Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Անհաւատ ազգականներու սրտին հասնիլ

Անհաւատ ազգականներու սրտին հասնիլ

ԵՐԲ Յիսուս Քրիստոս հաւանաբար Գերգեսայի մէջ էր,– Գալիլիայի ծովուն հարաւ–արեւելքը,– իր հետեւորդը դառնալ ուզող տղամարդու մը ըսաւ. «Գնա քու տունդ, քու ընտանիքիդ ու պատմէ թէ Տէրը ինչպէս ողորմեցաւ քեզի»։ Այսպէս, Յիսուս ցոյց տուաւ, թէ կը հասկնար որ մարդ արարածը կը ցանկայ հետաքրքրական եւ կարեւոր հարցեր ազգականներու հետ բաժնել (Մար. 5։19

Յաճախ այդ յատկութիւնը ներկայիս կը տեսնենք, թէեւ կարգ մը մշակոյթներու մէջ աւելի ցցուն է։ Երբ անհատ մը ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովայի՝ երկրպագու դառնայ, յաճախ կ’ուզէ իր նոր հաւատքը իր ազգականներուն հետ բաժնել։ Բայց ինչպէ՞ս պէտք է սկսի։ Ինչպէ՞ս կրնայ իր ազգականներուն սրտին հասնիլ, որոնք տարբեր կրօնքի կը պատկանին կամ բոլորովին հաւատք չունին։ Աստուածաշունչը դրական եւ իրապաշտ խրատներ կու տայ։

«ԳՏԱՆՔ ՄԵՍԻԱՆ»

Առաջին դարուն, Անդրէաս առաջիններէն էր որոնք Յիսուսը զատորոշեցին որպէս Մեսիան։ Եւ ան անմիջապէս որո՞ւն պատմեց այս լուրը։ «[Անդրէաս] նախ իր Սիմոն եղբայրը կը գտնէ եւ կ’ըսէ անոր. ‘Գտանք Մեսիան’, որ Քրիստոս կը թարգմանուի»։ Անդրէաս Պետրոսը Յիսուսի ծանօթացուց, եւ այսպիսով Պետրոս Յիսուսին աշակերտը դառնալու պատեհութիւնը ունեցաւ (Յովհ. 1։35-42

Շուրջ վեց տարի ետք, երբ Յոպպէի մէջ էր, Պետրոսէ խնդրուեցաւ դէպի հիւսիս՝ Կեսարիա ճամբորդել, հարիւրապետ Կոռնելիոսի տունը այցելելու։ Պետրոս որո՞նց հաւաքուած գտաւ անոր տան մէջ։ «Կոռնելիոս ալ իր ազգականները եւ մտերիմ բարեկամները կանչած՝ անոնց [Պետրոսին եւ անոր ճամբորդակիցներուն] կը սպասէր»։ Այսպէս, Կոռնելիոս իր ազգականներուն առջեւ դուռ բացաւ Պետրոսին ըսածները լսելու, եւ ըստ այնմ որոշում կայացնելու (Գործք 10։22-33

Իրենց ազգականներուն հանդէպ Անդրէասի եւ Կոռնելիոսի վերաբերմունքէն ի՞նչ կը սորվինք։

