Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Եհովային ապաւինիլը վարձահատոյց եղած է

Եհովային ապաւինիլը վարձահատոյց եղած է

Կեանքը անորոշ, դժուար եւ երբեմն աննախատեսելի է։ Բայց Եհովան կ’օրհնէ իրեն ապաւինողները, եւ ոչ թէ անոնք՝ որոնք իրենց հասկացողութեան կը յարին։ Կինս եւ ես ճիշդ այս եզրակացութեան է որ հասանք մեր երկար եւ վարձահատոյց կեանքին ընթացքին։

ՀԱՅՐՍ մօրս ծանօթացաւ Աստուածաշունչի միջազգային աշակերտներու համաժողովին ընթացքին, որ 1919–ին տեղի ունեցաւ Սիտըր Փոյնթի մէջ, Օհայօ։ Այդ տարուան վերջաւորութեան անոնք ամուսնացան։ Ես ծնայ 1922–ին, իսկ եղբայրս՝ Բօլը՝ երկու տարի ետք։ Կինս՝ Կրէյսը ծնաւ 1930–ին։ Անոր ծնողքը՝ Ռոյ եւ Ռութ Հաուէլ, մեծցած էին որպէս Աստուածաշունչի Աշակերտներ. իսկ անոր մեծ հայրն ու մեծ մայրը դարձեալ Աստուածաշունչի Աշակերտներ էին եւ Եղբայր Չարլզ Թէյզ Ռասըլի բարեկամները։

Կրէյսին ծանօթացայ 1947–ին, եւ ամուսնացանք 16 յուլիս 1949–ին։ Ամուսնանալէ առաջ, անկեղծ խօսակցութիւն ունեցանք մեր ապագային մասին։ Եւ որոշեցինք լիաժամ ծառայութեան մասնակցիլ ու զաւակներ մեծցնելու պատասխանատուութիւնը չշալկել։ 1 հոկտեմբեր 1950–ին, միասնաբար ռահվիրայութեան ձեռնարկեցինք։ Ապա 1952–ին, շրջանային գործին մէջ նշանակուեցանք։

ՇՐՋԱԳԱՅԱԿԱՆ ԳՈՐԾ ԵՒ ԳԱՂԱԱԴԻ ՄԱՐԶՈՒՄ

Երկուքս զգացինք թէ շատ օգնութեան պէտք ունէինք մեր նոր նշանակումը կատարելու համար։ Մինչ փորձառու եղբայրներէ կ’օգտուէի, օգնութիւն հայցեցի նաեւ Կրէյսին համար։ Խօսեցայ Մարվըն Հոլինին հետ,– որ ընտանիքի բարեկամ էր ու կը ծառայէր որպէս շրջագայող տեսուչ,– եւ անոր հարցուցի. «Կրէյսը երիտասարդուհի է. շատ փորձառութիւն չունի։ Կա՞յ մէկը որ կը խորհիս կրնայ զինք մարզել»։ Ան պատասխանեց. «Այո՛. Էտնա Ուինքըլը փորձառու ռահվիրայ մըն է, որ կրնայ իրեն շատ օգնել»։ Յետագային Կրէյսը Էտնային մասին ըսաւ. «Ինծի օգնեց որ հանգիստ զգամ դռներուն առջեւ, առարկութիւնները լաւ կերպով ձեռք առնեմ, եւ ինծի սորվեցուց որ տանտիրոջ մտիկ ընեմ, որպէսզի գիտնամ ի՛նչ բան յարմար է ըսել։ Ես ճիշդ իրե՛ն պէտք ունէի»։

