Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Լաւ հաղորդակցութեամբ ամուսնութիւնդ ամրացո՛ւր

Լաւ հաղորդակցութեամբ ամուսնութիւնդ ամրացո՛ւր

«Յարմարութեամբ ըսուած խօսքը արծաթէ զարդերու մէջ դրուած ոսկիէ խնձորներու կը նմանի» (ԱՌ. 25։11

1. Լաւ հաղորդակցութիւնը ինչպէ՞ս կարգ մը զոյգերու օգնած է։

ՔԱՆԱՏԱՅԻ մէջ եղբայր մը ըսաւ. «Կը նախընտրեմ ոեւէ անհատէ աւելի կնո՛ջս հետ ժամանակ անցընել»։ Ան աւելցուց, թէ երբ իր կնոջ հետ ըլլայ, աւելի՛ ուրախ պահեր կ’անցընէ եւ դիւրաւ կրնայ դժուար պարագաներու տոկալ։ Աւստրալիոյ մէջ եղբայր մը գրեց. «11 տարիէ ամուսնացած ենք, եւ չկայ օր մը որ կնոջս հետ չեմ հաղորդակցած»։ Ան կ’ըսէ, թէ լաւ հաղորդակցութիւնը իրենց օգնած է, որ ամբողջովին իրարու վստահին եւ տոկուն ամուսնութիւն մը վայելեն։ Իսկ Քոսթա Ռիքայի մէջ քոյր մը նշեց. «Լաւ հաղորդակցութիւնը ոչ միայն մեր ամուսնութիւնը ճոխացուցած է, այլեւ՝ մեզ Եհովային աւելի՛ մօտեցուցած է, փորձութիւններէ պաշտպանած է, որպէս զոյգ միացուցած է եւ պատճառ դարձած է որ իրարու հանդէպ մեր սէրը աճի»։

2. Զոյգերուն համար, հաղորդակցութիւնը ինչո՞ւ կրնայ մարտահրաւէր ըլլալ։

2 Ամուսնութեանդ մէջ լաւ հաղորդակցութիւն կա՞յ։ Անշուշտ, իրարու հետ հաղորդակցիլը երբեմն մարտահրաւէր կրնայ թուիլ։ Դուն եւ կողակիցդ անկատար էք եւ տարբեր անձնաւորութիւններ ունիք (Հռով. 3։23)։ Թերեւս տարբեր մշակոյթի կը պատկանիք կամ տարբեր կերպով մեծցած էք։ Ուստի, հաղորդակցելու տարբեր կերպեր ունիք։ Այս պատճառներուն համար, ամուսնութեան հետազօտիչներ Ճոն Մ. Կոթմէն եւ Նէն Սիլվըր ըսին, թէ զոյգերը ծանր պէտք է աշխատին, որպէսզի հաղորդակցութեան լաւ կապեր պահեն եւ իրենց ամուսնութիւնը մնայուն դարձնեն։

3. Ի՞նչ բան զոյգերուն օգնած է որ իրենց ամուսնութիւնը ամրացնեն։

3 Յաջող ամուսնութիւնը ժրաջան աշխատանքի կը կարօտի։ Եւ առ ի արդիւնք, զոյգը անսահման ուրախութիւն կը վայելէ։ Զիրար սիրող կողակիցներ կրնան իսկապէս կեանքը միասնաբար վայելել (Ժող. 9։9)։ Նկատի առ Իսահակի եւ Ռեբեկայի սիրալիր ամուսնութիւնը (Ծն. 24։67)։ Իրենց ամուսնութեան վրայ որոշ ժամանակ անցնելէ ետք, բան մը չկայ որ ցոյց կու տայ թէ իրարու հանդէպ իրենց ունեցած խանդաղատանքը նուազած էր։ Ներկայիս նոյնը կրնայ ըսուիլ բազմաթիւ զոյգերու մասին։ Արդեօք գաղտնիքը ի՞նչ է։ Անոնք սորված են իրենց մտածումներուն եւ զգացումներուն մասին անկեղծօրէն բայց ազնուաբար խօսիլ, մշակելով եւ ցուցաբերելով խորատեսութիւն, սէր, խոր յարգանք եւ խոնարհութիւն։ Պիտի տեսնենք թէ ինչպէ՛ս այս յատկութիւնները կրնան օգնել զոյգին, որ լաւ կերպով հաղորդակցին։

ԽՈՐԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ ՑՈՒՑԱԲԵՐԷ

4, 5. Խորատեսութիւնը ինչպէ՞ս կ’օգնէ ամուսնացած զոյգի մը որ զիրար աւելի հասկնան։ Օրինակներ տուր։

4 «Գործի մէջ խելացութեամբ վարուողը բարիք կը գտնէ», կ’ըսէ Առակաց 16։20–ը։ Ասիկա վստահաբար ճիշդ է ամուսնութեան եւ ընտանեկան կեանքին մէջ (կարդա՛ Առակաց 24։3Խորատեսութեան եւ իմաստութեան լաւագոյն աղբիւրը Աստուծոյ Խօսքն է։ Ծննդոց 2։18–ը կ’ըսէ, թէ Աստուած կինը ստեղծեց, որպէսզի տղամարդուն յարմար լրացուցիչը ըլլայ, եւ ոչ թէ անոր կրկնօրինակը։ Անոր համար է որ կիները տղամարդոցմէ տարբեր ձեւով կը հաղորդակցին։ Անշուշտ, անհատները կը տարբերին, բայց կիները ընդհանրապէս կը սիրեն խօսիլ իրենց զգացումներուն, մարդոց եւ փոխյարաբերութիւններու մասին։ Անոնք կ’արժեւորեն ջերմ ու մտերմիկ հաղորդակցութիւնը, քանի որ ասիկա զիրենք կը հաւաստիացնէ թէ սիրուած են։ Միւս կողմէ, տղամարդոցմէ շատեր իրենց զգացումներուն մասին խօսելու փոխարէն կը նախընտրեն գործունէութիւններու, խնդիրներու եւ լուծումներու մասին խօսիլ. ինչպէս նաեւ կը փափաքին յարգուիլ։

5 Բրիտանիոյ մէջ քոյր մը կ’ըսէ. «Ամուսինս կ’ուզէ խնդիրները անմիջապէս լուծել, փոխանակ ինծի մտիկ ընելու»։ Ան կը բացատրէ թէ ասիկա կրնայ յուսախաբիչ ըլլալ, քանի որ ինք միա՛յն կը փափաքի որ իր ամուսինը իրեն ականջ տայ եւ իր զգացումները հասկնայ։ Ամուսին մը գրեց. «Երբ կինս եւ ես դեռ նոր ամուսնացած էինք, կը ջանայի իր բոլոր խնդիրներուն արագօրէն լուծում գտնել։ Բայց շուտով գիտակցեցայ, թէ ան միայն մտիկ ընող ականջ կ’ուզէր» (Առ. 18։13. Յակ. 1։19)։ Խորատես ամուսինը հաշուի կ’առնէ իր կնոջ զգացումները եւ կը ջանայ իր մօտեցումը այդ ուղղութեամբ յարմարցնել։ Միեւնոյն ժամանակ, ան իր կինը կը հաւաստիացնէ, թէ անոր մտածումներն ու զգացումները իրեն համար կարեւոր են (Ա. Պետ. 3։7)։ Իր կարգին, կինը կը ջանայ իր ամուսինին տեսակէտը հասկնալ։ Երբ ամուսինն ու կինը իրենց աստուածաշնչական դերը կը հասկնան, կը գնահատեն եւ կը կատարեն, իրենց միութիւնը կը գեղեցկանայ։ Ասկէ զատ, անոնք ուս–ուսի կ’աշխատին, իմաստուն եւ հաւասարակշռուած որոշումներ առնելու եւ կատարելու համար։

6, 7. ա) Ժողովող 3։7–ի սկզբունքը ի՞նչ կերպով կրնայ օգնել ամուսնացած զոյգին որ խորատեսութիւն ցուցաբերեն։ բ) Կին մը ինչպէ՞ս կրնայ խորատեսութիւն ցուցաբերել, իսկ ամուսինը ի՞նչ ջանք պէտք է թափէ։

