Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՍՈՒՏ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄՆԵՐ՝ ՈՐՈՆՔ ՄԱՐԴԻԿԸ ԱՍՏՈՒԾՄԷ ԿԸ ՀԵՌԱՑՆԵՆ

Ճշմարտութիւնը կրնայ քեզ ազատել

Ճշմարտութիւնը կրնայ քեզ ազատել

Օր մը Երուսաղէմի մէջ, Յիսուս իր Հօր՝ Եհովային մասին կը խօսէր եւ ժամանակակից կրօնական առաջնորդները կը քօղազերծէր (Յովհաննէս 8։12-30)։ Ինչ որ այդ առիթով ըսաւ, մեզի կը սորվեցնէ ինչպէ՛ս քննել Աստուծոյ վերաբերեալ այժմու հաւատալիքները։ Յիսուս ըսաւ. «Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք, ճշմարտապէս իմ աշակերտներս կ’ըլլաք եւ ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ» (Յովհաննէս 8։31, 32

«Խօսքիս մէջ կենաք»։ Հոս Յիսուս չափանիշ կը դնէ քննելու, թէ կրօնական ուսուցումները «ճշմարտութիւն» են կամ ոչ։ Երբ Աստուծոյ մասին արտայայտութիւն մը լսես, դուն քեզի հարց տուր. ‘Ասիկա Յիսուսի խօսքերուն եւ մնացեալ Սուրբ Գրութիւններուն հետ ներդաշնա՞կ է’։ Ընդօրինակէ զանոնք, որոնք Պօղոս առաքեալը լսելով՝ «ամէն օր գրքերը կը քննէին թէ այս բաները [իրենց սորվածները] ճի՞շդ են» (Գործք 17։11

Մարքոն, Ռոզան եւ Ռէյմոնտը, որոնք այս յօդուածաշարքին առաջին յօդուածին մէջ նշուեցան, Եհովայի վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով՝ ուշադրութեամբ քննեցին իրենց հաւատալիքները։ Իրենց սորված բաներուն նկատմամբ ինչպէ՞ս զգացին։

Մարքօ. «Աստուածաշունչի ուսուցիչը Սուրբ Գիրքը գործածեց, պատասխանելու համար իմ ու կնոջս բոլոր հարցումներուն։ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը սկսաւ աճիլ, ինչպէս նաեւ որպէս կողակիցներ իրարու աւելի՛ մօտեցանք»։

Ռոզա. «Սկիզբը, խորհեցայ թէ Աստուածաշունչը պարզապէս փիլիսոփայական գիրք մըն է, որ կը ջանայ մարդկային տրամաբանութեամբ Աստուած բացատրել։ Բայց կամաց–կամաց իմ հարցումներուս պատասխանները Աստուածաշունչին մէջ գտայ։ Հիմա, Եհովան ինծի համար իրական է. Անձ մը՝ որուն կրնամ վստահիլ»։

Ռէյմոնտ. «Աղօթքով Աստուծմէ օգնութիւն խնդրեցի, որ իրեն մասին սորվիմ։ Շատ չանցած, ամուսինս եւ ես սկսանք Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Ի վերջոյ, Եհովայի մասին ճշմարտութիւնը սորվեցանք։ Շա՜տ ուրախացանք՝ գիտնալով թէ ան ինչպիսի՛ Աստուած է»։

Աստուածաշունչը Աստուծոյ առնչութեամբ սուտեր քօղազերծելէն աւելի՛ն կ’ընէ,– անոր հոյակապ յատկութիւններուն մասին ճշմարտութիւնը կը յայտնէ։ Անիկա Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքն է, եւ մեզի կ’օգնէ որ «ճանչնանք այն բաները որոնք Աստուծմէ տրուեցան մեզի» (Ա. Կորնթացիս 2։12)։ Աստուծոյ, կեանքի նպատակին եւ մեր ապագային մասին բազմաթիւ սովորական բայց կարեւոր հարցումներ կան։ Ինչո՞ւ անձամբ չսորվիս թէ ինչպէ՛ս Աստուածաշունչը կրնայ անոնց պատասխանել։ Կրնաս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն խնդրել մեր կայքէջին միջոցաւ՝ www.pr418.com/hy-latn կամ Եհովայի վկայէ մը։ Վստահ ենք որ այսպէս ընելով՝ պիտի նկատես որ Աստուած սիրելը դժուար չէ։