Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Ի՞նչ բանի հիման վրայ առաջին դարու հրեաները Մեսիային ‘կը սպասէին’։

Յովհաննէս Մկրտիչին օրերուն, «ժողովուրդը կը սպասէր [«ակնկալութեան մէջ էր», ԱԾ] եւ ամէնքը իրենց սրտերնուն մէջ կը մտածէին Յովհաննէսին համար՝ թէ ‘Ա՞ս է արդեօք Քրիստոսը’» (Ղուկ. 3։15)։ Ինչո՞ւ հրեաները կ’ակնկալէին որ Մեսիան այդ ժամանակ ի յայտ գար։ Քանի մը պատճառներ կան։

Յիսուսի ծնունդէն ետք, Եհովային հրեշտակը երեւցաւ հովիւներու, որոնք Բեթլեհէմի մօտ՝ դաշտի մէջ իրենց հօտերուն հոգ կը տանէին։ Հրեշտակը ծանուցանեց. «Այսօր Փրկիչ մը ծնաւ Դաւիթին քաղաքին մէջ, որ Օծեալ Տէր է» (Ղուկ. 2։8-11)։ Անկէ ետք, «հրեշտակին հետ երկնային զօրքերու բազմութիւն մը եղաւ, որոնք Աստուած կ’օրհնէին ու կ’ըսէին *. ‘Երկնքի բարձրութեան մէջ Աստուծոյ փառք, երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն’» (Ղուկ. 2։13, 14

Այդ ծանուցումը վստահաբար զօրաւոր ազդեցութիւն ունեցաւ խոնարհ հովիւներուն վրայ։ Անոնք անմիջապէս Բեթլեհէմ ուղղուեցան. եւ երբ գտան Յովսէփն ու Մարիամը մանուկ Յիսուսին հետ, «իմացուցին այն խօսքերը որ այս մանուկին համար իրենց ըսուեցաւ»։ Առ ի արդիւնք, «ամէնքը որ կը լսէին, կը զարմանային այն բաներուն վրայ, որոնք հովիւները իրենց կ’ըսէին» (Ղուկ. 2։17, 18)։ «Ամէնքը որ կը լսէին» արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ, թէ հովիւները Յովսէփէն ու Մարիամէն զատ ուրիշներու ալ խօսեցան։ Ապա, մինչ հովիւները տուն կը վերադառնային, «փառաւորեցին ու օրհնեցին Աստուած այն ամէն բաներուն համար, որոնք լսեցին ու տեսան, ինչպէս իրենց ըսուած էր» (Ղուկ. 2։20)։ Վստահաբար, անոնք Քրիստոսին մասին իրենց լսած ուրախ լուրերը իրենց չպահեցին։

Երբ Մարիամ իր անդրանիկ որդին Երուսաղէմ բերաւ Եհովային ներկայացնելու,– ինչպէս որ Մովսիսական օրէնքը կը պահանջէր,– Աննա մարգարէուհին «Տէրոջը գոհութիւն տուաւ ու անոր վրայով խօսեցաւ այն ամենուն՝ որոնք Երուսաղէմի մէջ փրկութեան կը սպասէին» (Ղուկ. 2։36-38. Ել. 13։12)։ Այսպէս, Մեսիային ի յայտ գալուն լուրը շարունակեց տարածուիլ։

Յետագային, «արեւելքէն մոգեր եկան Երուսաղէմ, ու ըսին. ‘Ո՞ւր տեղ է ան՝ որ Հրեաներուն թագաւոր ծնաւ. վասն զի մենք արեւելքի մէջ անոր աստղը տեսանք ու եկանք անոր երկրպագութիւն ընելու’» (Մատ. 2։1, 2)։ Ասիկա լսելով, Հերովդէս թագաւոր «խռովեցաւ եւ բոլոր Երուսաղէմ իրեն հետ։ Ապա ժողվելով բոլոր քահանայապետները ու ժողովուրդին դպիրները, հարցուց անոնց թէ՝ Քրիստոսը ո՞ւր պիտի ծնանի» (Մատ. 2։3, 4)։ Ուրեմն, շատեր կը լսէին Մեսիային ի յայտ գալուն լուրը *։

Նախապէս մէջբերուած Ղուկաս 3։15–ը ցոյց կու տայ, թէ հրեաներէն ոմանք խորհեցան թէ Յովհաննէս Մկրտիչ Քրիստոսը ըլլալու է։ Բայց, Յովհաննէս այդ հարցման նշանը փարատեց, երբ ըսաւ. «Իմ ետեւէս եկողը ինձմէ զօրաւոր է։ Ես անոր կօշիկները կրելու արժանի չեմ։ Անիկա ձեզ պիտի մկրտէ Սուրբ Հոգիով ու կրակով» (Մատ. 3։11)։ Յովհաննէսի խոնարհ դիտողութիւնը պատճառ դարձաւ որ հրեաները ա՛լ աւելի ակնկալութեամբ սպասեն Մեսիային ի յայտ գալուն։

