Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ռահվիրայութիւնը կ’ամրացնէ Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութիւնը

Ռահվիրայութիւնը կ’ամրացնէ Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութիւնը

«Բարի է մեր Աստուծոյն սաղմոս ըսելը» (ՍԱՂ. 147։1

1, 2. ա) Երբ սիրելիի մը մասին մտածենք ու խօսինք, արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ (տե՛ս բացման պատկերը)։ բ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

ՍԻՐԵԼԻ անհատի մը մասին մտածելն ու խօսիլը կրնայ անոր հետ մեր կապը ամրացնել։ Նոյնն է պարագան Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութեան։ Որպէս հովիւ, Դաւիթ շատ գիշերներ անցուց աստղազարդ երկինքը դիտելով եւ Ստեղծիչին սքանչելիութեան վրայ խոկալով։ Ան գրեց. «Երբ տեսնեմ երկինքը՝ քու մատներուդ գործը՝ լուսինը ու աստղերը, որոնք դուն հաստատեցիր, մարդը ի՞նչ է՝ որ զանիկա կը յիշես, կամ մարդու որդին, որ անոր այցելութիւն կ’ընես» (Սաղ. 8։3, 4)։ Իսկ երբ Պօղոս առաքեալ քննարկեց, թէ Եհովան ինչպէ՛ս հոյակապ կերպով օծեալ քրիստոնեաներուն նկատմամբ Իր նպատակը կ’իրագործէ, ըսաւ. «Ո՜վ Աստուծոյ մեծութեան ու իմաստութեան եւ գիտութեան խորունկութիւնը» (Հռով. 11։17-26, 33

2 Մինչ ծառայութեան կը մասնակցինք, Եհովայի մասին կը մտածենք ու կը խօսինք։ Ասիկա իր կարգին դրական ազդեցութիւններ ունի։ Բազմաթիւ լիաժամ ծառաներ նկատած են, թէ ծառայութեան աւելի ժամանակ տրամադրելով Աստուծոյ հանդէպ իրենց սէրը խորացած է։ Եթէ լիաժամ ծառայ ես կամ այդ նպատակակէտը դրած ես, պահ մը մտածէ՛. լիաժամ ծառայութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ Եհովայի հետ փոխյարաբերութիւնդ ամրացնել։ Եթէ ռահվիրայ մըն ես, դուն քեզի հարց տուր. ‘Ի՞նչ բան ինծի պիտի օգնէ որ այս վարձահատոյց ծառայութեան մէջ մնամ’։ Իսկ եթէ տակաւին ռահվիրայ մը չես, դուն քեզի հարց տուր. ‘Ի՞նչ կրնամ ընել, որպէսզի ռահվիրայութեան ձեռնարկեմ’։ Նկատի առնենք կերպեր, որոնցմով լիաժամ ծառայութիւնը կրնայ ամրացնել Աստուծոյ հետ մեր փոխյարաբերութիւնը։

ԼԻԱԺԱՄ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս Կ’ԱՄՐԱՑՆԷ ԵՀՈՎԱՅԻ ՀԵՏ ՄԵՐ ՓՈԽՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ

3. Ծառայութեան ընթացքին Թագաւորութեան ապագայ օրհնութիւններուն մասին խօսիլը ինչպէ՞ս մեզի կ’ազդէ։

3 Թագաւորութեան ապագայ օրհնութիւնները ուրիշներու հետ քննարկելը մեզ Եհովային աւելի կը մօտեցնէ։ Երբ տունէ տուն կը ծառայես, ո՞ր համարը կը սիրես գործածել։ Հետեւեալներէն ո՞ր մէկը նախասիրած համարդ է՝ Սաղմոս 37։10, 11. Դանիէլ 2։44. Յովհաննէս 5։28, 29. Յայտնութիւն 21։3, 4։ Ամէն անգամ որ այսպիսի խոստումներ ուրիշներու հետ քննարկենք, մենք կը վերյիշենք թէ մեր առատաձեռն Աստուածը իրապէս «ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ» տուողն է։ Ասիկա մեզ իրեն աւելի կը մօտեցնէ (Յակ. 1։17

