Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կառավարիչ մարմինի նոր անդամ մը

Կառավարիչ մարմինի նոր անդամ մը

Չորեքշաբթի առաւօտուն՝ 5 սեպտեմբեր 2012–ին, Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի Բեթէլի ընտանիքներուն յայտարարուեցաւ, թէ Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինը նոր անդամ մը ունեցաւ։ 1 սեպտեմբեր 2012–էն սկսեալ, Մարք Սէնտերսըն սկսաւ այդ հանգամանքով ծառայել։

Եղբայր Սէնտերսըն ԱՄՆ–ի Քալիֆորնիա նահանգին Սան Տիէկօ քաղաքին մէջ մեծցած է իր քրիստոնեայ ծնողքին կողմէ եւ մկրտուած՝ 9 փետրուար 1975–ին։ 1 սեպտեմբեր 1983–ին, ան սկսաւ ծառայել որպէս ռահվիրայ Սասքաչուանի մէջ, Քանատա։ Դեկտեմբեր 1990–ին, Միացեալ Նահանգներուն մէջ, ան Ծառաներու մարզումի դպրոցին եօթներորդ դասարանը աւարտեց (այժմ կը կոչուի՝ Ամուրի եղբայրներու աստուածաշնչական դպրոց)։ Ապրիլ 1991–ին, Եղբայր Սէնտերսըն մասնաւոր ռահվիրայ նշանակուեցաւ Քանատայի Նիուֆաունտլանտ կղզիին մէջ։ Որպէս շրջանային տեսուչը փոխարինող ծառայելէ ետք, փետրուար 1997–ին ան հրաւիրուեցաւ Քանատայի Բեթէլի ընտանիքին մէկ անդամը ըլլալու։ Նոյեմբեր 2000–ին, ան փոխադրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղը, ուր ծառայեց Հիւանդանոցներու տեղեկատու սպասարկութեան մէջ եւ յետագային Ծառայութեան բաժանմունքին մէջ։

Սեպտեմբեր 2008–ին, Եղբայր Սէնտերսըն յաճախեց Մասնաճիւղի յանձնախումբի անդամներու դպրոցը, եւ անկէ ետք նշանակուեցաւ Ֆիլիփիններու Մասնաճիւղի յանձնախումբի անդամ։ Սեպտեմբեր 2010–ին, անոր հրաւէր եկաւ որ վերադառնայ Միացեալ Նահանգներ, ուր ծառայեց որպէս օգնական՝ Կառավարիչ մարմինի Ծառայութեան յանձնախումբին։