Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչին պատասխանները

Աստուածաշունչին պատասխանները

Յիսուս ինչո՞ւ կոչուած է Աստուծոյ Որդի

Զաւակներ ունենալու համար, Աստուած կնոջ կարիք չունէր, որովհետեւ ի՛նքն է բոլոր ապրող էակներուն Ստեղծիչը։ Մարդ արարածը ստեղծուած է այնպիսի կերպով մը, որ կարենայ Աստուծոյ յատկութիւնները ընդօրինակել։ Այս պատճառով է որ Աստուծոյ ստեղծած առաջին մարդը՝ Ադամ, ‘Աստուծոյ որդի’ կոչուած է։ Նմանապէս Յիսուս «Աստուծոյ Որդի» կոչուած է, որովհետեւ ստեղծուած է այն յատկութիւններով, որոնք իր Հայրը ունէր (կարդա՛ Ղուկաս 3։38. Յովհաննէս 1։14, 49

Յիսուս ե՞րբ ստեղծուեցաւ

Աստուած Յիսուսը ստեղծեց, նախքան Ադամը ստեղծելը։ Իրականութեան մէջ, Աստուած Յիսուսը ստեղծեց եւ ապա զինք գործածեց մնացեալ բոլոր բաները ստեղծելու, ներառեալ հրեշտակները։ Այս պատճառով է որ Սուրբ Գիրքը Յիսուսը կը կոչէ՝ Աստուծոյ կողմէ «բոլոր ստեղծուածներուն անդրանիկը» (կարդա՛ Կողոսացիս 1։15, 16

Նախքան Բեթլեհէմի մէջ ծնիլը, Յիսուս երկինքը կ’ապրէր որպէս հոգեղէն արարած։ Երբ ատենը եկաւ, Աստուած Յիսուսի կեանքը երկնքէն Մարիամին արգանդը փոխադրեց, որպէսզի ծնէր որպէս մարդ արարած (կարդա՛ Ղուկաս 1։30-32. Յովհաննէս 6։38. 8։23

Աստուած ինչո՞ւ պատճառ դարձաւ, որ Յիսուս որպէս մարդ ծնէր երկրի վրայ։ Յիսուս ի՞նչ մասնայատուկ դեր մը կատարեց։ Այդ հարցումներուն պատասխանները կրնաս գտնել Աստուածաշունչէն։ Անոնք քեզի պիտի օգնեն, որ աւելի լաւ հասկնաս ու գնահատես ինչ որ Աստուած եւ Յիսուս ըրած են քեզի համար։