Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Ինչպէս որ նկարագրուած է Յովհաննէս 11։35–ի մէջ, Յիսուս Ղազարոսը յարուցանելէ առաջ ինչո՞ւ լացաւ։

Երբ սիրելի մը մեռնի, բնականաբար կու լանք, քանի որ զինք շատ պիտի կարօտնանք։ Ղազարոսը սիրելով հանդերձ, Յիսուս անոր մահուա՛ն համար չլացաւ։ Ինչպէս որ Յովհաննէսի արձանագրութեան բովանդակութիւնը ցոյց կու տայ, Յիսուս սգաւորներուն հանդէպ կարեկցութենէ մղուած լացաւ (Յովհ. 11։36

Երբ Յիսուս լսեց թէ Ղազարոս հիւանդ էր, անմիջապէս անոր տունը չգնաց զինք բժշկելու համար։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Երբ լսեց թէ [Ղազարոս] հիւանդ է, եղած տեղը երկու օր ալ կեցաւ» (Յովհ. 11։6)։ Յիսուս իր ճամբորդութիւնը ուշացնելու պատճառ ունէր։ Ան ըսաւ. «Այս հիւանդութիւնը մահուան համար չէ, հապա Աստուծոյ փառքին համար, որպէս զի Աստուծոյ Որդին անով փառաւորուի» (Յովհ. 11։4)։ Հետեւաբար, ան մտադրեց Ղազարոսի մահը գործածել «Աստուծոյ փառքին համար»։ Ինչպէ՞ս։ Ան հոյակապ հրաշք մը կատարելու վրայ էր՝ իր բարեկամը յարուցանելով։

Երբ այս նիւթը իր աշակերտներուն հետ կը քննարկէր, Յիսուս մահը նմանցուց քունի։ Անոր համար, անոնց ըսաւ. «Երթամ, որպէս զի զանիկա արթնցնեմ» (Յովհ. 11։11)։ Յիսուս Ղազարոսը մահուան քունէն պիտի արթնցնէր ճիշդ ինչպէս որ ծնող մը իր զաւակը քունէն կ’արթնցնէ։ Ուստի, ան Ղազարոսի մահուա՛ն համար վշտանալու պատճառ չունէր։

Ուրեմն, ի՞նչ բան պատճառ դարձաւ որ Յիսուս լայ։ Դարձեալ բովանդակութիւնը կը պատասխանէ։ Երբ Յիսուս Ղազարոսի քրոջ Մարիամի հանդիպեցաւ, եւ տեսաւ թէ ան եւ ուրիշներ կու լային, «իր հոգիին մէջ հառաչեց ու խռովեցաւ»։ Անոնց տառապանքը տեսնելով՝ ան ա՛յնքան հառաչեց որ «լացաւ»։ Իր սիրելի բարեկամներուն սրտաբեկ ու վշտահար ըլլալը զինք մեծապէս տխրեցուց (Յովհ. 11։33, 35

Այս արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Յիսուս զօրութիւն ունի նոր աշխարհին մէջ մեր սիրելի ննջեցեալները ետ կեանքի ու կատարեալ առողջութեան բերելու։ Անիկա նաեւ ցոյց կու տայ, թէ Յիսուս մեզի հետ կը զգայ, երբ մեր սիրելիները մահանան։ Ասկէ զատ, այս արձանագրութենէն կը սորվինք թէ պէտք է սգաւորներուն կարեկցինք։

Յիսուս գիտէր թէ Ղազարոսը պիտի յարուցանէր։ Բայց եւ այնպէս իր բարեկամներուն հանդէպ խոր սէրէ եւ կարեկցութենէ մղուած լացաւ։ Համանման կերպով, մեր կարեկցութիւնը կրնայ մեզ մղել ‘լացողներուն հետ լալու’ (Հռով. 12։15)։ Այսպիսի ցաւ ու վիշտ արտայայտելը չի նշանակեր, թէ անհատը յարութեան յոյսին չի հաւատար։ Ուստի, որքա՜ն պատշաճ է որ Յիսուս անկեղծօրէն լալով սգաւորներուն հանդէպ կարեկցութիւն ցուցաբերեց, թէեւ Ղազարոսը յարուցանելու վրայ էր։ Ան մեզի գեղեցիկ օրինակ թողուց։