Ձախէն աջ՝ Նաթան Նոր, Մալքոմ Ալէն, Ֆրէտ Ռըսք, Լայլ Ռիւշ, Էնտրու Ուէկնըր

Կրէյսն ու ես ծառայեցինք Այոա նահանգին երկու շրջաններու մէջ, ներառեալ՝ Մինիսոթա եւ Հարաւային Տաքոթա նահանգներէն մասեր։ Ապա փոխադրուեցանք Նիւ Եորքի թիւ 1 շրջանը, որ կը պարփակէր Պրուքլինը եւ Քուինզը։ Բնաւ պիտի չմոռնանք թէ որքա՜ն անփորձ զգացինք այդ նշանակումին ընթացքին։ Շրջանը կը պարփակէր Պրուքլին Հայթց ժողովքը, որուն Թագաւորութեան սրահը Բեթէլի մէջ էր եւ ունէր բազմաթիւ փորձառու բեթէլականներ։ Այդ ժողովքին մէջ իմ առաջին ծառայութեան դասախօսութիւնս տալէ ետք, Եղբայր Նաթան Նոր ինծի մօտենալով ըսաւ. «Մեզի նպատակայարմար խրատներ տուիր, որ անոնց վրայ աշխատինք։ Մի՛ մոռնար, եթէ մեզի չօգնես ազնուութեամբ խրատներ տալով, կազմակերպութեան շատ օգտակար պիտի չդառնաս։ Շարունակէ բարի աշխատանքը»։ Ժողովէն ետք, Կրէյսին պատմեցի թէ Եղբայր Նոր ինծի ի՛նչ ըսաւ։ Անկէ ետք, Բեթէլի մեր սենեակը ելանք եւ ճնշուածութենէ ուժասպառ ըլլալով՝ լացինք։

«Եթէ մեզի չօգնես ազնուութեամբ խրատներ տալով, կազմակերպութեան շատ օգտակար պիտի չդառնաս։ Շարունակէ բարի աշխատանքը»

Քանի մը ամիս ետք, ստացանք նամակ մը, որ մեզ կը հրաւիրէր մասնակցելու Գաղաադի դպրոցին 24–րդ դասարանին, որ փետրուար 1955–ին պիտի աւարտէր։ Դպրոցը յաճախելէ առաջ, իմացանք թէ այդ մարզումը անպայմանօրէն մեզ միսիոնարներ պիտի չընէր, հապա մեզ պիտի պատրաստէր որ աւելի ազդու ըլլանք շրջագայական գործին մէջ։ Գաղաադ յաճախելը հոյակապ փորձառութիւն մըն էր, եւ մեզի խոնարհութիւն սորվեցուց։

1954–ին Գաղաադի մէջ, Ֆըրն եւ Ճորճ Քաուչ, ես ու Կրէյս

Երբ շրջանաւարտ եղանք, նահանգային գործին մէջ նշանակուեցանք։ Մեր ծառայութիւնը պարփակեց Ինտիանա, Միշիկըն եւ Օհայօ նահանգները։ Ապա, դեկտեմբեր 1955–ին զարմանքով ստացանք նամակ մը Եղբայր Նորէն, ուր կ’ըսէր. «Ամենայն անկեղծութեամբ արտայայտուեցէք։ Ինծի տեղեկացուցէք եթէ կ’ուզէք Բեթէլ գալ եւ հոս մնալ. . . կամ Բեթէլի մէջ ժամանակ մը մնալէ ետք, օտար երկրի մը մէջ ծառայել։ Եթէ կը նախընտրէք նահանգային կամ շրջանային գործը, կը փափաքիմ գիտնալ»։ Մենք ալ պատասխանեցինք, որ կը փափաքինք մեզի նշանակուած որեւէ գործ կատարել։ Շուտով, մեզի ուղղութիւն տրուեցաւ որ Բեթէլ երթանք։

ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՏԱՐԻՆԵՐ ԲԵԹԷԼԻ ՄԷՋ

Բեթէլի ծառայութիւնս կը պարփակէր Միացեալ Նահանգներու տարածքին դասախօսութիւններ տալ ժողովքներուն եւ համաժողովներուն մէջ։ Բազմաթիւ երիտասարդ տղամարդիկ մարզելու մէջ բաժին բերի, որոնք յետագային Եհովայի կազմակերպութեան մէջ ծանր պատասխանատուութիւններ ունեցան։ Ի վերջոյ, համաշխարհային քարոզչութիւնը կազմակերպող գրասենեակին մէջ աշխատեցայ որպէս Եղբայր Նորին քարտուղարը։

Մինչ Ծառայութեան բաժանմունքին մէջ կ’աշխատիմ, 1956

Ինծի համար, Ծառայութեան բաժանմունքին մէջ անցուցած տարիներս շատ հաճոյալի էին։ Հոն կրցայ աշխատիլ Թ. Ճ. Սըլիվընի հետ, որ նախապէս երկար տարիներ այդ բաժանմունքին վերակացուն էր։ Բայց կային ուրիշներ, որոնցմէ շատ բան սորվեցայ։ Անոնցմէ մէկն էր՝ Ֆրէտ Ռըսք, որ նշանակուեցաւ զիս մարզելու։ Խանդաղատանքով կը յիշեմ թէ իրեն հարցուցի. «Նամակներուս մէջ ինչո՞ւ կարգ մը ճշդումներ կ’ընես»։ Ան խնդաց եւ ըսաւ. «Երբ բան մը բերանացի ըսես, կրնաս զայն յաւելեալ բառերով բացատրել, բայց երբ զայն գրես,– մանաւանդ նամակ մը որ այս տեղէն կ’ելլէ,– պէտք է կարելի եղածին չափ ողջամիտ եւ ճշգրիտ ըլլայ»։ Ապա ազնուութեամբ ըսաւ. «Քաջալերուէ՛. լաւ աշխատանք կը տանիս, եւ ժամանակի ընթացքին պիտի բարելաւուիս»։

