Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Փոխակերպուա՞ծ ես

Փոխակերպուա՞ծ ես

«Փոխակերպուեցէ՛ք ձեր միտքին նորոգութեամբ» (ՀՌՈՎ. 12։2, ԱԾ

1, 2. Մեր դաստիարակութիւնը եւ միջավայրը ինչպէ՞ս մեզի կ’ազդեն։

ԲՈԼՈՐԻՍ խորապէս կ’ազդեն մեր դաստիարակութիւնը եւ միջավայրը։ Մենք որոշ հագուելակերպ ունինք, որոշ ուտելիք կը սիրենք եւ որոշ կերպով կը վարուինք։ Ինչո՞ւ։ Մասամբ, քանի որ մեզ շրջապատող մարդիկը եւ մեր կեանքի պայմանները մեզի կ’ազդեն։

2 Բայց կան բաներ, որոնք աւելի՛ կարեւոր են, քան մեր ուտելիքի եւ հագուելակերպի ընտրութիւնը։ Օրինակ, դաստիարակուած ենք ընդունելու որոշ բաներ որպէս ճիշդ եւ ընդունելի. իսկ ա՛յլ բաներ՝ որպէս սխալ եւ անընդունելի։ Այսպիսի բազմաթիւ հարցեր անձնական են եւ անհատէ անհատ կը տարբերին։ Մեր խղճմտանքն ալ կ’ազդէ մեր ըրած ընտրութիւններուն։ Աստուածաշունչը կ’ընդունի, թէ յաճախ ‘հեթանոսները, որոնք օրէնք չունին, բնականաբար օրէնքին գործերը կը գործեն’ (Հռով. 2։14)։ Բայց ասիկա կը նշանակէ՞ որ եթէ Աստուծմէ մասնայատուկ օրէնք չկայ, պարզապէս կրնանք մեր ծնողքին ուղղութեան եւ շրջանին մէջ հասարակաց եղող չափանիշներուն հետեւիլ։

3. Ի՞նչ երկու պատճառներու համար, քրիստոնեաները պարզապէս չեն հետեւիր ընկերութեան ընդունած ուղիներուն եւ չափանիշներուն։

3 Առնուազն երկու կարեւոր պատճառ կայ, թէ քրիստոնեաները ինչո՛ւ այդպէս չեն ըներ։ Նախ, Աստուածաշունչը մեզի կը յիշեցնէ. «Ճամբայ կայ, որ մարդուն շիտակ կ’երեւնայ, բայց անոր վերջաւորութիւնը մահուան ճամբան է» (Առ. 16։25)։ Քանի որ անկատար ենք, չենք կրնար լիովին որոշել այն ինչ որ իրապէս օգտակար է մեզի, որպէսզի մեր քայլերը կատարելապէս ուղղենք (Առ. 28։26. Եր. 10։23)։ Երկրորդ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ Սատանան «այս աշխարհի աստուած»ն է. աշխարհի չափանիշները անոր հակակշռին տակն են (Բ. Կոր. 4։4. Ա. Յովհ. 5։19)։ Հետեւաբար, եթէ կ’ուզենք Եհովան ուրախացնել եւ կ’ուզենք որ ան մեզ օրհնէ, Հռովմայեցիս 12։2–ի յորդորին պէտք է հնազանդինք (կարդա՛)։

4. Այժմ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

4 Այս յօդուածը նկատի պիտի առնէ Հռովմայեցիս 12։2–էն երեք կարեւոր կէտեր. 1) ինչո՞ւ պէտք է ‘փոխակերպուինք’, 2) փոխակերպութիւնը ի՞նչ կը պարփակէ, եւ 3) ինչպէ՞ս կրնանք փոխակերպուիլ։

ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԷՏՔ Է ‘ՓՈԽԱԿԵՐՊՈՒԻՆՔ’

5. Հռովմայեցիս 12։2–ի Պօղոսի խօսքերը որո՞նց ուղղուած էին։

5 Հռովմայեցիս նամակին մէջ արձանագրուած Պօղոս առաքեալի խօսքերը ուղղուած էին ոչ թէ անհաւատներուն կամ հասարակութեան, այլ՝ օծեալներուն (Հռով. 1։7)։ Ան զանոնք յորդորեց որ փոխակերպուին եւ ‘չհամակերպին այս աշխարհին’։ Շուրջ Ք.Ե. 56–ին, Հռոմի մէջ քրիստոնեաներուն համար «աշխարհ»ը պարփակեց չափանիշներ, սովորութիւններ, վարուելակերպեր եւ հագուելակերպեր, որոնցմով հռոմէական աշխարհը յատկանշուած էր։ Այդ «աշխարհ»ը կարգ մը քրիստոնեաներու կ’ազդէր։ Ինչպէ՞ս։

