Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովան ‘ամէն օր կը կրէ իմ բեռս’

Եհովան ‘ամէն օր կը կրէ իմ բեռս’

Թէեւ ունիմ առողջապահական խնդիրներ, որոնք անտանելի կրնան թուիլ, բայց մեր սիրալիր երկնաւոր Հօր աջակցութիւնը ամբողջ կեանքիս ընթացքին շօշափած եմ։ Իսկ աւելի քան 20 տարիներու ընթացքին որպէս ռահվիրայ ծառայելով մասնաւոր ուրախութիւն վայելած եմ։

Երբ ծնայ 1956–ին, ողնահերձութիւն ունէի։ Քանի որ ներարդային խողովակը ամբողջութեամբ չէր գոցուած, վնասուած ջիղերը դժուարացուցին քալելս, ինչպէս նաեւ առողջապահական ա՛յլ լուրջ խնդիրներ պատճառեցին։

Ծնելէս քիչ առաջ, Վկայ միսիոնարներ սկսած էին Աստուածաշունչը ուսումնասիրել ծնողքիս հետ։ Մանկութեանս ընթացքին, միայն քանի մը հրատարակիչներ կ’ապրէին ծննդավայրիս մէջ՝ Ուսաքոս, Նամիպիա։ Ուստի, քանի որ ժողովք մը չկար, ժողովներու նիւթերը ընտանեօք վերաքաղ կ’ընէինք։ Երբ եօթը տարեկան էի, միզահատութեան ենթարկուեցայ,– գործողութիւն մը, որ արուեստական ծակ բացաւ մարմնիս մէջ, որպէսզի կարենամ միզել։ Իսկ 14 տարեկանիս, լուսնոտութիւն ունեցայ։ Եւ քանի որ ամէնէն մօտ վարժարանը բաւական հեռու էր եւ ծնողքիս մասնաւոր հոգատարութեան պէտք ունէի, չկրցայ ուսումս աւարտել։

Բայց որոշեցի ինքզինքս հոգեւորապէս ամրացնել։ Մեր հրատարակութիւններէն շատերը տակաւին մատչելի չէին իմ մայրենի լեզուովս՝ աֆրիքաանս։ Ուստի, սորվեցայ անգլերէն կարդալ, որպէսզի մեր գիրքերը ուսումնասիրեմ։ Հրատարակիչ եղայ եւ 19 տարեկանիս մկրտուեցայ։ Յաջորդ չորս տարիներուն ընթացքին, բազմաթիւ առողջապահական խնդիրներ եւ զգացական դժուարութիւններ դիմագրաւեցի։ Ասկէ զատ, սերտ ընկերակցութիւն ունեցող մեր համայնքին մէջ, մարդոց հանդէպ վախը ինծի արգելք հանդիսացաւ որ ծառայութեան մէջ նախանձախնդիր բաժին բերեմ։

20 տարեկան ըլլալէս ետք, Նամիպիայէն Հարաւային Ափրիկէ փոխադրուեցանք. եւ առաջին անգամ ըլլալով, սկսայ ժողովքի մը ընկերակցիլ։ Որքա՜ն ուրախացայ։ Սակայն, հարկ եղաւ որ դարձեալ գործողութեան ենթարկուիմ,– այս անգամ՝ աղեհատութիւն։

Քիչ ժամանակ ետք, շրջանային տեսուչին մէկ դասախօսութիւնը ունկնդրեցի, որ ռահվիրայութեան մասին էր։ Անոր ըսած կէտերը սրտիս դպան։ Գիտէի թէ լաւ առողջութիւն չունէի, բայց դժուար ժամանակներու ընթացքին Եհովայի ձեռքը շօշափած էի։ Ուստի, կանոնաւոր ռահվիրայութեան դիմումնագիր ներկայացուցի։ Բայց առողջապահական խնդիրներուս պատճառաւ, երէցները վարանեցան դիմումնագիրիս հաւանութիւն տալու։

Բայց եւ այնպէս, որոշեցի քարոզչութեան մէջ լաւագոյնս ընել։ Մօրս եւ ուրիշներու օգնութեամբ, 6 ամիս կրցայ յաջողապէս ծառայութեան տրամադրել ռահվիրայէն պահանջուած ժամերը։ Ասիկա ապացուցանեց թէ վճռած էի ռահվիրայութիւն ընել եւ ցոյց տուաւ թէ առողջապահական խնդիրներս ղեկավարելի էին։ Դարձեալ դիմումնագիր ներկայացուցի, եւ այս անգամ երէցները հաւանութիւն տուին։ 1 սեպտեմբեր 1988–ին, կանոնաւոր ռահվիրայ եղայ։

Ռահվիրայ ըլլալով՝ միշտ Եհովայի աջակցութիւնը վայելած եմ։ Փոխանակ իմ պարագայիս վրայ կեդրոնանալու, ճշմարտութիւնը նորեկներուն սորվեցնելը զիս պաշտպանած է եւ օգնած է որ հոգեւորապէս աճիմ։ Մեծ ուրախութիւն ձեռք ձգած եմ, կարգ մը անհատներու օգնելով որ նուիրումի ու մկրտութեան հասնին։

Տակաւի՛ն առողջապահական խնդիրներ ունիմ։ Բայց Եհովան ‘ամէն օր կը կրէ իմ բեռս’ (Սաղ. 68։19, ՆԱ)։ Ան զիս կը զօրացնէ եւ կեանքս հաճոյալի կը դարձնէ։