Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Որո՞նք էին Ծննդոց 6։2, 4–ի մէջ նշուած «Աստուծոյ որդիները», որոնք Ջրհեղեղէն առաջ կ’ապրէին։

Վաւերական փաստ կայ, թէ անոնք Աստուծոյ հոգեղէն որդիներն էին։ Ի՞նչ է այդ փաստը։

Այդ երկու համարներէն առաջինը կ’ըսէ. «Աստուծոյ որդիները մարդոց աղջիկներուն գեղեցիկ ըլլալը տեսնելով՝ իրենց ընտրածներէն իրենց կիներ առին» (Ծն. 6։2

Եբրայերէն Գրութիւններուն բնագրին մէջ «Աստուծոյ որդիները» արտայայտութիւնը կը տեսնենք Ծննդոց 6։2, 4. Յոբ 1։6. 2։1. 38։7. եւ Սաղմոս 89։6–ի մէջ։

Յոբ 1։6–ի մէջ նշուած «Աստուծոյ որդիները» յստակօրէն հոգեղէն արարածներ էին, որոնք Աստուծոյ ներկայութեան համախմբուեցան։ Անոնց մէջ կար Սատանան, որ ‘երկրի վրայ կը շրջէր’ (Յոբ 1։7. 2։1, 2)։ Նմանապէս, Յոբ 38։4-7–ի մէջ կը կարդանք, թէ ‘Աստուծոյ որդիները ցնծութեամբ կ’աղաղակէին’, երբ Աստուած երկրին «անկիւնին քարը» կը դնէր։ Անոնք Աստուծոյ հրեշտակային որդիները եղած ըլլալու էին, քանի որ մարդիկ դեռ չէին ստեղծուած։ Իսկ Սաղմոս 89։6–ի մէջ նշուած «Աստուծոյ որդիներ»ը, որ թարգմանուած է «հզօրներու որդիներ» Վերստուգուած աշխարհաբար թարգմանութեան մէջ, վստահաբար կ’ակնարկէ Աստուծոյ հետ եղող երկնային արարածներուն եւ ոչ թէ մարդոց։

Ուրեմն, որո՞նք են Ծննդոց 6։2, 4–ի մէջ նշուած «Աստուծոյ որդիները»։ Վերոնշեալ աստուածաշնչական իրողութիւններուն վրայ հիմնուելով, տրամաբանական է եզրակացնել, թէ արձանագրութիւնը կ’ակնարկէ Աստուծոյ հոգեղէն որդիներուն, որոնք երկիր եկան։

Ոմանք դժուար կը գտնեն հաւատալ որ հրեշտակները սեռային յարաբերութիւն ընելով հետաքրքրուած ըլլան։ Մատթէոս 22։30–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքը ցոյց կու տայ, թէ երկնքի մէջ ամուսնութիւն եւ սեռային յարաբերութիւն գոյութիւն չունին։ Բայց որոշ առիթներով, հրեշտակները մարդկային մարմիններ հագան, նոյնիսկ մարդոց հետ կերան ու խմեցին (Ծն. 18։1-8. 19։1-3)։ Ուրեմն, տրամաբանական է եզրակացնել, թէ այսպիսի մարմիններ հագնելով, անոնք կրնային կիներու հետ սեռային յարաբերութիւններ ունենալ։

Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած պատճառներ կան հաւատալու, թէ կարգ մը հրեշտակներ ճիշդ այդ մէկը ըրին։ Յուդա 6, 7–ն կը համեմատէ Սոդոմի մարդոց մեղքը,– որոնք իրենց անբնական ցանկութիւններու ետեւէն գացին,– ‘իրենց իշխանութիւնը չպահող եւ իրենց բնակութիւնը ձգող հրեշտակներու’ մեղքին հետ։ Հասարակ կէտը այն է՝ որ թէ՛ հրեշտակները եւ թէ սոդոմացիները «պոռնկացան ընկերներուն մարմնին ետեւէն երթալով»։ Համանման հատուած մը կը գտնուի Ա. Պետրոս 3։19, 20–ի մէջ, որ անհնազանդ հրեշտակները կը կապէ «Նոյին օրեր»ուն հետ (Բ. Պետ. 2։4, 5)։ Հետեւաբար, Նոյի օրերուն հրեշտակներուն բռնած ընթացքը կրնայ համեմատուիլ Սոդոմ ու Գոմորի մեղքին հետ։