Բեթէլի մէջ, Կրէյս զանազան նշանակումներ ստացաւ, ներառեալ՝ սենեակներու հոգ տանիլ։ Ան իր գործը կը սիրէր։ Մինչեւ օրս, երբ ատեններ հանդիպինք եղբայրներու, որոնք այդ տարիներուն Բեթէլի մէջ երիտասարդներ էին, ժպիտով Կրէյսին կ’ըսեն. «Իրապէս դուն ինծի սորվեցուցիր ինչպէ՛ս անկողին կոկել, եւ կրնամ ըսել որ մայրս ըրածդ կը հաւնէր»։ Կրէյսը նաեւ աշխատեցաւ Պարբերաթերթի, Թղթակցութեան եւ Ձայներիզներ կրկնօրինակելու բաժանմունքներուն մէջ։ Այդ տարբեր նշանակումները իրեն օգնեցին, որ գիտակցի թէ Եհովայի կազմակերպութեան մէջ ո՛ւր որ ալ ծառայենք եւ ի՛նչ որ ալ ընենք, անիկա առանձնաշնորհում եւ օրհնութիւն է։ Մինչեւ օրս ան այդպէս կը զգայ։

ՄԵՐ ԸՐԱԾ ՃՇԴՈՒՄՆԵՐԸ

1970–ական թուականներուն սկսանք գիտակցիլ, թէ մեր տարեց ծնողները աւելի ուշադրութեան պէտք ունէին։ Ի վերջոյ, դժուար որոշում մը պէտք է կայացնէինք։ Չուզեցինք Բեթէլը եւ մեր սիրելի ծառայակիցները ձգել։ Բայց զգացի թէ պատասխանատուութիւնս էր մեր ծնողներուն հոգ տանիլ։ Ուստի ժամանակ մը ետք, Բեթէլը ձգեցինք, այն յոյսով որ եթէ մեր պարագաները փոխուին, դարձեալ կրնանք վերադառնալ։

Մեր ապրուստը ճարելու համար, սկսայ ապահովագրութեան ընկերութեան մը մէջ աշխատիլ։ Միշտ պիտի յիշեմ այն դէպքը, երբ տնօրէնը մարզումի շրջանիս ինծի ըսաւ. «Այս գործը կը պահանջէ որ յատկապէս երեկոները աշխատինք։ Ա՛յն ատեն է որ մարդոց կրնանք հանդիպիլ։ Ո՛չ մէկ բան ա՛յնքան կարեւոր է որքան ամէն երեկոյ աշխատիլը»։ Անոր պատասխանեցի. «Վստահ եմ որ փորձառաբար կը խօսիք եւ այս մէկը կը յարգեմ։ Բայց ես հոգեւոր բնոյթ ունեցող ա՛յլ պատասխանատուութիւններ ունիմ, որոնք բնա՛ւ չեմ անտեսած. ոչ ալ հիմա կ’ուզեմ սկսիլ զանոնք անտեսել։ Որոշ երեկոներ կ’աշխատիմ, բայց երեքշաբթի եւ հինգշաբթի երեկոները պէտք է կարեւոր ժողովներու ներկայ գտնուիմ»։ Եհովան իսկապէս զիս օրհնեց, որ բնաւ ժողովները չփախցուցի աշխարհիկ գործիս սիրոյն։

Մօրս անկողինին քով էինք, երբ ան յուլիս 1987–ին խնամատան մէջ մահացաւ։ Հիւանդապահուհին Կրէյսին ըսաւ. «Տիկին Ալէն, տո՛ւն գնա եւ քիչ մը հանգիստ ըրէ։ Բոլորս գիտենք թէ ամէն ատեն հոս կեսուրիդ քով էիր։ Մտքի խաղաղութիւն եւ գոհունակութիւն ունեցիր»։

