համար իր մեղքերուն լրջութիւնը (կարդա՛ Բ. Թագաւորաց 12։1-4Եհովան որքա՜ն ազդու կերպով այդ խրթին պարագան ձեռք առաւ։

7. Դաւիթ ինչպէ՞ս հակազդեց Նաթանի լուսաբանութեան։

7 Նաթանի լուսաբանութիւնը թագաւորին արդարութեան զգացումը արթնցուց։ Պատմութեան մէջի հարուստ մարդուն դէմ Դաւիթի բարկութիւնը սաստիկ բորբոքելով՝ Նաթանի ըսաւ. «Տէրը կենդանի է, որ այդ բանը ընող մարդը մեռնելու արժանի է»։ Ասկէ զատ, Դաւիթ նշեց որ այսպիսի անարդարութեան մը զոհը պէտք է հատուցում ստանայ։ Այն ատեն Նաթան ըսաւ. «Այդ մարդը դո՛ւն ես»։ Ապա Դաւիթի ըսուեցաւ որ իր արարքներուն առ ի հետեւանք, «սուրը» իր տունէն յաւիտեան պակաս պիտի չըլլար եւ իր տունէն իրեն դէմ չարիք պիտի ելլէր։ Նաեւ, ան հանրութեան առջեւ պիտի նուաստացուէր։ Դաւիթ իր ըրածին լրջութեան անդրադարձաւ եւ սրտաբեկ խոստովանեցաւ. «Տէրոջը դէմ մեղք գործեցի» (Բ. Թագ. 12։5-14

ԴԱՒԻԹ Կ’ԱՂՕԹԷ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ԼՍԷ

8, 9. Սաղմոս 51–ը ինչպէ՞ս կը յայտնէ Դաւիթին ներքին մտածումները, եւ Եհովային մասին ի՞նչ կը սորվեցնէ։

8 Այդ դէպքէն ետք, Դաւիթ յօրինեց Սաղմոս 51–ը, որ կը յայտնէ իր սրտագին ափսոսանքը եւ կը բովանդակէ իր յուզիչ աղաչանքները։ Բայց Դաւիթ իր սխալները խոստովանելէն աւելի՛ն ըրաւ։ Ան իր գործած մեղքերուն համար զղջաց։ Դաւիթի գլխաւոր հետաքրքրութիւնն էր՝ Եհովայի հետ իր փոխյարաբերութիւնը։ Անոր համար, ան խոստովանեցաւ. «Քեզի՛՝ միա՛յն քեզի դէմ մեղանչեցի»։ Դաւիթ Եհովայի աղաչեց. «Ո՛վ Աստուած, իմ մէջս մաքուր սիրտ ստեղծէ՛ եւ իմ ներսիդիս ուղիղ հոգի նորոգէ. . . Քու փրկութեանդ ցնծութիւնը ինծի վերադարձո՛ւր ու կամաւոր հոգի մը թող հաստատէ՛ զիս» (Սաղ. 51։1-4, 7-12)։ Երբ Եհովային կը խոստովանիս սխալներդ, Դաւիթին նման անկե՞ղծ ես։

9 Եհովան Դաւիթը չպաշտպանեց իր մեղքերուն հետեւանքներէն։ Ատոնք պիտի շարունակէին խնդիրներ պատճառել Դաւիթին, իր կեանքի մնացեալ օրերուն մէջ։ Բայց քանի որ Դաւիթ «կոտրած ու խոնարհ սիրտ» ունէր,– այսինքն՝ զղջացած էր,– Եհովան իրեն ներեց (կարդա՛ Սաղմոս 32։5. Սաղ. 51։17)։ Ամենակալ Աստուածը մեր մեղքերուն ետին գտնուող իսկական կեցուածքն ու պատճառները կը հասկնայ։ Փոխանակ թոյլ տալու որ Դաւիթ ու Բերսաբէ դատաւորներու կողմէ դատապարտուին Մովսիսական օրէնքին հիման վրայ, Եհովան ողորմութեամբ միջամտեց, ի՛նք զանոնք դատելով (Ղեւ. 20։10)։ Աստուած նոյնիսկ անոնց զաւակը՝ Սողոմոնը, Իսրայէլի յաջորդ թագաւորը նշանակեց (Ա. Մն. 22։9, 10

