Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ինչո՛ւ իմաստալից կեանք կը վարենք

Ինչո՛ւ իմաստալից կեանք կը վարենք

1958–ին, տղաս՝ Կէրին՝ ծնելէն անմիջապէս ետք, զգացի թէ սխալ բան մը կար։ Բայց բժիշկներուն հետ տասը ամիս առաւ որ ախտաճանաչեն իր հիւանդութիւնը, իսկ Լոնտոնի մասնագէտները հինգ տարի ետք զայն հաստատեցին։ Որքա՜ն տխրեցայ երբ աղջիկս՝ Լուիզը, որ Կէրիէն 9 տարի ետք ծնաւ, աւելի՛ լուրջ ախտանիշներ ցոյց տուաւ։

Բժիշկները ինծի հանդարտօրէն ըսին. «Երկու զաւակներդ Լորանս–Մուն–Պարտէ–Պիտլի համախտանիշը * (ԼՄՊՊ) ունին, եւ դժբախտաբար բուժում չկայ»։ Այդ ժամանակ, այս հազուագիւտ ծինային հիւանդութեան մասին շատ տեղեկութիւններ չկային։ Անիկա յատկապէս կը պարփակէ՝ տեսողութեան տկարութիւն, որ կուրութեան կ’առաջնորդէ, գիրութիւն, յաւելեալ մատներ եւ/կամ ոտնամատներ, դանդաղ աճում, մարմնի շարժուձեւի աններդաշնակութիւն, շաքարախտ, ոսկրայօդատապ եւ երիկամունքի խնդիրներ։ Ուստի, անդրադարձայ որ զաւակներուս հոգ տանիլը լուրջ մարտահրաւէր մը պիտի ըլլար։ Վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուաւ, թէ Բրիտանիոյ բնակչութեան ամէն 125,000–էն մէկը այս հիւանդութենէն կը տառապի, թէեւ ուրիշ շատեր ատոր թեթեւ մէկ տեսակը ունին։

ԵՀՈՎԱՆ ՄԵՐ «ԱՊԱՒԷՆ»Ը ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ

Ամուսնանալէս քիչ ետք, Եհովայի վկայի մը հետ խօսակցութիւն ունեցայ եւ անմիջապէս ճշմարտութիւնը զատորոշեցի։ Բայց ամուսինս բնաւ չհետաքրքրուեցաւ։ Ամուսինիս գործին պատճառաւ, շարունակ կը փոխադրուէինք, ուստի չկրցայ որեւէ ժողովքի հետ ընկերակցիլ։ Բայց եւ այնպէս, շարունակեցի Աստուածաշունչը կարդալ եւ Եհովայի աղօթել։ Որքա՜ն մխիթարիչ էր կարդալ, թէ «տնանկին ալ ապաւէն պիտի ըլլայ Տէրը, ապաւէն՝ նեղութեան ժամանակները» եւ թէ ‘զինք փնտռողները երեսէ չի ձգեր’ (Սաղ. 9։9, 10

Կէրին սահմանափակ տեսողութիւն ունենալով, 6 տարեկանին ղրկուեցաւ Անգլիոյ հարաւային ծովեզերքը գտնուող գիշերօթիկ մը, մասնայատուկ ուսում ստանալու համար։ Ան կանոնաւորաբար ինծի կը հեռաձայնէր՝ խօսելու համար հարցերու շուրջ, որոնք զինք կը մտահոգէին. իսկ ես կրցայ իրեն օգնել որ Աստուածաշունչի հիմնական սկզբունքները հասկնայ։ Լուիզին ծնելէն քանի մը տարի ետք, ես ինքս հիւանդացայ, ունենալով՝ բազմադիմի կարծրախտ եւ նեարդադնդերային յօդացաւ։ Կէրին 16 տարեկանին գիշերօթիկէն տուն վերադարձաւ։ Բայց իր տեսողութիւնը հետզհետէ կը վատթարանար եւ 1975–ին օրինաւոր կերպով կոյր նկատուեցաւ։ Իսկ 1977–ին ամուսինս մեզ լքեց։