6, 7. Պօղոսի օրերուն, Հռոմի մէջ ընկերային եւ կրօնական պայմանները ինչպէ՞ս քրիստոնեաներուն մարտահրաւէր դարձած էին։

6 Ներկայիս, երբ զբօսաշրջիկներ Հռոմ այցելեն, կը տեսնեն տաճարներու, գերեզմաններու, յուշարձաններու եւ թատերասրահներու աւերակներ, որոնք հազարաւոր տարիներ առաջ շինուած են։ Այս շինարարութիւնները մեզի կ’օգնեն աւելի՛ն սորվելու վաղեմի Հռոմի մարդոց ապրելակերպին եւ պաշտամունքին մասին։ Պատմութեան գրքերուն մէջ կը կարդանք վայրագ սուսերամարտական խաղերու եւ կառամարտերու մասին, ինչպէս նաեւ թատրերգութիւններու ու երաժշտութիւններու մասին, որոնք ատեններ անբարոյ կ’ըլլային։ Հռոմ նաեւ առեւտրական բարգաւաճ քաղաք մըն էր, ուր մարդիկ կրնային շատ բարձր եկամուտ ունենալ (Հռով. 6։21. Ա. Պետ. 4։3, 4

7 Թէեւ բազմաթիւ տաճարներ ունէին եւ շատ չաստուածներ կը պաշտէին, բայց հռոմայեցիները չջանացին իրենց չաստուածներուն հետ իսկական եւ մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունենալ։ Իրենց համար կրօնքը կը նշանակէր՝ մասնակցիլ առօրեայ կեանքին մէկ մասը դարձող զանազան ծէսերու,– ինչպէս՝ ծնունդներ, ամուսնութիւններ եւ թաղումներ։ Կրնաս երեւակայել թէ այս բոլորը որքա՜ն մեծ մարտահրաւէր մըն էին Հռոմի քրիստոնեաներուն։ Շատեր այդ ենթահողէն եկած էին. ուստի, ճշմարիտ քրիստոնեաներ դառնալու համար պէտք էր փոխակերպուէին։ Եւ այդ փոխակերպութիւնը իրենց մկրտութեան օրը վերջ պիտի չգտնէր։

8. Ներկայիս աշխարհը ինչպէ՞ս քրիստոնեաներուն կը սպառնայ։

8 Վաղեմի Հռոմի նման, ներկայիս աշխարհը վտանգաւոր վայր մըն է, որ նուիրուած քրիստոնեաներուն կը սպառնայ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ իր հոգին ամէն տեղ է (կարդա՛ Եփեսացիս 2։2, 3. Ա. Յովհաննէս 2։16Այս աշխարհը կը ջանայ իր ցանկութիւններով, մտածելակերպով, չափանիշներով եւ բարոյականութեամբ մեզի ազդել, որպէսզի իրեն ենթարկուինք։ Հետեւաբար, բաւարար պատճառ ունինք անսալու ներշնչեալ յորդորին. «Մի՛ համակերպիք այս աշխարհին, հապա փոխակերպուեցէ՛ք»։ Ի՞նչ պէտք է ընենք։

ՓՈԽԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՐՓԱԿԷ

9. Մկրտութեան որակեալ ըլլալէ առաջ, շատեր ի՞նչ փոփոխութիւններ ըրած են։

9 Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը սորվելով եւ կիրարկելով, անհատը կը սկսի հոգեւորապէս յառաջդիմել։ Իր սորված բաներուն հիման վրայ, ան կը սկսի իր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնել։ Ան սուտ կրօնքի սովորութիւնները եւ իր կենցաղակերպի անփափաքելի գծերը կը լքէ ու կը սկսի քրիստոնէական անձնաւորութիւնը մշակել (Եփ. 4։22-24)։ Ուրախ ենք տեսնելով ամէն տարի հարիւր հազարաւորներ, որոնք այսպէս կը յառաջդիմեն եւ Եհովա Աստուծոյ իրենց նուիրումը խորհրդանշելով կը մկրտուին։ Ասիկա վստահաբար Եհովայի սիրտը կ’ուրախացնէ (Առ. 27։11)։ Բայց լաւ կ’ընենք եթէ հարց տանք. ասոնք ընելիք միա՞կ փոփոխութիւններն են։

