Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Բարի գործերու նախանձախնդի՞ր’ ես

‘Բարի գործերու նախանձախնդի՞ր’ ես

«Յիսուս Քրիստոս. . . իր անձը մեզի համար տուաւ, որպէս զի մեզ. . . մաքրէ, իրեն սեփական ժողովուրդ ընէ՝ բարի գործերու նախանձախնդիր» (ՏԻՏ. 2։13, 14

1, 2. Եհովայի վկաները իւրայատուկ ի՞նչ պատիւ ունին, եւ ասոր նկատմամբ ինչպէ՞ս կը զգաս։

ՇԱՏԵՐ աչքառու իրագործման մը համար մրցանակ ստանալը մեծ պատիւ կը նկատեն։ Օրինակ, ոմանք Նոպէլեան մրցանակը շահած են, քանի որ երկու թշնամական երկիրներու միջեւ խաղաղ պայմաններ հաստատելու նպաստած են։ Բայց որքա՜ն աւելի մեծ պատիւ է որպէս Աստուծոյ դեսպան կամ պատուիրակ ուղարկուիլ, մարդոց օգնելու որ Ստեղծիչին հետ խաղաղ փոխյարաբերութիւն հաստատեն։

2 Որպէս Եհովայի վկաներ, մենք միակ ժողովուրդն ենք որ այդ պատիւը ունի։ Աստուծոյ եւ Քրիստոսի պատուէրին հետեւելով, մարդոց կ’աղաչենք. «Հաշտուեցէ՛ք Աստուծոյ հետ» (Բ. Կոր. 5։20)։ Եհովան մեզ կը գործածէ, որպէսզի մարդիկը իրեն քաշենք։ Անոր համար կրցած ենք աւելի քան 235 երկիրներու մէջ միլիոնաւորներու օգնել, որ Աստուծոյ հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենան, եւ այսպէս յաւիտեան ապրելու յոյսը ձեռք ձգեն (Տիտ. 2։11)։ Սրտագին նախանձախնդրութեամբ կը հրաւիրենք բոլոր ուզողները, որ ‘կենաց ջուրը ձրի առնեն’ (Յայտ. 22։17)։ Քանի որ այս անգին նշանակումը կ’արժեւորենք եւ զայն ժրաջանօրէն կը կատարենք, կրնանք պատշաճօրէն կոչուիլ «բարի գործերու նախանձախնդիր» ժողովուրդ մը (Տիտ. 2։14)։ Այժմ նկատի առնենք թէ ինչպէ՛ս մեր բարի գործերու նախանձախնդրութիւնը մեզի կ’օգնէ, որ մարդիկը Եհովայի մօտեցնենք։ Կերպերէն մէկն է՝ քարոզչութիւնը։

ԵՀՈՎԱՅԻ ԵՒ ՅԻՍՈՒՍԻ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԷ

3. «Տէրոջը նախանձը» ի՞նչ հաւաստիք կու տայ մեզի։

3 Ակնարկելով Աստուծոյ Որդիին իշխանութեան իրագործումներուն, Եսայի 9։7–ն կ’ըսէ. «Զօրքերու Տէրոջը նախանձը պիտի ընէ ասիկա»։ Այս համարը մեզ կը վստահեցնէ, թէ Եհովան ի՛րապէս կ’ուզէ որ մարդկութիւնը փրկուի։ Եհովայի նախանձախնդրութեան օրինակը յստակ կերպով ցոյց կու տայ, թէ Թագաւորութիւնը ծանուցանելու մեր աստուածատուր աշխատանքին համար, պէտք է խանդավառ ու նախանձախնդիր ըլլանք։ Ուրեմն, որպէս Աստուծոյ գործակիցներ, անձամբ վճռա՞ծ ենք բարի լուրը ծանուցանելու մէջ կարելի եղածին չափ լիակատար բաժին բերել (Ա. Կոր. 3։9

