Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ»

«Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ»

«Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը» (ՄԱՏ. 28։20

1. ա) Ամփոփէ որոմին առակը։ բ) Յիսուս ինչպէ՞ս առակին իմաստը բացատրեց։

ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ վերաբերող իր առակներէն մէկուն մէջ, Յիսուս կը նկարագրէ հողագործ մը, որ իր արտին մէջ բարի սերմ կը ցանէ, եւ թշնամի մը, որ կու գայ եւ ցորենին մէջ որոմ կը ցանէ։ Որոմը կ’աճի ու կը ծածկէ ցորենը, բայց հողագործը իր ծառաներուն կ’ըսէ. «Թող տուէ՛ք որ երկուքն ալ մէկտեղ աճին մինչեւ հունձքի ատենը»։ Հունձքի ատենը որոմը կ’այրուի, իսկ ցորենը կը ժողվուի։ Յիսուս ինք առակը բացատրեց (կարդա՛ Մատթէոս 13։24-30, 37-43Այս առակը ի՞նչ կը յայտնէ (տե՛ս «Ցորենն ու որոմը» շրջանակը)։

2. ա) Հողագործին արտին մէջ տեղի ունեցող դէպքերը ի՞նչ կը լուսաբանեն։ բ) Առակին ո՞ր մասը նկատի պիտի առնենք։

2 Հողագործին արտին մէջ տեղի ունեցող դէպքերը կը լուսաբանեն, թէ Յիսուս ինչպէ՛ս եւ ե՛րբ մարդոց մէջէն պիտի ժողվէր ամբողջ ցորեն դասակարգը,– օծեալ քրիստոնեաները, որոնք իրեն հետ իր Թագաւորութեան մէջ պիտի իշխեն։ Սերմանելը սկսաւ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին։ Իսկ ժողվելը պիտի ամբողջանայ երբ օծեալները, որոնք այս աշխարհի վախճանին ատեն ողջ են, ստանան իրենց վերջնական կնքումը եւ ապա երկինք առնուին (Մատ. 24։31. Յայտ. 7։1-4)։ Ճիշդ ինչպէս որ լերան մը վրայ կենալով մեզ շրջապատող ամբողջ տեսարանը մէկ ակնարկով կը տեսնենք, նմանապէս այս առակը մեզի կու տայ մանրամասն ակնարկ մը այն զարգացումներուն մասին, որոնք տեղի պիտի ունենային շուրջ 2000 տարուան ընթացքին։ Թագաւորութեան հետ կապ ունեցող ի՞նչ զարգացումներ կը զատորոշենք։ Առակը կը նկարագրէ սերմանելու, աճելու եւ հնձելու ժամանակաշրջան մը։ Այս յօդուածը գլխաւորաբար պիտի կեդրոնանայ հունձքի ատենին վրայ *։

ՅԻՍՈՒՍԻ ԱՉԱԼՈՒՐՋ ՀՈԳԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ

3. ա) Առաջին դարէն ետք ի՞նչ պարագայ զարգացաւ։ բ) Ըստ Մատթէոս 13։28–ին, ի՞նչ հարցում յարուցուեցաւ եւ որո՞նց կողմէ (տե՛ս նաեւ ծանօթագրութիւնը)։

3 Ք.Ե. երկրորդ դարուն սկիզբը, ‘որոմը երեւցաւ’, երբ կեղծ քրիստոնեաները աշխարհի արտին մէջ տեսանելի դարձան (Մատ. 13։26)։ Չորրորդ դարուն, որոմանման քրիստոնեաները արդէն աւելի շատ էին քան՝ օծեալ քրիստոնեաները։ Յիշէ թէ առակին մէջ, ծառաները իրենց տիրոջմէն արտօնութիւն խնդրեցին որոմները քաղելու (Մատ. 13։28) *։ Տէրը ի՞նչ պատասխանեց։

4. ա) Տիրոջ՝ Յիսուսին՝ պատասխանը ի՞նչ կը յայտնէ։ բ) Ցորենանման քրիստոնեաները ե՞րբ զատորոշելի դարձան։

