Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դուք սրբուած էք

Դուք սրբուած էք

‘Դուք լուացուեցաք, սրբուեցաք’ (Ա. ԿՈՐ. 6։11

1. Նէեմիան երբ Երուսաղէմ վերադարձաւ, ի՞նչ խռովեցուցիչ զարգացումներ տեսաւ (տե՛ս բացման պատկերը)։

Ք.Ա. 443–էն ետք, Նէեմիան Երուսաղէմ վերադառնալով կարգ մը խռովեցուցիչ զարգացումներ կը տեսնէ. Երուսաղէմի բնակիչները ցնցուա՛ծ են, քանի որ հանրածանօթ օտարական մը տաճարին մէկ սենեակին մէջ կը մնայ։ Ղեւտացիները իրենց նշանակումները կը լքեն։ Իսկ հրեայ առաջնորդները Շաբաթ օրը առեւտուր կ’ընեն, փոխանակ պաշտամունքի մէջ առաջնորդութիւն առնելու։ Ասկէ զատ, իսրայէլացիներէն շատեր ոչ–հրեաներու հետ կ’ամուսնանան (Նէ. 13։6

2. Իսրայէլը ինչպէ՞ս սուրբ ազգ մը դարձաւ։

2 Իսրայէլը Աստուծոյ նուիրուած ազգ մըն էր։ Ք.Ա. 1513–ին, իսրայէլացիները կը տենչայի՛ն Եհովային հնազանդիլ։ Անոնք ըսին. «Տէրոջը ըսած բոլոր խօսքերը պիտի կատարենք» (Ել. 24։3)։ Ուստի, Աստուած զիրենք սրբեց կամ զատեց որպէս իր ընտրեալ ժողովուրդը։ Ասիկա ի՜նչ առանձնաշնորհում մըն էր։ Քառասուն տարի ետք, Մովսէս ժողովուրդին յիշեցուց. «Դուն քու Տէր Աստուծոյդ սուրբ ժողովուրդն ես եւ քու Տէր Աստուածդ երկրի երեսին վրայ եղող բոլոր ազգերուն մէջէն քեզ ընտրեց, որպէս զի դուն անոր սեփական ժողովուրդ ըլլաս» (Բ. Օր. 7։6

3. Երբ Նէեմիան երկրորդ անգամ ըլլալով Երուսաղէմ ճամբորդեց, հրեաներուն հոգեւոր վիճակը ինչպէ՞ս էր։

3 Ցաւօք սրտի, սուրբ ազգ ըլլալու իսրայէլի նախկին խանդավառութիւնը երկար չտեւեց։ Թէեւ մի՛շտ կային անհատներ որոնք Աստուծոյ ծառայեցին, բայց ընդհանուր առմամբ հրեաները յաճախ հետաքրքրուած էին սուրբ կամ նուիրուած երեւելով, քան՝ Աստուծոյ կամքը կատարելով։ Բաբելոնական գերութենէն ազատագրուած հաւատարիմ մնացորդին Երուսաղէմ վերադառնալուն շուրջ 100 տարի անցած էր, երբ Նէեմիան երկրորդ անգամ ըլլալով հոն ճամբորդեց։ Անոնք վերադարձած էին քաղաքը շինելու, որպէսզի դարձեալ Եհովան պաշտեն։ Բայց Նէեմիայի երկրորդ ճամբորդութեան ընթացքին, ճշմարիտ պաշտամունքը ա՛լ հրեաներուն կեանքին մէջ առաջին տեղը չէր գրաւեր։

4. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի ծառայութեան մէջ սուրբ եւ ընդունելի մնալ։