Կէրիին վերադառնալէն ետք, սիրալիր ժողովքի մը պատկանեցանք եւ 1974–ին մկրտուեցայ։ Շատ երախտապարտ գտնուեցայ, երբ երէց մը Կէրիին օգնեց անոր արբունքի շրջանին, որպէսզի իր մարմնին փոփոխութիւնները հասկնայ։ Ուրիշ Վկաներ ինծի օգնեցին առտնին գործերուն մէջ եւ ի վերջոյ տեղական ընկերային սպասարկութիւնները պաշտօնապէս հինգ Վկաներ նշանակեցին, որպէսզի մեզի հոգ տանին։ Ասիկա ի՜նչ օրհնութիւն էր մեզի համար։

Կէրին շարունակեց ճշմարտութեան մէջ լաւ կերպով յառաջդիմել եւ 1982–ին մկրտուեցաւ։ Ան սրտանց կ’ուզէր օժանդակ ռահվիրայութեան ձեռնարկել, ուստի որոշեցի իրեն միանալ եւ այսպէս, քանի մը տարի որպէս օժանդակ ռահվիրայ ծառայեցի։ Տղաս շա՜տ ուրախացաւ երբ ժամանակ մը ետք, շրջանային տեսուչը իրեն հարցուց. «Ինչո՞ւ կանոնաւոր ռահվիրայ չըլլաս»։ Կէրին ճիշդ այս քաջալերութեան պէտք ունէր, եւ 1990–ին՝ կանոնաւոր ռահվիրայ նշանակուեցաւ։

Կէրին զսդայօդը փոխելու երկու գործողութիւններու ենթարկուեցաւ. առաջինը՝ 1999–ին, իսկ երկրորդը՝ 2008–ին։ Բայց Լուիզին առողջապահական խնդիրները աւելի՛ լուրջ էին։ Ան բոլորովին կոյր ծնաւ. եւ երբ նկատեցի թէ յաւելեալ ոտնամատ ունէր, գիտակցեցայ որ ինք եւս ԼՄՊՊ համախտանիշը ունէր։ Ասկէ զատ, քննութիւնները շուտով յայտնեցին, թէ անոր ներքին օրկաններէն շատերը լուրջ թերութիւններ ունէին։ Տարիներու ընթացքին, ան մեծ գործողութիւններու ենթարկուեցաւ, ներառեալ՝ երիկամունքի հինգ գործողութիւններու։ Եւ Կէրիին նման, ան շաքարախտ ունի։

Քանի որ Լուիզ գիտէ այն դժուարութիւնները, որոնք կրնան ծագիլ գործողութեան ընթացքին, ան սկիզբէն կը խօսի վիրաբուժներուն, անզգայացնող բժիշկներուն եւ պատասխանատու անհատներուն հետ, որպէսզի բացատրէ անարիւն բժշկական գործընթացներուն նկատմամբ իր որոշումները։ Առ ի արդիւնք, ան մտերիմ փոխյարաբերութիւն կը վայելէ բոլոր անոնց հետ, որոնք իր առողջութեան հոգ կը տանին։

ԻՄԱՍՏԱԼԻՑ ԿԵԱՆՔ ՎԱՐԵԼ

Մեր տունը Եհովայի պաշտամունքին վրայ կեդրոնացած գործունէութիւններով լեցուն է։ Նախքան արդի ելեկտրոնական օժանդակ գործիքներուն մատչելի ըլլալը, շատ ժամեր կը տրամադրէի կարդալու Կէրիին եւ Լուիզին։ Այժմ խտասկաւառակներ, թուային տեսասկաւառակներ եւ www.pr418.com–էն ձայնագրութիւններ բոլորս կարող կը դարձնեն, որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան շաբաթական յայտագիր ունենանք տարբեր ժամերուն, ինչպէս նաեւ կրնանք ժողովներուն մէջ շինիչ մեկնաբանութիւններ ներկայացնել։