Ո՛չ Անդրէաս, ոչ ալ Կոռնելիոս հարցերը դիպուածի ձգեցին։ Անդրէաս անձամբ Պետրոսը Յիսուսի ծանօթացուց, իսկ Կոռնելիոս կարգադրութիւններ ըրաւ որ իր ազգականները Պետրոսի ըսելիքները լսեն։ Բայց թէ՛ Անդրէաս եւ թէ Կոռնելիոս իրենց ազգականները ճնշումի տակ չդրին, ոչ ալ խորամանկութեամբ զիրենք մղեցին Քրիստոսի հետեւորդները դառնալու։ Ասկէ ի՞նչ դաս կը քաղենք։ Լաւ կ’ըլլայ որ համանման կերպով վարուինք։ Կրնայ ըլլալ որ կարենանք կարգ մը գաղափարներ բաժնել մեր ազգականներուն հետ եւ պատեհութիւններ ստեղծել, որ անոնք Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները լսեն եւ մեր հաւատակիցներուն ծանօթանան։ Բայց անոնց ընտրելու ազատութիւնը կը յարգենք եւ անտեղի ճնշում բանեցնելէ կը խուսափինք։ Լուսաբանելու համար թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր ազգականներուն օգնել, նկատի առ Գերմանիոյ մէջ ապրող ամուսնացած զոյգի մը՝ Եուրկընի եւ Փեթրայի օրինակը։

Փեթրան Աստուածաշունչը ուսումնասիրեց Եհովայի վկաներուն հետ եւ մկրտուեցաւ։ Իր ամուսինը՝ Եուրկընը սպայ էր։ Սկիզբը, ան իր կնոջ որոշումով ուրախ չէր։ Բայց ժամանակի ընթացքին, ան գիտակցեցաւ թէ Վկաները Աստուածաշունչէն ճշմարտութիւնը կը քարոզեն։ Ինք եւս իր կեանքը Եհովայի նուիրեց եւ այժմ տեղական ժողովքին մէջ որպէս երէց կը ծառայէ։ Ճշմարտութիւնը տարբեր հաւատալիքներ ունեցող ազգականի մը սրտին հասցնելու առնչութեամբ, ան ի՞նչ կը խրատէ։

Եուրկըն կ’ըսէ. «Պէտք չէ հարցը պարտադրենք եւ հոգեւոր նիւթեր տեղացնենք մեր ազգականներուն վրայ։ Ասիկա կրնայ դիւրաւ անոնց ընդդիմութիւնը ամրացնել։ Ժամանակի ընթացքին, լաւ կ’ըլլայ փափկանկատօրէն հոգեւոր նիւթեր ‘սրսկենք’։ Նաեւ, գործնական է որ ազգականները ծանօթանան իրենց տարիքի պատկանող Վկաներուն, որոնք համանման հետաքրքրութիւններ ունին։ Այսպիսով, աւելի դիւրին կ’ըլլայ անոնց օգնել»։

«Պէտք չէ հարցը պարտադրենք եւ հոգեւոր նիւթեր տեղացնենք մեր ազգականներուն վրայ» (Եուրկըն)։

Պետրոս եւ Կոռնելիոսի ազգականները շուտով Աստուածաշունչի պատգամին ընդառաջեցին։ Ուրիշներ, որոնք առաջին դարուն ճշմարտութիւնը լսեցին, որոշում կայացնելու համար աւելի ժամանակ առին։

ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ

Յիսուսին կարգ մը ազգականները իր հանրային ծառայութեան ընթացքին իրեն հաւատացին։ Օրինակ, այնպէս կը թուի թէ Յակոբոս եւ Յովհաննէս առաքեալները Յիսուսի զարմիկներն էին, իսկ իրենց մայրը՝ Սողովմէն՝ իր մօրաքոյրն էր։ Կրնայ ըլլալ որ Սողովմէն այն կիներէն մէկն էր, «որոնք իրենց ստացուածքովը [Յիսուսի] ծառայութիւն կ’ընէին» (Ղուկ. 8։1-3

Յիսուսի ընտանիքին միւս անդամները սակայն իրեն անմիջապէս չհաւատացին։ Օրինակ, Յիսուսի մկրտութենէն աւելի քան տարի մը ետք, մարդիկ տան մը մէջ հաւաքուեցան իրեն մտիկ ընելու։ «Երբ իրենները լսեցին, ելան որ զինք բռնեն. քանզի կ’ըսէին. ‘Խելռած է’»։ Ժամանակ մը ետք, երբ իր խորթ եղբայրները իր ճամբորդութեան ծրագրին մասին հարց կու տային, Յիսուս իրենց ուղղակի պատասխան չտուաւ։ Ինչո՞ւ։ «Քանզի իր եղբայրներն ալ չէին հաւատար իրեն» (Մար. 3։21. Յովհ. 7։5