10. ա) Կրնայ ըլլալ որ Եհովան Դաւիթին ներելու ի՞նչ պատճառ գտած էր։ բ) Եհովայէն ներուելու համար, անհատ մը ի՞նչ պէտք է ընէ։

10 Կրնայ ըլլալ որ Եհովան Դաւիթին նաեւ ներեց, քանի որ ան Սաւուղի հանդէպ ողորմած գտնուած էր (Ա. Թագ. 24։5-8)։ Յիսուս բացատրեց, թէ Եհովան մեզի հետ կը վարուի այնպէս՝ ինչպէս մենք ուրիշներուն հետ կը վարուինք, երբ ըսաւ. «Մի՛ դատէք, որպէս զի չդատուիք։ Քանզի ի՛նչ դատաստանով որ դատէք, անով պիտի դատուիք եւ ի՛նչ չափով որ չափէք անով պիտի չափուի ձեզի» (Մատ. 7։1, 2)։ Ի՜նչ մխիթարական է գիտնալ որ Եհովան մեր մեղքերը պիտի ներէ,– նոյնիսկ՝ շնութեան կամ մարդասպանութեան նման լուրջ յանցանքներ,– եթէ ներող հոգի ունինք, մեր մեղքերը խոստովանինք իրեն եւ մեր սխալ արարքներուն հանդէպ մեր կեցուածքը փոխենք։ Երբ մեղանչողները անկեղծօրէն զղջան, Եհովան «սփոփանքի ժամանակներ» կը բերէ (կարդա՛ Գործք 3։19, 20

ՄԱՆԱՍԷՆ ԼՐՋՕՐԷՆ ԿԸ ՄԵՂԱՆՉԷ ԲԱՅՑ ԿԸ ԶՂՋԱՅ

11. Մանասէ թագաւոր ի՞նչ կերպերով Աստուծոյ աչքին չար բաներ ըրաւ։

11 Նկատի առ աստուածաշնչական ուրիշ արձանագրութիւն մը, որ կը լուսաբանէ Եհովայի ներելու կամեցողութեան տարողութիւնը։ Դաւիթի իշխանութենէն շուրջ 360 տարի ետք, Մանասէ Յուդայի թագաւոր եղաւ եւ 55 տարի իշխեց։ Եհովան զինք դատապարտեց այն գարշելի մեղքերուն համար, որոնք իր իշխանութեան ընթացքին գործեց։ Օրինակ, Բահաղին սեղաններ կանգնեցուց, «երկնքի բոլոր զօրութիւններուն երկրպագութիւն ըրաւ», «իր որդիները կրակէ անցուց»՝ չաստուծոյ մը իբրեւ զոհ, եւ ոգեհարցական սովորութիւններ յառաջացուց։ Արդարեւ, ան «Տէրոջը առջեւ շատ չարութիւն ըրաւ» (Բ. Մն. 33։1-6

12. Մանասէն ինչպէ՞ս Եհովային վերադարձաւ։

12 Ի վերջոյ, Մանասէ իր հայրենիքէն Բաբելոն տարուեցաւ, ուր բանտարկուեցաւ։ Հոն՝ ան յիշած ըլլալու էր իսրայէլի ուղղած Մովսէսի խօսքերը. «Երբ տագնապի մէջ ըլլաս ու վերջին օրերը այս բոլոր բաները քեզի պատահին, Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ պիտի վերադառնաս եւ անոր խօսքը մտիկ պիտի ընես» (Բ. Օր. 4։30, ԱԾ)։ Ի՛րապէս, Մանասէն Եհովային վերադարձաւ։ Ինչպէ՞ս։ ‘Մեծապէս խոնարհելով’ եւ ‘աղօթք ընելով’ (ինչպէս որ պատկերացուած է էջ 23–ի վրայ) (Բ. Մն. 33։12, 13)։ Անշուշտ, այդ աղօթքներուն արձանագրութիւնը չունինք, ուստի չենք գիտեր Մանասէի գործածած բառերը, բայց հաւանական է որ Սաղմոս 51–ի Դաւիթի խօսքերուն նման ըլլան։ Յամենայն դէպս, գիտենք որ Մանասէն իր կեցուածքը ամբողջովին փոխեց։

