Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ողջունե՛նք Քրիստոսը՝ փառաւոր Թագաւորը

Ողջունե՛նք Քրիստոսը՝ փառաւոր Թագաւորը

«Քու վայելչութիւնովդ յառաջացիր» (ՍԱՂ. 45։4

1, 2. 45–րդ սաղմոսը ինչո՞ւ մեզ կը հետաքրքրէ։

ՓԱՌԱՒՈՐ թագաւոր մը կը հեծնէ ճշմարտութեան եւ արդարութեան համար, եւ կ’երթայ իր թշնամիները նուաճելու։ Անոնց վրայ վերջնական յաղթանակ տանելէ ետք, ան գեղեցիկ հարսի մը հետ կ’ամուսնանայ։ Այս թագաւորը կը յիշուի ու կը փառաբանուի գալիք բոլոր սերունդներուն կողմէ։ Սաղմոս 45–ը այս հետաքրքրաշարժ դէպքերը կը նկարագրէ։

2 45–րդ սաղմոսը սակայն, ուրախ վերջաւորութիւն ունեցող հետաքրքրաշարժ պատմութենէ մը աւելի՛ն է։ Անոր նշած դէպքերը մեզի համար իմաստալից են։ Անոնք մեր կեանքին ե՛ւ ապագային կ’ազդեն։ Ուստի ուշի–ուշով այս սաղմոսը քննարկենք։

«ԻՄ ՍՐՏԷՍ ԲԱՐԻ ԽՕՍՔ ԿԸ ԲՂԽԻ»

3, 4. ա) Ի՞նչ է «բարի խօսք»ը, որուն մասին սաղմոսերգուն գրեց, եւ ինչպէ՞ս մեր սրտին կրնայ ազդել։ բ) Ի՞նչ կերպով մեր ‘շարադրածը թագաւորին համար է’, եւ մեր լեզուն ինչպէ՞ս «արագագիր դպիրին գրչին պէս» կ’ըլլայ։

3 Կարդա՛ Սաղմոս 45։1։ «Բարի խօսք»ը, որ սաղմոսերգուին սրտին կը դպչի եւ անկէ «կը բղխի», թագաւորի մը հետ կապ ունի։ Այս բարի լուրը լսելով, սաղմոսերգուին սիրտը խանդավառութեամբ լեցուեցաւ, իսկ իր լեզուն՝ «արագագիր դպիրին գրչին պէս» եղաւ։

4 Ի՞նչ կարելի է ըսել մեր մասին։ Մեսիական Թագաւորութեան ուրախ լուրը մեր սրտին դպչող բարի խօսք մըն է։ Թագաւորութեան պատգամը մասնաւորաբար «բարի» դարձաւ 1914–ին։ Անկէ ի վեր, պատգամը այլեւս եղած է Թագաւորութեան մը մասին, որ այժմ երկնքի մէջ կ’իշխէ։ Ատիկա ‘Արքայութեան աւետարանն’ է, որ կը քարոզենք «բովանդակ աշխարհի մէջ. . . բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու» (Մատ. 24։14)։ Թագաւորութեան պատգամը մեր սրտէն «կը բղխի»՞։ Թագաւորութեան բարի լուրը նախանձախնդրութեամբ կը քարոզե՞նք։ Սաղմոսերգուին նման, մեր ‘շարադրածը թագաւորին համար է’,– մեր Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոս։ Մենք զինք կը ծանուցանենք որպէս Մեսիական Թագաւորութեան գահակալուած երկնաւոր Թագաւորը։ Ասկէ զատ, բոլորը կը հրաւիրենք,– նոյնիսկ այս աշխարհի կառավարիչները,– որ Յիսուսի Թագաւորութեան ենթարկուին (Սաղ. 2։1, 2, 4-12)։ Իսկ մեր լեզուն «արագագիր դպիրին գրչին պէս» կ’ըլլայ, երբ գրաւոր Խօսքը մեր քարոզչութեան մէջ գործածենք։

