Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Ք.Ե. 70–էն ետք, Երուսաղէմի տաճարը երբեք վերաշինուեցա՞ւ։

ՅԻՍՈՒՍ կանխագուշակեց թէ Եհովայի տաճարը ամբողջովին պիտի կործանուէր։ Այս մարգարէութիւնը կատարուեցաւ Ք.Ե. 70–ին, երբ Տիտոսի առաջնորդութեամբ հռոմէական բանակը Երուսաղէմը կործանեց (Մատ. 24։2)։ Յետագային Յուլիանոս կայսրը ծրագրեց տաճարը վերաշինել։

Յուլիանոս կոչուած է՝ Հռոմի վերջին հեթանոս կայսրը։ Ան Մեծն Կոստանդինին եղբօրորդին էր եւ այդպէս–կոչուած քրիստոնէական կրթութիւն ստացաւ։ Բայց Ք.Ե. 361–ին կայսր հռչակուելէ ետք, ան բացէ ի բաց մերժեց այն ինչ որ սորված էր եւ նախընտրեց հեթանոսութիւնը։ Անոր համար, պատմական գրքերը իրեն կ’ակնարկեն որպէս՝ «Ուրացողը»։

Յուլիանոս ատեց քրիստոնէութիւնը։ Կրնայ ըլլալ որ պատճառներէն մէկը այն էր, թէ երբ 6 տարեկան էր, քրիստոնեայ դաւանողները սպաննեցին իր հայրը եւ ա՛յլ ազգականներ։ Եկեղեցական պատմաբաններ կ’ըսեն, թէ Յուլիանոս քաջալերեց հրեաները որ իրենց տաճարը վերաշինեն, խորհելով որ ասիկա պիտի փաստէր թէ Յիսուս սուտ մարգարէ մըն էր *։

Անկասկած Յուլիանոս ծրագրեց տաճարը վերաշինել։ Պատմաբաններ սակայն վստահ չեն թէ արդեօք վերաշինութեան աշխատանքը սկսա՛ւ, իսկ եթէ սկսաւ, ի՛նչ բան պատճառ դարձաւ որ այդ վերաշինութիւնը դադարի։ Բայց մէկ բան ստոյգ է. կայսր ըլլալուն երկու տարի չանցած՝ Յուլիանոս սպաննուեցաւ եւ իր ծրագիրը իրեն հետ վերջ գտաւ։

Տաճարին վայրը, նկարագրելով տաճարին հաւանական երեւոյթը Յիսուսի օրերուն

^ պարբ. 5 Յիսուս չըսաւ որ տաճարը բնաւ պիտի չվերաշինուէր, հապա՝ թէ ատիկա պիտի կործանուէր. ինչ որ Ք.Ե. 70–ին տեղի ունեցաւ։