Իր ազգականներուն հանդէպ Յիսուսի վերաբերմունքէն ի՞նչ դաս կրնանք քաղել։ Ան չվիրաւորուեցաւ, երբ ոմանք դաւանեցան թէ խելռած է։ Նոյնիսկ իր մահապատիժէն եւ յարութենէն ետք, Յիսուս յաւելեալ քաջալերութիւն տուաւ իր ազգականներուն, երբ երեւցաւ իր խորթ եղբօր՝ Յակոբոսի։ Այնպէս կը թուի թէ ասիկա ոչ միայն Յակոբոսը համոզեց թէ Յիսուս ի՛րապէս Մեսիան էր, այլեւ՝ Յիսուսին միւս խորթ եղբայրները։ Այսպիսով, անոնք առաքեալներուն եւ ուրիշներուն հետ էին Երուսաղէմի մէկ վերնատան մէջ եւ բացայայտօրէն սուրբ հոգին ստացան։ Ժամանակի ընթացքին, Յակոբոսն ու Յուդան,– Յիսուսի միւս խորթ եղբայրը,– հոյակապ առանձնաշնորհումներ վայելեցին (Գործք 1։12-14. 2։1-4. Ա. Կոր. 15։7

ՈՄԱՆՔ ԺԱՄԱՆԱԿ Կ’ՈՒԶԵՆ

«Համբերութեա՜մբ շատ բան կ’իրագործուի» (Ռոզվիթա)։

Ինչպէս առաջին դարուն, այսօր եւս կարգ մը ազգականներ բաւական ժամանակ կ’ուզեն մինչեւ որ կեանքի տանող ճամբան ընտրեն։ Նկատի առ զոր օրինակ Ռոզվիթան, որ թունդ կաթողիկէ մըն էր երբ իր ամուսինը 1978–ին որպէս Եհովայի վկայ մկրտուեցաւ։ Իր հաւատալիքներուն կառչած մնալով, Ռոզվիթան սկիզբը իր ամուսինին հակառակեցաւ։ Բայց տարիներու ընթացքին, իր հակառակութիւնը թեթեւցաւ ու սկսաւ նշմարել թէ Վկաները ճշմարտութիւնը կը սորվեցնեն։ Եւ 2003–ին, մկրտուեցաւ։ Ի՞նչը այս փոփոխութեան նպաստեց։ Սկզբնական հակառակութենէն վիրաւորուելու տեղ, ամուսինը ճամբան հարթեց որպէսզի ան իր տեսակէտը փոխէ։ Ռոզվիթան ի՞նչ խրատ կու տայ։ «Համբերութեա՜մբ շատ բան կ’իրագործուի»։

1974–ին, Մոնիքան մկրտուեցաւ, իսկ իր երկու տղաները Վկաներ դարձան շուրջ 10 տարի ետք։ Թէեւ իր ամուսինը՝ Հանս՝ բնաւ իրենց հաւատալիքներուն չհակառակեցաւ, բայց 2006–ին էր որ մկրտուեցաւ։ Փորձառաբար, ընտանիքը ի՞նչ կը խրատէ։ «Լիովին Եհովային կառչէ եւ հաւատքի հարցերուն մէջ զիջումներ մի՛ ըներ»։ Անշուշտ, կարեւոր էր յարատեւաբար Հանսը հաւաստիացնել թէ սիրուած է։ Իսկ Մոնիքան եւ իր տղաքը իրենց յոյսը բնաւ չկտրեցին, թէ ի վերջոյ Հանս իրենց հաւատքը պիտի ընդունէր։

