Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մեր հոգեւոր ժառանգութիւնը կ’արժեւորե՞ս

Մեր հոգեւոր ժառանգութիւնը կ’արժեւորե՞ս

«Աստուած. . . այցելութիւն ըրաւ, որպէս զի հեթանոսներէն ժողովուրդ մը առնէ իր անուանը համար» (ԳՈՐԾՔ 15։14

1, 2. ա) ‘Դաւիթին խորանը’ ի՞նչ էր եւ ինչպէ՞ս վերաշինուելու էր։ բ) Այսօր որո՞նք միասնաբար Եհովային կը ծառայեն։

Ք.Ե. 49–ին, Երուսաղէմի մէջ, կառավարիչ մարմինին յատկանշական մէկ ժողովին ընթացքին, Յակոբոս աշակերտ ըսաւ. «Շմաւոն [Պետրոս] պատմեց թէ Աստուած ի՛նչպէս առաջ այցելութիւն ըրաւ, որպէս զի հեթանոսներէն ժողովուրդ մը առնէ իր անուանը համար։ Այս բանին համար մարգարէներուն խօսքերն ալ կը միաբանին, ինչպէս գրուած է. ‘Ասկէ ետեւ պիտի դառնամ ու Դաւիթին ինկած խորանը նորէն պիտի շինեմ եւ անոր կործանուած տեղերը նորէն պիտի շինեմ եւ կանգնեցնեմ զանիկա, որպէս զի մնացած մարդիկը Տէրը փնտռեն եւ բոլոր հեթանոսները՝ որոնց վրայ իմ անունս կոչուած է’, կ’ըսէ Տէրը, որ այս ամէն բաները կ’ընէ։ Յայտնի են Աստուծոյ իր բոլոր գործերը աշխարհի սկիզբէն ի վեր» (Գործք 15։13-18

2 ‘Դաւիթին խորանը’ կամ արքայական տունը ինկաւ, երբ Սեդեկիա թագաւոր գահազրկուեցաւ (Ամովս 9։11)։ Բայց այդ «խորանը» պիտի վերաշինուէր Յիսուսով՝ որպէս մնայուն Թագաւոր (Եզեկ. 21։27. Գործք 2։29-36)։ Յակոբոս ցոյց տուաւ, թէ այս մարգարէութիւնը կը կատարուէր, հրեաներ ե՛ւ հեթանոսներ օծուելով՝ երկնքի մէջ Յիսուսի հետ թագաւորներ ըլլալու համար։ Ներկայիս, օծեալ քրիստոնեաներու մնացորդ մը եւ Յիսուսի միլիոնաւոր «ուրիշ ոչխարներ»ը որպէս Եհովայի ծառաներ միասնաբար կը հռչակեն Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը (Յովհ. 10։16

ԵՀՈՎԱՅԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ ԿԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԷ

3, 4. Եհովայի ժողովուրդը Բաբելոնի մէջ ինչպէ՞ս հոգեւորապէս վերապրեցաւ։

3 Երբ հրեաները Բաբելոն գերի տարուեցան, յստակ էր որ ‘Դաւիթին խորանը’ ինկած էր։ Գիտենք որ սուտ կրօնքը Բաբելոնի մէջ համատարած էր։ Լաւ, Աստուծոյ ժողովուրդը ինչպէ՞ս կրցաւ այդպիսի միջավայրի մը մէջ 70 տարի հոգեւորապէս վերապրիլ։ Այն նոյն կերպով, որով մենք, որպէս Եհովայի ժողովուրդ, Սատանայի այս չար աշխարհին մէջ կը վերապրինք (Ա. Յովհ. 5։19)։ Ճոխ հոգեւոր ժառանգութիւնը այսպիսի վերապրում մը կարելի դարձուցած է։

4 Ներկայիս, մենք ունինք Աստուծոյ գրաւոր Խօսքը, որ մեր հոգեւոր ժառանգութեան մէկ մասն է։ Բաբելոնի մէջ, հրեայ գերիները Սուրբ Գրութիւնները ամբողջութեամբ չունէին, բայց գիտէին Մովսիսական օրէնքը եւ ատոր Տասը պատուիրանները։ Անոնք նաեւ գիտէին «Սիօնի երգեր»ը, կրնային յիշել բազմաթիւ առակներ եւ լաւատեղեակ էին Եհովայի նախկին ծառաներուն քաջագործութիւններուն։ Արդարեւ, այդ աքսորեալները իրենց հայրենիքը յիշելով՝ ողբացին, եւ Եհովան չմոռցան (կարդա՛ Սաղմոս 137։1-6Այս բոլորը անոնց օգնեցին որ Եհովայի մօտենան, թէեւ Բաբելոնի բազմաթիւ սուտ ուսուցումներով եւ սովորութիւններով շրջապատուած էին։

ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՐ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ ՉԷ

5. Ի՞նչ ապացոյց ունինք, թէ վաղեմի բաբելոնացիները եւ եգիպտացիները երրորդութիւններ կը պաշտէին։

5 Բաբելոնի մէջ, երրորդութիւնը պաշտամունքի ակներեւ մէկ երեսակն էր։ Բաբելոնական երրորդութիւն մը կազմուած էր՝ Սին (լուսնի աստուած), Շամաշ (արեւի աստուած) եւ Իշթար (բեղմնաւորութեան եւ պատերազմի աստուածուհի) չաստուածներէն։ Իսկ եգիպտացիները հօրմէ, մօրմէ եւ որդիէ բաղկացած երրեակներ կը պաշտէին։ Թէեւ այդ չաստուածները երրորդութիւն մըն էին, սակայն միշտ համահաւասար չէին նկատուեր։ Եգիպտական երրեակ մը կազմուած էր՝ Օզիրիս չաստուածէն, Իզիս չաստուածուհիէն եւ անոնց որդիէն՝ Հորուս։

6. ա) Երրորդութիւնը ինչպէ՞ս կը սահմանես։ բ) Այսպիսի սխալ հաւատալիքէ մը ինչպէ՞ս պաշտպանուած ենք։

6 Քրիստոնէական աշխարհն ալ իր երրորդութիւնը ունի։ Կղերականները կ’ըսեն թէ Հայրը, Որդին եւ սուրբ հոգին մէկ Աստուած են։ Բայց այս հաւատալիքը Եհովան տկար Աստուած կը ներկայացնէ, զինք աստուածութեան մէկ երրորդը դարձնելով։ Եհովայի ժողովուրդը այսպիսի սխալ հաւատալիքէ մը պաշտպանուած է, քանի որ հետեւեալ ներշնչեալ խօսքին հետ համամիտ է. «Տէրը՝ մեր Աստուածը միա՛կ Տէրն է» (Բ. Օր. 6։4, ԱԾ)։ Յիսուս այդ խօսքը երկրորդեց։ Եւ ճշմարիտ քրիստոնեաները Յիսուսի բոլո՛ր ըսածներուն կը հաւատան. այնպէս չէ՞ (Մար. 12։29

7. Որպէս ճշմարիտ քրիստոնեայ մկրտուելէ առաջ, անհատ մը Աստուծոյ մասին ի՞նչ պէտք է հաւատայ։

7 Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ» (Մատ. 28։19)։ Որպէս հարազատ քրիստոնեայ ե՛ւ Եհովայի վկայ մկրտուելու համար, մկրտութեան թեկնածուն պէտք է հաւատայ, թէ Հայրը՝ Եհովան՝ Յիսուսէն գերակայ է, Յիսուսը Աստուծոյ Որդին է՝ որ երկիր եկաւ իր կեանքը մարդկութեան համար փրկանք տալու, եւ թէ սուրբ հոգին Աստուծոյ գործօն ուժն է,– ոչ թէ Երրորդութեան մէկ մասը (Ծն. 1։2)։ Այն անհատը որ կը շարունակէ հաւատալ Երրորդութեան, չի կրնար մկրտուիլ որպէս վաւերական նուիրումի խորհրդանիշ։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք, որ մեր հոգեւոր ժառանգութիւնը մեզ պաշտպանած է Աստուած անարգող այս ուսուցումէն։

ՈԳԵՀԱՐՑՈՒԹԻՒՆԸ ԳԼՈՒԽ ԿԸ ՑՑԷ

8. Բաբելոնացիները չաստուածներու եւ դեւերու մասին ի՞նչ կը հաւատային։

8 Բաբելոնացիները ոչ միայն իրենց չաստուածներուն հաւատացին, այլ նաեւ՝ դեւերու եւ ոգեհարցութեան։ Համայնագիտարան մը կ’ըսէ, թէ բաբելոնացիները կը հաւատային թէ դեւերը մարդիկը կը հիւանդացնեն։ Անոր համար, անոնք աղօթքով իրենց չաստուածներէն կը խնդրէին, որ զիրենք դեւերէն պաշտպանեն (The International Standard Bible Encyclopedia