Մեր Թագաւորին՝ Յիսուս Քրիստոսի մասին ուրախութեամբ բարի լուր կը ծանուցանենք

ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ‘ՇՐԹՈՒՆՔՆԵՐԷՆ ՇՆՈՐՀՔ ԿԸ ՀՈՍԻ’

5. ա) Յիսուս ի՞նչ կերպերով «գեղեցիկ» էր։ բ) Ինչպէ՞ս անոր ‘շրթունքներէն շնորհք հոսեցաւ’, եւ ինչպէ՞ս կրնանք իր օրինակին հետեւիլ։

5 Կարդա՛ Սաղմոս 45։2։ Սուրբ Գրութիւնները շատ քիչ բան կ’ըսեն Յիսուսի ֆիզիքական տեսքին մասին։ Կատարեալ ըլլալով, անկասկած ան «գեղեցիկ» տեսք ունէր։ Բայց եւ այնպէս, Եհովայի հանդէպ անոր հաւատարմութիւնը եւ հաստատ ուղղամտութիւնը զինք հոյակապ կերպով գեղեցկացուցին։ Ասկէ զատ, Յիսուս Թագաւորութեան պատգամը «շնորհալի» խօսքերով քարոզեց (Ղուկ. 4։22. Յովհ. 7։46)։ Անձամբ կը ջանա՞նք քարոզչութեան մէջ իր օրինակին հետեւիլ եւ մարդոց սրտին դպչող բառեր գործածել (Կող. 4։6

6. Աստուած ինչպէ՞ս Յիսուսը «յաւիտեան» օրհնեց։

6 Յիսուսի սրտագին նուիրումին պատճառաւ, Եհովան զինք օրհնեց իր երկրային ծառայութեան ընթացքին եւ զինք վարձատրեց իր զոհաբերական մահուընէ ետք։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «[Յիսուս] ինքզինք խոնարհեցուց, մինչեւ իսկ մեռնելու յօժարեցաւ ու այն ալ խաչի մահուամբ։ Ասոր համար Աստուած ալ զանիկա խիստ բարձրացուց ու անոր անուն մը տուաւ՝ որ ամէն անունէ վեր է. որպէս զի Յիսուսին անունին ծնրադրեն երկնաւորները ու երկրաւորները ու սանդարամետականները։ Ամէն լեզու դաւանի թէ՝ Յիսուս Քրիստոս Տէր է՝ Հօր Աստուծոյ փառքին համար» (Փլպ. 2։8-11)։ Եհովան Յիսուսը «յաւիտեան» օրհնեց, զինք անմահ կեանքի յարուցանելով (Հռով. 6։9

ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԻՐ «ԸՆԿԵՐՆԵՐ»ԷՆ ԱՒԵԼԻ ՄԵԾ Կ’ԸԼԼԱՅ

7. Աստուած ի՞նչ կերպերով Յիսուսը օծեց իր «ընկերներ»էն աւելի։

7 Կարդա՛ Սաղմոս 45։6, 7։ Քանի որ Յիսուս արդարութիւնը կը սիրէ եւ կ’ատէ որեւէ բան որ իր Հայրը կ’անպատուէ, Եհովան զինք օծեց որպէս Մեսիական Թագաւորութեան Թագաւորը։ Յիսուս «ուրախութեան իւղով» օծուեցաւ իր «ընկերներ»էն աւելի,– Դաւիթի շառաւիղէն եղող Յուդայի թագաւորները։ Ինչպէ՞ս։ Եհովան ի՛նք Յիսուսը օծեց։ Նաեւ, Եհովան զինք օծեց թէ՛ որպէս Թագաւոր եւ թէ որպէս Քահանայապետ (Սաղ. 2։2. Եբ. 5։5, 6)։ Ասկէ զատ, Յիսուս ոչ թէ իւղով օծուեցաւ, այլ՝ սուրբ հոգիով, եւ իր իշխանութիւնը երկրային չէ, այլ՝ երկնային։

8. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Յիսուսի հեղինակութիւնը վաւերական է, իսկ թագաւորութիւնը՝ արդար։

8 1914–ին, երկնքի մէջ, Եհովան իր Որդին Մեսիական Թագաւոր նշանակեց։ ‘Անոր թագաւորութեան գաւազանը ուղղութեան գաւազան է’, ուստի կրնանք վստահ ըլլալ որ անոր իշխանութիւնը միշտ արդար պիտի ըլլայ։ Անոր հեղինակութիւնը վաւերական է, քանի որ Եհովան է անոր իշխանութեան հիմը։ Ասկէ զատ, Յիսուսի աթոռը «յաւիտեանս յաւիտենից» պիտի տեւէ։ Որքա՜ն կը պարծենանք Եհովային ծառայելով՝ այսպիսի զօրեղ Թագաւորի մը իշխանութեան ներքեւ։

ԹԱԳԱՒՈՐԸ ‘ԻՐ ԹՈՒՐԸ ՄԷՋՔԸ ԿԸ ԿԱՊԷ’

9, 10. ա) Յիսուս ե՞րբ իր թուրը մէջքը կապեց եւ ինչպէ՞ս զայն անմիջապէս գործածեց։ բ) Քրիստոս տակաւին ինչպէ՞ս իր թուրը պիտի գործածէ։

9 Կարդա՛ Սաղմոս 45։3։ Եհովան իր Թագաւորին ցուցմունք կու տայ, որ ‘իր թուրը մէջքը կապէ’, այսպէս Յիսուսին հեղինակութիւն տալով՝ որ պատերազմի եւ բնաջնջէ բոլոր անոնք, որոնք Աստուծոյ գերիշխանութեան կը հակառակին (Սաղ. 110։2)։ Քանի որ Քրիստոս անպարտելի Ռազմիկ–Թագաւոր է, իրեն կ’ակնարկուի որպէս՝ «ո՛վ Հզօր»։ Ան իր թուրը իր մէջքը կապեց 1914–ին, եւ Սատանային ու անոր դեւերուն վրայ յաղթանակ տարաւ՝ զանոնք երկնքէն վռնտելով (Յայտ. 12։7-9

10 Ասիկա Թագաւորին յաղթանակին միայն սկիզբն էր։ Ան տակաւին պէտք է իր յաղթանակը ամբողջացնէ (Յայտ. 6։2)։ Եհովան որոշած է Սատանայի աշխարհին իւրաքանչիւր մասը բնաջնջել, եւ Սատանային ու անոր դեւերուն ազդեցութիւնը վերացնել։ Նախ, Մեծ Բաբելոնը՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը, պիտի բնաջնջուի։ Եհովան աշխարհի քաղաքական իշխանները պիտի գործածէ այս չար «պոռնիկը» կործանելու (Յայտ. 17։16, 17)։ Ապա, Քրիստոս ամբողջովին պիտի չքացնէ Սատանայի աշխարհին բոլո՛ր կառավարութիւնները։ Անկէ ետք, Յիսուս,– որ նաեւ կոչուած է՝ «անդունդին հրեշտակը»,– իր յաղթանակը պիտի ամբողջացնէ, Սատանան եւ անոր դեւերը անդունդը նետելով (Յայտ. 9։1, 11. 20։1-3)։ Տեսնենք թէ Սաղմոս 45–ը ինչպէ՛ս այս հետաքրքրաշարժ դէպքերը կանխագուշակեց։