4 Իսրայէլացիներուն նման, ներկայիս Եհովայի վկաները որպէս խումբ Աստուծոյ կողմէ սրբուած են։ Թէ՛ օծեալները եւ թէ «մեծ բազմութիւն»ը սուրբ են, կամ զատուած են սուրբ ծառայութիւն մատուցանելու համար (Յայտ. 7։9, 14, 15. Ա. Կոր. 6։11)։ Մեզմէ ո՛չ ոք կ’ուզէ Աստուծոյ առջեւ իր սուրբ կեցուածքը կորսնցնել,– ինչպէս որ էր պարագան իսրայէլացիներուն։ Լաւ, ի՞նչ բան կրնայ օգնական ըլլալ, որ Եհովայի ծառայութեան մէջ սուրբ եւ ընդունելի մնանք։ Այս ուսումնասիրութեան մէջ նկատի պիտի առնենք չորս ազդակներ, որոնք Նէեմիա 13–րդ գլուխին մէջ ընդգծուած են. 1) վատ ընկերակցութիւններէ խուսափիլ, 2) աստուածպետական կարգադրութիւններուն թիկունք կանգնիլ, 3) հոգեւոր բաները առաջին տեղը դնել, եւ 4) մեր քրիստոնէական ինքնութիւնը պահպանել։ Այժմ նկատի առնենք իւրաքանչիւր կէտ։

ՎԱՏ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ ԽՈՒՍԱՓԻԼ

Նէեմիան Եհովայի հանդէպ իր հաւատարմութիւնը ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ (Տե՛ս պարբերութիւն 5, 6)

5, 6. ա) Եղիասիբը եւ Տուբիան ո՞վ են։ բ) Եղիասիբ ինչո՞ւ Տուբիային կ’ընկերակցէր։

5 Կարդա՛ Նէեմիա 13։4-9։ Մենք շրջապատուած ենք վատ ազդեցութիւններով, որոնք սուրբ կամ մաքուր մնալը կը դժուարացնեն։ Աստուածաշունչը կը խօսի Եղիասիբ քահանայապետին եւ ամմոնացի Տուբիային մասին, որ հաւանաբար Հրէաստանի պարսկական վարչութեան աննշան մէկ պաշտօնեան էր։ Տուբիան եւ իր ընկերակիցները ջանացած էին Երուսաղէմի պարիսպները վերաշինելու Նէեմիայի ջանքերը կասեցնել (Նէ. 2։10)։ Եւ ամմոնացիներուն արգիլուած էր տաճար մտնել (Բ. Օր. 23։3)։ Ուրեմն, քահանայապետը ինչո՞ւ Տուբիային սենեակ մը տուած էր տաճարին մէջ։

6 Երեք պատճառ կայ։ Առաջին, Տուբիան Եղիասիբ քահանայապետին սերտ ընկերակիցը եղած էր։ Երկրորդ, Տուբիան եւ իր որդին Յօհանան հրեայ կիներու հետ ամուսնացած էին, եւ Տուբիան բազմաթիւ հրեաներու քով մեծ համարում ունէր (Նէ. 6։17-19)։ Երրորդ, Եղիասիբի թոռնիկներէն մէկը ամուսնացած էր Սանաբաղատի աղջկան հետ։ Սանաբաղատ, որ Սամարիայի կառավարիչն էր, Տուբիայի մօտիկ մէկ բարեկամն էր (Նէ. 13։28)։ Այս բոլորը կը բացատրեն, թէ Եղիասիբ ինչո՛ւ անհաւատ հակառակորդի մը թոյլ տուաւ, որ իր վրայ ազդեցութիւն բանեցնէ։ Բայց Նէեմիան Եհովայի հանդէպ հաւատարմութիւն ցուցաբերեց, Տուբիայի բոլոր առարկաները սենեակէն դուրս նետելով։

7. Երէցները ե՛ւ ուրիշներ ինչպէ՞ս թոյլ չեն տար որ Եհովայի առջեւ իրենց սուրբ կեցուածքը պղծուի։

7 Եհովայի նուիրուած ժողովուրդը ըլլալով, իրեն հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը մեր կեանքին առանցքը պէտք է ըլլայ։ Ատեններ սակայն թերեւս փորձուինք Աստուածաշունչի սկզբունքները անտեսել, քանի որ կ’ուզենք մեր ընտանիքին հաւատարիմ մնալ։ Բայց եթէ Եհովայի արդար չափանիշներուն համաձայն չապրինք, ան մեզ սուրբ պիտի չհամարէ։ Երէցները Եհովայի մտածելակերպով կ’առաջնորդուին եւ ոչ թէ իրենց անձնական կարծիքներով կամ զգացումներով (Ա. Տիմ. 5։21)։ Անոնք ուշադիր են որ չընեն բան մը, որ կրնայ Աստուծոյ առջեւ իրենց կեցուածքը վտանգել (Ա. Տիմ. 2։8