4 Ցորենին եւ որոմին մասին խօսելով, Յիսուս ըսաւ. «Թող տուէ՛ք որ երկուքն ալ մէկտեղ աճին մինչեւ հունձքի ատենը»։ Ասիկա կը յայտնէ, թէ առաջին դարէն մինչեւ օրս, երկրի վրայ միշտ եղած են օծեալ ցորենանման քրիստոնեաներ։ Յիսուսին սա խօսքը այդ եզրակացութիւնը կը հաստատէ. «Ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը» (Մատ. 28։20)։ Ուստի, Յիսուս բոլո՛ր օրերը իր օծեալները պիտի պաշտպանէր մինչեւ վախճանին ատենը։ Բայց, քանի որ անոնք ծածկուած էին որոմանման քրիստոնեաներով, ստուգապէս չենք գիտեր թէ այդ երկար ժամանակաշրջանին որո՛նք ցորեն դասակարգին կը պատկանէին։ Բայց եւ այնպէս, հունձքի եղանակը սկսելէն տասնամեակներ առաջ, ցորեն դասակարգը զատորոշելի դարձաւ։ Ինչպէ՞ս։

ԴԵՍՊԱՆ ՄԸ ‘ՃԱՄԲԱՆ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏԷ’

5. Մաղաքիայի մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս առաջին դարուն կատարուեցաւ։

5 Յիսուս որոմին առակը պատմելէն դարեր առաջ, Եհովան Մաղաքիա մարգարէն ներշնչեց որ կանխագուշակէ դէպքեր, որոնք կ’արտացոլան Յիսուսի առակին մէջ (կարդա՛ Մաղաքիա 3։1-4Յովհաննէս Մկրտիչ այն ‘դեսպանն էր որ ճամբան պատրաստեց’ (Մատ. 11։10, 11)։ Երբ Ք.Ե. 29–ին ան եկաւ, իսրայէլ ազգին համար դատաստանի ժամանակ մը հասած էր։ Իսկ Յիսուս երկրորդ դեսպանն էր։ Ան Երուսաղէմի տաճարը երկու անգամ մաքրեց,– առաջինը իր ծառայութեան սկիզբը, իսկ երկրորդը իր ծառայութեան վերջաւորութեան (Մատ. 21։12, 13. Յովհ. 2։14-17)։ Այսպէս, Յիսուսի մաքրութեան աշխատանքը ժամանակաշրջան մը պարփակեց։

6. ա) Մաղաքիայի մարգարէութեան աւելի մեծ կատարումը ի՞նչ է։ բ) Ո՞ր ժամանակաշրջանին Յիսուս հոգեւոր տաճարը քննեց (տե՛ս նաեւ ծանօթագրութիւնը)։

6 Մաղաքիայի մարգարէութեան աւելի մեծ կատարումը ի՞նչ է։ 1914–ին նախորդող տասնամեակներուն ընթացքին, Չ. Թ. Ռասըլ եւ իր մօտիկ ընկերակիցները Յովհաննէս Մկրտիչին աշխատանքին նման աշխատանք մը տարին։ Այդ կարեւոր գործը պարփակեց՝ աստուածաշնչական ճշմարտութիւններ վերահաստատել։ Աստուածաշունչի Աշակերտները սորվեցուցին Քրիստոսի փրկանքի զոհաբերութեան իսկական նշանակութիւնը, քօղազերծեցին դժոխքի կրակի սուտը եւ ծանուցանեցին Ազգերուն ժամանակներուն մօտալուտ վախճանը։ Բայց տակաւին կային բազմաթիւ կրօնական խումբեր, որոնք կը դաւանէին Քրիստոսին հետեւորդները ըլլալ։ Ուստի, կարեւոր հարցում մը պէտք է պատասխանուէր. այդ խումբերուն մէջ որո՞նք ցորենն էին։ Հարցումին պատասխանելու համար, Յիսուս 1914–ին սկսաւ հոգեւոր տաճարը քննել։ Այդ քննութիւնը եւ մաքրութիւնը պարփակեց ժամանակաշրջան մը,– 1914–էն մինչեւ 1919–ի սկիզբը *։

ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԱՔՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐ

7. Երբ Յիսուս 1914–ին իր քննութիւնը սկսաւ, ի՞նչ գտաւ։

7 Երբ Յիսուս իր քննութիւնը սկսաւ, գտաւ նախանձախնդիր Աստուածաշունչի Աշակերտներու պզտիկ խումբ մը, որ աւելի քան 30 տարի իր կորովն ու ստացուածքը տրամադրած էր քարոզչական արշաւի հետամուտ ըլլալու *։ Յիսուսն ու հրեշտակները որքա՜ն ուրախացած ըլլալու էին, տեսնելով այս փոքրաթիւ բայց տոկուն ցորենները, որոնք Սատանային որոմներուն կողմէ չէին խեղդուած։ Բայց, հարկ կար «Ղեւիին որդիները»՝ օծեալները՝ ‘մաքրելու’ (Մաղ. 3։2, 3. Ա. Պետ. 4։17)։ Ինչո՞ւ։

8. 1914–էն ետք, ի՞նչ զարգացումներ տեղի ունեցան։

8 1914–ի վերջաւորութեան կարգ մը Աստուածաշունչի Աշակերտներ վհատեցան, քանի որ երկինք չգացին։ 1915-1916–ի ընթացքին, հակառակութիւնը քարոզչութիւնը դանդաղեցուց։ Աւելի գէշ, հոկտեմբեր 1916–ին Եղբայր Ռասըլին մահէն ետք, կազմակերպութեան մէջէն հակառակութիւն ծագեցաւ։ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ թերթիկի ընկերութեան եօթը վարչականներէն չորսը ըմբոստացան, երբ որոշում առնուեցաւ որ Եղբայր Ռատըրֆորտ առաջնորդութիւնը առնէ։ Անոնք ջանացին եղբայրներուն մէջ բաժանում պատճառել, բայց օգոստոս 1917–ին Բեթէլը ձգեցին,– ինչ որ իրապէս մաքրութիւն մըն էր։ Նաեւ, կարգ մը Աստուածաշունչի Աշակերտներ մարդոց հանդէպ վախին տեղի տուին։ Բայց եւ այնպէս, որպէս ամբողջութիւն, Աստուածաշունչի Աշակերտները Յիսուսի մաքրութեան աշխատանքին ընդառաջեցին եւ հարկ եղած փոփոխութիւնները ըրին։ Այսպէս Յիսուս զիրենք դատեց որպէս իսկական ցորեն, բայց մերժեց բոլոր կեղծ քրիստոնեաները, ներառեալ՝ քրիստոնէական աշխարհի եկեղեցիներուն մէջ բոլոր գտնուողները (Մաղ. 3։5. Բ. Տիմ. 2։19)։ Ետքը ի՞նչ պատահեցաւ։ Պատասխանը առնելու համար, շարունակենք որոմին առակը նկատի առնել։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՀԻ ԵՐԲ ՀՈՒՆՁՔԻ ԵՂԱՆԱԿԸ ԿԸ ՍԿՍԻ

9, 10. ա) Հունձքի ատենին նկատմամբ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։ բ) Հունձքի ատենը նա՛խ ի՞նչ տեղի ունեցաւ։

9 «Հունձքը աշխարհիս վերջն է», ըսաւ Յիսուս (Մատ. 13։39)։ Հունձքի եղանակը սկսաւ 1914–ին։ Նկատի պիտի առնենք հինգ զարգացումներ, որոնք Յիսուս այդ ժամանակուան առնչութեամբ կանխագուշակեց։

10 Առաջին՝ որոմները քաղել։ Յիսուս կ’ըսէ. «Հունձքի ատենը հնձողներուն պիտի ըսեմ. ‘Առաջ որոմը քաղեցէք, խուրձ խուրձ կապեցէք’»։ 1914–էն ետք, հրեշտակները սկսան որոմանման քրիստոնեաները ‘քաղել’, զանոնք զատելով «թագաւորութեանը [օծեալ] որդիներ»էն (Մատ. 13։30, 38, 41

