Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ

Այն պատերազմը որ աշխարհը փոխեց

Այն պատերազմը որ աշխարհը փոխեց

Հարիւր տարի առաջ, միլիոնաւոր երիտասարդներ իրենց ապահով տուները ձգած՝ պատերազմի գացին։ Անոնք երթալու անհամբեր էին. . . հայրենասիրութեամբ վարակուած։ «Ես հրճուած եմ գալիք հիանալի օրերուն նկատմամբ», գրեց ամերիկացի կամաւոր մը 1914–ին։

Սակայն, շուտով իրենց խանդավառութիւնը դառնութեան վերածուեցաւ։ Ո՛չ ոք կանխատեսեց, թէ այդ հսկայ բանակները ինչպէ՛ս տարիներով պիտի պայքարէին Պելճիքայի եւ Ֆրանսայի ճահիճին մէջ։ Այդ ժամանակ, մարդիկ զայն կ’անուանէին «Մեծ պատերազմ»։ Ներկայիս, անիկա կը կոչուի՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմ։

Առաջին համաշխարհային պատերազմը մեծ կորուստներ պատճառեց։ Ոմանց հաշիւներով, անիկա շուրջ 10 միլիոն զոհեր եւ 20 միլիոն հաշմանդամներ ձգեց։ Անիկա նաեւ մեծ սխալներու հետեւանքն էր։ Եւրոպացի քաղաքագէտներ չկրցան համաշխարհային հակամարտութեան առաջնորդող միջազգային լարուածութիւնը կասեցնել։ Թերեւս աւելի կարեւորն այն է, թէ «Մեծ պատերազմը» մեծ հետքեր ձգեց։ Անիկա աշխարհը փոխեց այնպիսի կերպերով, որոնցմէ մինչեւ օրս կ’ազդուինք։

ՍԽԱԼՆԵՐ ՈՐՈՆՔ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆԸ ՔԱՆԴԵՑԻՆ

Առաջին համաշխարհային պատերազմը ծագեցաւ սխալ հաշիւներու պատճառով։ Աշխատասիրութիւն մը կը բացատրէ թէ 1914–ի այդ խաղաղ ամրան ընթացքին, եւրոպացի առաջնորդներ կուրօրէն որոշումներ կայացուցին՝ առանց հետեւանքները մտապատկերելու, ճիշդ ինչպէս որ գիշերաշրջիկ մը անգիտակցաբար կ’իյնայ ու կը վիրաւորուի (The Fall of the Dynasties—The Collapse of the Old Order 1905-1922

Աւստրիացի արքիդուքսի մը սպանութիւնը, քանի մը շաբաթներու ընթացքին, բոլոր եւրոպական մեծ ուժերը միջամուխ ըրաւ այնպիսի պատերազմի մը, որուն չէին ուզեր մաս կազմել։ «Այս ամէնը ինչպէ՞ս եղաւ», հարցուցին Գերմանիոյ վարչապետին, պատերազմը սկսելէն քանի մը օր ետք։ Վարչապետը իր կարգին տխրօրէն պատասխանեց. «Ա՜խ, երանի թէ մէկը գիտնար»։

Այն առաջնորդները, որոնք պատերազմի առաջնորդող ճակատագրական որոշումները կայացուցին՝ գաղափար անգամ չունէին գալիք հետեւանքներուն մասին։ Սակայն շատ չանցած, խրամատներու մէջ թաքնուած զինուորները սթափեցան անդրադառնալով, թէ իրենց քաղաքագէտները զիրենք յուսախաբ ըրած էին, կղերականները՝ խաբած, իսկ զօրավարները՝ դաւաճանած։ Ինչպէ՞ս։

Իրենց քաղաքագէտները զիրենք յուսախաբ ըրած էին, կղերականները՝ խաբած, իսկ զօրավարները՝ դաւաճանած

