Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

«Տեսայ, բայց չհասկցայ»

«Տեսայ, բայց չհասկցայ»

1975–ին, երբ երկու տարեկան էի, մայրս առաջին անգամ ըլլալով կը նշմարէ թէ թերութիւն մը ունիմ։ Օր մը, երբ զիս գրկած է, իր ընկերուհիներէն մէկուն ձեռքէն ծանր իր մը գետին կ’իյնայ։ Բայց մայրս կ’անդրադառնայ թէ բնաւ չցնցուեցայ այդ բարձր ձայնէն։ Երբ երեք տարեկան եղայ, դեռ չէի կրնար խօսիլ։ Ետքը, մասնագէտները ընտանիքիս ցնցիչ լուր մը տուին՝ հաստատելով թէ բոլորովին խուլ էի։

Դեռատի հասակիս, ծնողներս ամուսնալուծուեցան, եւ մայրս ստիպուեցաւ մինակը հոգ տանիլ թէ՛ ինծի եւ թէ երկու եղբայրներուս ու քրոջս, որոնք տարիքով ինձմէ մեծ էին։ Այդ տարիներուն, Ֆրանսայի խուլ երեխաները նոյն կերպով ուսում չէին ստանար, ինչպէս հիմա, եւ գործածուած մեթոտները երբեմն տառապանք կը պատճառէին։ Այսուհանդերձ, մանկութենէս ի վեր, ունեցած եմ առաւելութիւն մը, որ խուլերէն շատեր չունին։ Բացատրեմ։

Երբ գրեթէ հինգ տարեկան էի

Որոշ ժամանակ մը, ուսուցիչներէն շատեր կը խորհէին թէ խուլ երեխաները պէտք է ուսում ստանան՝ խօսելով եւ մարդոց շրթներու շարժումներուն հետեւելով։ Արդարեւ, Ֆրանսայի մէջ, ուր մեծցայ, դպրոցներէն ներս նշանային լեզու գործածելը բացարձակապէս արգիլուած էր։ Դասերու ընթացքին, ուսուցիչները մինչեւ իսկ խուլ երեխաներէն ոմանց ձեռքերը կռնակնուն ետեւ կը կապէին, որպէսզի նշաններով չխօսին։

Մանուկ հասակիս, ամէն շաբաթ քանի մը ժամ կը տրամադրէի լեզուաբոյժի մը հետ վարժութիւններ ընելու համար։ Ան ծնօտս կամ գլուխս կը բռնէր ու կը ստիպէր որ կրկին անգամ արտաբերեմ հնչիւններ, որոնք չէի կրնար լսել։ Ուրիշ երեխաներու հետ չէի կրնար հաղորդակցիլ։ Այդ տարիները ինծի համար տառապանքի տարիներ եղան։

Ետքը, վեց տարեկանիս, զիս խուլ երեխաներու դպրոց մը տարին։ Առաջին անգամ ըլլալով սկսայ խուլ երեխաներու հետ հաղորդակցիլ։ Բայց հոն ալ նշանային լեզուն արգիլուած էր։ Եթէ դասարանին մէջ նշաններով խօսէինք, վախ կար որ ուսուցիչները մեր ձեռքերուն զարնէին կամ մազերը քաշէին։ Բայց մենք մեր յօրինած նշաններուն միջոցով՝ գաղտնի կերպով կը հաղորդակցէինք։ Վերջապէս կրցայ ուրիշ երեխաներու հետ հաղորդակցիլ եւ այսպիսով, չորս ուրախ տարիներ անցուցի։

