Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի մեծ անունը պատուե՛նք

Եհովայի մեծ անունը պատուե՛նք

«Յաւիտեան պիտի փառաւորեմ քու անունդ» (ՍԱՂ. 86։12

1, 2. Քրիստոնէական աշխարհի եկեղեցիներուն առ ի հակապատկեր, Եհովայի վկաները Աստուծոյ անունը ինչպէ՞ս կը նկատեն։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ եկեղեցիները ընդհանուր առմամբ խուսափած են Աստուծոյ անունը գործածելէ։ Օրինակի համար, Աստուածաշունչի թարգմանութիւն մը իր նախաբանին մէջ կը նշէ. «Միակ եւ ճշմարիտ Աստուծոյ որեւէ անուան գործածութիւնը. . . ամբողջովին անպատշաճ է քրիստոնէական եկեղեցիի տիեզերական հաւատքին համար» (Revised Standard Version

2 Միւս կողմէ, Եհովայի վկաները Աստուծոյ անունը կրելով եւ զայն փառաւորելով կը պարծենան (կարդա՛ Սաղմոս 86։12. Եսայի 43։10Ասկէ զատ, այդ անուան իմաստը հասկնալն ու ատոր սրբացման առնչուած տիեզերական հարցը գիտնալը առանձնաշնորհում կը սեպենք (Մատ. 6։9)։ Սակայն ասիկա բնաւ թեթեւի պէտք չէ առնենք։ Հետեւաբար քննարկենք երեք կարեւոր հարցումներ. ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծոյ անունը ճանչնալ, Եհովան ինչպէ՞ս իր մեծ անուան համաձայն վարուած է, եւ ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի անունով քալել։

Ի՛ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՆՈՒՆԸ ՃԱՆՉՆԱԼ

3. Ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծոյ անունը ճանչնալ։

3 Աստուծոյ անունը ճանչնալը պարզապէս «Եհովա» բառը գիտնալէն աւելի՛ն կը նշանակէ։ Ատիկա կը պարփակէ Եհովայի համբաւը գիտնալ, ինչպէս նաեւ իր յատկութիւնները, նպատակը, գործունէութիւնները ե՛ւ իր ծառաներուն հետ իր գործառնութիւնները։ Անշուշտ Եհովան աստիճա՛նաբար յայտնած է ինչպիսի՛ Աստուած ըլլալը, մինչ իր նպատակը կ’իրագործէ (Առ. 4։18)։ Ան առաջին զոյգին յայտնեց իր անունը։ Այսպէս, Եւան զայն գործածեց Կայէնին ծնունդ տալէ ետք (Ծն. 4։1, ՆԱ)։ Հաւատարիմ նահապետները՝ Նոյ, Աբրահամ, Իսահակ եւ Յակոբ Աստուծոյ անունը գիտէին։ Ասկէ զատ, անոնք զայն աւելի գնահատեցին, երբ Եհովան զիրենք օրհնեց, հոգաց եւ իր նպատակին կարգ մը երեսակները անոնց յայտնեց։ Յետագային, Աստուծոյ անուան առնչութեամբ մասնայատուկ բան մը յայտնուեցաւ Մովսէսի։

Մովսէս Աստուծոյ անուան նշանակութիւնը գիտէր, եւ ասիկա իր հաւատքը զօրացուց

4. Մովսէս ինչո՞ւ Աստուծոյ անուան մասին հարցուց, եւ իր մտահոգութիւնը ինչո՞ւ հասկնալի էր։