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՋՈՒՐՈՎ ԹԱՐՄԱՑԱԾ

Առիթով մը, Յիսուս ճշմարտութեան պատգամը նկարագրեց որպէս յաւիտենական կեանք տուող ջուր (Յովհ. 4։13, 14)։ Մենք կ’ուզենք որ մեր ազգականները ճշմարտութեան պաղ ու մաքուր ջուրը խմելով՝ թարմանան։ Վստահաբար, չենք ուզեր որ խեղդուին՝ կարծես դոյլով անոնց արագ–արագ ջուր խմցնելով։ Թարմանալը կամ խեղդուիլը մեծապէս կախեալ է մեր հաւատքը բացատրելու կերպէն։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ «արդարին սիրտը տրուելիք պատասխանին վրայ կը մտածէ» եւ թէ «իմաստունին սիրտը իր բերնին իմաստութիւն կու տայ ու իր շրթունքներուն գիտութիւնը կ’աւելցնէ» (Առ. 15։28. 16։23)։ Ինչպէ՞ս կրնանք այս խրատը կիրարկել։

Կին մը որ կը փափաքի իր հաւատքը ամուսինին բացատրել, պէտք է իր տալիք ‘պատասխանին վրայ մտածէ’, ուշի–ուշով բառերը ընտրէ եւ աճապարանքով չխօսի։ Ան ինքնարդար կամ գերադաս ըլլալու տպաւորութիւն ալ պէտք չէ տայ։ Իր լաւ–մտածուած խօսակցութիւնը կրնայ թարմացուցիչ ըլլալ եւ խաղաղութիւն յառաջ մղել։ Իր ամուսինը ե՞րբ հանդարտ եւ դիւրամերձ է։ Ո՞ր նիւթերուն մասին կը սիրէ խօսիլ կամ կարդալ։ Արդեօք ան գիտութեա՞մբ, քաղաքականութեա՞մբ թէ ոչ մարմնամարզանքով հետաքրքրուած է։ Կինը ինչպէ՞ս կրնայ Աստուածաշունչին հանդէպ ամուսինին հետաքրքրութիւնը արթնցնել, բայց միեւնոյն ատեն անոր զգացումները եւ կարծիքները յարգել։ Ասոնց մասին մտածելը կնոջ պիտի օգնէ, որ խորատեսութեամբ խօսի եւ գործէ։

Ընտանիքի ոչ–Վկայ անդամներուն սրտին հասնելու համար, չափաւոր կերպով մեր հաւատքը բացատրելը բաւարար չէ։ Մեր վարքը պէտք է աջակցի մեր խօսքին։

ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ՎԱՐՔ

Վերոնշեալ Եուրկըն կը բացատրէ. «Յարատեւեցէ՛ք Սուրբ Գիրքի սկզբունքները ձեր առօրեայ կեանքին մէջ կիրարկել։ Ասիկա շատ ազդու կերպ է որ ազգական մը նշմարէ ձեր վարքը, թէեւ զայս չխոստովանի»։ Հանս, որ իր կնոջմէն շուրջ 30 տարի ետք մկրտուեցաւ, Եուրկընի հետ համամիտ գտնուելով՝ կ’ըսէ. «Օրինակելի քրիստոնէական վարքը կարեւոր է, որպէսզի ազգականը ճշմարտութեան դրական ազդեցութիւնը մեր կեանքին մէջ տեսնէ»։ Մեր ազգականները պէտք է կարենան տեսնել թէ մեր հաւատքը դրակա՛ն կերպով մեզ ուրիշներէն կը զատորոշէ։

«Օրինակելի քրիստոնէական վարքը կարեւոր է, որպէսզի ազգականը ճշմարտութեան դրական ազդեցութիւնը մեր կեանքին մէջ տեսնէ» (Հանս)։