6 Խորատես զոյգը նաեւ գիտէ, թէ «լռելու ժամանակ ու խօսելու ժամանակ» կայ (Ժող. 3։1, 7)։ Քոյր մը, որ տասը տարիէ ամուսնացած է, կ’ըսէ. «Այժմ կը գիտակցիմ թէ հարց մը յարուցանելը, ատեններ յարմար չէ։ Եթէ ամուսինս շատ գործ կամ ուրիշ պատասխանատուութիւններ ունի, թոյլ կու տամ որ ժամանակ մը անցնի, առաջ որ որոշ նիւթերու մասին խօսիմ։ Առ ի արդիւնք, մեր հաղորդակցութիւնը բարելաւուած է»։ Ազնիւ կիները շատ լաւ գիտեն թէ լաւ ընտրուած ու «յարմարութեամբ ըսուած խօսքը», թէ՛ հաճելի եւ թէ գնահատանքի արժանի է (կարդա՛ Առակաց 25։11

Աննշան արարքներ՝ ամուսնութեան մէջ մեծ փոփոխութիւն կը մտցնեն

7 Քրիստոնեայ ամուսինը ոչ միայն իր կնոջ ըսելիքներուն ականջ կու տայ, այլեւ՝ ջանք կը թափէ որ ի՛ր զգացումները յստակ կերպով արտայայտէ։ Երէց մը, որ 27 տարիէ ամուսնացած է, ըսաւ. «Կը ջանամ սրտիս մէջինը իմ կնոջս ըսել»։ Եղբայր մը, որ 24 տարիէ ամուսնացած է, կ’ըսէ թէ յաճախ իր խնդիրներուն մասին չի խօսիր։ Ան կը խորհի որ եթէ ատոնց մասին չխօսի, ատոնք պիտի անհետանան։ Բայց ան կ’աւելցնէ. «Ժամանակի ընթացքին գիտակցեցայ թէ զգացումներս յայտնելը տկարութեան նշան չէ։ Երբ կը ջանամ արտայայտուիլ, կ’աղօթեմ որ ճիշդ խօսքերը յարմար կերպով ըսեմ։ Ապա երկա՜ր շունչ մը կ’առնեմ եւ կը սկսիմ խօսիլ»։ Կարեւոր է որ զոյգը խօսելու յարմար ժամանակը ընտրեն, թերեւս երբ առանձին օրուան համարը կը քննարկեն կամ երբ Աստուածաշունչը միասնաբար կը կարդան։

8. Ի՞նչ բան կրնայ զոյգերուն օգնել որ փափաքին իրենց հաղորդակցութեան կապը բարելաւել։

8 Կարեւոր է որ թէ՛ ամուսինը եւ թէ կինը իրենց անձնական աղօթքները եւ հաղորդակցելու հմտութիւնը բարելաւելու բուռն փափաք ունենան։ Անշուշտ, իրենց հին խօսելակերպը փոխելը կրնայ դժուար ըլլալ։ Բայց երբ անոնք Եհովան սիրեն, իր սուրբ հոգին խնդրեն եւ իրենց միութիւնը սուրբ նկատեն, պիտի մղուին ճշդումներ ընելու։ Կին մը, որ 26 տարիէ ամուսնացած է, գրեց. «Ամուսինս եւ ես ամուսնութեան նկատմամբ Եհովայի տեսակէտը լուրջի կ’առնենք, ուստի բնաւ մեր մտքէն չ’անցնիր իրարմէ բաժնուիլ։ Ասիկա մեզ կը մղէ որ ջանանք խնդիրները լուծել, զանոնք միասնաբար քննարկելով»։ Այսպիսի հաւատարմութիւն եւ բարեպաշտութիւն Աստուած կը հաճեցնեն ու իր ճոխ օրհնութիւնները կը բերեն (Սաղ. 127։1