4 Կարդա՛ Ելից 3։10-15։ Երբ Մովսէս 80 տարեկան էր, Աստուած իրեն պատուիրեց, որ ‘Իր ժողովուրդը՝ Իսրայէլի որդիները՝ Եգիպտոսէն հանէ’։ Ապա, Մովսէս Աստուծոյ իմաստալից հարցում ուղղեց. «Երբ ըսեն ինծի թէ՝ ‘Ի՞նչ է անոր անունը’, ի՞նչ ըսեմ անոնց»։ Ի մտի ունենալով որ Աստուծոյ անունը շատոնց նշուած էր, Մովսէսի այս հարցումին ետին գտնուող պատճառը ի՞նչ էր։ Բացայայտօրէն, ան ուզեց աւելի՛ն գիտնալ այդ անունը ներկայացնող անձնաւորութեան մասին,– իրողութիւններ՝ որոնք պիտի համոզէին իր հայրենակիցները, թէ Աստուած իրապէս զիրենք պիտի ազատէր։ Մովսէսի մտահոգութիւնը վաւերական էր, քանի որ իսրայէլացիները որոշ ժամանակէ ի վեր ստրուկներ էին։ Հաւանաբար անոնք մտածած ըլլալու էին, թէ արդեօք իրենց նախահայրերուն Աստուածը կրնա՛ր զիրենք ազատել։ Արդարեւ, իսրայէլացիներէն ոմանք արդէն եգիպտական չաստուածներ սկսած էին պաշտել (Եզեկ. 20։7, 8

5. Մովսէսի հարցումին պատասխանելով, Եհովան իր անուան վրայ ինչպէ՞ս յաւելեալ լոյս սփռեց։

5 Եհովան Մովսէսին ինչպէ՞ս պատասխանեց։ Մասամբ, ան ըսաւ. «Այսպէս պիտի ըսես Իսրայէլի որդիներուն. ‘Զիս ՈՐ ԷՆ ղրկեց ձեզի’» *։ Սա կը նշանակէ, թէ Եհովան կրնայ ըլլալ կամ կրնայ դառնալ այն ի՛նչ որ կ’ընտրէ դառնալ՝ իր նպատակը իրագործելու համար։ Ուստի, 15–րդ համարին մէջ կը կարդանք Եհովայի սա խօսքը. «Իմ անունս յաւիտեան այս է եւ ազգէ ազգ իմ յիշատակս այս է»։ Ասիկա որքա՜ն Մովսէսի հաւատքը զօրացուցած եւ զինք երկիւղով լեցուցած ըլլալու էր։

ԵՀՈՎԱՆ ԻՐ ԱՆՈՒԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ ՎԱՐՈՒԵՑԱՒ

6, 7. Եհովան ինչպէ՞ս իր մեծ անուան համաձայն վարուեցաւ։

6 Մովսէսին յանձնարարութիւն տալէ քիչ ետք, Եհովան լիովին իր անուան համաձայն վարուեցաւ՝ իսրայէլի Ազատարարը ըլլալով։ Ան Եգիպտոսը պատժեց տասը պատուհասներ բերելով եւ քօղազերծեց եգիպտական չաստուածներուն,– ներառեալ փարաւոնին,– անկարող ըլլալը (Ել. 12։12)։ Ապա, Եհովան Կարմիր ծովը ճեղքեց, իսրայէլը անոր մէջէն առաջնորդեց եւ փարաւոնն ու անոր զօրքը ընկղմեց (Սաղ. 136։13-15)։ Իսկ «մեծ ու ահագին անապատ»ին մէջ, Եհովան փաստեց թէ կեանքի Պահպանող է, երբ միլիոնաւոր իսրայէլացիներու հայթայթեց ուտելիք եւ ջուր։ Ան նոյնիսկ թոյլ չտուաւ որ անոնց լաթերը հիննան կամ կօշիկները մաշին (Բ. Օր. 1։19. 29։5)։ Այս բոլորը կ’ապացուցանեն, թէ ոչ մէկ բան կրնայ Եհովային արգելք հանդիսանալ որ իր խոստումները կատարէ։ Յետագային ան Եսայիին ըսաւ. «Տէրը ե՛ս եմ, ե՛ս եմ եւ ինձմէ ուրիշ փրկիչ չկայ» (Եսա. 43։11