8. Երբ հարցը առնչուած է ընկերակցութեան, Եհովայի բոլոր նուիրուած ծառաները ի՞նչ պէտք է յիշեն։

8 Լաւ կ’ըլլայ որ յիշենք թէ «չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն» (Ա. Կոր. 15։33)։ Մեր ազգականներէն ոմանք թերեւս դրական ազդեցութիւն չեն բանեցներ մեր վրայ։ Երբ Եղիասիբ Երուսաղէմի պարիսպները վերաշինելու մէջ Նէեմիայի աջակցեցաւ, ժողովուրդին լաւ օրինակ հանդիսացաւ (Նէ. 3։1)։ Բայց ժամանակի ընթացքին, Տուբիայի եւ ուրիշներու վատառողջ ազդեցութիւնը ակներեւաբար պատճառ դարձաւ, որ Եղիասիբ Եհովայի առջեւ իր մաքուր կեցուածքը պղծէ։ Լաւ ընկերակիցները մեզ կը քաջալերեն, որ հոգեւոր հետապնդումներ ունենանք, ինչպէս՝ Աստուածաշունչը կարդալ, ժողովներուն ներկայ գտնուիլ եւ դաշտի ծառայութեան մասնակցիլ։ Իսկ ընտանիքի այն անդամները, որոնք մեզ կը մղեն ճիշդը ընելու, կը սիրուին ու կը գնահատուին։

ԱՍՏՈՒԱԾՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԹԻԿՈՒՆՔ ԿԱՆԳՆԻԼ

9. ա) Տաճարի կարգադրութիւններուն ի՞նչ կը պատահէր։ բ) Նէեմիան որո՞նք մեղադրեց։

9 Կարդա՛ Նէեմիա 13։10-13։ Տաճարին մէջ, ղեւտացիները իրենց նշանակումները չէին կատարեր։ Ինչո՞ւ։ Այնպէս կը թուի, թէ երբ Նէեմիան Երուսաղէմ վերադարձաւ, տաճարին շատ նուիրատուութիւններ չէին ըլլար։ Այսպէս, ղեւտացիները նիւթական աջակցութիւն չունենալով, կ’երթային դաշտերու մէջ աշխատելու։ Այս վիճակը տեսնելով, Նէեմիան ոստիկանները մեղադրեց։ Ակներեւաբար, անոնք իրենց պարտականութիւնները չէին կատարեր։ Անոնք կա՛մ ժողովուրդէն տասանորդներ չէին հաւաքեր, կամ ալ հաւաքուած գումարները տաճար չէին ուղարկեր (Նէ. 12։44)։ Նէեմիան վստահ եղաւ որ տասանորդները հաւաքուին, եւ հաւատարիմ տղամարդիկ նշանակեց, որպէսզի զանոնք ղեւտացիներուն տան։

10, 11. Աստուծոյ ժողովուրդը ինչպէ՞ս կրնայ ճշմարիտ պաշտամունքին թիկունք կանգնիլ։

10 Այս արձանագրութենէն ի՞նչ դաս կրնանք քաղել։ Մեզի համար առանձնաշնորհում է մեր ստացուածքներով Եհովան պատուել (Առ. 3։9)։ Երբ նուիրատուութիւններ ընենք իր գործը յառաջ տանելու համար, մենք պարզապէս Եհովայի կու տանք այն ինչ որ արդէն իրեն կը պատկանի (Ա. Մն. 29։14-16)։ Թերեւս խորհինք թէ տալիք շատ բան չունինք եւ թէ մեր նուիրատուութիւնները ա՛յնքան քիչ են որ չեն կրնար Եհովան պատուել։ Բայց քանի որ տալու փափաքը ունինք, ան մեր տուածը պիտի ընդունի (Բ. Կոր. 8։12