ԹԱԳԱՒՈՐԸ «ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ» ԿԸ ՀԵԾՆԷ

11. Քրիստոս ինչպէ՞ս ‘ճշմարտութեան համար’ կը հեծնէ։

11 Կարդա՛ Սաղմոս 45։4։ Թագաւորը չի պատերազմիր որպէսզի հողամասեր գրաւէ եւ մարդիկ ստրկացնէ։ Ան վեհանձն նպատակակէտեր ունենալով՝ արդար պատերազմ կը մղէ։ Ան «ճշմարտութեան ու հեզութեան եւ արդարութեան համար» կը հեծնէ։ Եհովան միակն է որ իրաւասութիւն ունի տիեզերքին իշխելու։ Ասիկա կարեւորագոյն «ճշմարտութիւն»ն է, որ պէտք է պաշտպանուի։ Երբ Սատանան ըմբոստացաւ, հասկցնել տուաւ թէ Եհովան իշխելու իրաւասութիւն չունի։ Անկէ ի վեր, թէ՛ դեւերը եւ թէ մարդիկ այդ հիմնական ճշմարտութիւնը հարցականի տակ դրած են։ Հիմա է ժամանակը որ Եհովայի օծեալ Թագաւորը պատերազմելու համար հեծնէ եւ փաստէ թէ միա՛յն Եհովան իշխելու իրաւասութիւն ունի։

12. Ի՞նչ կերպով Թագաւորը ‘հեզութեան համար’ կը հեծնէ։

12 Թագաւորը նաեւ ‘հեզութեան համար’ կը հեծնէ։ Աստուծոյ միածին Որդին ըլլալով, ան հեզ եւ իր Հօր հնազանդ ըլլալու մէջ հոյակապ օրինակ հանդիսացած է (Եսա. 50։4, 5. Յովհ. 5։19)։ Թագաւորին բոլոր հաւատարիմ հպատակները պէտք է իր օրինակին հետեւին եւ ամէն բանի մէջ խոնարհաբար Եհովայի գերիշխանութեան ենթարկուին։ Միայն անոնք որոնք ասիկա կ’ընեն, պիտի ապրին Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ (Զաք. 14։16, 17

13. Քրիստոս ինչպէ՞ս «արդարութեան համար» կը հեծնէ։

13 Քրիստոս նաեւ կը հեծնէ «արդարութեան համար»։ Թագաւորին պաշտպանած արդարութիւնը «Աստուծոյ արդարութիւնն» է,– ճիշդի եւ սխալի վերաբերեալ Եհովայի չափանիշները (Հռով. 3։21. Բ. Օր. 32։4)։ Եսային Յիսուս Քրիստոսի մասին կանխագուշակեց. «Ահա թագաւոր մը արդարութեամբ պիտի թագաւորէ» (Եսա. 32։1)։ Իր իշխանութեան ընթացքին, Յիսուս «նոր երկինք» ու «նոր երկիր» պիտի բերէ, «որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի» (Բ. Պետ. 3։13)։ Ասիկա կը նշանակէ թէ նոր աշխարհին մէջ ամէն մարդէ պիտի պահանջուի Եհովայի չափանիշներուն համաձայն ապրիլ (Եսա. 11։1-5

ԹԱԳԱՒՈՐԸ «ԱՀԱՒՈՐ ԲԱՆԵՐ» Կ’ԻՐԱԳՈՐԾԷ

14. Քրիստոսի աջ ձեռքը ինչպէ՞ս «ահաւոր բաներ» պիտի իրագործէ (տե՛ս բացման պատկերը)։

