Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Ի՜նչ գեղեցիկ պատկերներ»

«Ի՜նչ գեղեցիկ պատկերներ»

Այս պարբերաթերթին նոր թիւ մը բանալով, քանի՞ անգամ դուն քեզի կամ ուրիշներուն այս խօսքը ըսած ես։ Մեծ խնամքով պատրաստուած գեղեցիկ պատկերներն ու նկարները նպատակ ունին։ Ատոնք ուսուցումի մեթոտներ են, որոնք մեզ կը մղեն մտածելու եւ զգալու։ Անոնք մասնաւորաբար օգտակար կրնան ըլլալ, երբ Դիտարան–ի ուսումնասիրութիւնը կը պատրաստենք եւ մեկնաբանութիւններ կը ներկայացնենք։

Օրինակի համար, պահ մը մտածէ թէ իւրաքանչիւր ուսումնասիրութեան յօդուածի առաջին պատկերը ինչո՛ւ ընտրուած էր այդ յօդուածին համար։ Ատիկա ի՞նչ կը պատկերացնէ եւ ինչպէ՞ս առնչուած է յօդուածին վերնագրին կամ գլխաւոր համարին։ Իւրաքանչիւր պատկերի նկատմամբ, մտածէ թէ ատիկա ի՛նչ կապ ունի քննարկուած նիւթին եւ քու կեանքիդ հետ։

Դիտարան–ի ուսումնասիրութեան վարիչը պիտի ուզէ ներկաներուն պատեհութիւն տալ, որ իւրաքանչիւր պատկերի շուրջ մեկնաբանեն, ըսեն թէ ինչպէ՛ս կը կիրարկուի ուսումնասիրութեան կամ ի՛նչ տպաւորութիւն կը ձգէ իրենց վրայ։ Կարգ մը պարագաներուն, պատկերի խորագրին մէջ կը նշուի թէ պատկերը ո՛ր մասնայատուկ պարբերութեան կը վերաբերի։ Այլապէս, վարիչը կ’որոշէ ո՛ր պարբերութեան հետ պատկերը քննարկել։ Այսպիսով, բոլորը լիովին պիտի օգտուին տարուած աշխատանքէն, որուն նպատակն է՝ օգնել ընթերցողին որ Աստուծոյ Խօսքին բովանդակած դասերը պատկերացնէ։

Եղբայր մը ըսաւ. «Հոյակապ կերպով շարադրուած յօդուած մը կարդալէ ետք, պատկերները զայն աւելի հրապուրիչ կը դարձնեն»։