4. Երբ ուրիշներուն հոգեւոր անօգնական վիճակը տեսնենք, Աստուծոյ բարութեան հանդէպ մեր գնահատութիւնը ինչո՞ւ կը խորանայ։

4 Մեր քարոզած անհատներուն հոգեւոր անօգնական վիճակը տեսնելով, ճշմարտութեան հանդէպ մեր գնահատութիւնը կը խորանայ։ Աշխարհին մէջ մարդիկ վստահելի առաջնորդութիւն չեն ստանար, իսկական յաջողութիւն եւ ուրախութիւն ձեռք ձգելու համար։ Շատեր ապագային նկատմամբ կը մտահոգուին եւ անյոյս են։ Անոնք կեանքին իմաստը կը փնտռեն։ Նոյնիսկ կրօնասէր անհատներուն մեծամասնութիւնը Սուրբ Գրութիւններու մասին չնչին գիտելիքներ ունի։ Անոնք կը նմանին վաղեմի Նինուէի մարդոց (կարդա՛ Յովնան 4։11Երբ ծառայութեան աւելի՛ մասնակցինք, Եհովայի ժողովուրդին հոգեւոր վիճակը աւելի յստակ կերպով կրնանք հակադրել մեր քարոզած անհատներուն հոգեւոր վիճակին (Եսա. 65։13)։ Եհովան պարզապէս մեր հոգեւոր կարիքները գոհացնելէն աւելի՛ն կ’ընէ։ Ան բոլորը կը հրաւիրէ որ հոգեւոր թարմացում եւ իսկական յոյս ունենան։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ թէ ան որքա՜ն բարի է (Յայտ. 22։17

5. Ուրիշներուն հոգեւորապէս օգնելով՝ մեր խնդիրներուն հանդէպ ինչպէ՞ս կը զգանք։

5 Ուրիշներուն հոգեւորապէս օգնելը կը դիւրացնէ որ մեր անձնական խնդիրներով ջախջախուած չզգանք։ Այս կէտին ճշմարիտ ըլլալը շօշափեց Թրիշա անունով կանոնաւոր ռահվիրայ մը, երբ իր ծնողքը ամուսնալուծուեցաւ։ Ան կը պատմէ. «Ատիկա կեանքիս ամէնէն նեղացուցիչ դէպքերէն մէկն էր»։ Օր մը, ան շա՛տ տխուր էր եւ կ’ուզէր տունը մնալ, բայց գնաց Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն վարելու երեք երեխաներու հետ, որոնց տան պարագան շատ խռովեցուցիչ էր։ Անոնց հայրը զիրենք լքած էր, իսկ երիցագոյն եղբայրը անոնց հետ անգթօրէն վարուած էր։ Թրիշան կ’ըսէ. «Որեւէ խնդիր կամ սրտացաւ որ ունէի, ոչի՛նչ էր՝ անոնց կացութեան հետ բաղդատած։ Ուսումնասիրութեան ընթացքին, անոնց աչքերը կը փայլէին եւ ուրախութեամբ կը ժպտային։ Այդ փոքրիկները Եհովայէն պարգեւ էին, մա՛նաւանդ այդ օրը»։

6, 7. ա) Մեր հաւատքը ինչպէ՞ս կ’ամրանայ, երբ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները ուսուցանենք։ բ) Տեսնելով մեր աշակերտներուն ըրած բարեփոխումները, ինչպէ՞ս կը զգանք։

6 Երբ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները ուսուցանենք, մեր հաւատքը կը զօրանայ։ Պօղոս առաքեալ խօսելով իր ժամանակակից կարգ մը հրեաներու մասին, որոնք իրենց սորվեցուցածը ի գործ չէին դներ, ըսաւ. «Դուն որ ընկերիդ կը սորվեցնես, քու անձիդ չե՞ս սորվեցներ» (Հռով. 2։21)։ Ներկայիս, ռահվիրաներուն պարագան ի՜նչ տարբեր է։ Անոնք ընդհանրապէս բազմաթիւ պատեհութիւններ ունին ճշմարտութիւնը ուրիշներուն սորվեցնելու եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելու։ Ասիկա ազդուօրէն ընելը կը պահանջէ, որ իւրաքանչիւր ուսումնասիրութեան պատրաստուին եւ կարգ մը հարցումներու պատասխանելու համար պրպտումներ ընեն։ Ժէնին անունով ռահվիրայ քոյր մը կը բացատրէ, թէ ամէն անգամ որ ճշմարտութիւնը ուրիշներուն սորվեցնէ, Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններուն հանդէպ իր հաւատքը աւելի կը զօրանայ։