7 Մովսէսի յաջորդը՝ Յեսու՝ նաեւ ականատես եղաւ Եհովայի ահեղ արարքներուն Եգիպտոսի ե՛ւ անապատին մէջ։ Անոր համար իր կեանքի վերջաւորութեան, Յեսուն սրտագին համոզումով իր հայրենակիցներուն կրցաւ ըսել. «Դուք ձեր բոլոր սրտովն ու բոլոր հոգիովը գիտէք թէ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի համար որչափ բարիք որ խոստացաւ, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ. անոնց ամէնքն ալ կատարուեցան։ Անոնցմէ բնաւ խօսք մը գետին չինկաւ» (Յես. 23։14)։ Արդ, Եհովան ի՛րապէս իր խոստումները կատարեց։

8. Մեր օրերուն, Եհովան ինչպէ՞ս իր անուան համաձայն կը վարուի։

8 Ներկայիս ալ Եհովան իր խոստումները կը կատարէ։ Իր Որդիին միջոցաւ, ան կանխագուշակեց թէ վերջին օրերուն ընթացքին, Թագաւորութեան պատգամը պիտի քարոզուէր «բովանդակ աշխարհի մէջ» (Մատ. 24։14)։ Միայն Եհովան կրնայ այս գործունէութիւնը կանխագուշակել եւ վստահ ըլլալ որ ատիկա կ’իրագործուի բազմաթիւ «տգէտ ու առանց ուսման» մարդոց միջոցաւ (Գործք 4։13)։ Ուստի, երբ այս գործունէութեան կը մասնակցինք, իրականութեան մէջ աստուածաշնչական մարգարէութեան կատարման մէջ բաժին կը բերենք։ Մենք մեր Հայրը կը պատուենք եւ ցոյց կու տանք թէ մեր սա աղօթքին համաձայն կը գործենք. «Քու անունդ սուրբ ըլլայ. քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» (Մատ. 6։9, 10

ԻՐ ԱՆՈՒՆԸ ՄԵԾ Է

Փարաւոնը մերժեց Եհովան որպէս Աստուած ընդունիլ

9, 10. Իսրայէլի հետ իր գործառնութիւններէն, Եհովայի մասին յաւելեալ ի՞նչ բան կը սորվինք։

9 Իսրայէլացիները Եգիպտոսը ձգելէ քիչ ետք, Եհովան անոնց աւելի՛ն յայտնեց իր մասին. Օրէնքի ուխտը ըրաւ եւ խոստացաւ անոնց հոգ տանիլ, ինչպէս ամուսին մը իր կնոջ հոգ կը տանի։ Իսրայէլացիները իրենց կարգին իր այլաբանական կինը դարձան,– իր անուան համար ժողովուրդ մը (Եսա. 54։5, 6)։ Եթէ անոնք կամովին իրեն ենթարկուէին եւ իր պատուէրները պահէին, ան պիտի փաստէր իր կատարեալ «այր» ըլլալը։ Ան զանոնք պիտի օրհնէր, պահպանէր եւ խաղաղութիւն տար (Թուոց 6։22-27)։ Այսպէս, Եհովայի մեծ անունը ազգերուն մէջ պիտի փառաւորուէր (կարդա՛ Բ. Օրինաց 4։5-8. Սաղմոս 86։7-10Արդարեւ, իսրայէլացիներուն օրերուն բազմաթիւ օտարներ ճշմարիտ պաշտամունքը որդեգրեցին։ Անոնք կարծես թէ ըսին ինչ որ մովաբացի Հռութը Նոեմիին ըսած էր. «Քու ժողովուրդդ իմ ժողովուրդս պիտի ըլլայ ու քու Աստուածդ իմ Աստուածս պիտի ըլլայ» (Հռութ 1։16