11. Մինչեւ օրս, ի՞նչ բան ճշմարիտ քրիստոնեաները զատորոշած է կեղծ քրիստոնեաներէն։

11 Մինչ քաղելու աշխատանքը յառաջդիմեց, երկու խումբերու տարբերութիւնը աւելի յստակ դարձաւ (Յայտ. 18։1, 4)։ 1919–ին, բացայայտ դարձաւ թէ Մեծ Բաբելոնը ինկած էր։ Մանաւանդ քարոզչութիւնը ճշմարիտ քրիստոնեաները զատորոշեց կեղծ քրիստոնեաներէն։ Աստուածաշունչի Աշակերտներուն մէջ առաջնորդութիւն առնողները սկսան շեշտ դնել Թագաւորութեան քարոզչութեան մէջ անհատապէս բաժին բերելու կարեւորութեան վրայ։ Օրինակ, Գործը որո՛նց վստահուած է գրքոյկը, որ 1919–ին հրատարակուեցաւ, յորդորեց բոլոր օծեալ քրիստոնեաները որ տունէ տուն քարոզեն։ Ատիկա նշեց. «Աշխատանքը ապշեցուցիչ կը թուի, բայց ատիկա Տէրոջ գործն է եւ իր զօրութեամբ զայն պիտի կատարենք։ Դուք առանձնաշնորհում ունիք ատոր մէջ բաժին բերելու»։ Հակազդեցութիւնը ի՞նչ եղաւ։ 1922–ի Դիտարան մը ըսաւ, թէ այդ ժամանակէն սկսեալ Աստուածաշունչի Աշակերտները իրենց քարոզչական գործունէութիւններուն թափ տուին։ Շատ չանցած, տունէ տուն քարոզելը այդ հաւատարիմ քրիստոնեաներուն առանձնայատկութիւնը դարձաւ,– եւ տակաւին այդպէս է մինչեւ օրս։

12. Ո՞ր տարիէն ի վեր ցորեն դասակարգը կը ժողվուի։

12 Երկրորդ՝ ցորենը ժողվել։ Յիսուս իր հրեշտակներուն կը պատուիրէ. «Ցորենը իմ ամբարս ժողվեցէք» (Մատ. 13։30)։ 1919–էն ի վեր, օծեալները կը ժողվուին վերահաստատուած քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ Այն օծեալ քրիստոնեաներուն համար, որոնք երկրի վրայ ողջ են երբ աշխարհի վերջը գայ, վերջնական ժողվուիլը տեղի պիտի ունենայ, երբ իրենց երկնային վարձատրութիւնը ստանան (Դան. 7։18, 22, 27

13. Յայտնութիւն 18։7–ն ի՞նչ կը յայտնէ պոռնիկին կամ Մեծ Բաբելոնի այժմու կեցուածքին մասին, ներառեալ՝ քրիստոնէական աշխարհին։

13 Երրորդ՝ լալ եւ ակռաներ կրճտել։ Հրեշտակները որոմները խուրձ–խուրձ կապելէ ետք ի՞նչ կը պատահի։ Որոմ դասակարգին վիճակին մասին խօսելով, Յիսուս կը նշէ. «Հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել» (Մատ. 13։42)։ Արդեօք ասիկա ներկայի՞ս կը պատահի։ Ո՛չ։ Ներկայիս քրիստոնէական աշխարհը, որ պոռնիկին մէկ մասն է, տակաւին ինքնիր մասին կ’ըսէ. «Ես թագուհի եմ, որբեւարի չեմ ու բնաւ սուգ պիտի չտեսնեմ» (Յայտ. 18։7)։ Իրապէս, քրիստոնէական աշխարհը ինքզինք ղեկավար կը սեպէ, նոյնիսկ «թագուհի»ի պէս նստելով քաղաքական առաջնորդներու դասակարգին վրայ։ Ներկայիս որոմները կը պարծենան եւ ոչ թէ կու լան։ Բայց ասիկա փոխուելու վրայ է։

Քաղաքական առաջնորդներուն հետ քրիստոնէական աշխարհի մտերմութիւնը շուտով վերջ պիտի գտնէ (Տե՛ս պարբերութիւն 13)

14. ա) Կեղծ քրիստոնեաները ե՞րբ եւ ինչո՞ւ իրենց ‘ակռաները պիտի կրճտեն’։ բ) Մատթէոս 13։42–ի մեր ճշդուած հասկացողութիւնը ինչպէ՞ս ներդաշնակ է Սաղմոս 112։10–ին հետ (տե՛ս ծանօթագրութիւնը)։

14 Մեծ նեղութեան ընթացքին, սուտ կրօնքը ամբողջովին կործանուելէ ետք, անոր նախկին հետեւողները ապաստանարան պիտի փնտռեն, բայց պիտի չգտնեն (Ղուկ. 23։30. Յայտ. 6։15-17)։ Ապա, գիտակցելով որ բնաջնջուելէ ազատելու միջոց չկայ, յուսահատաբար պիտի լան եւ բարկութեամբ իրենց ‘ակռաները պիտի կրճտեն’։ Ինչպէս որ Յիսուս մեծ նեղութեան վերաբերող իր մարգարէութեան մէջ կը կանխագուշակէ, այդ մռայլ պահուն անոնք «կոծ պիտի ընեն» (Մատ. 24։30. Յայտ. 1։7) *։