4. Յիսուս ինչպէ՞ս ծառայութեան մէջ նախանձախնդրաբար յարատեւելու օրինակ հանդիսացաւ։

4 Նկատի առ նաեւ Յիսուսի նախանձախնդրութիւնը։ Ան ծառայութեան մէջ նախանձախնդրաբար յարատեւելու կատարեալ օրինակ հանդիսացաւ։ Դառն հակառակութիւն դիմագրաւելով հանդերձ, ան ծառայութեան հանդէպ իր նախանձախնդրութիւնը պահպանեց մինչեւ իր ցաւալի մահը (Յովհ. 18։36, 37)։ Մինչ իր զոհաբերական մահուան օրը կը մօտենար, Յիսուս ա՛լ աւելի վճռեց մարդոց օգնել որ Եհովան ճանչնան։

5. Յիսուս ինչպէ՞ս կը նմանէր իր լուսաբանութեան այգեպանին։

5 Օրինակ, Ք.Ե. 32–ի աշնան, Յիսուս առակ մը պատմեց մարդու մը մասին որ իր այգիին մէջ տնկուած թզենի մը ունէր. ատիկա երեք տարիէ անպտուղ էր։ Երբ ան այգեպանին ըսաւ որ զայն կտրէ, այգեպանը թզենիին հողը պարարտացնելու համար ժամանակ խնդրեց (կարդա՛ Ղուկաս 13։6-9Միայն քիչեր Յիսուսի աշակերտները եղած էին։ Բայց Յիսուսի լուսաբանութիւնը ցոյց տուաւ, թէ իր երկրային կեանքին մնացեալ քիչ ժամանակը,– շուրջ 6 ամիս,– պիտի օգտագործէր նախանձախնդրաբար ծառայելու համար Հրէաստանի եւ Պերեայի մէջ։ Իր մահէն քանի մը օր առաջ, Յիսուս լացաւ իր հայրենակիցներուն համար, որոնք իր պատգամին չընդառաջեցին (Մատ. 13։15. Ղուկ. 19։41

6. Ծառայութեան մէջ ինչո՞ւ մեր ջանքերը պէտք է աւելցնենք։

6 Քանի որ վախճանին կը մօտենանք, հիմա ժամանակն է ծառայութեան մէջ մեր ջանքերը աւելցնելու (կարդա՛ Դանիէլ 2։41-45Ի՜նչ հոյակապ առանձնաշնորհում է Եհովայի վկաներ ըլլալ։ Միակ ժողովուրդն ենք որ մարդոց կը պատմենք թէ մարդկութեան խնդիրները ինչպէ՛ս պիտի լուծուին։ Լրագրող մը վերջերս հարց տուաւ. «Բարի մարդոց ինչո՞ւ գէշ բաներ կը պատահին», եւ ըսաւ որ այս հարցումը անպատասխան է։ Մեր քրիստոնէական պատասխանատուութիւնն ու առանձնաշնորհումն է՝ այսպիսի հարցումներու աստուածաշնչական պատասխանները բաժնել անոնց հետ, որոնք կը փափաքին լսել։ Ամէն պատճառ ունինք ‘հոգիով բորբոքելու’, մինչ մեր աստուածատուր յանձնարարութիւնը կը կատարենք (Հռով. 12։11)։ Եհովայի օրհնութեամբ, մեր նախանձախնդիր քարոզչութիւնը կրնայ ուրիշներուն օգնել որ զինք ճանչնան ու սիրեն։