Կրնա՞յ ըլլալ որ առաջին դարու հրեաները Մեսիային գալուստին ժամանակը հաշուեցին՝ Դանիէլ 9։24-27–ի մէջ արձանագրուած 70 եօթնեակներու մարգարէութեան հիման վրայ։ Թէեւ ասիկա հաւանական է, բայց վստահ չենք կրնար ըլլալ։ Իրողութիւնը այն է թէ Յիսուսի օրերուն, 70 եօթնեակները ինչպէ՛ս հաշուելուն նկատմամբ մարդիկ բազմաթիւ հակասական գաղափարներ ունէին, բայց անոնցմէ ո՛չ մէկը ներդաշնակ է մեր այժմու հասկացողութեան հետ *։

Եսսենացիք, որոնք կը կարծուի թէ անապատին մէջ ապրող հրէական աղանդ մըն էին, սորվեցուցին թէ երկու Մեսիաներ ի յայտ պիտի գային 490 տարուան վերջաւորութեան։ Բայց չենք կրնար վստահ ըլլալ թէ անոնք Դանիէլի մարգարէութիւնը գործածեցին իրենց հաշիւները ընելու։ Նոյնիսկ եթէ պարագան այդպէս ըլլար, դժուար է պատկերացնել որ բազմաթի՛ւ հրեաներ այսպիսի մեկուսացած խումբի մը գաղափարներով պիտի ազդուէին։

Ք.Ե. 2–րդ դարուն, կարգ մը հրեաներ հաւատացին, թէ 70 եօթնեակները սկսան առաջին տաճարին կործանումով (Ք.Ա. 607) եւ վերջ գտան երկրորդ տաճարին կործանումով (Ք.Ե. 70)։ Իսկ ուրիշներ մարգարէութեան կատարումը կապեցին մակաբայեցիներուն ժամանակաշրջանին հետ (Ք.Ա. 2–րդ դար)։ Ուստի, 70 եօթնեակները ինչպէ՛ս հաշուելու նկատմամբ հրեաները միաբան չէին։

Եթէ առաքեալները եւ առաջին դարու քրիստոնեաները 70 եօթնեակներու մարգարէութիւնը ճիշդ հասկցած էին, պիտի ակնկալէինք որ անոնք այս մարգարէութիւնը նշած ըլլային որպէս փաստ թէ Յիսուս Քրիստոս Մեսիան էր եւ թէ ան որոշուած ժամանակի՛ն ի յայտ եկած էր։ Բայց ապացոյց մը չկայ թէ նախկին քրիստոնեաները այդպէս ըրին։

Ուրիշ ազդակ մըն ալ ուշադրութեան արժանի է։ Աւետարանագիրները յաճախ մատնանշեցին, թէ Եբրայերէն Գրութիւններու որոշ մարգարէութիւններ Յիսուս Քրիստոսի վրայ կատարուեցան (Մատ. 1։22, 23. 2։13-15. 4։13-16)։ Բայց անոնցմէ ո՛չ ոք երկրի վրայ Յիսուսի ի յայտ գալը կը կապէ 70 եօթնեակներու մարգարէութեան հետ։

Առ ի ամփոփում. չենք կրնար հաստատել թէ Յիսուսի օրերուն մարդիկ 70 եօթնեակներու մարգարէութիւնը ճշգրիտ կերպով հասկցած էին։ Միւս կողմէ, Աւետարանները ա՛յլ վաւերական պատճառներ կու տան, թէ մարդիկ ինչո՛ւ Մեսիային ‘կը սպասէին’։

^ պարբ. 4 Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ Յիսուսի ծնունդին ժամանակ հրեշտակները «կ’երգէին»։

^ պարբ. 7 Արդեօք մոգերը ինչպէ՞ս կապեցին Արեւելքին մէջ «աստղ»ին երեւնալը ‘Հրեաներուն թագաւոր ծնելուն’ հետ։ Կրնա՞յ ըլլալ որ անոնք Յիսուսի ծնունդին լուրը առին, մինչ Իսրայէլի մէջ կը ճամբորդէին։

^ պարբ. 9 70 եօթնեակներու մարգարէութեան նկատմամբ մեր այժմու հասկացողութիւնը գիտնալու համար, տե՛ս Ուշադրութիւն ընծայեցէ՛ք Դանիէլի մարգարէութեան գիրքը, գլուխ 11։