9. ա) Բաբելոնական գերութենէն ետք, բազմաթիւ հրեաներ ինչպէ՞ս կրօնական սուտ գաղափարներու զոհը դարձան։ բ) Ոգեհարցութեան վտանգներէն ինչպէ՞ս պաշտպանուած ենք։

9 Բաբելոնական գերութենէն ետք, բազմաթիւ հրեաներ անաստուածաշնչական գաղափարներու զոհը դարձան։ Անոնք դիւային ազդեցութեան դէմ անպաշտպան մնացին, երբ որդեգրեցին յունական այն գաղափարը թէ դեւերը կրնան գէշ կամ լաւ ըլլալ։ Բայց Աստուած կ’ըսէ, թէ ոգեհարցութիւնը կամ կամովին դեւերու հետ կապի մէջ մտնելը, սխալ ե՛ւ վտանգաւոր է։ Այս ճշմարտութիւնը մեր հոգեւոր ժառանգութեան մաս կը կազմէ (Եսա. 47։1, 12-15)։ Մենք պաշտպանուած ենք՝ քանի որ Աստուծոյ առաջնորդութեան կը հետեւինք (կարդա՛ Բ. Օրինաց 18։10-12. Յայտնութիւն 21։8

10. Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ Մեծ Բաբելոնի սովորութիւններուն եւ հաւատալիքներուն մասին։

10 Վաղեմի բաբելոնացիներուն նման, ներկայիս Մեծ Բաբելոնին՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան՝ աջակցողներէն շատեր ոգեհարցութեամբ կը զբաղին (Յայտ. 18։21-24)։ Այս սուտ կրօնքները իրապէս վաղեմի Բաբելոնի կրօնքին կը նմանին, քանի որ հոնկէ է որ սխալ գաղափարներ եւ սովորութիւններ յառաջ եկան։ Ոգեհարցութեան, կռապաշտութեան եւ ա՛յլ մեղքերու պատճառաւ, Մեծ Բաբելոն շուտով պիտի կործանուի (կարդա՛ Յայտնութիւն 18։1-5

11. Ոգեհարցութեան առնչութեամբ ի՞նչ զգուշացումներ հրատարակած ենք։

11 Եհովան ըսաւ. «Մոգական ուժերու օգտագործման չեմ կրնար հանդուրժել» (Եսա. 1։13, ՆԱ)։ 1800–ական թուականներուն, շատեր ոգեհարցութեամբ կը զբաղէին։ Ուստի 1885–ին, Սիօնի դիտարան–ին մայիս թիւը այդ նիւթը քննարկեց։ Յօդուածը կ’ըսէր, թէ հին կրօնքներ սորվեցուցին որ մեռելները ողջ են, եւ թէ բոլոր մշակոյթներուն դիցաբանութիւնը հիմնուած էր ա՛յն գաղափարին վրայ, թէ մեռելները ենթաշխարհի մը մէջ էին։ Յօդուածը նաեւ ըսաւ, թէ դեւերը իրենք զիրենք կը ձեւացնեն մեռելներ, որոնք կը ջանան ողջ անհատներու հետ կապի մէջ մտնել։ Այսպէս, դեւերը կրցած են բազմաթիւ մարդոց մտածելակերպին եւ արարքներուն ազդել։ Համանման զգուշացումներ տուած են մեր հին գրքոյկներէն մէկը՝ Սուրբ Գրութիւնները ոգեհարցութեան մասին ի՞նչ կ’ըսեն, եւ մեր արդի հրատարակութիւնները։

ՄԵՌԵԼՆԵՐԸ ՍՏՈՐԵՐԿՐԵԱՅ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԸ ՄԷՋ ԿԸ ՏԱՌԱՊԻ՞Ն

12. Ներշնչման ներքեւ, Սողոմոն մեռելներուն վիճակին մասին ի՞նչ ըսաւ։

12 Անոնք «որոնք ճշմարտութիւնը կը ճանչնան», կրնա՛ն այս հարցումին պատասխանել (Բ. Յովհ. 1)։ Անշուշտ, Սողոմոնի սա խօսքին հետ համամիտ ենք. «Ողջ շունը մեռած առիւծէն աղէկ է։ Որովհետեւ անոնք որ կ’ապրին, գիտեն թէ պիտի մեռնին. բայց մեռելները բան մը չեն գիտեր. . . Ձեռքդ ինչ որ գտնէ ընելու, բոլոր ուժովդ ըրէ, քանզի գերեզմանիդ մէջ գործ, խորհուրդ, գիտութիւն ու իմաստութիւն չկայ» (Ժող. 9։4, 5, 10