14 Մինչ Թագաւորը յառաջ կ’ընթանայ, իր թուրը մէջքը կապած է (Սաղ. 45։3)։ Ապա, իր աջ ձեռքով թուրը կը քաշէ եւ կը սկսի զայն գործածել։ Սաղմոսերգուն կը մարգարէանայ. «Աջ ձեռքդ ահաւոր բաներ պիտի արձակէ» (Սաղ. 45։4, ԱԾ)։ Երբ Յիսուս Քրիստոս Արմագեդոնին Եհովային դատաստանները ի գործ դնէ, իր թշնամիներուն դէմ «ահաւոր բաներ» պիտի իրագործէ։ Չենք գիտեր թէ ան ի՛նչ կերպով Սատանայի դրութիւնը պիտի կործանէ։ Բայց այս արարքը պիտի սարսափեցնէ երկրագունդի բնակիչները, որոնք Թագաւորին իշխանութեան ենթարկուելու աստուածային ազդարարութեան չեն անսացած (կարդա՛ Սաղմոս 2։11, 12)։ Աշխարհի վերջին վերաբերող իր մարգարէութեան մէջ, Յիսուս ըսաւ թէ «մարդոց սրտերը պիտի նուաղին իրենց վախէն եւ աշխարհի վրայ գալու բաներուն սպասելէն, վասն զի երկնքի զօրութիւնները պիտի շարժին»։ Ան աւելցուց. «Այն ատեն պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ ամպի մէջ եկած զօրութիւնով ու մեծ փառքով» (Ղուկ. 21։26, 27

15, 16. Որո՞նք կը կազմեն Քրիստոսի հետեւող «զօրքերը»։

15 Յայտնութիւն գիրքը կը յայտարարէ «զօրութիւնով ու մեծ փառքով» Թագաւորին գալը՝ Աստուծոյ թշնամիները բնաջնջելու։ Յովհաննէս առաքեալ կ’ըսէ. «Տեսայ երկինքը բացուած եւ ճերմակ ձի մը։ Անոր վրայ հեծնողը Հաւատարիմ ու Ճշմարիտ կը կոչուի։ Արդարութեամբ դատաստան կը տեսնէ ու կը պատերազմի։ Երկնքի մէջ եղող զօրքերը անոր ետեւէն կ’երթային ճերմակ ձիերով, ճերմակ ու մաքուր բեհեզներ հագած։ Անոր բերնէն սրած սուր մը կ’ելլէր, որպէս զի անով ազգերը զարնէ ու ինք երկաթէ գաւազանով պիտի հովուէ զանոնք ու Ամենակալ Աստուծոյ սաստիկ բարկութեանը գինիին հնձանը ինք պիտի կոխէ» (Յայտ. 19։11, 14, 15

16 Որո՞նք պիտի ըլլան Քրիստոսի ռազմակիցները, որոնք երկնային «զօրքերը» կը կազմեն։ Երբ առաջին անգամ Յիսուս իր թուրը մէջքը կապեց, որպէսզի Սատանան եւ անոր դեւերը երկնքէն վռնտէ, իրեն ընկերակցեցան «իր հրեշտակները» (Յայտ. 12։7-9)։ Տրամաբանական է եզրակացնել թէ Արմագեդոն պատերազմին, Քրիստոսի զօրքերը պիտի պարփակեն սուրբ հրեշտակները։ Այս զօրքերուն մէջ ուրիշներ ալ պիտի ըլլա՞ն։ Յիսուս իր օծեալ եղբայրներուն խոստացաւ. «Ան որ կը յաղթէ ու իմ գործերս մինչեւ վերջը կը պահէ, անոր իշխանութիւն պիտի տամ ազգերուն վրայ, (եւ պիտի հովուէ զանոնք երկաթէ գաւազանով։ Անոնք բրուտի ամաններու պէս պիտի փշրուին.) ինչպէս ես ալ իմ Հօրմէս առի» (Յայտ. 2։26-28)։ Ուստի, Քրիստոսի երկնային զօրքերը պիտի պարփակեն նաեւ իր օծեալ եղբայրները, որոնք արդէն իրենց երկնային վարձատրութիւնը ստացած են։ Օծեալ իշխանակիցները իր կողքին պիտի ըլլան, երբ ազգերը երկաթէ գաւազանով հովուելով՝ «ահաւոր բաներ» իրագործէ։

ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԻՐ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ Կ’ԱՄԲՈՂՋԱՑՆԷ