Սակայն տասը տարեկանիս նախակրթարան փոխադրուեցայ։ Զգացի թէ աշխարհը վրաս փուլ եկաւ։ Բոլոր աշակերտները կը լսէին, կարծես թէ աշխարհի մէջ միակ խուլ երեխան ես ըլլայի։ Բժիշկները ընտանիքս խրատեցին որ նշանային լեզու չսորվի եւ զիս չարտօնէ որ խուլ երեխաներու հետ ընկերակցիմ, վախնալով որ լեզուաբուժութեան օգուտները կը կորսնցնեմ։ Ընտանիքս ալ անոնց խրատին անսաց։ Դեռ կը յիշեմ այդ պահը, երբ ականջի մասնագէտի մը քով գացած էինք։ Անոր գրասեղանին վրայ նշանային լեզուի գիրք մը կար, եւ երբ կողքին վրայի նկարները տեսայ, գիրքը մատնանշելով ըսի. «Ասիկա՛ կ’ուզեմ»։ Բայց բժիշկը անմիջապէս վերցուց գիրքը *։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՍԿՍԱՅ ՍՈՐՎԻԼ

Մայրս կը ջանար մեզ՝ երեխաներս՝ քրիստոնէական սկզբունքներով մեծցնել։ Ան մեզ ժողովներու կը տանէր, Եհովայի վկաներու Մերինիաք ժողովքը, որ Պորտոյի մօտակայքը կը գտնուի։ Երեխայ ըլլալով, ժողովներէն քիչ բան կը հասկնայի։ Սակայն ժողովքի անդամներէն ոմանք կարգով քովս կը նստէին եւ ինծի համար նոթեր կ’առնէին։ Իրենց սէրն ու հոգածութիւնը սրտիս դպաւ։ Իսկ տունը, մայրս ինծի հետ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէր, բայց սորվածներս լիովին չէի ըմբռներ։ Ինքզինքս քիչ մը Դանիէլ մարգարէին պէս զգացի, որ հրեշտակէ մը մարգարէութիւն ստանալէ ետք, ըսաւ. «Լսեցի, բայց չհասկցայ» (Դանիէլ 12։8)։ Իմ պարագայիս, կրնայի ըսել. «Տեսայ, բայց չհասկցայ»։

Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչի հիմնական ճշմարտութիւնները կամաց–կամաց սրտիս մէջ արմատ կապեցին։ Գնահատեցի ինչ որ յստակօրէն կը հասկնայի եւ փորձեցի սորվածներս կիրարկել։ Ուրիշներու վարուելակերպէն ալ սորվեցայ։ Օրինակ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ համբերող ըլլանք (Յակոբոս 5։7, 8)։ Ես իրապէս չէի հասկցած թէ համբերութիւնը ի՛նչ է։ Բայց երբ տեսայ թէ հաւատակիցներս այս յատկութիւնը կը ցուցաբերեն՝ կրցայ հասկնալ։ Արդարեւ, քրիստոնէական ժողովքը ինծի մեծապէս օգտած է։

ԴԱՌՆ ՅՈՒՍԱՀԱՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԻԱՆԱԼԻ ԱՆԱԿՆԿԱԼ

Ստեֆան ինծի օգնեց որ Աստուածաշունչը հասկնամ

Պատանեկութեանս շրջանին, օր մը փողոցը տեսայ մի քանի խուլ պատանիներ, որոնք իրարու հետ նշաններով կը խօսէին։ Սկսայ իրենց հետ գաղտնաբար ընկերակցիլ եւ ֆրանսական նշանային լեզուն սորվիլ։ Մինչ այդ, շարունակեցի ներկայ գտնուիլ քրիստոնէական ժողովներուն, ուր Ստեֆան անունով պատանի Վկայ մը մասնաւոր հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց ինծի հանդէպ։ Ան մեծ ջանք թափեց ինծի հետ հաղորդակցելու համար, եւ մենք մտերիմներ դարձանք։ Սակայն դառն յուսահատութիւնը զիս հարուածեց, երբ Ստեֆան բանտարկուեցաւ իր քրիստոնէական չէզոքութիւնը պահպանելուն համար։ Եւ քանի որ ան այլեւս քովս չէր, խորապէս վհատեցայ ու գրեթէ դադրեցայ ժողովներու յաճախելէ։