7 Երբ տեսնենք թէ Աստուածաշունչի սկզբունքները կ’օգնեն մեր աշակերտներուն որ իրենց կեանքը բարելաւեն, Եհովայի իմաստութեան հանդէպ մեր գնահատութիւնը կը խորանայ (Եսա. 48։17, 18Ասիկա իր կարգին մեզի կ’օգնէ, որ աւելի վճռենք շարունակել այս սկզբունքները մեր կեանքին մէջ կիրարկել։ Ատրիաննա անունով ռահվիրայ քոյր մը կ’ըսէ. «Երբ մարդիկ իրենց իմաստութեան կը վստահին, իրենց կեանքը տակնուվրայ վիճակի մէջ կ’ըլլայ։ Բայց երբ սկսին Եհովայի իմաստութեան վստահիլ, անմիջապէս օգուտները կը զգան»։ Նմանապէս, Ֆիլ կը նշէ, թէ կը հիանայ տեսնելով մարդիկ ինչպէ՛ս Եհովայի օգնութեամբ իրենց կեանքը կը փոխեն։

8. Լաւ ընկերակիցներու հետ ծառայելը մեզի ինչպէ՞ս կ’ազդէ։

8 Լաւ ընկերակիցներու հետ ծառայելը մեզ հոգեւորապէս կը կերտէ (Առ. 13։20Ռահվիրաներուն մեծամասնութիւնը կը ծառայէ հրատարակիչներուն հետ։ Ասիկա ‘զիրար քաջալերելու’ պատեհութիւններ կու տայ (Հռով. 1։12, Անթիլիաս. կարդա՛ Առակաց 27։17)։ Լիսա անունով ռահվիրայ մը կ’ըսէ. «Աշխատավայրին մէջ յաճախ մրցակցական հոգի եւ նախանձ կայ։ Ամէն օր բամբասանք եւ հասարակ խօսակցութիւն կը լսես։ Եւ այս բոլորին ետին գտնուող պատճառն է՝ ամէն գնով առաջինը ըլլալ։ Ատեններ, քրիստոնէական վարքդ պատճառ կ’ըլլայ, որ քեզ ծաղրեն կամ քեզի հեգնանքով խօսին։ Միւս կողմէ, հաւատակիցներու հետ ծառայելը իսկապէս շինիչ է։ Օրուան վերջաւորութեան, թարմացած տուն կը վերադառնամ, որքա՛ն ալ յոգնած ըլլամ»։

9. Միասնաբար ռահվիրայութեան մասնակցիլը, զոյգի մը ամուսնութեան ինչպէ՞ս կ’ազդէ։

9 Մեր կողակիցին հետ ռահվիրայութիւն ընելը ամուսնութեան երեքպատիկ դերձանը կ’ամրացնէ (Ժող. 4։12Մատլէն, որ իր ամուսինին հետ որպէս ռահվիրայ կը ծառայէ, կը բացատրէ. «Ամուսինս եւ ես կը խօսինք ծառայութեան մէջ մեր անցուցած օրուան մասին, կամ Աստուածաշունչէն քաղուած կէտի մը մասին, որ ծառայութեան մէջ կրնանք կիրարկել։ Ամէն տարի որ միասնաբար ռահվիրայութիւն կ’ընենք, իրարու աւելի կը մօտենանք»։ Նմանապէս, Թրիշա կ’ըսէ. «Երկուքս որոշած ենք պարտքերու տակ չմտնել, որպէսզի նիւթական խնդիրներու դուռ չբանանք։ Մեր ծառայութեան յայտագիրը նոյնն է, ուստի երկուքս մեր վերայցելութիւններուն եւ ուսումնասիրութիւններուն միասնաբար կ’երթանք, ինչ որ մեզի կ’օգնէ որ զգացական եւ հոգեւոր գետնի վրայ համընթաց ըլլանք»։

Լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկելով՝ գոհունակ կեանք կրնաս վարել (Տե՛ս պարբերութիւն 9)

10. Երբ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնենք եւ Եհովայի աջակցութիւնը վայելենք, իրեն հանդէպ մեր վստահութիւնը ինչպէ՞ս կ’ազդուի։

10 Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը կ’աւելնայ, մինչ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը կը դնենք, իր աջակցութիւնը կը վայելենք եւ մեր աղօթքները կը պատասխանուին։ Ճիշդ է որ բոլոր հաւատարիմ քրիստոնեաները Եհովայի կը վստահին. բայց լիաժամ ծառաները նկատած են, թէ միա՛յն Եհովային վստահելով կրնան շարունակել ռահվիրայութիւն ընել (կարդա՛ Մատթէոս 6։30-34Նկատի առնենք Քըրթի պարագան, որ շրջանային տեսուչը փոխարինող է եւ իր կնոջ հետ որպէս ռահվիրայ կը ծառայէ։ Ան ընդունեց այցելել ժողովք մը, որ իր տունէն երկուքուկէս ժամ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի։ Ան իր վարձքը մէկ շաբաթ ետք պիտի գանձէր եւ ինքնաշարժին մէջ քիչ պենզին ունենալով, հազիւ պիտի կարենային ժողովքին հասնիլ։ Վերադարձին համար ի՞նչ պիտի ընէին։ Քըրթ կը պատմէ. «Սկսայ հարց տալ, թէ ճիշդ որոշումը առած էի կամ ոչ»։ Աղօթելէ ետք, անոնք եզրակացուցին թէ նշանակումը պիտի կատարէին, վստահ ըլլալով որ Աստուած իրենց կարիքները պիտի հոգար։ Ճամբայ ելլելէ քիչ առաջ, քոյր մը իրենց հեռաձայնեց եւ ըսաւ որ իրենց նուէր մը պիտի տար։ Նուէրը ճիշդ այն գումարն էր, որուն պէտք ունէին ամբողջ ճամբորդութիւնը կատարելու։ Քըրթ կ’ըսէ. «Երբ քանի մը անգամ այսպիսի փորձառութիւններ ունենաս, շատ դիւրաւ Եհովային աջակցութիւնը կը շօշափես»։

11. Ռահվիրաները ի՞նչ կարգ մը օրհնութիւններ կը վայելեն։

11 Արդարեւ, ռահվիրաները յաճախ նկատած են, թէ մինչ իրենց ծառայութիւնը կ’ընդարձակեն եւ Աստուծոյ աւելի կը մօտենան, առատ օրհնութիւններ իրենց վրայ ‘կը հասնին’ (Բ. Օր. 28։2)։ Բայց ռահվիրայութիւնը իր մարտահրաւէրները ունի։ Բոլորս կը տառապինք անկատարութեան եւ այս չար աշխարհին պատճառաւ։ Երբեմն խնդիրները պատճառ կը դառնան որ ռահվիրաները իրենց ծառայութիւնը ատեն մը կեցնեն։ Բայց յաճախ կարելի է այսպիսի խնդիրներ լուծել կամ անոնցմէ նո՛յնիսկ խուսափիլ։ Ի՞նչ բան կրնայ օգնել ռահվիրաներուն որ իրենց վարձահատոյց ծառայութեան մէջ յարատեւեն։

ԼԻԱԺԱՄ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՅԱՐԱՏԵՒԵԼ

12, 13. ա) Եթէ ռահվիրան իր ժամերուն հասնելու դժուարութիւն կ’ունենայ, ի՞նչ պէտք է ընէ։ բ) Աստուածաշունչի առօրեայ ընթերցանութիւնը, անձնական ուսումնասիրութիւնը եւ խոկալը ինչո՞ւ կարեւոր են։