10 Շուրջ 1500 տարի, իսրայէլի հետ Եհովայի գործառնութիւնները իր անձնաւորութեան երեսակներուն մասին շատ բան յայտնեցին։ Հակառակ ազգին կամակորութեան, Եհովան միշտ ու միշտ փաստեց «ողորմած» եւ «երկայնամիտ» Աստուած ըլլալը (Ել. 34։5-7)։ Բայց Եհովայի համբերատարութիւնը սահման ունի. եւ այդ սահմանին հասաւ երբ հրեայ ազգը իր Որդին մերժեց եւ սպաննեց (Մատ. 23։37, 38)։ Մարմնաւոր իսրայէլը դադրեցաւ Աստուծոյ ժողովուրդը ըլլալէ, եւ անոնք հոգեւորապէս մեռան՝ չորցած փայտի մը նման (Ղուկ. 23։31)։ Յետագային, իսրայէլացիները ինչպէ՞ս սկսան աստուածային անունը նկատել։

11. Իսրայէլացիները ինչո՞ւ դադրեցան Աստուծոյ անունը գործածելէ։

11 Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ժամանակի ընթացքին, իսրայէլացիները Աստուծոյ անուան հանդէպ աւելորդապաշտ կեցուածք զարգացուցին, զայն նկատելով բան մը որ պէտք չէ արտասանուի (Ել. 20։7)։ Անոնք աստիճանաբար դադրեցան Աստուծոյ անունը գործածելէ։ Անկասկած, Եհովան տրտմեցաւ՝ տեսնելով իր անուան անարգուիլը (Սաղ. 78։40, 41)։ Բայց Աստուած որ «նախանձոտ կը կոչուի», պիտի չձգէր որ իր անունը յաւիտեան մնար այն ժողովուրդին վրայ, որ զինք լքած էր եւ որոնց ինք ուրացած էր (Ել. 34։14)։ Այս իրողութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ Ստեղծիչին անուան հանդէպ խոր յարգանք ունենանք։

ՆՈՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ՄԸ ԻՐ ԱՆՈՒՆԸ ԿԸ ԿՐԷ

12. Ո՞ր ժողովուրդը Աստուծոյ անունով կոչուեցաւ։

12 Եհովան Երեմիայի միջոցաւ յայտնեց նոր ազգի մը՝ հոգեւոր իսրայէլի՝ հետ «նոր ուխտ» հաստատելու իր նպատակը։ Երեմիան կանխագուշակեց, թէ ատոր բոլոր անդամները՝ «պզտիկէն մինչեւ մեծը» Եհովան ‘պիտի ճանչնային’ (Եր. 31։31, 33, 34)։ Այդ մարգարէութիւնը Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին սկսաւ կատարուիլ, երբ Աստուած նոր ուխտը հաստատեց։ Նոր ազգը՝ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը, որ պարփակեց հրեաներ եւ ոչ–հրեաներ, դարձաւ «ժողովուրդ մը. . . [Աստուծոյ] անուանը համար», կամ ինչպէս որ Եհովան ըսաւ, ժողովուրդ մը՝ «որոնց վրայ իմ անունս կոչուած է» (Գաղ. 6։16. կարդա՛ Գործք 15։14-17. Մատ. 21։43

13. ա) Նախկին քրիստոնեաները Աստուծոյ անունը գործածեցի՞ն. բացատրէ՛։ բ) Ծառայութեանդ մէջ Աստուծոյ անունը գործածելը ինչպէ՞ս կը նկատես։

13 Որպէս ‘Աստուծոյ անունով կոչուած’ ժողովուրդ, այդ հոգեւոր ազգի անդամները աստուածային անունը գործածեցին, վստահաբար երբ Եբրայերէն Գրութիւններէն կը մէջբերէին *։ Արդ, Ք.Ե. 33–ին, երբ Պետրոս առաքեալ կը խօսէր հրեաներու եւ նորահաւատներու առջեւ, Աստուծոյ անունը կրկին անգամ գործածեց (Գործք 2։14, 20, 21, 25, 34)։ Նախկին քրիստոնեաները Եհովան պատուեցին, եւ ան իր կարգին՝ քարոզչութեան մէջ անոնց թափած ջանքերը օրհնեց։ Նմանապէս այսօր, Եհովան մեր ծառայութիւնը կ’օրհնէ, երբ պարծանքով իր անունը ծանուցանենք եւ զայն հետաքրքրուած անհատներուն ցոյց տանք՝ իրենց գործածած Աստուածաշունչին մէջ։ Այսպէս ընելով, զանոնք կը ծանօթացնենք ճշմարիտ Աստուծոյ։ Ասիկա ի՜նչ առանձնաշնորհում է անոնց ե՛ւ մեզի։ Այդ ծանօթանալը կրնայ կարգ մը պարագաներուն ըլլալ Եհովայի հետ հոյակապ փոխյարաբերութեան մը սկիզբը, որ հետզհետէ պիտի զօրանայ ու յաւիտեան մնայ։