ԱՆՁՆԱԶՈՀ ՀՈԳԻՆ ԵՀՈՎԱՆ ԿԸ ՊԱՏՈՒԷ

7, 8. Անձնազոհ հոգին ինչպէ՞ս Եհովան կը պատուէ։

7 Մինչ Պօղոս առաքեալ կը քարոզէր, բազմաթիւ դժուարութիւններու տոկաց, ինչպէս՝ «հսկումներ» եւ «ծոմեր» (Բ. Կոր. 6։5)։ Մեր եղբայրներն ու քոյրերը համանման զոհողութիւններ կ’ընեն։ Ռահվիրաները ծառայութիւնը ամէնէն կարեւոր աշխատանքը կը նկատեն, բայց անոնցմէ շատեր աշխարհիկ գործ ալ ունին։ Նաեւ, պահ մը մտածէ միսիոնարներուն մասին, որոնք ժրաջանօրէն կը ծառայեն օտար երկիրներու մէջ մարդոց օգնելու համար (Փլպ. 2։17)։ Ի՞նչ կարելի է ըսել ջանասէր երէցներուն մասին, որոնք ատեններ չեն ճաշեր կամ չեն քնանար, Եհովայի ոչխարներուն հոգ տանելու համար։ Ունինք նաեւ տարեցներ եւ հիւանդներ, որոնք իրենց ամէն կարելին կ’ընեն, որպէսզի ժողովներուն ներկայ գտնուին եւ ծառայութեան մասնակցին։ Մեր սիրտը խոր գնահատութեամբ կը լեցուի, երբ պահ մը խորհրդածենք Աստուծոյ բոլոր անձնազոհ ծառաներուն մասին։ Այսպիսի ջանքեր կը նկատուին նոյնիսկ դրսեցիներուն կողմէ։

8 Միացեալ Թագաւորութեան մէջ, լրագրի մը ուղղած իր նամակին մէջ, ոչ–Վկայ մը գրեց. «Մարդիկ կրօնքի հանդէպ ա՛լ հաւատք չունին. . . Եկեղեցականները ամբողջ օրը ի՞նչ կ’ընեն։ Վստահաբար անոնք դուրս ելլելով մարդոց հետ չե՛ն տեսակցիր, ինչպէս որ Քրիստոս կ’ընէր. . . Միայն Եհովայի վկաները մարդոցմով հետաքրքրուած են։ Անոնք մարդոց հետ կը տեսակցին եւ ճշմարտութիւնը քարոզելով զբաղած են»։ Այս ինքնահաճ աշխարհին մէջ, մեր անձնազոհ հոգին Եհովա Աստուածը մեծապէս կը պատուէ (Հռով. 12։1

Թաղամասին մէջ ինքնին ըլլալդ զօրաւոր վկայութիւն կու տայ դիտորդներուն

9. Ի՞նչ բան կրնայ մեզ մղել որ մեր ծառայութեան մէջ բարի գործերու նախանձախնդիր մնանք։

9 Սակայն, ի՞նչ կրնանք ընել եթէ ծառայութեան հանդէպ մեր նախանձախնդրութիւնը սկսինք կորսնցնել։ Օգտակար պիտի ըլլայ խոկալ թէ քարոզչութեան միջոցաւ Եհովան ի՛նչ կ’իրագործէ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 10։13-15Փրկուելու համար, մարդիկ պէտք է Եհովայի հաւատան եւ անոր անունը կանչեն։ Բայց այս մէկը չեն կրնար ընել, եթէ անոնց չքարոզենք։ Այս գիտակցութիւնը մեզ պիտի մղէ որ բարի գործերու նախանձախնդիր մնանք եւ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու մէջ՝ ժրաջան։

ԲԱՐԻ ՎԱՐՔԸ ՄԱՐԴԻԿԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԸ ՔԱՇԷ

Պարկեշտութիւնդ եւ ժրաջանութիւնդ աննկատ չեն մնար

10. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ որ մեր բարի վարքը մարդիկը Աստուծոյ կը մօտեցնէ։

