Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուս իմաստալից կեանք վարեց

Յիսուս իմաստալից կեանք վարեց

ՅԻՍՈՒՍ իրապէս իմաստալից կեանք վարե՞ց։ Ակներեւաբար, ան աննշան շրջապատի մը մէջ մեծցաւ եւ իր կեանքի ընթացքին նիւթական գետնի վրայ շատ բան չունէր։ Իրականութեան մէջ, ան ‘տեղ մը չունէր, ուր իր գլուխը դնէր’ (Ղուկաս 9։57, 58)։ Ասկէ զատ, ան ատուեցաւ, զրպարտուեցաւ եւ ի վերջոյ մահուան դատապարտուեցաւ իր թշնամիներուն կողմէ։

Թերեւս պատճառաբանես. ‘Այսպիսի կեանք մը ինծի համար իմաստալից չի թուիր’։ Բայց Յիսուսի կեանքին մէջ յաւելեալ բաներ կան, որոնք լաւ կ’ըլլայ որ նկատի առնենք։ Քննարկենք իր կեանքէն չորս մարզ։

1. ՅԻՍՈՒՍ ՆՊԱՏԱԿ ՈՒՆԷՐ. ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՄՔԸ ԿԱՏԱՐԵԼ։

«Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ» (Յովհաննէս 4։34

Խօսքով ու գործով, Յիսուս ջանաց իր երկնաւոր Հօր՝ Եհովայի կամքը կատարել. եւ այս մէկը ընելով ան շատ ուրախացաւ։ Իրականութեան մէջ, ան Եհովայի կամքը կատարելը նմանցուց կերակուրի, ինչպէս որ վերոնշեալ համարը ցոյց կու տայ։ Նկատի առ թէ ի՛նչ պարագայի ներքեւ ան այդ համեմատութիւնը ըրաւ։

Յիսուս այդ խօսքը կէսօրուան դէմ ըսաւ (Յովհաննէս 4։6)։ Ամբողջ կէսօրէ առաջ, ան քալած էր Սամարիայի բլրաշատ շրջանը. ուստի, վստահաբար անօթի էր։ Իրականութեան մէջ, աշակերտները զինք յորդորած էին. «Ռաբբի՛, հաց կեր» (Յովհաննէս 4։31)։ Իր պատասխանով Յիսուս ցոյց տուաւ, թէ Աստուծոյ գործը կատարելով էր որ կը զգար թէ կը սնուցանուէր ու կը զօրանար։ Արդարեւ, կը նկատենք թէ անոր կեանքը իմաստ ունէր։

2. ՅԻՍՈՒՍ ԻՐ ՀԱՅՐԸ ՇԱՏ ԿԸ ՍԻՐԷՐ։

«Ես Հայրը կը սիրեմ» (Յովհաննէս 14։31

Երկնքի մէջ, Յիսուս շատ մտերիմ փոխյարաբերութիւն կը վայելէր իր Հօր հետ։ Եւ իր խոր սէրը զինք մղեց, որ իր Հօր անունը, նպատակները եւ յատկութիւնները ճանչցնէ։ Իր խօսքերով, արարքներով ու կեցուածքներով, Յիսուս կատարելապէս իր Հայրը արտացոլեց,– այն աստիճան որ Յիսուսին մէջ իր Հօր կենդանի պատկերը կը տեսնենք։ Ուստի, երբ Փիլիպպոս Յիսուսէն խնդրեց. «Հայրը մեզի ցուցուր», ան պատասխանեց. «Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ» (Յովհաննէս 14։8, 9

Յիսուս իր Հայրը սիրեց այն աստիճան որ պատրաստ էր մինչեւ մահ անոր հնազանդ մնալու (Փիլիպպեցիս 2։7, 8. Ա. Յովհաննէս 5։3)։ Աստուծոյ հանդէպ այսպիսի սէր ունենալը, Յիսուսի կեանքը իմաստալից դարձուց։

3. ՅԻՍՈՒՍ ՄԱՐԴԻԿԸ ՍԻՐԵՑ։

«Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ» (Յովհաննէս 15։13

Որպէս անկատար մարդիկ, մեր ապագայ կեանքի հեռանկարը վստահաբար մռայլ է։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ. «Ինչպէս մարդէ մը [Ադամ] մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին» (Հռովմայեցիս 5։12)։ Մենք առանձին չենք կրնար մեղքին հետեւանքէն՝ մահէն՝ խուսափիլ (Հռովմայեցիս 6։23

Երախտապարտ ենք, որ Եհովան մարդկութեան խնդրին լուծումը սիրալիրօրէն հայթայթեց։ Ան թոյլ տուաւ որ իր կատարեալ եւ անմեղ Որդին՝ Յիսուս՝ տառապի ու մեռնի, որպէսզի մարդկութիւնը մեղքին ու մահուան գերութենէն ազատելու հարկ եղած փրկանքը հայթայթէ։ Աստուծոյ ու մարդոց հանդէպ սէրէ մղուած, Յիսուս կամովին ենթարկուեցաւ՝ իր կատարեալ մարդկային կեանքը մեզի ի նպաստ զոհելով (Հռովմայեցիս 5։6-9)։ Այսպիսի անձնուրաց սէր իր կեանքին իմաստ տուաւ *։

4. ՅԻՍՈՒՍ ԳԻՏԷՐ ԹԷ ԻՐ ՀՕՐ ՍԷՐՆ ՈՒ ՀԱՃՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՆԷՐ։

«Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ» (Մատթէոս 3։17

Եհովա այս խօսքը ըսաւ՝ Յիսուսի մկրտութեան ժամանակ։ Այսպէս, ան բացէ ի բաց արտայայտեց իր գուրգուրանքն ու հաճութիւնը իր Որդւոյն՝ Յիսուսի՝ հանդէպ։ Զարմանալի չէ որ Յիսուս շեշտակի ըսաւ. «Հայրս զիս կը սիրէ» (Յովհաննէս 10։17)։ Գիտնալով որ իր Հօր սէրն ու հաճութիւնը ունէր, Յիսուս հակառակութիւնն ու քննադատութիւնը վստահութեամբ դիմագրաւեց։ Ան նոյնիսկ պահպանեց իր հաւասարակշռութիւնն ու զգացական կայունութիւնը երբ մահը դիմագրաւեց (Յովհաննէս 10։18)։ Իր Հօր սէրն ու հաճութիւնը ունենալով, վստահաբար Յիսուսի կեանքը աւելի՛ իմաստալից դարձաւ։

Յիսուս վստահաբար իմաստալից կեանք վարեց։ Այս ուղղութեամբ, բացայայտ է որ իրմէ շատ բան կրնանք սորվիլ։ Յաջորդ յօդուածը նկատի պիտի առնէ կարգ մը յստակ խրատներ, որոնք Յիսուս իր հետեւորդներուն տուաւ՝ ինչպէ՛ս ապրելու մասին։

^ պարբ. 15 Յիսուսի մահուան փրկաբեր արժէքին մասին աւելի՛ն սորվելու համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 5–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։