ՍԷՐԴ ԹՈՂ ԱՃԻ

9, 10. Զոյգ մը ո՞ր գործնական կերպերով կրնան իրենց սիրոյ կապը ամրացնել։

9 Սէրը՝ «կատարելութեան կապը», ամուսնութեան մէջ ամէնէն կարեւոր յատկութիւնն է (Կող. 3։14)։ Հարազատ սէրը կ’աճի, մինչ հաւատարիմ զոյգը կեանքի ուրախութիւնները միասնաբար կը վայելեն եւ մարտահրաւէրները միասնաբար կը դիմագրաւեն։ Անոնք նոյնիսկ մտերիմ բարեկամներ կը դառնան եւ իրարու ընկերակցութիւնը կ’արժեւորեն։ Անոնք իրենց ամուսնութիւնը կ’ամրացնեն ոչ թէ իրարու համար կարգ մը մեծ բաներ ընելով, ինչպէս որ ֆիլմերու կամ հեռատեսիլին մէջ կը տեսնենք, այլ՝ իրենց անհամար փոքր արարքներով,– ողջագուրում մը, ազնիւ ակնարկութիւն մը, նկատառու շարժուձեւ մը, ժպիտ մը, կամ պարզապէս հարցնել՝ «Ինչպէ՞ս էր օրդ»։ Ասոնք աննշան արարքներ են, որոնք մեծ փոփոխութիւն կրնան մտցնել ամուսնութեան մէջ։ Զոյգ մը, որ 19 տարիէ ուրախ ամուսնութիւն կը վայելեն, օրուան ընթացքին կա՛մ իրարու կը հեռաձայնեն եւ կամ կարճ հաղորդագրութիւն կ’ուղարկեն, «պարզապէս տեսնելու համար թէ ամէն ինչ ինչպէ՛ս կ’ընթանայ», կ’ըսէ ամուսինը։

10 Սէրը նաեւ կը մղէ զոյգը, որ շարունակեն զիրար ճանչնալ (Փլպ. 2։4)։ Եւ որքա՛ն աւելի անոնք զիրար ճանչնան, այնքա՛ն աւելի իրարու հանդէպ իրենց սէրը պիտի աճի, հակառակ անոր որ երկուքն ալ անկատար են։ Ուրախ ամուսնութիւնը ժամանակի ընթացքին կ’ամրանայ։ Ուստի, եթէ ամուսնացած ես, դուն քեզի հարց տուր. ‘Կողակիցս որքանո՞վ կը ճանչնամ։ Հարցերու նկատմամբ իր զգացումներն ու մտածումները կը հասկնա՞մ։ Յաճախ կը մտածե՞մ կողակիցիս այն յատկութիւններուն մասին, որոնք սկիզբը զիս իրեն քաշեցին’։

ՅԱՐԳԱՆՔ ՄՇԱԿԷ

11. Յարգանքը յաջող ամուսնութեան համար ինչո՞ւ կենսական է. լուսաբանէ՛։

11 Նոյնիսկ ուրախ ամուսնութիւնները կատարեալ չեն։ Զոյգը երբեմն չեն համաձայնիր։ Օրինակ, Աբրահամն ու Սառան միշտ իրարու հետ համամիտ չգտնուեցան (Ծն. 21։9-11)։ Սակայն այս մէկը իրենց ամուսնութիւնը չտկարացուց։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ իրարու արժանապատուութեան չդպան եւ զիրար յարգեցին։ Օրինակ, Աբրահամ Սառային ըսաւ. «Շնորհք ըրէ՛» (Ծն. 12։11, 13)։ Իսկ Սառան Աբրահամի հնազանդեցաւ եւ զինք իր «տէր»ը նկատեց (Ծն. 18։12)։ Առ ի հակապատկեր, այն զոյգը որ կոշտութեամբ իրարու հետ կը խօսին, ցոյց կու տան թէ զիրար չեն յարգեր (Առ. 12։18)։ Եւ եթէ այս խնդրին ուշադրութիւն չընծայեն, իրենց ամուսնութիւնը վտանգի տակ կը դնեն (կարդա՛ Յակոբոս 3։7-10, 17, 18

12. Նոր ամուսնացած զոյգը ինչո՞ւ մասնայատուկ ջանք պէտք է թափեն որ յարգալից կերպով խօսակցին։