13. Եհովան ինչո՞ւ Մանասէին ներեց։

13 Եհովան Մանասէի աղօթքին ինչպէ՞ս հակազդեց։ Ան Մանասէի «աղօթքը ընդունեց ու անոր աղաչանքը լսեց»։ Դաւիթին նման, Մանասէ իր մեղքերուն լրջութեան անդրադարձաւ եւ սրտանց զղջաց։ Անոր համար Աստուած իրեն ներեց եւ Երուսաղէմ՝ իր թագաւորութեան վերադարձուց։ Առ ի արդիւնք, «Մանասէն իմացաւ թէ Եհովա է Աստուած» (Բ. Մն. 33։13)։ Որքա՜ն սրտապնդիչ է ունենալ այս յաւելեալ ապացոյցը, թէ մեր ողորմած Աստուածը կը ներէ սրտանց զղջացողներուն։

ԵՀՈՎԱՆ ՄԻ՞ՇՏ ԿԸ ՆԵՐԷ

14. Ի՞նչը կ’որոշէ թէ Եհովան մեղանչողներուն պիտի ներէ կամ ոչ։

14 Աստուծոյ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը բնաւ պէտք պիտի չունենայ ներում խնդրել մեղքերու համար, որոնք Դաւիթին եւ Մանասէին գործած մեղքերուն կը նմանին։ Բայց, այն իրողութիւնը որ Աստուած այս երկու թագաւորներուն ներեց, մեզի կ’օգնէ գիտակցելու որ ան պատրաստ է ներելու նոյնիսկ լուրջ մեղքերը, եթէ մեղանչողը իրապէս զղջացած է։

15. Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Եհովան ինքնաբերաբար չի ներեր։

15 Անշուշտ չենք կրնար եզրակացնել թէ Եհովան ինքնաբերաբար կը ներէ բոլոր մարդոց մեղքերը։ Այս առնչութեամբ, համեմատե՛նք Դաւիթի եւ Մանասէի կեցուածքը Իսրայէլի եւ Յուդայի կամակոր ազգին կեցուածքին հետ։ Երբ Աստուած Նաթանը Դաւիթին քով ղրկեց, իրեն պատեհութիւն տուաւ իր կեցուածքը փոխելու. եւ Դաւիթ երախտապարտօրէն ընդառաջեց։ Երբ Մանասէ ինքզինք վշտակիր պահերու մէջ գտաւ, անկեղծօրէն զղջաց։ Միւս կողմէ, Իսրայէլի եւ Յուդայի բնակիչները յաճախ չզղջացին։ Ուստի, Եհովան անոնց չներեց։ Փոխարէն, կրկին անգամ իր մարգարէներուն միջոցաւ անոնց յայտնեց թէ իրենց անհնազանդ վարքը ինչպէ՛ս կը նկատէր (կարդա՛ Նէեմիա 9։30Նոյնիսկ երբ աքսորեալները հայրենիք վերադարձան, Եհովան շարունակեց անոնց ղրկել հաւատարիմ պատգամաւորներ, ինչպէս՝ Եզրաս քահանան եւ Մաղաքիա մարգարէն։ Ժողովուրդը կ’ուրախանար, ամէն անգամ որ Եհովային կամքին համաձայն գործէր (Նէ. 12։43-47

16. ա) Անզեղջ ըլլալով, իսրայէլ ազգը ի՞նչ հետեւանքներ կրեց։ բ) Եհովան այժմու իսրայէլացիներուն անհատապէս ի՞նչ պատեհութիւն կու տայ։