Տասնմէկ ամիս ետք, Ստեֆան ազատ արձակուելով տուն վերադարձաւ։ Երեւակայէ զարմանքս, երբ ան սկսաւ ինծի հետ նշանային լեզուով հաղորդակցիլ։ Աչքերո՛ւս չհաւատացի։ Արդեօք ի՞նչ պատահած էր։ Ստեֆան բանտին մէջ ֆրանսական նշանային լեզուն սորված էր։ Կը դիտէի իր ձեռքի շարժումներն ու դէմքին արտայայտութիւնները եւ աւելի կը խանդավառուէի՝ մտածելով թէ այս ամէնը շատ բան պիտի նշանակէր ինծի համար։

ՎԵ՛ՐՋԱՊԷՍ ՀԱՍԿՑԱՅ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ

Ստեֆան սկսաւ ինծի հետ Աստուածաշունչը սերտել։ Անկէ ետք էր որ կրցայ իրարու հետ կապել աստուածաշնչական ճշմարտութեան այն բոլոր մասերը, որոնք նախապէս սորված էի։ Երբ երեխայ էի, հաճոյքով կը դիտէի մեր աստուածաշնչական հրատարակութիւններուն մէջի գեղեցիկ նկարները, կը բաղդատէի նկարներուն մէջի անձնաւորութիւնները եւ կը քննէի իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն, որպէսզի կարենայի պատմութիւնները մտքիս մէջ դրոշմել։ Ճիշդ է որ գիտէի Աբրահամին, անոր «սերունդ»ին եւ ‘մեծ բազմութեան’ մասին, բայց անոնց իմաստը ըմբռնեցի միայն՝ երբ նշանային լեզուով բացատրուեցաւ ինծի (Ծննդոց 22։15-18. Յայտնութիւն 7։9)։ Ակնյայտ էր, որ գտած էի իմ հարազատ լեզուս՝ սրտիս լեզուն։

Այսպիսով, ժողովներու ընթացքին ներկայացուած նիւթերը սկսայ հասկնալ, եւ սրտանց մղուեցայ աւելին սորվելու։ Ստեֆան ինծի օգնեց որ Աստուածաշունչը աւելի լաւ հասկնամ եւ 1992-ին, անձս Եհովա Աստուծոյ նուիրեցի ու մկրտուեցայ։ Սակայն հոգեւորապէս յառաջդիմելով հանդերձ, տակաւին ինքնամփոփ եւ ամչկոտ էի, որովհետեւ մանկութեանս տարիներուն չէի կրցած մարդոց հետ հաղորդակցիլ։

ՊԱՅՔԱՐ՝ ԱՄՉԿՈՏՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ

Ի վերջոյ, խուլերու այն պզտիկ խումբը որուն հետ կ’ընկերակցէի, միացաւ Բեսաքի ժողովքին, որ Պորտոյի արուարձանը կը գտնուի։ Ասկէ օգտուեցայ եւ շարունակեցի հոգեւորապէս յառաջդիմել։ Հաղորդակցելու կարողութիւնս սահմանափակ ըլլալով հանդերձ, լսող բարեկամներս ուշադրութեամբ հոգ կը տանէին, որ ամէն բան հասկնայի։ Զոյգ մը, Ժիլ եւ Էլոտի, մասնաւոր ջանք թափեցին ինծի հետ հաղորդակցելու համար։ Անոնք յաճախ ժողովներէն ետք զիս ընթրիքի կամ սուրճ խմելու կը հրաւիրէին, եւ այսպիսով հիանալի բարեկամութիւն մը կը զարգանար մեր միջեւ։ Ի՜նչ բերկրանք է ըլլալ ժողովուրդի մը մէջ, որ Աստուծոյ սիրալիր ճամբաներով կ’ուղղուի։

Կինս, Վանէսան, իրապէս ինծի թիկունք կը կանգնի

Այս ժողովքին մէջ էր որ ծանօթացայ սքանչելի Վանէսային։ Իր նրբազգացութիւնն ու արդարութեան զգացումը զիս հրապուրեցին։ Ան իմ խուլ ըլլալս բնաւ խոչընդոտ չնկատեց, հապա միջոց մը, խուլ մարդոց հետ հաղորդակցիլ սորվելու։ Սիրահարուեցայ եւ ամուսնացանք 2005–ին։ Հաղորդակցիլը ինծի համար դժուար ըլլալով հանդերձ, Վանէսան օգնած է որ ամչկոտութեանս դէմ պայքարիմ եւ ազատօրէն արտայայտուիմ։ Իրապէս կը գնահատեմ զինք։ Ան նաեւ ինծի թիկունք կը կանգնի պատասխանատուութիւններուս մէջ։