10 Միայն ծառայութեան մէջ նախանձախնդիր ըլլալով չէ որ մարդիկ Աստուծոյ կը մօտեցնենք։ Ուրիշ բան մը որ անոնց կ’օգնէ այս մարզին մէջ, մեր քրիստոնէական բարի վարքն է։ Պօղոս մեր վարքին կարեւորութիւնը շեշտեց, երբ ըսաւ. «Ոեւէ մէկուն գայթակղութիւն չենք պատճառեր, որպէս զի մեր պաշտօնը չարատաւորուի» (Բ. Կոր. 6։3)։ Մեր շինիչ խօսելակերպը եւ բարի վարքը Աստուծոյ ուսուցումները կը զարդարեն, Եհովայի պաշտամունքը ուրիշներուն ուշագրաւ դարձնելով (Տիտ. 2։10)։ Իրականութեան մէջ, յաճախ կը լսենք թէ մարդիկ ինչպէ՛ս կ’ընդառաջեն երբ մեր քրիստոսանման վարքը կը նկատեն։

11. Աղօթքով ինչո՞ւ պէտք է նկատի առնենք մեր վարքին ազդեցութիւնները։

11 Ճիշդ ինչպէս որ բարի վարքը մարդիկը կը մղէ որ ճշմարտութիւնը ճանչնան, վատ վարքն ալ կրնայ հակառակ ազդեցութիւն ունենալ։ Ուստի, ըլլանք գործատեղը, տունը կամ դպրոցը, պէտք է վստահ ըլլանք որ մեր վարքով ոեւէ մէկը չգայթակղեցնենք։ Եթէ մեղանչելը սովորութիւն դարձնենք, անձամբ աղէտալի հետեւանքներ պիտի կրենք (Եբ. 10։26, 27)։ Ասիկա մեզ պէտք է մղէ որ մեր վարքին մասին լրջօրէն մտածենք, ինչպէս նաեւ աղօթքով նկատի առնենք ատոր ազդեցութիւնները ուրիշներուն վրայ։ Մինչ այս աշխարհի բարոյական չափանիշները կը ցածնան, անկեղծ մարդիկ «Աստուծոյ ծառայութիւն ընողին եւ անոր ծառայութիւն չընողին տարբերութիւնը» ա՛լ աւելի պիտի տեսնեն (Մաղ. 3։18)։ Արդարեւ, մեր քրիստոնէական բարի վարքը մարդիկը Աստուծոյ հետ հաշտեցնելու մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ։

12-14. Հակառակութեան մեր տոկալը ինչպէ՞ս կ’ազդէ ուրիշներուն։ Օրինակ մը տուր։

12 Կորնթացիներուն յղած իր երկրորդ նամակին մէջ, Պօղոս նշեց թէ տառապեցաւ, նեղութիւններ կրեց, ծեծուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 6։4, 5Եթէ հակառակութիւններու տոկանք, ոմանք կրնան ճշմարտութիւնը ընդունիլ։ Լուսաբանենք. քանի մը տարի առաջ, Անկոլայի մէկ շրջանին մէջ Եհովայի վկաները վռնտելու փորձ մը եղաւ։ Երկու մկրտուած Վկաներ եւ 30 հետաքրքրուած անհատներ մտրակուեցան, մինչեւ որ արիւնլուայ եղան։ Նոյնիսկ կիներն ու մանուկները չխնայուեցան։ Հակառակորդներուն նպատակն էր մարդիկը վախցնել որ Եհովայի վկաներուն մտիկ չընեն. անոր համար տեղացիները հաւաքեցին այս վայրագ արարքին ականատես ըլլալու։ Բայց յետագային դիտորդներէն շատեր Վկաներուն մօտենալով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն խնդրեցին։ Անկէ ի վեր, Թագաւորութեան քարոզչութիւնը յառաջացած է, շատեր ճշմարտութեան եկած են եւ եղբայրները մեծապէս օրհնուած են։