16 Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս Հօր տեսակէտը արտացոլեց երբ ըսաւ. «Ո՛վ Երուսաղէմ, Երուսաղէմ, որ մարգարէները կը սպաննէիր ու քեզի ղրկուածները կը քարկոծէիր, քանի՜ անգամ քու տղաքներդ ժողվել ուզեցի, ինչպէս հաւը իր ձագերը թեւերուն տակ կը ժողվէ եւ դուք չուզեցիք։ Ահա ձեր տունը ձեզի աւերակ պիտի մնայ» (Մատ. 23։37, 38)։ Այսպէս, մեղաւոր եւ անզեղջ ազգը փոխարինուեցաւ հոգեւոր իսրայէլով (Մատ. 21։43. Գաղ. 6։16)։ Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել՝ բառացի իսրայէլէն սերած անհատներուն մասին։ Եհովան պատրաստ է անոնց ներելու եւ ողորմելու, եթէ հաւատք ընծայեն իրեն եւ Յիսուս Քրիստոսի զոհաբերութեան, որ անասնական զոհերը փոխարինեց (Ա. Յովհ. 4։9, 10)։ Եհովային ներումէն ու ողորմութենէն պիտի օգտուին նաեւ անզեղջ մեռելները, որոնք Դրախտին մէջ պիտի յարուցանուին (Յովհ. 5։28, 29. Գործք 24։15

ԵՀՈՎԱՅԻ ՆԵՐՈՒՄԷՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս Կ’ՕԳՏՈՒԻՆՔ

17, 18. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայէն ներում ստանալ։

17 Քանի որ Եհովան պատրաստ է մեզի ներելու, ի՞նչ պէտք է ընենք։ Վստահաբար Դաւիթի եւ Մանասէի պէս պէտք է գործենք։ Պէտք է ընդունինք որ մեղաւորներ ենք, զղջանք, անկեղծօրէն Եհովայէն ներում հայցենք եւ իր օգնութիւնը խնդրենք՝ վատ ցանկութիւններէ ձերբազատուելու համար (Սաղ. 51։10)։ Եթէ լրջօրէն մեղանչած ենք, պէտք է նաեւ երէցներուն հոգեւոր աջակցութիւնը փնտռենք (Յակ. 5։14, 15)։ Ի՛նչ ալ ըլլան մեր պարագաները, մխիթարիչ է ի մտի ունենալ, թէ Եհովան «ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ [է]՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով, հազարներուն ողորմութիւն ընող, անօրէնութիւնը, յանցանքը ու մեղքը ներող». եւ ան չէ փոխուած (Ել. 34։6, 7

18 Եհովան զղջացող իսրայէլացիներուն խոստացաւ թէ ամբողջովին իրենց պիտի ներէր։ Ան ըսաւ որ անոնց մեղքերը կարմիր բիծի պէս էին, բայց զանոնք պիտի մաքրէր՝ «ձիւնի պէս» ճերմկցնելով (կարդա՛ Եսայի 1։18Ուստի ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի ներումէն օգտուիլ։ Ան կրնայ ամբողջովին մեր մեղքերը ներել, այնքան ատեն որ զղջացած ենք եւ իր ներումին համար երախտապարտ ենք։

19. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

19 Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային նման պատրաստ ըլլալ ուրիշներուն ներելու։ Ինչպէ՞ս կրնանք ներել, երբ ուրիշներ լուրջ մեղք գործեն, բայց ապա սրտանց զղջան։ Յաջորդ յօդուածը մեզի պիտի օգնէ, որ մեր զգացումներուն մասին մտածենք, որպէսզի աւելի՛ նմանինք մեր Հօր՝ Եհովային՝ որ «բարի ու ներող» է (Սաղ. 86։5

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 26]

Եհովայի ներումին շնորհիւ, Մանասէն Երուսաղէմ՝ իր թագաւորութեան վերադարձաւ