13. Յունական կրօնքին ու մշակոյթին ո՞ր հաւատալիքը հրեաներուն ազդեց։

13 Եհովան հրեաներուն ըսա՛ծ էր մեռելներուն իսկական վիճակին մասին։ Բայց երբ յոյները Յուդայի եւ Սուրիոյ վրայ տիրեցին, ջանք թափեցին որ ժողովուրդը յունական կրօնքն ու մշակոյթը ընդունի։ Առ ի արդիւնք, հրեաները սկսան հաւատալ հոգիի անմահութեան եւ չարչարանքի համար պատրաստուած ստորերկրեայ աշխարհի մը։ Բայց յոյները առաջինը չէին որ այսպիսի բաներու կը հաւատային։ Գիրք մը կ’ըսէ թէ բաբելոնացիները կը հաւատային որ ուրիշ աշխարհ մը գոյութիւն ունէր, ուր զօրաւոր չաստուածներ եւ դեւեր մարդիկը կը չարչարէին (The Religion of Babylonia and Assyria)։ Արդարեւ, բաբելոնացիները հոգիի անմահութեան կը հաւատային։

14. Յոբ եւ Աբրահամ ի՞նչ գիտէին մահուան եւ յարութեան մասին։

14 Արդար մարդը՝ Յոբ՝ Սուրբ Գրութիւնները չունենալով հանդերձ, մեռելներուն իսկական վիճակին մասին գիտէր։ Ան նաեւ կը գիտակցէր, որ Եհովան սիրալիր Աստուած մըն է, որ զինք յարուցանելու տենչ պիտի ունենար (Յոբ 14։13-15)։ Աբրահամն ալ յարութեան կը հաւատար (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։17-19Քանի որ անկարելի է յարուցանել մարդ մը որ չի մեռնիր, յստակ է որ այս մարդիկը հոգիի անմահութեան չհաւատացին։ Անկասկած, Աստուծոյ հոգին Յոբին եւ Աբրահամին օգնեց, որ մեռելներուն վիճակը հասկնան եւ յարութեան հաւատան։ Այս ճշմարտութիւններն ալ մեր ժառանգութեան մէկ մասն են։

ՓՐԿԱՆՔԸ ԿԵՆՍԱԿԱՆ Է

15, 16. Մեղքէն ու մահէն ինչպէ՞ս ազատած ենք։

15 Պէտք է երախտապարտ ըլլանք որ Աստուած մեզի նաեւ ըսած է, թէ ինչպէ՛ս մեզ մեղքէն ու մահէն ազատած է (Հռով. 5։12)։ Մենք կը գիտակցինք, որ Յիսուս «չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերուն համար իբր փրկանք տալու» (Մար. 10։45)։ Ի՜նչ լաւ է գիտնալ թէ «Քրիստոս Յիսուսով եղած փրկութիւնով ձրի կ’արդարանան[ք]» (Հռով. 3։22-24

16 Առաջին դարու հրեաներն ու հեթանոսները իրենց մեղքերուն համար պէտք էր զղջային եւ Յիսուսի փրկանքի զոհին հաւատային, որպէսզի ներում ստանային։ Ներկայիս, պարագան նոյնն է (Յովհ. 3։16, 36)։ Եթէ անհատ մը կը կառչի սուտ վարդապետութիւններու, ինչպէս՝ Երրորդութիւն եւ հոգիի անմահութիւն, չի կրնար փրկանքէն օգտուիլ։ Բայց մենք կրնա՛նք, քանի որ գիտենք ճշմարտութիւնը Աստուծոյ Որդիին մասին, «որով մենք փրկութիւն ունինք իր արիւնովը, այսինքն մեղքի թողութիւն» (Կող. 1։13, 14

ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ՛ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅԵԼ

17, 18. Ո՞ւր կրնանք օգտակար տեղեկութիւններ կարդալ մեր պատմութեան մասին, եւ ինչպէ՞ս կրնանք ատկէ օգտուիլ։