Շատեր հարկ է որ Սատանայի աշխարհէն դուրս գան եւ փոխակերպուին (Տե՛ս պարբերութիւն 9)

10. Փոխակերպուիլը ինչպէ՞ս կը տարբերի բարելաւուելէն։

10 Իրականութեան մէջ, փոխակերպուիլը յառաջդիմելէ կամ բարելաւուելէ աւելի՛ն կը պարփակէ։ Ապրանք մը կրնայ ծանուցանուիլ որպէս՝ ‘բարելաւուած’, բայց հիմնականօրէն ատիկա տակաւին նոյն ապրանքն է։ Կրնայ ըլլալ որ միայն մէկ բաղադրատարր աւելցուած է կամ ալ ապրանքը աւելի՛ աչքառու կերպով զարդարուած է։ Ըստ աստուածաշնչական բառարանի մը, Հռովմայեցիս 12։2–ի ‘փոխակերպուիլ’ բառը կը պարփակէ՝ մեր մտածելակերպը նորոգել կամ փոխել, սուրբ հոգիին օգնութեամբ։ Ուստի, քրիստոնեայ մը չի փոխակերպուիր պարզապէս վնասակար սովորութիւնները, վատ խօսակցութիւնը կամ անբարոյ վարքը դադրեցնելով։ Կարգ մը անհաւատ մարդիկ ալ կը ջանան այսպիսի վատ բաներէ խուսափիլ։ Ուստի, որպէս քրիստոնեաներ ի՞նչ պէտք է ընենք որ ‘փոխակերպուինք’։

11. Պօղոս ցոյց տուաւ թէ անհատը ինչպէ՞ս կը փոխակերպուի։

11 «Փոխակերպուեցէ՛ք ձեր միտքին նորոգութեամբ», գրեց Պօղոս։ Աստուածաշունչին մէջ «միտք» բառը կը պարփակէ՝ մեր մտային հակումը, կեցուածքը եւ բանականութիւնը։ Հռոմայեցիներուն ուղղած իր նամակին սկիզբը, Պօղոս նկարագրեց մարդիկ, որոնք յայտնեցին «անարգ խորհուրդներ» կամ «խոտելի միտք» (ԱԾ), եւ մատնուեցան ‘ամէն անիրաւութեան, անզգամութեան, ագահութեան, չարութեան, նախանձի, մարդասպանութեան, հակառակութեան, նենգութեան’, եւ այլ վնասակար բաներու (Հռով. 1։28-31)։ Կրնանք տեսնել, թէ Պօղոս ինչո՛ւ յորդորեց այսպիսի միջավայրի մէջ մեծցող քրիստոնեաները, որ ‘իրենց միտքին նորոգութեամբ փոխակերպուին’։

‘Ամէն բարկութիւն ու սրտմտութիւն եւ աղաղակ ու հայհոյութիւն վերցուի ձեզմէ’ (Եփ. 4։31

12. ա) Ներկայիս, մարդոց մեծամասնութիւնը ինչպէ՞ս կը մտածէ։ բ) Այսպիսի մտածելակերպ որդեգրելը ինչո՞ւ վտանգաւոր է։

12 Ցաւօք սրտի, շրջապատուած ենք այսպիսի գիծեր ունեցող մարդոցմով, որոնք կը խորհին, թէ յետամնաց բան է չափանիշներով եւ սկզբունքներով ապրիլ, եւ թէ ո՛չ ոք պէտք է իրենց ըսէ ինչպէ՛ս ապրիլ։ Բազմաթիւ ուսուցիչներ եւ ծնողներ թոյլ կու տան երեխաներու, որ իրենց ուզածը ընեն։ Անոնք նոյնիսկ կը սորվեցնեն, որ իւրաքանչիւր անհատ ազատ է որոշելու թէ ինչ բան ճիշդ է կամ սխալ է։ Նոյնիսկ հաւատացեալ դաւանողներէն շատեր կը զգան, թէ ազատ են ընելու այն ինչ որ ճիշդ կը սեպեն, առանց ստիպուած ըլլալու որ Աստուծոյ եւ անոր պատուիրաններուն հնազանդին (Սաղ. 14։1)։ Այսպիսի կեցուածք որդեգրելը վտանգաւոր է։ Եթէ ուշադիր չըլլանք, կրնանք կազմակերպութեան տուած ցուցմունքներուն հետեւելէ դադրիլ կամ նոյնիսկ սկսիլ մեր չհաւնած բաներուն դէմ գանգատիլ։ Կամ, կրնայ ըլլալ որ ժամանցի, համացանցի գործածութեան եւ բարձր ուսումի նկատմամբ տրուած խրատներուն չանսանք։