12 Նոր ամուսնացած զոյգը պէտք է սորվին իրարու հետ ազնուօրէն եւ յարգանքով խօսիլ. ասիկա անկեղծ հաղորդակցութեան դուռ պիտի բանայ։ Ամուսին մը բացատրեց, թէ ամուսնութեան առաջին տարիները ինքն ու իր կինը իրարու զգացումները, սովորութիւնները եւ կարիքները չհասկցան։ Ասիկա ատեններ իրենց համար յուսախաբիչ էր։ Բայց անոնք կրցան իրարու հետ լաւ փոխյարաբերութիւն վայելել՝ տրամաբանող ըլլալով եւ զուարթամտութիւն ունենալով։ Ան կ’ըսէ, թէ նաեւ կարեւոր էր խոնարհութիւն ցուցաբերել, համբերատարութիւն ունենալ եւ Եհովայի վստահիլ։ Ի՜նչ տեղին խրատ մը։

ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆ ՑՈՒՑԱԲԵՐԷ

13. Առողջ եւ ուրախ ամուսնութիւն վայելելու համար խոնարհութիւնը ինչո՞ւ կենսական է։

13 Ամուսնութեան մէջ լաւ հաղորդակցութիւնը կը նմանի առուակի մը, որ պարտէզի մէջ մեղմօրէն կը հոսի։ «Քաղցրաբարոյ» կամ խոնարհամիտ ըլլալը բանալի դեր կը խաղայ, որ հաղորդակցութեան առուակը շարունակէ հոսիլ (Ա. Պետ. 3։8)։ 11 տարիէ ամուսնացած եղբայր մը նշեց, թէ խոնարհութիւնը զոյգին կ’օգնէ որ խնդիրները արագօրէն լուծեն, քանի որ զիրենք կը մղէ ըսելու ‘ներողութիւն’։ 20 տարիէ ուրախ ամուսնութիւն վայելող երէց մը ըսաւ. «Ատեններ ‘ներողութիւն’ ըսելը աւելի կարեւոր է քան՝ ‘ես քեզ կը սիրեմ’ արտայայտութիւնը»։ Ան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս աղօթքը իրեն ու իր կնոջ կ’օգնէ խոնարհութիւն ցուցաբերելու, ըսելով. «Երբ կինս եւ ես միասնաբար աղօթքով Եհովայի մօտենանք, կը վերյիշենք մեր անկատարութիւնը եւ Իր անզուգական բարութիւնը։ Ասիկա կ’օգնէ որ մեր անձին եւ խնդրին հանդէպ պատշաճ կեցուածք ունենանք»։

Ամուսնութեանդ մէջ լաւ հաղորդակցութիւն պահպանէ

14. Հպարտութիւնը ինչպէ՞ս ամուսնութեան կրնայ ազդել։

14 Միւս կողմէ, հպարտութիւնը կը դժուարացնէ հաղորդակցութիւնը եւ խնդիրներ լուծելը։ Հպարտ անհատը ո՛չ կը փափաքի, ոչ ալ քաջութիւնը ունի ըսելու. «Ներողութիւն. հաճիս ներէ ինծի»։ Ան չքմեղանքներ կը ներկայացնէ կամ ուրիշը կը մեղադրէ, փոխանակ իր սխալը ընդունելու։ Եթէ հպարտ անհատը վիրաւորուի, չի ջանար խաղաղութիւն ունենալ ուրիշներու հետ։ Ան կա՛մ կոշտութեամբ կը խօսի եւ կամ բնաւ չի խօսիր (Ժող. 7։9)։ Արդարեւ հպարտութիւնը ամուսնութիւնը կը քանդէ։ Լաւ է յիշել, թէ «Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ» (Յակ. 4։6

15. Բացատրէ թէ ինչպէ՛ս Եփեսացիս 4։26, 27–ի մէջ գտնուող սկզբունքը կրնայ օգնել ամուսնացած զոյգին որ խնդիրներ լուծեն։