11 Տարիներ շարունակ, մեծ ընտանիք մը շաբաթը անգամ մը ճաշի կը հրաւիրէր տարեց մասնաւոր ռահվիրայ զոյգ մը։ Թէեւ ծնողքը ութ զաւակ ունէր, բայց մայրը յաճախ կ’ըսէր. «Արդէն տասը հոգիի համար սեղան կը պատրաստուի. եթէ երկու հոգի աւելնայ, այնքան ալ տարբերութիւն պիտի չընէ»։ Այս կարգադրութիւնը թերեւս չնչին բան մը երեւի, բայց այդ ռահվիրաները որքա՜ն երախտապարտ էին ցուցաբերուած հիւրասիրութեան համար։ Միւս կողմէ, ռահվիրայ զոյգին քաջալերական խօսքերը եւ փորձառութիւնները մղեցին զաւակները, որ հոգեւորապէս յառաջդիմեն։ Յետագային բոլո՛րը լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկեցին։

12. Ժողովքին մէջ երէցներն ու օգնական ծառաները ի՞նչ լաւ օրինակ կը հանդիսանան։

12 Ուրիշ դաս մը ե՛ւս կրնանք քաղել. Նէեմիայի նման, երէցներն ու օգնական ծառաները պէտք է Եհովայի պաշտամունքին մէջ օրինակելի ըլլան։ Ասիկա ժողովքին միւս անդամներուն կ’օգնէ։ Այսպիսով, նշանակում ունեցող եղբայրները կ’ընդօրինակեն Պօղոս առաքեալը, որ ժողովքին մէջ օրինակելի էր։ Ան ճշմարիտ պաշտամունքին կողքին դիրք բռնեց եւ նուիրատուութիւններ ընելու նկատմամբ գործնական առաջարկներ տուաւ (Ա. Կոր. 16։1-3. Բ. Կոր. 9։5-7

ՀՈԳԵՒՈՐ ԲԱՆԵՐԸ ԱՌԱՋԻՆ ՏԵՂԸ ԴՆԵԼ

13. Հրեաներէն ոմանք ինչպէ՞ս Շաբաթը չէին յարգեր։

13 Կարդա՛ Նէեմիա 13։15-21։ Եթէ թոյլ տանք որ նիւթական բաներով կլանուինք, մեր հոգեւորութիւնը կրնայ կամաց–կամաց նուաղիլ։ Ելից 31։13–ը կը բացատրէ, թէ շաբաթական Շաբաթը իսրայէլացիներուն կը յիշեցնէր, թէ սուրբ ժողովուրդ են։ Շաբաթ օրը պէտք է յատկացուէր ընտանեկան պաշտամունքի, աղօթքի եւ Աստուծոյ Օրէնքին վրայ խոկալու։ Նէեմիայի ժամանակակիցներէն ոմանց համար սակայն, Շաբաթը սովորական ա՛յլ օր մը դարձած էր,– առեւտուրի՛ օր։ Իսկ պաշտամունքը շուքի մէջ կը ձգուէր։ Ասիկա տեսնելով, Նէեմիան օտար վաճառականները քաղաքէն դուրս դրաւ եւ Շաբաթը սկսելէն առաջ քաղաքին դռները փակեց։

14, 15. ա) Եթէ մեր առեւտրական շահագրգռութիւնները չսահմանափակենք, ի՞նչ կրնայ պատահիլ։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ հանգիստը մտնել։

14 Նէեմիայի օրինակէն կրնանք սորվիլ, թէ պէտք է մեր առեւտրական շահագրգռութիւնները սահմանափակենք։ Այլապէս, կրնանք շուտով մտացիր դառնալ, մանաւանդ եթէ մեր աշխարհիկ գործը շատ կը սիրենք։ Յիշէ՛ որ Յիսուս զգուշացուց թէ չենք կրնար երկու տէրերու ծառայել (կարդա՛ Մատթէոս 6։24Նէեմիան կրնար շատ դրամ վաստկիլ ու իր ժամանակը գործածել՝ տիւրացիներուն եւ ուրիշներուն հետ առեւտուր ընելով։ Բայց ան ի՞նչ ըրաւ (Նէ. 5։14-18)։ Ան իր անձը նուիրեց իր հայրենակիցներուն օգնելու եւ Եհովայի անունը սրբացնելու։ Նմանապէս այսօր, երէցներն ու օգնական ծառաները իրենց ժամանակն ու կորովը կու տան, որպէսզի ժողովքին օգնեն։ Եւ ժողովքի անդամները զիրենք շա՜տ կը սիրեն իրենց այս հոգիին համար։ Առ ի արդիւնք, Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ կայ սէր, խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն (Եզեկ. 34։25, 28