13. Ինչո՞ւ պէտք է անկեղծօրէն մտածենք մեր ներքին մարդուն մասին։

13 Եթէ չենք ուզեր ‘այս աշխարհին համակերպիլ’, այսինքն՝ այս աշխարհի չափանիշներով կաղապարուիլ, հարկ է որ անկեղծօրէն մտածենք մեր ներքին մարդուն մասին,– մեր խոր զգացումները, կեցուածքը, նպատակակէտերը եւ մեր չափանիշները։ Ուրիշներ թերեւս մեզ շատ լաւ չեն ճանչնար, եւ կրնայ ըլլալ որ ըսեն թէ լաւ արարքներ կը գործենք։ Բայց միա՛յն մենք ենք որ կրնանք գիտնալ, եթէ ի՛րապէս թոյլ տուած ենք Աստուածաշունչի խրատներուն որ մեզ փոխակերպեն եւ շարունակե՛ն փոխակերպել (կարդա՛ Յակոբոս 1։23-25

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՓՈԽԱԿԵՐՊՈՒԻԼ

14. Ի՞նչ բան կրնայ օգնել որ զատորոշենք հարկ եղած փոփոխութիւնները։

14 Փոխակերպուելու համար, պէտք է փոխենք մեր սրտին մէջինը, այսինքն՝ մեր ներքին մարդը։ Ի՞նչ բան կրնայ օգնել որ այսպիսի փոփոխութիւններ կատարենք։ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով, կը սորվինք թէ Եհովան ինչպիսի՛ անձ կ’ուզէ որ ըլլանք։ Մեր հակազդեցութիւնը պիտի յայտնէ մեր սրտին մէջինը, ուստի պիտի անդրադառնանք թէ ի՛նչ ճշդումներ ընելու հարկ ունինք, որպէսզի ‘Աստուծոյ կատարեալ կամքը’ ընենք (Հռով. 12։2. Եբ. 4։12

15. Ի՞նչ տեսակի փոխակերպութիւն յառաջ կու գայ, երբ Եհովան մեզ ձեւաւորէ։

15 Կարդա՛ Եսայի 64։8։ Եսայի մարգարէին գործածած լուսաբանութիւնը մեզի կարեւոր դաս մը կը սորվեցնէ։ Եհովան՝ Բրուտը, ինչպէ՞ս մեզ՝ կաւը՝ կը ձեւաւորէ։ Վստահաբար ան ֆիզիքապէս մեզ չի փոխեր, մեզ աւելի աչքառու եւ գեղեցիկ դարձնելու համար։ Եհովան հոգեւո՛ր մարզում կը հայթայթէ։ Եթէ իրեն թոյլ տանք որ մեզ ձեւաւորէ, մեր փոխակերպութիւնը ներքին կամ հոգեւոր բնոյթ կ’ունենայ, եւ ասիկա մեզի կ’օգնէ որ աշխարհի ազդեցութիւններուն դէմ դնենք։ Եհովան ինչպէ՞ս մեզ կը ձեւաւորէ։

16, 17. ա) Նկարագրէ թէ բրուտը ընտիր խեցեղէն իր պատրաստելու համար, կաւին ի՛նչ կ’ընէ։ բ) Աստուծոյ Խօսքը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ, որ փոխակերպուինք եւ Եհովայի աչքին արժէքաւոր անօթ դառնանք։

16 Բարձրորակ խեցեղէն իրեր շինելու համար, բրուտը պէտք է բարձրորակ կաւ գործածէ։ Բայց հարկ է որ երկու բան ընէ։ Առաջին, կաւը պէտք է մաքրուի եւ զտուի։ Երկրորդ, կաւը հարկ ունի բաւականաչափ ջուրով աշխատցուելու, որպէսզի ձեւաւորուի։