Այսպիսի եզրակացութիւն տրամաբանական կը թուի, երբ գիտնանք թէ Ծննդոց 6։2, 4–ի մէջ նշուած «Աստուծոյ որդիները» հրեշտակներ էին, որոնք նիւթականացան եւ կիներու հետ անբարոյութիւն գործեցին։

Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ Յիսուս ‘բանտի մէջ եղած հոգիներուն քարոզեց’ (Ա. Պետ. 3։19)։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։

Պետրոս առաքեալ այս հոգիները կը բնորոշէ, ըսելով թէ անոնք «ատեն մը ապստամբ էին, երբ Աստուծոյ երկայնամտութիւնը կը համբերէր անոնց Նոյին օրերը» (Ա. Պետ. 3։20)։ Յստակ է որ Պետրոս կ’ակնարկէր հոգեղէն արարածներուն, որոնք Սատանայի ըմբոստութեան միացան։ Յուդան կը նշէ հրեշտակներ, որոնք «իրենց իշխանութիւնը չպահեցին, հապա իրենց բնակութիւնը ձգեցին», եւ կ’ըսէ թէ Աստուած զանոնք «մշտնջենաւոր կապերով խաւարի մէջ պահեց մեծ օրուան դատաստանին համար» (Յուդա 6

Ի՞նչ կերպով այդ հոգեղէն արարածները Նոյի օրերուն անհնազանդ գտնուեցան։ Ջրհեղեղէն առաջ, անոնք մարդկային մարմիններ հագան,– բան մը՝ որ Աստուած իրենց համար չէր նպատակադրած (Ծն. 6։2, 4)։ Ասկէ զատ, այդ չար հրեշտակները, որոնք կիներու հետ սեռային յարաբերութիւն ունեցան, անբնական արարք կը գործէին։ Եւ Աստուած զիրենք այդ նպատակով չէր ստեղծած (Ծն. 5։2)։ Այս չար եւ անհնազանդ հրեշտակները Աստուծոյ որոշած ժամանակին պիտի բնաջնջուին։ Իսկ այժմ, ինչպէս որ Յուդա կը նշէ, անոնք «խաւարի»՝ հոգեւոր բանտի մը՝ մէջ են։

Յիսուս ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս «բանտի մէջ եղած հոգիներուն» քարոզեց։ Պետրոս կը գրէ, թէ ասիկա պատահեցաւ, երբ Յիսուս ‘կենդանի եղաւ հոգիով’ (Ա. Պետ. 3։18, 19)։ Նկատի առ նաեւ, թէ Պետրոս ըսաւ որ Յիսուս «քարոզեց»։ Անցեալ կատարեալ եղանակը գործածելով, Պետրոս ցոյց տուաւ, թէ այդ քարոզչութիւնը կատարուեցաւ իր առաջին նամակը գրելէ առաջ։ Այնպէս կը թուի, թէ Յիսուս իր յարութենէն ժամանակ մը ետք, չար հոգեղէն արարածներուն դէմ յայտարարութիւն մը ըրաւ, որ կապ ունէր անոնց ապագայ պատիժին հետ։ Այս քարոզչութիւնը յուսոյ պատգամ մը չունէր անոնց համար։ Փոխարէն, ատիկա դատաստանի պատգամ էր (Յովն. 1։1, 2)։ Յիսուս իր հաւատքն ու հաւատարմութիւնը մինչեւ մահ ցոյց տալով եւ ապա յարութիւն առնելով, փաստեց թէ Սատանան իր վրայ բան մը չունէր։ Այս հիման վրայ ան կրցաւ այսպիսի դատապարտական յայտարարութիւն մը ընել (Յովհ. 14։30. 16։8-11

Ապագային, Յիսուս Սատանան եւ այդ հրեշտակները պիտի կապէ եւ անդունդը նետէ (Ղուկ. 8։30, 31. Յայտ. 20։1-3)։ Մինչեւ այդ ժամանակ, այս անհնազանդ հոգեղէն արարածները հոգեւոր թանձր խաւարի մէջ են, իսկ իրենց վերջնական բնաջնջումը ստոյգ է (Յայտ. 20։7-10