12 Ռահվիրաներուն մեծամասնութիւնը միշտ զբաղած կ’ըլլայ։ Որո՛վհետեւ ամէն ինչ իրագործելը դժուար կրնայ ըլլալ, լաւ կազմակերպուած ըլլալը կարեւոր է (Ա. Կոր. 14։33, 40)։ Եթէ ռահվիրան իր ժամերուն հասնելու մէջ դժուարութիւն կ’ունենայ, հարկ է որ քննէ թէ իր ժամանակը ինչպէ՛ս կը գործածէ (Եփ. 5։15, 16)։ Ան կրնայ հարց տալ. ‘Որքա՞ն ժամանակ կը տրամադրեմ զբօսանքի կամ ժամանցի։ Արդեօք ինքնակրթութեան հարկ ունի՞մ։ Կրնա՞մ աշխարհիկ գործիս ժամերը ճշդել’։ Անշուշտ, դիւրին է մեր յայտագրին վրայ ընելիքներ աւելցնել. անոր համար լիաժամ ծառաները պէտք է հարցերը կանոնաւորաբար կշռեն եւ հարկ եղած ճշդումները ընեն։

13 Ռահվիրան պէտք է Աստուածաշունչի առօրեայ ընթերցանութիւն ու անձնական ուսումնասիրութիւն ունենայ եւ խոկալու ժամանակ տրամադրէ։ Ուստի, ռահվիրան պէտք է ուշադիր ըլլայ որ նուազ կարեւորութիւն ունեցող բաներ իր յայտագիրը չխճողեն (Փլպ. 1։10)։ Օրինակ, երեւակայէ որ ամբողջ օրը ծառայելէ ետք, ռահվիրան տուն կը վերադառնայ այն մտադրութեամբ որ ժողովի նիւթերը պատրաստէ։ Բայց նախ իրեն ուղարկուած նամակները կը կարդայ։ Անկէ ետք, համակարգիչը կը բանայ եւ իրեն ուղարկուած ել–մակները կը կարդայ ու կը պատասխանէ։ Առցանց ըլլալով, կը բանայ կայքէջ մը, տեսնելու համար որոշ ապրանքի մը գինը։ Արդէն երկու ժամ անցած է եւ ան տակաւին իր մտադրած յայտագիրը չէ սկսած։ Ասիկա ինչո՞ւ խնդիր մըն է։ Արհեստավարժ մարզիկը իր ասպարէզին մէջ յարատեւելու համար, հարկ է որ միշտ իր մարմնին հոգ տանի։ Նմանապէս, եթէ ռահվիրաները կ’ուզեն լիաժամ ծառայութեան մէջ յարատեւել, հարկ է որ անձնական ուսումնասիրութեան լաւ սովորամոլութիւն ունենան, որպէսզի հոգեւորապէս վերանորոգուին (Ա. Տիմ. 4։16

14, 15. ա) Ռահվիրաները ինչո՞ւ իրենց կեանքը պարզ պէտք է պահեն։ բ) Եթէ ռահվիրան դժուարութիւններ դիմագրաւէ, ի՞նչ պէտք է ընէ։

14 Յաջող ռահվիրաները կը ջանան իրենց կեանքը պարզ պահել։ Յիսուս իր աշակերտները քաջալերեց, որ պարզ աչք ունենան (Մատ. 6։22)։ Ան իր անձնական կեանքը պարզ պահեց, որպէսզի առանց շեղումներու իր ծառայութիւնը կատարէ։ Ան ըսաւ. «Աղուէսները որջեր ունին ու երկնքի թռչունները բոյներ, բայց Որդին մարդոյ տեղ մը չունի, ուր իր գլուխը դնէ» (Մատ. 8։20)։ Ռահվիրաները, որոնք կ’ուզեն Յիսուսի օրինակին հետեւիլ, կը գիտակցին թէ որքա՛ն աւելի նիւթական բաներ ունենան, այնքա՛ն աւելի պէտք է ժամանակ տրամադրեն զանոնք պահպանելու, նորոգելու կամ փոխարինելու համար։

15 Ռահվիրաները կ’անդրադառնան, թէ իրենց ծառայութիւնը իւրայատուկ է, բայց բնա՛ւ չեն խորհիր թէ ուրիշներէ աւելի լաւ են։ Փոխարէն, անոնք գիտեն թէ որեւէ պարգեւ կամ ծառայութեան առանձնաշնորհում, Եհովայի անզուգական բարութեան շնորհիւ է։ Ուստի, այս տեսակի ծառայութեան մէջ յարատեւելու համար, իւրաքանչիւր ռահվիրայ պէտք է Եհովային վստահի (Փլպ. 4։13)։ Մարտահրաւէրներ եւ դժուարութիւններ պիտի ծագին (Սաղ. 34։19)։ Երբ այդպէս ըլլայ պարագան, ռահվիրաները պէտք է ուղղութեան համար Եհովայի դիմեն եւ իրեն առիթ տան որ իրենց օգնէ, փոխանակ շուտով այս ծառայութեան առանձնաշնորհումը լքելու (կարդա՛ Սաղմոս 37։5Երբ Եհովայի սիրալիր հոգատարութիւնը վայելեն, անոր աւելի պիտի մօտենան (Եսա. 41։10