14, 15. Հակառակ համատարած հաւատուրացութեան, Եհովան իր յիշատակելի անուան առնչութեամբ ի՞նչ ըրած է։

14 Հաւատուրացութիւնը յետագային սկսաւ քրիստոնէական ժողովքը ապականել, մանաւանդ առաքեալներուն մահէն ետք (Բ. Թես. 2։3-7)։ Սուտ վարդապետները նոյնիսկ որդեգրեցին Աստուծոյ անունը չգործածելու հրէական սովորութիւնը։ Բայց արդեօք Եհովան թոյլ պիտի տա՞ր որ իր յիշատակելի անունը բնաջնջուէր։ Բնա՛ւ երբեք։ Ճիշդ է որ անուան ճշգրիտ արտասանութիւնը այժմ կարելի չէ բնորոշել, բայց Աստուծոյ անունը վերապրած է։ Ժամանակի ընթացքին, ատիկա Աստուածաշունչի զանազան թարգմանութիւններու մէջ նշուած է, ինչպէս նաեւ աստուածաշնչագէտներու գրութիւններուն մէջ։ Օրինակի համար, 1757–ին, Չարլզ Փիթըրզ գրեց, թէ «Եհովա» բառը որեւէ տիտղոսէ աւելի կը նկարագրէ Անոր ինչպիսի՛ Աստուած ըլլալը։ 1797–ին, Հոփթըն Հայընզի կողմէ Աստուծոյ պաշտամունքին մասին գրուած գիրք մը լոյս տեսաւ։ Ան գրքին եօթներորդ գլուխը սկսաւ հետեւեալ խօսքերով. «ԵՀՈՎԱ, Աստուծոյ յատուկ անունը հրեաներուն մէջ. անոնք միա՛յն զինք պաշտեցին. նմանապէս ըրին Քրիստոս եւ առաքեալները»։ Հէնրի Կրու (1781-1862) ոչ միայն Աստուծոյ անունը գործածեց, այլեւ գիտակցեցաւ թէ ատիկա նախատուած էր եւ պէտք է սրբացուէր։ Նաեւ, Ճորճ Սթոռզ (1796-1879), որ Չարլզ Թէյզ Ռասըլի մօտիկ ընկերակիցն էր, Աստուծոյ անունը գործածեց. Ռասըլը ե՛ւս։

15 1931–ը մասնաւորաբար ուշագրաւ թուական մըն էր, քանի որ այդ տարի Աստուածաշունչի միջազգային աշակերտները,– ինչպէս որ Աստուծոյ ժողովուրդը այդ ատեն կը կոչուէր,– որդեգրեցին սուրբ գրային անունը՝ Եհովայի վկաներ (Եսա. 43։10-12)։ Այսպիսով, անոնք ամբողջ աշխարհի յայտարարեցին թէ կը պարծենային միակ ճշմարիտ Աստուծոյ ծառաները ըլլալով, ‘իր անուանը համար ժողովուրդ մը’ ըլլալով եւ այդ անունը փառաբանելով (Գործք 15։14)։ Երբ մտածենք թէ Եհովան ինչպէ՛ս իր անունը պաշտպանած է, կը յիշենք Մաղաքիա 1։11–ի մէջ արձանագրուած իր սա խօսքը. «Արեւուն ծագած տեղէն մինչեւ անոր մարը մտած տեղը, ազգերուն մէջ իմ անունս մեծ պիտի ըլլայ»։

