Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԵՐ ԱՐԽԻՒԷՆ

«Ստեղծագործութեան պատկերատրամ»ին 100–ամեակը

«Ստեղծագործութեան պատկերատրամ»ին 100–ամեակը

«Ան Եղբայր Ռասըլէն աւելի՛ իրական կը թուէր» («Պատկերատրամ»ի դիտորդ, 1914)։

ԱՅՍ տարին կը նշէ «Ստեղծագործութեան պատկերատրամը» առաջին անգամ ցուցադրուելուն 100–ամեակը։ Անիկա տեսողական ներկայացում էր, որ ծրագրուած էր հաւատք կերտելու Սուրբ Գիրքին հանդէպ որպէս Աստուծոյ Խօսքը։ Երբ բարեշրջութիւնը, բարձրակարգ քննախօսութիւնը եւ սկեպտիկութիւնը շատերու հաւատքը կը մաշեցնէին, «Պատկերատրամ»ը ցցուն ըրաւ Եհովան որպէս Ստեղծիչ։

Չարլզ Թ. Ռասըլ, որ Աստուածաշունչի Աշակերտներուն մէջ առաջնորդութիւնը կ’առնէր, յարատեւաբար կը փնտռէր Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ամէնուրեք տարածելու ամէնէն ազդու եւ արագ միջոցները։ Աստուածաշունչի Աշակերտները արդէն աւելի քան երեք տասնամեակներէ ի վեր տպուած էջը կը գործածէին։ Այժմ նոր միջոց մը անոնց ուշադրութիւնը գրաւեց. շարժապատկերներ։

ԱՒԵՏԱՐԱՆԸ ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐՆԵՐՈՒ ՄԻՋՈՑԱՒ ՏԱՐԱԾԵԼ

1890–ական թուականներուն, անձայն շարժապատկերը հանրութեան ներկայացուեցաւ։ 1903–ին, Նիւ Եորք Սիթիի մէկ եկեղեցիին մէջ կրօնական ֆիլմ մը ցուցադրուեցաւ։ Ուստի, շարժապատկերներու ճարտարարուեստը դեռ նոր ծնունդ առած էր, երբ 1912–ին Ռասըլ համարձակօրէն սկսաւ «Պատկերատրամ»ին պատրաստութիւնները տեսնել։ Ան գիտակցեցաւ թէ այս միջոցը Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը պիտի փոխանցէր այնպիսի՛ կերպով մը, որ տպուած էջը առանձին չէր կրնար փոխանցել։

Ութ ժամ տեւող «Պատկերատրամ»ի ներկայացումը, որ յաճախ չորս մասերով կը ցուցադրուէր, ունէր 96 հակիրճ դասախօսութիւններ, որոնք կը ներկայացուէին համբաւաւոր խօսնակի մը ձայնով։ Բազմաթիւ պատկերներու կ’ընկերակցէր դասական երաժշտութիւն։ Ձիրքեր ունեցող եղբայրներ ձայնագրութիւնները ֆոնոկրաֆի վրայ այնպէս մը կ’աշխատցնէին, որ ձայնը, գունաւոր սահիկները եւ աստուածաշնչական պատմութիւններու խաղարկութիւնները համապատասխան ընթանան։

«Անիկա լման պատկերը տուաւ. աստղերու ստեղծագործութենէն մինչեւ Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան փառաւոր գագաթնակէտը» (Ֆ. Սթուըրդ Պարնզ, 14 տարեկան՝ 1914–ին)։

Առեւտրական արուեստանոցները ապահովեցին ֆիլմերուն եւ ապակեայ սահիկներուն մեծամասնութիւնը։ Ֆիլատելֆիայէն, Նիւ Եորքէն, Փարիզէն եւ Լոնտոնէն գեղարուեստագէտներ ձեռքով ներկեցին ապակեայ սահիկները եւ ֆիլմերը՝ նկար առ նկար։ Բեթէլի Գեղարուեստի բաժանմունքը նաեւ սահիկներ ներկեց եւ կոտրուած սահիկներուն համար նորեր պատրաստեց։ Գնուած ֆիլմերուն կողքին, բեթէլականներ նկարահանուեցան մօտակայ Եանքըրզի մէջ, Նիւ Եորք, առնելով Աբրահամին, Իսահակին եւ հրեշտակին դերը (Ծն. 22։9-12

Մարզուած հմուտ եղբայրներ ճշգրիտ ժամանակաւորումով համակարգեցին 3,2 քմ. ֆիլմի, 26 ձայնապնակներու եւ շուրջ 500 ապակեայ սահիկներու ներկայացումը