15. Որոմներուն ի՞նչ պիտի պատահի եւ ե՞րբ։

15 Չորրորդ՝ հնոցին մէջ ձգուիլ։ Ի՞նչ պիտի պատահի խուրձ–խուրձ կապուած որոմներուն։ Հրեշտակները «կրակի հնոցին մէջ պիտի ձգեն զանոնք» (Մատ. 13։42)։ Ասիկա կը նշանակէ ամբողջական կործանում։ Ուրեմն, սուտ կրօնական կազմակերպութիւններու նախկին հետեւողները պիտի բնաջնջուին մեծ նեղութեան վերջին մասին ընթացքին՝ Արմագեդոնին (Մաղ. 4։1

16, 17. ա) Յիսուս իր առակին մէջ ո՞ր վերջին դէպքը կը նշէ։ բ) Ինչո՞ւ կ’եզրակացնենք թէ այդ դէպքը ապագային տեղի պիտի ունենայ։

16 Հինգերորդ՝ փայլիլ։ Յիսուս իր մարգարէութեան վերջաւորութեան կ’ըսէ. «Այն ատեն արեւի պէս պիտի փայլին արդարները իրենց Հօրը թագաւորութեանը մէջ» (Մատ. 13։43)։ Ասիկա ե՞րբ եւ ո՞ւր պիտի պատահի։ Այս խօսքերուն կատարումը տակաւին ապագային է։ Յիսուս կանխագուշակեց, ոչ թէ երկրի վրայ այժմ տեղի ունեցող գործունէութիւն մը, այլ՝ ապագայ դէպք մը երկնքի մէջ *։ Նկատի առ երկու պատճառ, թէ ինչո՛ւ այս եզրակացութեան հասանք։

17 Նախ նկատի առնենք «ե՞րբ» հարցումը։ Յիսուս ըսաւ. «Այն ատեն արեւի պէս պիտի փայլին արդարները»։ «Այն ատեն» արտայայտութիւնը բացայայտօրէն կ’ակնարկէ այն դէպքին, որ Յիսուս նշած էր. այսինքն՝ ‘որոմները կրակի հնոցին մէջ ձգուիլը’։ Ասիկա տեղի կ’ունենայ մեծ նեղութեան վերջին մասին ընթացքին։ Այսպէս, օծեալներուն ‘փայլիլն’ ալ պէտք է այդ ժամանակին տեղի ունենայ։ Երկրորդ, նկատի առնենք «ո՞ւր» հարցումը։ Յիսուս ըսաւ թէ արդարները «թագաւորութեանը մէջ» պիտի փայլին։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Բոլոր հաւատարիմ օծեալները, որոնք մեծ նեղութեան առաջին մասը աւարտելէ ետք տակաւին երկրի վրայ են, արդէն ստացած պիտի ըլլան իրենց վերջնական կնքումը։ Ապա, ինչպէս որ մեծ նեղութեան վերաբերող Յիսուսի մարգարէութիւնը ցոյց կու տայ, երկնքի մէջ պիտի ժողվուին (Մատ. 24։31Հոն անոնք պիտի փայլին «Հօրը թագաւորութեանը մէջ», եւ Արմագեդոնէն քիչ ետք, որպէս Յիսուսին ուրախ հարսը պիտի մասնակցին «Գառնուկին հարսանիք»ին (Յայտ. 19։6-9