Դեկտեմբեր 1987–ին, դիմումնագիր լեցուցինք դարձեալ ծառայելու Բեթէլի մէջ,– այն վայրը՝ որ շա՛տ կը սիրէինք։ Բայց միայն քանի մը օր ետք, բժիշկը Կրէյսին իմացուց, որ հաստ աղիքի քաղցկեղ ունէր։ Վիրաբուժութենէն եւ ապաքինումէն ետք, մեզի ըսուեցաւ որ անոր մարմնին մէջ ա՛լ քաղցկեղի հետք չկար։ Մինչ այդ, Բեթէլէն նամակ ստացանք, որ կը յանձնարարէր՝ շարունակել տեղական ժողովքին մէջ ծառայել։ Վճռեցինք յարատեւել մեր սուրբ ծառայութեան մէջ։

Ժամանակի ընթացքին, Թեքսասի մէջ գործի դուռ բացուեցաւ առջեւս։ Հոն փոխադրուեցանք քանի որ աւելի ջերմ օդը երկուքիս համար լաւ էր։ Այժմ Թեքսասի մէջ, 25 տարիէ ի վեր շրջապատուած ենք հոգատար եղբայրներով եւ քոյրերով, որոնք մեր մօտիկ բարեկամները դարձած են։

ՄԵՐ ՔԱՂԱԾ ԴԱՍԵՐԸ

Տարիներու ընթացքին, Կրէյսը տառապած է հաստ աղիքի, վահանագեղձի եւ կուրծքի քաղցկեղէ, բայց բնաւ իր կեանքէն չէ դժգոհած։ Ան միշտ ինծի աջակցած է եւ զիս յարգած է որպէս տան գլուխ։ Մարդիկ յաճախ իրեն կը հարցնեն, թէ մեր յաջող ամուսնութեան եւ երջանկութեան գաղտնիքը ի՛նչ է։ Ան չորս պատճառ կու տայ. «Մենք մտերիմ բարեկամներ ենք։ Ամէն օր կանոնաւորաբար կը հաղորդակցինք։ Կը սիրենք ամէն օր իրարու հետ ժամանակ անցընել։ Եւ բնաւ գիշերը անկողին չենք մտներ, եթէ իրարմէ նեղուած ենք»։ Անշուշտ, ատենը մէյ մը զիրար կը վիրաւորենք, բայց իրարու կը ներենք ու եղածը կը մոռնանք։ Եւ այս մօտեցումը իրապէս գործնական է։

«Միշտ Եհովային ապաւինէ եւ անոր թոյլատրած բաները ընդունէ»

Մեր դիմագրաւած փորձութիւններէն զանազան դասեր քաղած ենք.

  1.  Միշտ Եհովային ապաւինէ եւ անոր թոյլատրած բաները ընդունէ։ Բնա՛ւ անձնական հասկացողութեանդ մի՛ վստահիր (Առ. 3։5, 6. Եր. 17։7

  2.  Հարցը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, առաջնորդութեան համար Եհովայի Խօսքին դիմէ։ Եհովային եւ անոր օրէնքներուն հնազանդիլը կենսական է։ Եհովային կա՛մ հնազանդ ես եւ կամ հնազանդ չես. միջանկեալ գետին չկայ (Հռով. 6։16. Եբ. 4։12

  3.  Կեանքի մէջ կարեւորագոյն մէկ բան կայ. Աստուծոյ հաճութիւնը ունենալ։ Իր շահերը առաջին տեղը դիր եւ նիւթական հարստութեան հետամուտ մի՛ ըլլար (Առ. 28։20. Ժող. 7։1. Մատ. 6։33, 34

  4.  Աղօթէ որ Եհովայի ծառայութեան մէջ կարելի եղածին չափ արդիւնաբեր եւ գործօն ըլլաս։ Մտածէ թէ ի՛նչ կրնաս իրագործել եւ մի՛ կեդրոնանար չկարողացած բաներուդ վրայ (Մատ. 22։37. Բ. Տիմ. 4։2

  5.  Գիտցիր թէ չկայ ուրիշ կազմակերպութիւն մը, որ Եհովայի օրհնութիւնը եւ հաճութիւնը ունի (Յովհ. 6։69

Թէ՛ Կրէյսը եւ թէ ես Եհովային ծառայած ենք աւելի քան 75 տարի, իսկ որպէս զոյգ՝ շուրջ 65 տարի։ Իրապէս այդ բոլոր տարիները գեղեցիկ ժամանակներ եղած են։ Կը յուսանք եւ կ’աղօթենք որ մեր բոլոր եղբայրներն ու քոյրերը նմանապէս շօշափեն թէ Եհովային ապաւինիլը որքա՜ն վարձահատոյց է։