15 Թէեւ քրիստոնեաներէն չէ պահանջուած շաբաթական Շաբաթ պահել, բայց Պօղոս կ’ըսէ թէ «Աստուծոյ ժողովուրդին դեռ հանգիստ մը կը մնայ։ Վասն զի ան որ անոր հանգիստը մտաւ, ա՛լ հանգչեցաւ իր գործերէն, ինչպէս Աստուած ալ իրեններէն» (Եբ. 4։9, 10)։ Որպէս քրիստոնեաներ, կրնանք Աստուծոյ հանգիստը մտնել, եթէ իրեն հնազանդինք եւ իր նպատակին հետ ներդաշնակ գործենք։ Միթէ դուն ու քու սիրելիներդ ընտանեկան պաշտամունքը, ժողովներու ներկայ գտնուիլը եւ դաշտի ծառայութիւնը ձեր կեանքին մէջ առաջին տեղը կը դնէ՞ք։ Ասկէ զատ, մենք պէտք է մեր գործատիրոջ կամ գործակիցներուն վճռականօրէն ցոյց տանք, թէ Եհովային գործը մեզի համար կարեւորագոյն բանն է, մանաւանդ եթէ անոնք մեր աստուածպետական առաջնահերթութիւնները չեն յարգեր։ Իրականութեան մէջ, թերեւս հարկ ըլլայ որ ‘քաղաքին դռները փակելով տիւրացիները դուրս դնենք’, այլաբանօրէն խօսելով, որպէսզի սուրբ բաներուն առաջնահերթութիւն տանք եւ պատշաճ ուշադրութիւն ընծայենք։ Քանի որ սրբուած ենք, լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարցնենք. ‘Ապրելակերպս ցոյց կու տա՞յ, որ Եհովայի ծառայութիւնը իմ կեանքիս առանցքն է’ (Մատ. 6։33

ՄԵՐ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՀՊԱՆԵԼ

16. Նէեմիայի օրերուն, իսրայէլացիներուն ինքնութիւնը որպէս Աստուծոյ սուրբ ժողովուրդը ինչպէ՞ս վտանգի տակ էր։

16 Կարդա՛ Նէեմիա 13։23-27։ Նէեմիայի օրերուն, իսրայէլացի տղամարդիկ օտար կիներու հետ կ’ամուսնանային։ Երբ Նէեմիան առաջին անգամ Երուսաղէմի մէջ էր, բոլոր հեղինակաւոր տղամարդիկը գրաւոր համաձայնագիր մը ստորագրեցին, խոստանալով որ հեթանոսներու հետ պիտի չամուսնանան (Նէ. 9։38. 10։30)։ Տարիներ ետք սակայն, Նէեմիան տեսաւ որ հրեայ տղամարդիկը ոչ միայն օտար կիներու հետ ամուսնացած էին, այլեւ՝ կորսնցնելու վրայ էին իրենց ինքնութիւնը որպէս Աստուծոյ սուրբ ժողովուրդը։ Այդ օտար կիներուն զաւակները չէին կրնար եբրայերէն կարդալ կամ խօսիլ։ Երբ անոնք մեծնային, իրենք զիրենք իսրայէլացինե՞ր պիտի սեպէին, թէ ոչ ազովտացիներ, ամմոնացիներ կամ մովաբացիներ։ Եբրայերէն լեզուն չգիտնալով, անոնք ո՞ր տարողութեամբ Աստուծոյ Օրէնքը պիտի հասկնային, ինչպէ՞ս Եհովան պիտի ճանչնային եւ ընտրէին անո՛ր ծառայել, քան՝ իրենց մօր սուտ չաստուածները պաշտել։ Պէտք էր արագ եւ վճռական քայլ առնուէր, ինչ որ Նէեմիան ըրաւ (Նէ. 13։28

Զաւակներուդ օգնէ, որ Եհովայի հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն զարգացնեն (Տե՛ս պարբերութիւն 17, 18)

17. Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակներուն օգնել, որ Եհովայի հետ անձնական փոխյարաբերութիւն զարգացնեն։

