Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՄԱՀԸ ԱՄԷՆ ԲԱՆԻ ՎԵՐՋ ԿԸ ԴՆԷ՞

Մարդկութիւնը մահուան դէմ կը պայքարի

Մարդկութիւնը մահուան դէմ կը պայքարի

ՉԻՆ ՇԻ ՀՈՒԱՆԿ ԿԱՅՍՐ

ԵՐԿՐԱԽՈՅԶ՝ ՓՈՆՍԷ ՏԷ ԼԷՈՆ

Մահը վախազդու թշնամի է։ Մեր ամբողջ ուժով անոր դէմ կը պայքարինք։ Թերեւս փորձենք զայն ուրանալ, երբ մեր սիրելի մէկ անհատը կորսնցնենք։ Կամ, երիտասարդութեան կայտառութեան ընթացքին, թերեւս խորհինք թէ այս թշնամին բնաւ մեր դուռը պիտի չզարնէ,– խաբէութիւն մը, որուն կը կառչինք՝ որքան որ կրնանք։

Փարաւոններուն չափ ո՛չ ոք մտածած է անմահութեան մասին։ Անոնք իրենց կեանքին մեծ մասը,– ինչպէս նաեւ հազարաւոր աշխատաւորներուն կեանքը,– գործածեցին՝ փորձելով մահը նուաճել։ Անոնց շինած բուրգերը կը վկայեն այս հետապնդումին՝ ինչպէս նաեւ ձախողութեան՝ մասին։

Համանման կերպով, չինացի կայսրերը եւս անմահութիւն վայելելու երազ ունէին, եւ փորձեցին զայն ձեռք ձգել առասպելական կենսահեղուկի միջոցաւ։ Չին Շի Հուանկ կայսրը ալքիմիաբաններէն խնդրեց, որ գտնեն կախարդական դեղաջուր մը, որ մահը կը չքացնէ։ Բայց անոնց պատրաստած բաղադրութիւններուն մեծամասնութիւնը թունաւոր սնդիկ (mercury) կը բովանդակէր, եւ շատ հաւանական է որ այդպիսի խառնուրդ մը խմելով՝ Հուանկ մահացաւ։

16–րդ դարուն, սպանացի երկրախոյզ՝ Խուան Փոնսէ տէ Լէոն Քարայիպեան ծով նաւարկեց, երիտասարդութեան աղբիւրը փնտռելու համար։ Ան յայտնաբերեց ԱՄՆ–ի Ֆլորիտան, բայց քանի մը տարի ետք մահացաւ՝ Ամերիկայի նախաբնիկներուն հետ բախում մը ունենալէ ետք։ Իսկ երիտասարդութեան աղբիւրը երբեք չէ գտնուած։

Փարաւոններ, կայսրեր եւ երկրախոյզներ բոլորը ջանացին մահուան վրայ յաղթանակ տանիլ։ Մեզմէ ո՛չ ոք թեթեւի պիտի առնէ անոնց նպատակակէտերը,– հակառակ անոր որ անոնց գործածած մեթոտները թերեւս չհաւնինք,– քանի որ բոլորս ալ կը փափաքինք շարունակ ապրիլ։

ԿԱՐԵԼԻ՞ Է ՄԱՀԸ ՆՈՒԱՃԵԼ

Մահուան դէմ ինչո՞ւ կ’ըմբոստանանք։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ պատճառը։ Անիկա մեր Ստեղծիչին՝ Եհովա Աստուծոյ՝ մասին կ’ըսէ. «Անիկա ամէն բան իր ժամանակին վայելուչ ըրաւ եւ մարդուն մտքին մէջ յաւիտենականութիւնը ճանչնալու փափաքը դրաւ» (Ժողովող 3։11)։ Վստահաբար պիտի ուզէինք երկրագունդի գեղեցկութիւնը յաւիտեան վայելել, ոչ թէ միայն շուրջ 80 տարի (Սաղմոս 90։10)։ Ասիկա մեր սրտին փափաքն է։

Եհովան ինչո՞ւ մեր մտքին մէջ «յաւիտենականութիւնը» դրաւ։ Պարզապէս մեզ ընդվզեցնելո՞ւ համար։ Անկարելի է։ Ընդհակառակը, Աստուած մեզի կը խոստանայ թէ մահուան վրայ յաղթանակ պիտի տարուի։ Աստուածաշունչը կրկին անգամ կը խօսի մահուան բնաջնջումին մասին եւ յաւիտենական կեանք ձեռք ձգելու Աստուծոյ խոստումին մասին (տե՛ս « Մահուան վրայ յաղթանակ» շրջանակը)։

Յիսուս Քրիստոս յստակ կերպով նշեց. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր» (Յովհաննէս 17։3)։ Ուրեմն, մահուան դէմ պայքարը անյոյս պայքար մը չէ։ Սակայն Յիսուս կը հաստատէ թէ միայն Աստուած կրնայ այս պայքարը շահիլ՝ ի նպաստ մեզի։