17. ա) Քրիստոսին հեծած ճերմակ ձին ի՞նչ կը ներկայացնէ։ բ) Թուրը եւ աղեղը ի՞նչ կը ներկայացնեն։

17 Կարդա՛ Սաղմոս 45։5։ Յայտնութիւն 6։2–ը կ’ըսէ. «Տեսայ ճերմակ ձի մը, որուն վրայ հեծնողը աղեղ մը ունէր։ Պսակ մը տրուեցաւ անոր։ Անիկա յաղթող էր ու յաղթելու գնաց»։ Ճերմակ ձին կը ներկայացնէ արդար պատերազմ մը, որուն Աստուած կը հաճի (Յայտ. 19։11)։ Թուրէն զատ, Թագաւորը նաեւ աղեղ մը ունի։ Թուրը եւ աղեղը կը ներկայացնեն այն մեթոտները, որոնք Քրիստոս պիտի գործածէ իր թշնամիները կործանելու։

Թռչունները պիտի կանչուին երկրագունդը մաքրելու համար (տե՛ս պարբերութիւն 18)

18. Քրիստոսին «նետերը» ինչպէ՞ս «սուր» պիտի ըլլան։

18 Բանաստեղծական լեզու գործածելով սաղմոսերգուն կը մարգարէանայ, թէ Թագաւորին ‘նետերը սուր են ու իր թշնամիներուն սրտին մէջ մխուած են’ եւ պատճառ կը դառնան, որ ‘ժողովուրդները իր տակը իյնան’։ Կոտորածը աշխարհածաւալ պիտի ըլլայ։ Երեմիայի մարգարէութիւնը կը կանխագուշակէ. «Այն օրը Տէրոջմէ սպաննուածները երկրին մէկ ծայրէն մինչեւ երկրին միւս ծայրը պիտի փռուին» (Եր. 25։33)։ Զուգահեռ մարգարէութիւն մը կը նշէ. «Հրեշտակ մըն ալ տեսայ, որ արեւին մէջ կայներ էր ու մեծ ձայնով աղաղակեց երկնքի մէջ թռչող բոլոր թռչուններուն՝ ըսելով. ‘Եկէք, Աստուծոյ մեծ ընթրիքին հաւաքուեցէ՛ք որպէս զի ուտէք թագաւորներուն մարմինները ու հազարապետներուն մարմինները ու ձիերուն եւ անոնց վրայ հեծնողներուն մարմինները ու ամենուն մարմինները, թէ՛ ազատներուն եւ թէ՛ ծառաներուն, թէ՛ պզտիկներուն եւ թէ՛ մեծերուն’» (Յայտ. 19։17, 18

19. Քրիստոս ինչպէ՞ս պիտի ‘յառաջանայ’ ու իր յաղթանակը ամբողջացնէ։

19 Սատանային չար աշխարհը կործանելէ ետք, Քրիստոս իր ‘վայելչութիւնովը պիտի յառաջանայ’ (Սաղ. 45։4)։ Ան իր յաղթանակը պիտի ամբողջացնէ, Սատանան եւ անոր դեւերը հազար տարի անդունդը նետելով (Յայտ. 20։2, 3)։ Բանսարկուն եւ իր դեւերը անգործունեայ վիճակի մէջ ըլլալով՝ երկրագունդի բնակիչները անոնց ազդեցութենէն զերծ պիտի ըլլան եւ պիտի կարենան իրենց յաղթական ու փառաւոր Թագաւորին լիովին ենթարկուիլ։ Բայց առաջ որ տեսնեն երկրագունդը աստիճանաբար աշխարհածաւալ դրախտի կը վերածուի, անոնք ուրիշ պատճառ մը պիտի ունենան իրենց Թագաւորին եւ անոր երկնաւոր ընկերակիցներուն հետ ուրախանալու։ Այս ուրախ դէպքը պիտի քննարկուի յաջորդ յօդուածին մէջ։