15 Երբ ամուսինն ու կինը տարակարծիք ըլլան, պէտք է ջանան խնդիրը շուտով լուծել, փոխանակ հպարտ գտնուելու։ Պօղոս քրիստոնեաներուն գրեց. «Արեւը ձեր բարկութեանը վրայ մարը թող չմտնէ։ Ու Սատանային՝ տեղի մի՛ տաք» (Եփ. 4։26, 27)։ Աստուծոյ Խօսքին չանսալը կրնայ անհարկի նեղութեան առաջնորդել։ «Առիթով մը ես եւ ամուսինս Եփեսացիս 4։26, 27–ն չկիրարկեցինք», կ’ըսէ քոյր մը, «եւ առ ի արդիւնք գիշերնե՜ր անքուն մնացի»։ Որքա՜ն աւելի լաւ է հարցերը անմիջապէս քննարկել՝ հաշտուելու նպատակաւ։ Անշուշտ, ամուսնացած զոյգեր պէտք է իրարու ժամանակ տան որ հանդարտին, նախքան հարցին շուրջ խօսիլը։ Պէտք է նաեւ Եհովայի աղօթեն, որպէսզի իրենց օգնէ խոնարհ ըլլալու։ Ասիկա իւրաքանչիւրին պիտի օգնէ որ իր անձնական զգացումներուն մասին մտածելու փոխարէն, կեդրոնանայ խնդիրը լուծելուն վրայ (կարդա՛ Կողոսացիս 3։12, 13

16. Խոնարհութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ օգնել զոյգի մը, որ իրարու լաւ յատկութիւններն ու կարողութիւնները արժեւորեն։

16 Խոնարհութիւնն ու համեստութիւնը ամուսնացած անհատին կ’օգնեն, որ իր կողակիցին զօրաւոր կէտերուն վրայ կեդրոնանայ։ Լուսաբանենք. կին մը իր յատուկ ձիրքերը կը գործածէ ընտանիքին օգտին համար։ Եթէ անոր ամուսինը խոնարհ ու համեստ է, պիտի չզգայ թէ ամէն բանի մէջ իր կնոջմէն աւելի լաւ պէտք է ըլլայ, այլ՝ զինք պիտի քաջալերէ որ շարունակէ իր տաղանդները գործածել։ Այսպէս ան ցոյց կու տայ որ իր կինը խորապէս կ’արժեւորէ (Առ. 31։10, 28. Եփ. 5։28, 29)։ Միեւնոյն ժամանակ, խոնարհ ու համեստ կինը բնա՛ւ իր կարողութիւններով չի հպարտանար, ոչ ալ իր ամուսինը մարդոց առջեւ կը նսեմացնէ։ Վերջ ի վերջոյ, երկուքը «մէկ մարմին» են։ Ուստի, հպարտութիւնը երկո՛ւքն ալ կը վիրաւորէ (Մատ. 19։4, 5

17. Ի՞նչ բան կրնայ օգնել որ արդի ամուսնութիւնները ուրախ ըլլան եւ Աստուծոյ փառք բերեն։

17 Անկասկած կ’ուզես որ ամուսնութիւնդ Աբրահամի եւ Սառայի կամ Իսահակի եւ Ռեբեկայի ամուսնութեան նմանի,– իսկապէս ուրախ, մնայուն եւ Եհովային փառք բերող։ Եթէ այդպէս է պարագան, ամուսնութեան նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտին յարէ։ Խորատեսութիւն եւ իմաստութիւն ունենալու համար իր Խօսքին դիմէ։ Իսկական սէր մշակէ՝ կողակիցիդ լաւ յատկութիւնները արժեւորելով (Երգ 8։6)։ Ջանա՛ խոնարհութիւն ցուցաբերել։ Կողակիցիդ հանդէպ յարգալից վերաբերմունք ունեցիր։ Երբ այս բաները ընես, ամուսնութիւնդ քեզի ու քու երկնաւոր Հօրդ ուրախութիւն պիտի բերէ (Առ. 27։11)։ Եղբայր մը, որ 27 տարիէ ամուսնացած է, գրեց. «Չեմ կրնար կեանքը երեւակայել առանց կնոջս։ Մեր ամուսնութիւնը օրէ օր կ’ամրանայ, քանի որ Եհովան կը սիրենք եւ կանոնաւորաբար իրարու հետ կը հաղորդակցինք»։ Ամուսնութիւնդ ալ կրնայ նոյնքան զօրաւոր ըլլալ։