ԻՆՉՊԷ՛Ս Կ’ՕԳՏՈՒԻՆՔ

18, 19. Որոմին առակը հասկնալը մեզի անձամբ ի՞նչ կերպերով կ’օգտէ։

18 Այս առակին հայթայթած ընդարձակ ակնարկէն անձամբ ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։ Նկատի առ երեք կերպ։ Առաջին՝ ատիկա մեր խորատեսութիւնը կ’աւելցնէ։ Առակը կը յայտնէ կարեւոր պատճառ մը, թէ Եհովան ինչո՛ւ չարիքը կը թոյլատրէ։ Ան ‘բարկութեան առարկայ եղած անօթներուն համբերեց’, որպէսզի պատրաստէ «ողորմութիւն գտնող անօթներ»,– ցորեն դասակարգը (Հռով. 9։22-24) *։ Երկրորդ, մեր վստահութիւնը կը զօրացնէ։ Մինչ վախճանը կը մօտենայ, մեր թշնամիները մեզի դէմ ա՛լ աւելի պիտի պատերազմին, ‘բայց պիտի չկրնան յաղթել’ (կարդա՛ Երեմիա 1։19Ճիշդ ինչպէս որ Եհովան՝ մեր երկնաւոր Հայրը, դարեր շարունակ ցորեն դասակարգը պաշտպանեց, նոյնպէս ան Յիսուսին եւ հրեշտակներուն միջոցաւ «ամէն օր» մեզի հետ պիտի ըլլայ (Մատ. 28։20

19 Երրորդ՝ առակը մեզ կարող կը դարձնէ ցորեն դասակարգը բնորոշելու։ Ասիկա ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։ Ցորենանման քրիստոնեաները ճանչնալը անհրաժեշտ է պատասխանելու համար Յիսուսի այն հարցումին, որ ուղղեց իր երկար մարգարէութեան մէջ, ըսելով. «Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» (Մատ. 24։45)։ Յաջորդ երկու յօդուածները այդ հարցումին գոհացուցիչ պատասխան մը պիտի տան։

 

^ պարբ. 2 Պարբերութիւն 2. Առակին միւս մասերուն իմաստը վերյիշելու համար, կը քաջալերենք որ կարդաս Դիտարան–ի 1 մարտ 2010 թիւին մէջ, «Արեւի պէս պիտի փայլին արդարները» յօդուածը։

^ պարբ. 3 Պարբերութիւն 3. Քանի որ Յիսուսի առաքեալները մահացած էին եւ երկրի վրայ մնացեալ օծեալները պատկերացուեցան ոչ թէ որպէս ծառաներ, այլ՝ որպէս ցորեն, այս ծառաները կը պատկերացնեն հրեշտակները։ Նոյն առակին մէջ, որոմները քաղողները կը բնորոշուին որպէս հրեշտակներ (Մատ. 13։39

^ պարբ. 6 Պարբերութիւն 6. Ասիկա մեր հասկացողութեան մէջ ճշդում մըն է։ Նախապէս կը խորհէինք թէ Յիսուսի քննութիւնը տեղի ունեցաւ 1918–ին։

^ պարբ. 7 Պարբերութիւն 7. 1910–էն մինչեւ 1914, Աստուածաշունչի Աշակերտները բաժնեցին շուրջ 4,000,000 գիրք եւ աւելի քան 200,000,000 թերթիկ ու գրքոյկ։

^ պարբ. 14 Պարբերութիւն 14. Ասիկա Մատթէոս 13։42–ի մեր հասկացողութեան ճշդում է։ Նախապէս, մեր հրատարակութիւնները նշեցին, թէ կեղծ քրիստոնեաները տասնամեակներէ ի վեր ‘կու լան եւ ակռաներ կը կրճտեն’, ողբալով թէ «թագաւորութեանը որդիները» զիրենք կը քօղազերծեն որպէս «չարին որդիները» (Մատ. 13։38)։ Սակայն, նկատողութեան արժանի է թէ ակռաներ կրճտելը կապ ունի կործանման հետ (Սաղ. 112։10

^ պարբ. 16 Պարբերութիւն 16. Դանիէլ 12։3–ը կը նշէ, թէ «իմաստունները [օծեալ քրիստոնեաները] երկնքի հաստատութեանը լոյսին պէս. . . պիտի փայլին»։ Երբ երկրի վրայ են, օծեալները այս մէկը կ’ընեն քարոզչութեան մասնակցելով։ Բայց Մատթէոս 13։43–ը կը մատնանշէ այն ժամանակը, երբ անոնք պիտի փայլին երկնային Թագաւորութեան մէջ։ Նախապէս կը խորհէինք թէ երկու համարներն ալ կ’ակնարկեն նոյն գործունէութեան՝ քարոզչութեան։

^ պարբ. 18 Պարբերութիւն 18. Տե՛ս Եհովայի մօտեցիր գիրքը, էջ 288-289 (անգլերէնով)։