17 Մեր մասնայատուկ ժառանգութիւնը նաեւ կը պարփակէ ա՛յլ բաներ, որոնք Աստուած մեզի սորվեցուցած է, եւ ա՛յլ կերպեր, որով մեզի օգնած ու օրհնած է։ Մեր Տարեգիրք–երը մեզի կը պատմեն, թէ աշխարհի տարածքին Եհովայի ժողովուրդը ինչպէ՛ս կը շարունակէ իրեն ծառայել։ Կրնանք Եհովայի վկաներու պատմութեան մասին սորվիլ՝ Կենդանի հաւատք (Մաս 1 եւ 2) տեսաֆիլմերէն եւ կարգ մը հրատարակութիւններէն, ինչպէս՝ Եհովայի վկաներ. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ գիրքը։ Իսկ մեր պարբերաթերթերը յաճախ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն փորձառութիւնները կը ներկայացնեն։

18 Մեզի համար լաւ է գիտնալ Եհովայի վկաներու պատմութիւնը, ճիշդ ինչպէս որ լաւ էր իսրայէլ ժողովուրդին համար սորվիլ, թէ Աստուած ինչպէ՛ս իրենց օգնած էր (Ել. 12։26, 27)։ Իր ծերացած տարիքին Մովսէս իսրայէլը յորդորեց. «Հին օրերը միտքդ բեր, անցած դարերուն տարիները յիշէ՛, քու հօրդ հարցուր ու թող քեզի պատմէ։ Քու ծերերուդ հարցուր ու թող քեզի ըսեն» (Բ. Օր. 32։7)։ Որպէս Եհովայի ‘ժողովուրդը ու անոր արօտին ոչխարները’, բոլորս ուրախութեամբ զինք կը փառաբանենք եւ իր զօրաւոր գործերը ուրիշներուն կը պատմենք (Սաղ. 79։13)։ Ասկէ զատ, լաւ կ’ընենք եթէ մեր պատմութիւնը քննենք, անկէ սորվինք եւ ապագային համար ծրագրենք։

19. Քանի որ ճշմարտութիւնը գիտենք, ի՞նչ պէտք է ընենք։

19 Երախտապարտ ենք որ խաւարի մէջ չենք, այլ՝ Աստուծմէ հոգեւոր լոյս կը վայելենք (Առ. 4։18, 19)։ Ուստի, ժրաջանօրէն Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրենք եւ նախանձախնդրաբար ճշմարտութիւնը բաժնենք ուրիշներու հետ։ Մենք սաղմոսերգուին նոյն յուզումը ունինք, որ ըսաւ. «Քու արդարութիւնդ, միայն քուկդ պիտի յիշեմ։ Ո՛վ Աստուած, մանկութենէս ի վեր սորվեցուցիր ինծի. մինչեւ հիմա քու հրաշալի գործերդ պատմեցի։ Ու հիմա մինչեւ ծերութեան ու ալեւորութեան ատենս զիս մի՛ ձգեր, ո՛վ Աստուած. որպէս զի պատմեմ քու կարողութիւնդ գալու ազգին եւ քու զօրութիւնդ՝ այն ամենուն, որոնք պիտի գան» (Սաղ. 71։16-18

20. ա) Եհովայի հաւատարիմ ըլլալով ի՞նչ ցոյց կու տանք։ բ) Եհովայի իշխելու իրաւասութեան եւ զինք պաշտելու նկատմամբ ինչպէ՞ս կը զգաս։

20 Երբ Եհովայի հաւատարիմ ենք, ցոյց կու տանք թէ կը հաւատանք որ մեր վրայ իշխելու իրաւասութիւնը ունի եւ թէ մեր պաշտամունքին արժանի է (Յայտ. 4։10բ)։ Եհովան իր սուրբ հոգին կը շնորհէ՝ մեզի օգնելու որ ուրիշներուն հաղորդենք բարի լուրը եւ անոնց մխիթարութիւն ու յոյս տանք (Եսա. 61։1, 2)։ Սատանային բնա՛ւ թոյլ պիտի չտրուի Աստուծոյ ժողովուրդին եւ ամբողջ մարդկութեան վրայ իշխել։ Մեր հոգեւոր ժառանգութիւնը մեզ զօրաւոր պիտի պահէ եւ Եհովային մօտեցնէ, որպէսզի կարենանք զինք հիմա եւ յաւիտեան պաշտել (կարդա՛ Սաղմոս 26։11. 86։12