13 Այս օրինակը ցոյց կու տայ, թէ փորձութեան ընթացքին մեր քաջ մնալը կրնայ մղել ուրիշները որ ճշմարտութիւնը ընդունին։ Պետրոսին եւ միւս առաքեալներուն խիզախ կեցուածքը թերեւս քաջալերեց ուրիշները որ Աստուծոյ հետ հաշտուին (Գործք 5։17-29)։ Գալով մեզի, մեր դասընկերները, գործակիցները կամ ընտանիքի անդամները թերեւս ճշմարտութեան ընդառաջեն, երբ տեսնեն թէ հակառակութեան դիմաց հաստատ ու քաջ դիրք կը բռնենք։

14 Ամէն օր մեր եղբայրներէն ոմանք կը հալածուին։ Օրինակ, Հայաստանի մէջ շուրջ 40 եղբայրներ իրենց չէզոքութեան պատճառաւ բանտ նետուած են, եւ հաւանաբար մօտ ապագային շատեր ե՛ւս բանտարկուին։ Էրիթրիոյ մէջ, 55 Վկաներ բանտարկուած են, եւ անոնցմէ ոմանք աւելի քան 60 տարեկան են։ Հարաւային Քորէայի մէջ, շուրջ 700 Վկաներ իրենց հաւատքին պատճառաւ բանտարկուած են։ Հոն՝ 60 տարիէ ի վեր եղբայրները կը բանտարկուին։ Աղօթենք որ մեր հալածուած եղբայրներուն հաւատարմութիւնը Աստուած փառաւորէ եւ արդարութիւնը սիրողներուն օգնէ, որ ճշմարիտ պաշտամունքին կողքին դիրք բռնեն (Սաղ. 76։8-10

15. Լուսաբանէ թէ ինչպէ՛ս պարկեշտ կենցաղակերպը կրնայ ուրիշները ճշմարտութեան քաշել։

15 Պարկեշտ կենցաղակերպը նաեւ մարդիկը ճշմարտութեան կը քաշէ (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 6։4, 7Օրինակի համար, նկատի առ այս փորձառութիւնը. մինչ քոյր մը դրամ կը դնէր հանրակառքի տոմսի մեքենային մէջ, ծանօթ մը անոր ըսաւ թէ հարկ չկայ տոմսի մը համար վճարել, քանի որ շատ կարճ ճամբայ պիտի կտրէր։ Քոյրը բացատրեց թէ ատով հանդերձ պատշաճ էր վճարել։ Յետոյ, երբ այդ ծանօթը հանրակառքը ձգեց, վարորդը քրոջ հարցուց. «Դուն Եհովայի վկա՞յ ես»։ Քոյրը պատասխանեց. «Այո՛. բայց ինչո՞ւ կը հարցնես»։ Վարորդը ըսաւ. «Ձեր խօսակցութիւնը մտիկ կ’ընէի, եւ գիտեմ թէ Եհովայի վկաները այն քիչերէն են, որոնք ամէն բանի մէջ պարկեշտ են»։ Քանի մը ամիս ետք, ժողովի մը մէջ տղամարդ մը քրոջ մօտեցաւ եւ ըսաւ. «Զիս կը ճանչնա՞ս։ Ես այդ հանրակառքի վարորդն եմ, որ տոմսի մը համար վճարելու մասին խօսեցանք։ Վարքդ նկատելով՝ որոշեցի Աստուածաշունչը ուսումնասիրել Եհովայի վկաներուն հետ»։ Արդարեւ, մարդիկ մեր քարոզած բարի լուրին կը վստահին, քանի որ կը տեսնեն թէ պարկեշտ ենք։

ՄԻՇՏ ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԱՏՈՒՈՂ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՑՈՒՑԱԲԵՐԵՆՔ

16. ա) Ի՞նչ կրնայ պատահիլ երբ երկայնամիտ, սիրառատ եւ քաղցր ըլլանք։ բ) Օրինակ մը տուր, որ ցոյց կու տայ թէ կեղծ կրօնականներ ի՛նչ կ’ընեն։