ԿՐՆԱ՞Ս ՌԱՀՎԻՐԱՅ ԸԼԼԱԼ

16. Եթէ կ’ուզես ռահվիրայ ըլլալ, ի՞նչ պէտք է ընես։

16 Եթէ կ’ուզես վայելել այն օրհնութիւնները, որոնք լիաժամ ծառաները կը վայելեն, փափաքդ Եհովային յայտնէ (Ա. Յովհ. 5։14, 15)։ Խօսէ՛ ռահվիրայութիւն ընողներուն հետ։ Ռահվիրայ ըլլալու նպաստող նպատակակէտեր դիր։ Գիթ եւ Էրիքա ճիշդ ասիկա է որ ըրին։ Ա՛յլ զոյգերու նման, անոնք լիաժամ կ’աշխատէին, ինչպէս նաեւ ամուսնանալէ քիչ ետք, տուն մը եւ նոր ինքնաշարժ մը գնած էին։ Անոնք կ’ըսեն. «Խորհեցանք որ այդ բաները մեզի գոհունակութիւն պիտի տային,– բայց պարագան այդպէս չէր»։ Երբ Գիթ իր գործը կորսնցուց, որպէս օժանդակ ռահվիրայ ծառայեց։ Ան կ’ըսէ. «Ռահվիրայութիւնը ինծի յիշեցուց, թէ ծառայելով որքա՜ն ուրախ կ’ըլլանք»։ Անոնք բարեկամացան ռահվիրայ զոյգի մը հետ, որոնք իրենց օգնեցին տեսնելու թէ պարզ կեանք վարելը եւ ռահվիրայութիւն ընելը որքա՜ն ուրախութիւն կը պատճառէ։ Գիթն ու Էրիքան ի՞նչ ըրին։ «Հոգեւոր նպատակակէտերու ցանկ մը պատրաստեցինք, զայն սառնարանին վրայ դրինք, եւ իւրաքանչիւր նպատակակէտ իրագործելէ ետք՝ զայն ցանկէն ջնջեցինք»։ Ժամանակի ընթացքին, անոնք կրցան ռահվիրայութեան ձեռնարկել։

17. Ինչո՞ւ իմաստութիւն է ուշադրութեամբ մտածել, թէ կրնաս ռահվիրայ ըլլալ կամ ոչ։

17 Կրնա՞ս ռահվիրայ ըլլալ։ Եթէ կը խորհիս թէ հիմա կարողութիւն չունիս ռահվիրայութեան ձեռնարկելու, ամէն կարելիդ ըրէ, որպէսզի Եհովային աւելի մօտենաս՝ ծառայութեան լիովին մասնակցելով։ Եհովայի աղօթելէ եւ պարագաներդ քննելէ ետք, թերեւս նկատես որ ռահվիրայ ըլլալու համար, կրնա՛ս յայտագրիդ կամ կենցաղակերպիդ մէջ որոշ ճշդումներ մտցնել։ Ռահվիրայութեան մասնակցելով, ա՛յնքան պիտի ուրախանաս որ ըրած զոհողութիւններդ աննշան պիտի թուին։ Թագաւորութեան շահերը առաջ դասելով՝ աւելի խոր գոհունակութիւն պիտի ունենաս (Մատ. 6։33)։ Քու անձէդ ուրիշներուն տալն ալ քեզ մեծապէս պիտի ուրախացնէ։ Ասկէ զատ, աւելի պատեհութիւններ պիտի ունենաս Եհովային մասին մտածելու եւ խօսելու, ինչ որ իրեն հանդէպ սէրդ պիտի խորացնէ եւ զինք պիտի հաճեցնէ։