Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչին պատասխանները

Աստուածաշունչին պատասխանները

Աստուածաշունչը իրապէս Աստուծոյ Խօ՞սքն է։

Վստահաբար, պիտի ակնկալէիր որ Աստուծոյ Խօսքը իւրայատուկ ըլլար. եւ այդպէս ալ է։ Աստուածաշունչէն միլիառաւոր օրինակներ տպուած են, հարիւրաւոր լեզուներով։ Աստուածաշունչին իմաստուն խօսքերը զօրութիւնը ունին մարդոց կեանքերը բարելաւելու (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13. Բ. Տիմոթէոս 3։16

Գիտենք թէ Աստուածաշունչը Աստուծմէ է, քանի որ անիկա ճշգրտօրէն կը նախագուշակէ ապագան։ Մեզմէ ո՛չ ոք կրնայ առանձին այդ մէկը ընել։ Նկատի առ, զոր օրինակ, Եսայի գիրքը։ Մեռեալ ծովուն մօտակայքը գտնուող քարայրի մը մէջ, Եսայի գիրքէն օրինակ մը գտնուեցաւ, որ ընդօրինակուած էր Յիսուսի ծնունդէն աւելի քան 100 տարի առաջ։ Հոն գրուած է, թէ Բաբելոն քաղաքը պիտի ամայանար։ Այդ մարգարէութիւնը առաջին անգամ իրականացաւ, Յիսուսի երկրային ծառայութենէն տարիներ ետք (կարդա՛ Եսայի 13։19, 20. Բ. Պետրոս 1։20, 21

Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս գրի առնուեցաւ։

Աստուածաշունչը գրեթէ 1600 տարիներու ընթացքին գրի առնուեցաւ 40 անհատներու կողմէ։ Զայն գրի առնողները մէ՛կ բնաբան զարգացուցին, առանց մէկզմէկ հակասելու։ Այս մէկը ինչպէ՞ս կարելի էր։ Աստուա՛ծ էր որ զիրենք առաջնորդեց զայն գրի առնելու մէջ (կարդա՛ Բ. Թագաւորաց 23։2

Աստուած երբեմն անոնց հետ խօսեցաւ հրեշտակներու, տեսիլքներու կամ երազներու միջոցով։ Ան գլխաւորաբար իր գաղափարները դրաւ այդ մարդոց մտքին մէջ եւ թոյլ տուաւ որ իրենց բառերով փոխանցեն իր պատգամը (կարդա՛ Յայտնութիւն 1։1. 21։3-5