Որքա՜ն երախտապարտ ենք Եհովայի ներշնչեալ Խօսքին թանկարժէք ճշմարտութիւններուն համար

Կէրին իր պատասխանները երբեմն գոց կը սորվի, եւ եթէ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ բաժին ունենայ, իր անձնական բառերով կ’արտայայտուի։ Ան օգնական ծառայ նշանակուեցաւ 1995–ին, եւ սրահին մէջ միշտ պատասխանատուութիւններ ունի,– ժողովքի անդամները ընդունիլ եւ ձայնային սարքերու գործածութեան օգնել։

Վկաները Կէրիին հետ ծառայութեան կը մասնակցին, յաճախ հրելով իր հաշմակառքը, որ կը գործածէ իր յօդատապին պատճառաւ։ Եղբայր մը իրեն օգնած է որ հետաքրքրուող անհատի մը հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրէ։ Կէրին նաեւ քաջալերած է քրիստոնեայ մը, որ 25 տարիէ ի վեր անգործունեայ էր։ Երկու անհատները այժմ ժողովներուն ներկայ կը գտնուին։

Ինը տարեկանին, Լուիզ մեծ մօրմէն հիւսել սորվեցաւ, իսկ ես եւ մեզի հոգ տանողներէն մէկը իրեն ձեռագործութիւն սորվեցուցինք։ Քանի որ տակաւի՛ն կը սիրէ ասեղնագործութիւնը, ան գունաւոր ծածկոցներ կը հիւսէ ժողովքի մանուկներուն եւ տարեցներուն համար։ Ինչպէս նաեւ քարտեր կը շինէ, անոնց վրայ պզտիկ նկարներ փակցնելով։ Զանոնք ստացողները շա՜տ կ’արժեւորեն այս մէկը։ Պատանեկութեան սկիզբի տարիներուն, Լուիզ արագ–մեքենագրութիւն սորվեցաւ։ Այսօր, մասնաւոր խօսող–համակարգիչի մը օգնութեամբ, ան կանոնաւորաբար իր բարեկամներուն ել–մակներ կ’ուղարկէ։ Լուիզը 17 տարեկանին մկրտուեցաւ։ Քարոզչութեան մասնայատուկ արշաւներուն ընթացքին, միասնաբար օժանդակ ռահվիրայութեան կը մասնակցինք։ Կէրիին նման, Լուիզը համարները գոց կը սորվի, որպէսզի իր հաւատքը արտայայտէ Աստուծոյ խոստացեալ նոր երկրին հանդէպ, ուր «կոյրերուն աչքերը պիտի բացուին» եւ «հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’» (Եսա. 33։24. 35։5

Որքա՜ն երախտապարտ ենք Եհովայի ներշնչեալ Խօսքին թանկարժէք ճշմարտութիւններուն համար։ Մեր սրտերը խորապէս կը գնահատեն մեր ժողովքին սիրալիր աջակցութիւնը, քանի որ առանց ատոր՝ մեր գործունէութեան մեծ մասը անկարելի պիտի ըլլար։ Եւ մա՛նաւանդ Եհովայի օգնութեամբ՝ մենք իմաստալից կեանք կը վարենք։

^ պարբ. 5 Լորանս–Մուն–Պարտէ–Պիտլի համախտանիշը իր անունը առաւ այն չորս բժիշկներէն, որոնք այս թաքուն ծինային հիւանդութիւնը բնորոշեցին։ Անիկա կը ժառանգուի երբ երկու ծնողները թաքուն ծինը ունենան։ Ներկայիս, այս հիւանդութիւնը աւելի ճանչցուած է որպէս՝ Պարտէ–Պիտլի համախտանիշ. եւ դարմանում չունի։