ԵՀՈՎԱՅԻ ԱՆՈՒՆՈՎ ՔԱԼԵԼ

16. Աստուծոյ անունով քալելը ինչո՞ւ պատիւ կը սեպենք։

16 Միքիա մարգարէն գրեց. «Բոլոր ժողովուրդները՝ ամէն մէկը իր աստուծոյն անունովը կը քալէ, բայց մենք յաւիտեանս յաւիտենից մեր Տէր Աստուծոյն անունովը պիտի քալենք» (Միք. 4։5)։ Աստուածաշունչի Աշակերտներուն համար, Աստուծոյ անունով կոչուիլը մեծ պատիւէ մը աւելի՛ն էր։ Ատիկա նաեւ Եհովայի հաճութեան մէկ ապացոյցն էր (կարդա՛ Մաղաքիա 3։16-18Լաւ, ի՞նչ կարելի է ըսել քո՛ւ մասիդ։ ‘Աստուծոյ անունով քալելու’ ամէն ջանք կը թափե՞ս։

17. Աստուծոյ անունով քալելը ի՞նչ կը պարփակէ։

17 Աստուծոյ անունով քալելը առնուազն երեք բան կը պարփակէ։ Առաջին, պէտք է այդ անունը ուրիշներուն ծանուցանենք, գիտակցելով որ միայն անոնք, որոնք ‘Տէրոջը անունը կը կանչեն՝ պիտի փրկուին’ (Հռով. 10։13)։ Երկրորդ, պէտք է արտացոլենք Եհովայի յատկութիւնները, մանաւանդ իր սէրը (Ա. Յովհ. 4։8)։ Իսկ երրորդ, Աստուծոյ անունով կը քալենք, երբ ուրախութեամբ կ’ենթարկուինք իր արդար չափանիշներուն. այսպիսով, մեր Հօր անունը կը պատուենք (Ա. Յովհ. 5։3)։ Վճռա՞ծ ես «յաւիտեանս յաւիտենից մեր Տէր Աստուծոյն անունով» քալել։

18. Եհովայի մեծ անունը պատուողները ինչո՞ւ կրնան վստահութեամբ ապագային նայիլ։

18 Բոլոր անոնք՝ որոնք Եհովան կ’անտեսեն կամ կ’արհամարհեն, շուտով պիտի գիտնան իր ո՛վ ըլլալը (Եզեկ. 38։23)։ Անոնց մէջ կան անհատներ, որոնք փարաւոնին նման են, որ ըսաւ. «Եհովան ո՞վ է, որ անոր խօսքին մտիկ [ընեմ]»։ Փարաւոնը իր ծաղրական հարցումին պատասխանը որքա՜ն արագօրէն ստացաւ (Ել. 5։1, 2. 9։16. 12։29)։ Սակայն մենք կամովին Եհովան ճանչցած ենք։ Իր անունը կրելով եւ իր հնազանդ ժողովուրդը ըլլալով կը պարծենանք։ Ուստի, վստահութեամբ ապագային կը նայինք, ի մտի ունենալով Սաղմոս 9։10–ի մէջ արձանագրուած սա խոստումը. «Անոնք որ քու անունդ գիտեն՝ քեզի պիտի յուսան. վասն զի քեզ փնտռողները, ո՛վ Տէր, երեսէ չձգեցիր»։

^ պարբ. 5 Աստուծոյ անունը եբրայերէն բայի ձեւ մըն է, որ կը նշանակէ «ըլլալ» կամ «դառնալ»։ Այսպէս, «Եհովա» կը նշանակէ՝ «Ան կը պատճառէ ըլլալ»։

^ պարբ. 13 Նախկին քրիստոնեաներուն գործածած եբրայերէն բնագիրը կը բովանդակէր քառագիրը։ Ապացոյցներ կան, թէ նոյնն էր պարագան Եօթանասնից թարգմանութեան առաջին օրինակներուն։ Եօթանասնից–ը Եբրայերէն Գրութիւններուն յունարէն թարգմանութիւն մըն է։