Եղբայր Ռասըլին մէկ ընկերակիցը մամուլին ըսաւ, թէ հաղորդակցութեան այս միջոցը պատճառ պիտի դառնար, որ «անհամար հազարաւորներ հետաքրքրուին Սուրբ Գրութիւններով, գերազանցելով որեւէ աշխատանք որ անցեալին տարուեցաւ կրօնական յառաջդիմութեան համար»։ Արդեօք կղերները գովեցի՞ն հոգեւորապէս անօթի բազմութիւններուն հասնելու այս նոր միջոցը։ Ո՛չ։ Ընդհակառակը, քրիստոնէական աշխարհի կղերները որպէս ամբողջութիւն դատապարտեցին «Պատկերատրամ»ը։ Ոմանք նոյնիսկ խորամանկ եւ անվայել ռազմավարութեան դիմեցին, որպէսզի ժողովուրդը արգիլեն զայն դիտելէ։ Վայրի մը մէջ, քահանաներու միութիւն մը ելեկտրականութիւնը կտրեց։

Տեղական ժողովքներէ հիւրընկալներ ձրիաբար միլիոնաւորներու յանձնեցին «Պատկերատրամ»ին պատկերազարդ գրքոյկը

Ներկաները նաեւ ստացան տղեկ Յիսուսի պատկերը կրող «Խաղաղութիւն» զարդասեղը, որ իրենց պիտի յիշեցնէր «խաղաղութեան որդի» ըլլալ

Բայց եւ այնպէս, թատերասրահները լեցուեցան ներկաներով, որոնք եկան ձրիաբար ցուցադրուած «Պատկերատրամ»ը դիտելու։ ԱՄՆ–ի մէջ, մօտ 80 քաղաքներ իւրաքանչիւր օր «Պատկերատրամ»ը աշխատցուցին։ Դիտորդներէն շատեր իրենց առաջին ‘խօսող ֆիլմը’ կը տեսնէին։ Ետեւ–ետեւի արագօրէն ցուցադրուող լուսապատկերները կարելի դարձուցին, որ անոնք դիտեն ինչպէ՛ս ճուտիկ մը իր հաւկիթէն կ’ելլէ եւ ծաղիկ մը գեղեցիկ կերպով կը ծաղկի։ Գիտական տեղեկութիւններ բովանդակող նկարները ընդգծեցին Եհովայի հոյակապ իմաստութիւնը։ Ինչպէս որ յօդուածին սկիզբը նշուած է, դիտորդ մը երբ տեսաւ Եղբայր Ռասըլը պաստառին վրայ՝ «Պատկերատրամ»ին բացումը կը ներկայացնէ, ըսաւ. «Ան Եղբայր Ռասըլէն աւելի՛ իրական կը թուէր»։

ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

11 յունուար 1914–ին, «Պատկերատրամ»ը առաջին անգամ ցուցադրուեցաւ Նիւ Եորք քաղաքի այս թատերասրահին մէջ, որուն սեփականատէրը Աստուածաշունչի միջազգային աշակերտներու ընկերութիւնն էր

Հեղինակ եւ պատմաբան Թիմ Տըրքս նկարագրեց «Պատկերատրամ»ը որպէս «առաջին հսկայ ֆիլմը, որ միացուց ձայն (արձանագրուած խօսակցութիւն), խաղարկութիւն եւ գունաւոր սահիկներ»։ «Պատկերատրամ»ին նախորդող ֆիլմեր այս մեթոտներէն ոմանք գործածած էին, սակայն ո՛չ բոլորը մէկ ներկայացումի մէջ, մանաւանդ Աստուածաշունչի բնաբանով ներկայացում մը։ Եւ ո՛չ մէկ ֆիլմ ունէր ա՛յսքան դիտորդներ. միայն առաջին տարուան մէջ շուրջ 9 միլիոն՝ Հիւսիսային Ամերիկայի, Եւրոպայի, Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի մէջ։

«Պատկերատրամ»ը առաջին անգամ ցուցադրուեցաւ 11 յունուար 1914–ին, Նիւ Եորք քաղաքին մէջ։ Անկէ եօթը ամիս ետք Ա. Աշխարհամարտը պայթեցաւ։ Բայց եւ այնպէս, աշխարհի տարածքին բազմութիւններ շարունակեցին մէկտեղ հաւաքուիլ «Պատկերատրամ»ը դիտելու, որպէսզի մխիթարուին Թագաւորութեան բերելիք օրհնութիւններուն վառ պատկերները տեսնելով։ 1914 տարուան համար, «Պատկերատրամ»ը իսկապէս աչքառու ներկայացում մըն էր։

Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, 20 «Պատկերատրամ» գործածուեցան