Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՍՈՒՏ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄՆԵՐ՝ ՈՐՈՆՔ ՄԱՐԴԻԿԸ ԱՍՏՈՒԾՄԷ ԿԸ ՀԵՌԱՑՆԵՆ

Սուտ 1. Աստուած անուն չունի

Սուտ 1. Աստուած անուն չունի

ԻՆՉ ՈՐ ՇԱՏԵՐ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՆ։

«Չենք համաձայնած թէ արդեօք Աստուած ‘անձնական’ անուն ունի՛ կամ ոչ, եւ եթէ այո՛, այդ անունը ի՛նչ կրնայ ըլլալ» (փրոֆէսոր Տէյվիտ Քանինկհէմ, Theological Studies

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ։

Աստուած ըսաւ. «Ես Եհովան եմ. իմ անունս այս է» (Եսայի 42։8)։ «Եհովա» եբրայերէն անուն է, որ կը նշանակէ՝ «Ան կը պատճառէ ըլլալ» (Ելից 3։14

Եհովան կ’ուզէ որ իր անունը գործածենք։ Աստուածաշունչը կը նշէ. «Անոր անո՛ւնը կանչեցէք, անոր գործերը ազգերուն մէջ պատմեցէ՛ք, յիշեցէ՛ք թէ անոր անունը բարձր է» (Եսայի 12։4

Յիսուս Աստուծոյ անունը գործածեց։ Ան աղօթքով Եհովայի ըսաւ. «Քու անունդ անոնց [աշակերտներուն] ճանչցուցի ու պիտի ճանչցնեմ»։ Յիսուս ինչո՞ւ աստուածային անունը իր աշակերտներուն յայտնի ըրաւ։ Ան շարունակեց. «Որպէս զի այն սէրը, որով դուն զիս սիրեցիր, անոնց մէջ ըլլայ ու ես ալ անոնց մէջ» (Յովհաննէս 17։26

ՀԱՐՑԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ։

Աստուածաբան Ուոլթըր Լորի գրեց. «Աստուած Իր անունով չճանչցող անհատը, իրապէս Զինք որպէս անձնաւորութիւն չի ճանչնար, եւ Զինք չի կրնար սիրել՝ եթէ կը հաւատայ որ պարզապէս անդէմ ոյժ է»։

Աստուծոյ անձնական անունը ծածկելը կամ փոխարինելը կը նմանի զայն Աստուածաշունչէն անջատելուն

Վիքթոր անունով տղամարդ մը ամէն շաբաթ եկեղեցի կ’երթար, բայց չէր զգար որ իրապէս Աստուած կը ճանչնայ։ Ան կ’ըսէ. «Յետոյ գիտցայ թէ Աստուծոյ անունը Եհովա է։ Ասիկա զինք իրապէս ճանչնալու առաջին քայլն էր։ Զգացի թէ վերջապէս ծանօթացայ Անոր՝ որուն մասին շատ բան լսած էի։ Սկսայ զինք իրական անձ նկատել եւ իրեն հետ բարեկամութիւն զարգացնել»։

Եհովան իր կարգին կը մօտենայ անոնց, որոնք իր անունը կը գործածեն։ Իր «անուան վրայ մտածողներուն» Աստուած կը խոստանայ. «Անոնց պիտի խնայեմ, ինչպէս մարդ մը կը խնայէ իր որդիին, որ իրեն ծառայութիւն կ’ընէ» (Մաղաքիա 3։16, 17)։ Աստուած նաեւ իր անունը կանչողները կը վարձատրէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ով որ Տէրոջը անունը կը կանչէ՝ պիտի փրկուի» (Հռովմայեցիս 10։13