17 Ներկայիս պէտք է դրական քայլեր առնենք, որպէսզի մեր զաւակներուն օգնենք, որ քրիստոնէական ինքնութիւն ունենան։ Ո՛վ ծնողներ, դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Զաւակներս ո՞ր տարողութեամբ աստուածաշնչական ճշմարտութեան «մաքուր լեզու»ն կը խօսին (Սոփ. 3։9, ՆԱ)։ Զաւակներուս խօսակցութիւնը ցոյց կու տա՞յ, թէ այս աշխարհի հոգիէն չեն ազդուած’։ Եթէ բարելաւումի հարկ տեսնէք, շուտով մի՛ վհատիք։ Լեզու մը սորվիլը ժամանակ կ’առնէ, մա՛նաւանդ եթէ զբաղումներով շրջապատուած ենք։ Աշխարհը կը ջանայ ձեր զաւակները ճնշել, որ Աստուծոյ անհնազանդ գտնուին։ Ուստի, համբերութեամբ Ընտանեկան պաշտամունքի նիստերը եւ ա՛յլ պատեհութիւններ օգտագործեցէք ձեր զաւակներուն օգնելու, որ Եհովայի հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն զարգացնեն (Բ. Օր. 6։6-9)։ Սատանայի աշխարհէն տարբեր ըլլալու օգուտները ընդգծեցէք (Յովհ. 17։15-17)։ Եւ ձեր ամէն կարելին ըրէք որ անոնց սրտին հասնիք։

18. Ինչո՞ւ ծնողները մեծապէս ի վիճակի են իրենց զաւակները պատրաստելու, որ Աստուծոյ նուիրուին։

18 Վերջ ի վերջոյ իւրաքանչիւր զաւակ ինք անձամբ պիտի որոշէ Աստուծոյ ծառայել կամ ո՛չ։ Բայց եւ այնպէս, ծնողները շա՛տ բան կրնան ընել։ Ասիկա կը պարփակէ՝ պատշաճ օրինակ հանդիսանալ, յստակ սահմաններ գծել եւ զաւակներուն հետ քննարկել անոնց որոշումներուն հետեւանքները։ Ո՛վ ծնողներ, մեծապէս ի վիճակի էք ձեր զաւակները պատրաստելու, որ Աստուծոյ նուիրուին։ Անոնք իրենց քրիստոնէական ինքնութիւնը պահպանելու համար, ձեր օգնութեան պէտք ունին։ Անշուշտ, բոլորս պէտք է զգոյշ ըլլանք, որ չկորսնցնենք մեր այլաբանական «հանդերձները»,– այն յատկութիւնները եւ չափանիշները, որոնք կը բնորոշեն մեր ինքնութիւնը որպէս Քրիստոսի հետեւորդներ (Յայտ. 3։4, 5. 16։15

ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶ ‘ՊԻՏԻ ՅԻՇԷ ԲԱՐԻՔԻ ՀԱՄԱՐ’

19, 20. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի կողմէ ‘յիշուիլ բարիքի համար’։

19 Նէեմիայի ժամանակակիցներէն էր Մաղաքիա մարգարէն, որ յայտնեց թէ «յիշատակի գիրք գրուեցաւ Տէրոջմէ վախցողներուն համար ու անոր անուան վրայ մտածողներուն համար» (Մաղ. 3։16, 17)։ Աստուած բնա՛ւ պիտի չմոռնայ անոնք, որոնք իրեն հանդէպ յարգալից երկիւղ ունին եւ իր անունը կը սիրեն (Եբ. 6։10

20 Նէեմիան աղօթեց. «Ո՛վ իմ Աստուածս, յիշէ՛ զիս բարիքի համար» (Նէ. 13։31, ԱԾ)։ Նէեմիայի նման, մեր անունը Աստուծոյ «յիշատակի գիրք»ին մէջ պիտի ըլլայ, եթէ վատ ընկերակցութիւններէ խուսափինք, աստուածպետական կարգադրութիւններուն թիկունք կանգնինք, հոգեւոր բաները առաջին տեղը դնենք եւ մեր քրիստոնէական ինքնութիւնը պահպանենք։ Ուստի, շարունակենք ‘փորձել մեր անձերը, թէ հաւատքին մէ՞ջն ենք’ (Բ. Կոր. 13։5)։ Եթէ Եհովայի հետ մեր սուրբ փոխյարաբերութիւնը պահպանենք, ան մեզ ‘պիտի յիշէ բարիքի համար’։