ՄԷԿ Ա՛ՅԼ ՆՈՒԷՐ ԵՀՈՎԱՅԷՆ

Այն տարին որ ամուսնացանք, Եհովայի վկաներու Ֆրանսայի Լուվիէյի մասնաճիւղը զիս հրաւիրեց որ ամիս մը հոն երթամ՝ թարգմանութեան գործին համար մարզում ստանալու։ Այդ տարիներուն, մասնաճիւղը ծանր կ’աշխատէր բազմատեսակ հրատարակութիւններ պատրաստելու՝ ֆրանսական նշանային լեզուով, թուային տեսասկաւառակի վրայ։ Շատ գործ ըլլալուն պատճառով, թարգմանութեան խումբը օգնութեան ձեռքերու կարիքը ունէր։

Ֆրանսական նշանային լեզուով դասախօսութիւն մը տալու ատեն

Թէ՛ Վանէսան եւ թէ ես զգացինք, որ մասնաճիւղի մէջ ծառայելը ինծի համար մե՜ծ առանձնաշնորհում եւ Եհովայի կողմէ պարգեւ մըն էր. բայց պէտք է խոստովանիմ, որ միեւնոյն ատեն մտահոգուած էինք։ Մեր նշանային լեզուի խումբին ի՞նչ պիտի պատահէր։ Մեր տո՞ւնը ինչ պիտի ընէինք։ Վանէսան նոյն շրջանին մէջ գործ պիտի գտնէ՞ր։ Եհովան, հիանալի կերպով, ամէն մէկ խնդրի լուծումը տուաւ։ Իրապէս զգացի Եհովայի սէրը մեզի եւ խուլ մարդոց հանդէպ։

ՄԻԱԲԱՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ՄԸ ԻՆԾԻ ԹԻԿՈՒՆՔ ԿԸ ԿԱՆԳՆԻ

Թարգմանութեան գործին միջամուխ ըլլալով, հիմա աւելի լաւ կը հասկնամ թէ ի՜նչ աշխատանք կը տարուի, որպէսզի խուլերուն հոգեւոր օգնութիւն տրուի։ Եւ ի՜նչ հաճոյք է տեսնել, թէ բազմաթիւ համագործակիցներ կը ջանան ինծի հետ հաղորդակցիլ։ Այն քանի մը նշանները որ կը սորվին եւ կը փորձեն գործածել, սրտիս կը դպչին։ Բնաւ մեկուսացած չեմ զգար։ Սիրոյ այդ բոլոր արտայայտութիւնները Եհովայի ժողովուրդին արտասովոր միութեան դրսեւորումն են (Սաղմոս 133։1

Մինչ մասնաճիւղի Թարգմանութեան բաժանմունքի մէջ կ’աշխատիմ

Շնորհապարտ եմ Եհովային, որ միշտ հոգ տարած է, որ քրիստոնէական ժողովքին միջոցով ինծի օգնող մէկը ըլլայ։ Նաեւ կը գնահատեմ այն չնչին դերը որ ունեցած եմ ինծի պէս խուլ մարդոց օգնելու, որ ծանօթանան եւ մօտենան մեր սիրալիր Ստեղծիչին։ Անձկալից կը սպասեմ այն օրուան, երբ հաղորդակցութեան բոլոր խոչընդոտները պիտի վերցուին եւ ամէն մարդ՝ որպէս մարդկային միաբան ընտանիքի անդամ, «մաքուր լեզուն» պիտի խօսի,– Եհովա Աստուծոյ եւ անոր նպատակներուն մասին ճշմարտութիւնը (Սոփոնիա 3։9, ՆԱ

^ պարբ. 9 Մինչեւ 1991 թուական, ֆրանսական կառավարութիւնը պաշտօնապէս չէր ընդունած որ նշանային լեզուով խուլ երեխաներուն ուսում տրուի։