17 Նշմարէ թէ ջուրը կը գործածուի թէ՛ կաւը մաքրելու ատեն եւ թէ անոր վրայ աշխատցուած ատեն։ Այսպէս, բրուտը կրնայ որեւէ տեսակի,– նոյնիսկ նուրբ,– խեցեղէն իր պատրաստել։ Ճիշդ ինչպէս որ ջուրը կաւը կը փոխէ, Աստուծոյ Խօսքն ալ մեզ կը փոխէ։ Երբ Աստուծոյ մասին սկսանք սորվիլ, Աստուածաշունչը մեզի օգնեց որ դադրինք աշխարհի մտածելակերպը ունենալէ եւ Աստուծոյ մտածելակերպը որդեգրենք։ Ապա ան կրնայ մեզ փոխակերպել արժէքաւոր ու գործածելի անօթի (Եփ. 5։26)։ Միշտ մեզի յորդոր կը տրուի, որ Աստուածաշունչը ամէն օր կարդանք եւ կանոնաւորաբար ժողովներու ներկայ գտնուինք։ Ինչո՞ւ այս քաջալերութիւնը կը ստանանք։ Որովհետեւ այսպիսով է որ կրնանք Եհովայի ձեւաւորման ընդառաջել (Սաղ. 1։2. Գործք 17։11. Եբ. 10։24, 25

Փոխակերպուելով պիտի կարենաս խնդիրները աւելի լաւ կերպով ձեռք առնել, քան՝ անցեալին (Տե՛ս պարբերութիւն 18)

18. ա) Եթէ կ’ուզենք որ Աստուծոյ Խօսքը մեզի ազդէ եւ մեզ փոխակերպէ, խոկալը ինչո՞ւ կարեւոր է։ բ) Ո՞ր հարցումները կրնան օգտակար ըլլալ։

18 Եթէ կ’ուզենք որ Աստուծոյ Խօսքը մեզ փոխակերպէ, պէտք է զայն կարդալէ եւ անկէ սորվելէ աւելին ընենք։ Շատեր Աստուածաշունչը կը կարդան եւ լաւատեղեակ են անոր բովանդակութեան։ Թերեւս այսպիսիներու հանդիպած ես ծառայութեան ընթացքին։ Ոմանք նոյնիսկ կրնան Աստուածաշունչի համարներ գոց ըսել *։ Բայց ասիկա յաճախ իրենց մտածելակերպը եւ կենցաղակերպը չի փոխեր։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի Աստուծոյ Խօսքը անհատին ազդէ եւ փոխակերպէ, ան պէտք է թոյլ տայ որ իր սրտին հասնի։ Ուստի պէտք է մեր սորվածներուն մասին խորհրդածենք։ Լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Համոզուա՞ծ եմ որ այս կէտը կրօնական ուսուցումէ մը աւելին է։ Ապացոյցներ ունի՞մ թէ ասիկա է ճշմարտութիւնը։ Սորվածներս կը կիրարկե՞մ, թէ ոչ միայն զանոնք մարդոց կը քարոզեմ։ Կը հաւատա՞մ որ սորվածներս Եհովայէն են, կարծես ան անձամբ ինծի կը խօսի’։ Այսպիսի հարցումներու մասին մտածելը եւ խոկալը կրնայ մեզի օգնել, որ Եհովայի աւելի մօտենանք։ Երբ մեր սորվածները մեր սրտին դպչին, պիտի մղուինք մեր կեանքին մէջ այնպիսի փոփոխութիւններ մտցնելու, որոնք Եհովան պիտի ուրախացնեն (Առ. 4։23. Ղուկ. 6։45

19, 20. Աստուածաշունչի ո՞ր խրատը կիրարկելը կրնայ մեզի իսկապէս օգտել։

19 Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորաբար կարդալը եւ անոր վրայ խոկալը, մեզ պիտի մղէ որ շարունակենք Պօղոսի ըսածը ընել. «Հին մարդը իր գործերովը ձեր վրայէն հանեցէ՛ք եւ հագէ՛ք այն նորը գիտութիւնով նորոգուած» (Կող. 3։9, 10)։ Եթէ իրապէս հասկնանք Աստուածաշունչին ըսածը եւ զայն կիրարկենք, պիտի մղուինք նոր անձնաւորութիւնը հագուելու, ինչ որ մեզ Սատանային որոգայթներէն կրնայ պաշտպանել։

20 Պետրոս առաքեալ ըսաւ. «Հնազանդ զաւակներու պէս, ո՛չ թէ ձեր տգիտութեան ատենուան ցանկութիւններովը վարուելով, հապա. . . սուրբ եղէք ձեր բոլոր վարմունքներուն մէջ» (Ա. Պետ. 1։14, 15)։ Յաջորդ յօդուածը պիտի բացատրէ, թէ Եհովան ինչպէ՛ս մեզ պիտի օրհնէ, եթէ մեր լաւագոյնը ընենք որ մեր մտածելակերպին ու կեցուածքին մէջ փոխակերպուինք։

^ պարբ. 18 Տե՛ս տրուած օրինակը Դիտարան–ի 1 մայիս 1994 թիւին մէջ, էջ 9, պարբերութիւն 7։