16 Նաեւ մարդոց կ’օգնենք Եհովային մօտենալու, երբ երկայնամտութեան, սիրոյ եւ քաղցրութեան նման յատկութիւններ դրսեւորենք։ Դիտորդները թերեւս փափաքին սորվիլ Եհովային, անոր նպատակներուն եւ անոր ժողովուրդին մասին։ Ճշմարիտ քրիստոնեաներուն կեցուածքն ու վարքը ճիշդ հակառակն են այն կրօնական առաջնորդներուն կեցուածքին ու վարքին, որոնք կը ձեւացնեն թէ աստուածպաշտութեամբ կ’ապրին, բայց իրականութեան մէջ իրենց հետեւորդներուն կը ստեն եւ անոնց դրամը կը շորթեն։ Ոմանք նոյնիսկ իրենց ծուխերուն դրամը կ’օգտագործեն սուղ տուներ եւ ինքնաշարժներ գնելու համար։ Կրօնական առաջնորդ մը նոյնիսկ իր շունին համար շինել տուաւ տուն մը, որ պայմանադրուած օդ ունէր։ Արդարեւ, այդ դաւանեալ քրիստոնեաները չե՛ն հետեւիր Քրիստոսի «ձրի տուէք» պատուէրին (Մատ. 10։8)։ Փոխարէն, վաղեմի իսրայէլի կամակոր քահանաներուն նման, անոնք «վարձքով կը սորվեցնեն», եւ իրենց ուսուցումներուն մեծամասնութիւնը անաստուածաշնչական է (Միք. 3։11)։ Այսպիսի կեղծաւոր վերաբերմունք մէկու մը չ’օգներ, որ Աստուծոյ հետ հաշտուի։

17, 18. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք մեր վարքով Եհովան պատուել։ բ) Ինչո՞ւ կ’ուզես բարի գործերու նախանձախնդիր մնալ։

17 Միւս կողմէ, հարազատ քրիստոնէական ուսուցումները եւ մեր բարի արարքները մարդոց սրտին կը դպչին։ Օրինակ, մինչ ռահվիրայ մը դռնէ դուռ կը ծառայէր, տարեց այրի մը անոր իսկոյն ըսաւ թէ հետաքրքրուած չէր։ Այրին նշեց թէ երբ զանգը հնչեց, ինք խոհանոցը աստիճանին վրայ էր եւ կը փորձէր լամբը փոխել։ Ռահվիրայ եղբայրը անոր ըսաւ. «Բայց ապահով չէ որ այս բանը առանձին ընես»։ Ապա, ի՛նք լամբը փոխեց, եւ ծառայութիւնը շարունակեց ուրիշ դուռ զարնելով։ Երբ այրիին տղան պատահածը գիտցաւ, ա՛յնքան տպաւորուեցաւ որ փորձեց եղբայրը գտնել՝ շնորհակալութիւն յայտնելու համար։ Ի վերջոյ, տղան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունեց։

18 Ինչո՞ւ վճռած ես բարի գործերու մէջ յարատեւել։ Թերեւս քանի որ գիտես թէ ծառայութեան մէջ նախանձախնդրութիւն ցուցաբերելով եւ բարի վարք ունենալով, Եհովան կը պատուենք եւ ուրիշներու փրկութեան կը նպաստենք (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 10։31-33Աստուծոյ եւ մարդոց հանդէպ սէրը ուրիշ պատճառ մըն է, որ քարոզչութեան մէջ նախանձախնդրութիւն ցուցաբերենք եւ աստուածահաճոյ վարք ունենանք (Մատ. 22։37-39)։ Եթէ բարի գործերու նախանձախնդիր ենք, այժմ իսկական ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն պիտի ունենանք։ Ասկէ զատ, կրնանք անձկագին սպասել այն օրուան, երբ ամբողջ մարդկութիւնը նախանձախնդրաբար Եհովան պիտի պաշտէ եւ պատուէ։