Քաղաքագէտները խոստացան, թէ պատերազմը ճամբան պիտի հարթէր նոր եւ աւելի լաւ աշխարհի մը։ Գերմանիոյ վարչապետը յայտարարեց. «Մենք կը պատերազմինք խաղաղ ժամանակներուն կերտուած մեր կառոյցներուն համար, վսեմ անցեալին ձգած ժառանգին համար եւ մեր ապագային համար»։ Ամերիկայի նախագահ՝ Ուուտրօ Ուիլսըն, մէջբերեց քաջալերական նշանաբան մը, թէ պատերազմը «աշխարհը պիտի պատրաստէր ժողովրդավարութեան համար»։ Բրիտանիոյ ժողովուրդն ալ խորհեցաւ, թէ անիկա «պատերազմին վերջ դնող պատերազմ մը» պիտի ըլլար։ Բոլո՛րն ալ սխալած էին։

Կղերականները խանդավառօրէն թիկունք կանգնեցան պատերազմին։ Գիրքի մը համաձայն, կղերականները, որոնք պէտք էր որ Աստուածաշունչին մասին սորվեցնէին, մարդիկը քաջալերեցին որ պատերազմին։ Ամբողջական պատերազմը ամէնուրեք ատելութիւն տարածեց (The Columbia History of the World)։ Կրօնականները ատելութեան կրակը մարելու տեղ, անոր վրայ վառելանիւթ թափեցին։ Ուրիշ գիրք մը կը նշէ. «Կղերականները չկրցան եւ մեծաւ մասամբ չուզեցին քրիստոնէական հաւատքը ազգայնականութենէն առաջ դասել։ Մեծամասնութիւնը փախուստի դիւրին միջոց մը որդեգրեց՝ քրիստոնէութիւնը հայրենասիրութեան հաւասարեցնելով։ Քրիստոնեայ զինուորները, ի՛նչ յարանուանութեան ալ պատկանէին, յորդոր ստացան մէկզմէկ ջարդելու, յանուն Փրկչին» (A History of Christianity

Զօրավարները խոստացան արագ եւ դիւրին յաղթանակ, բայց այդպէս չեղաւ։ Շատ չանցած, ի յայտ եկաւ որ հակադիր ուժերէն ո՛չ մէկը յաղթական դուրս կու գար։ Ետքը, միլիոնաւոր զինուորներ, ըստ պատմաբանի մը նկարագրութեան, դիմագրաւեցին «թերեւս ամէնէն դաժան եւ լայնատարած չարչարանքը, որուն մարդը տոկացած է ֆիզիքական եւ զգացական գետնի վրայ»։ Սոսկալի կորուստներ կրելով հանդերձ, զօրավարները շարունակեցին իրենց տղամարդիկը նետել փշալարերու եւ գնդացիրի կրակներու մէջ։ Հետեւաբար՝ լայնատարած ապստամբութիւններ զարգացան։

Առաջին համաշխարհային պատերազմը ի՞նչ ազդեցութիւն ձգեց ընկերութեան վրայ։ Պատմական աշխատասիրութիւն մը կը մէջբերէ փորձառու զինուորի մը հետեւեալ խօսքերը. «Պատերազմը. . . ապականեց ողջ սերունդի մը միտքն ու բնաւորութիւնը»։ Արդարեւ, այդ պատերազմին պատճառով, լման կայսրութիւններ անհետացան։ Այդ ցաւալի հակամարտութիւնը սկիզբ տուաւ ցարդ մարդկութեան տեսած ամէնէն արիւնարբու դարաշրջանին։ Յեղափոխութիւններն ու ցոյցերը գրեթէ բնական երեւոյթ դարձան։

Պատերազմը ինչո՞ւ աշխարհը տակնուվրայ ըրաւ։ Արդեօք անիկա լոկ հսկայական դիպուա՞ծ մըն էր։ Այս հարցումներուն պատասխանները մեր ապագային մասին որեւէ բան կը յայտնե՞ն։