Պետրոս առաքեալ արժէքաւոր խրատ տուաւ այն կիներուն, որոնց ամուսինները իրենց հաւատքը չեն բաժներ. «Կիները հնազանդ պէտք է ըլլան իրենց այրերուն, որպէս զի եթէ ոմանք խօսքին հնազանդ չըլլան ալ, առանց խօսքի շահուին իրենց կիներուն վարուելակերպովը՝ տեսնելով անոնց երկիւղած եւ պարկեշտ վարքը։ Ձեր զարդարանքը թող չըլլայ դրսէն մազերու հիւսուածքներով եւ ոսկիներու շարքերով կամ շքեղ հանդերձներ հագնելով, հապա սրտին ծածուկ մարդը անեղծութիւնով հեզ ու հանդարտ հոգիին զարդը թող ըլլայ, որ Աստուծոյ առջեւ խիստ պատուական է» (Ա. Պետ. 3։1-4

Այսպէս Պետրոս նշեց, թէ ամուսին մը կրնայ իր կնոջ օրինակելի վարքով դրականօրէն ազդուիլ։ Ասիկա ի մտի ունենալով, Քրիսթա անունով քոյր մը որ 1972–ին մկրտուեցաւ, ջանացած է իր վարքով իր ամուսինին սրտին դպչիլ։ Թէեւ ամուսինը ժամանակ մը Վկաներուն հետ սերտեց, բայց տակաւին ճշմարտութիւնը չէ իւրացուցած։ Ան կարգ մը ժողովներու գացած է եւ ժողովքի անդամներուն հետ լաւ փոխյարաբերութիւն կը վայելէ։ Իրենց կարգին, անոնք իր ընտրելու իրաւունքը կը յարգեն։ Քրիսթան ինչպէ՞ս կը փորձէ անոր սրտին հասնիլ։

«Վճռած եմ Եհովային ճամբուն մէջ մնալ։ Միեւնոյն ժամանակ, կը ջանամ ամուսինս շահիլ ‘առանց խօսքի’՝ իմ լաւ վարքովս։ Երբ Աստուածաշունչի սկզբունքները բեկանելու վտանգ չկայ, իմ ամէն կարելիս կ’ընեմ իրեն ենթարկուելու։ Եւ անշուշտ իր ազատ կամքը կը յարգեմ եւ հարցը Եհովային ձեռքը կը ձգեմ»։

Քրիսթային ընթացքը ցցուն կ’ընէ դիւրաթեք ըլլալու արժէքը։ Ան հոգեւոր շինիչ սովորամոլութիւն մը ունի, ներառեալ՝ ժողովներու կանոնաւոր ներկայութիւն եւ ծառայութեան մէջ իմաստալից բաժին բերել։ Բայց ան հասկացողութիւն կը ցուցաբերէ, գիտակցելով որ իր կողակիցին իրաւունքն է սէր, ժամանակ եւ ուշադրութիւն պահանջել։ Անհաւատ ազգականներու հետ մեր գործառնութեանց մէջ դիւրաթեք եւ հասկցող ըլլալը իմաստութիւն է։ «Ամէն բանի ատենը կայ», կը բացատրէ Աստուածաշունչը։ Ասիկա կը նշանակէ ժամանակ անցընել ընտանիքի անհաւատ անդամներուն, մանաւանդ կողակիցին հետ, քանի որ այսպիսով հաղորդակցութիւն կ’ըլլայ։ Փորձառութիւնը ցոյց տուած է, թէ լաւ հաղորդակցութիւնը կ’օգնէ որ մենակութեան, անտեսուելու կամ նախանձի զգացումներ չըլլան (Ժող. 3։1

ԲՆԱՒ ՅՈՅՍԴ ՄԻ՛ ԿՏՐԵՐ

«Կարեւոր է ցոյց տալ թէ մենք մեր ընտանիքի անդամը կը սիրենք եւ իրեն համար կ’աղօթենք», կ’ըսէ Հոլկըր, որուն հայրը ընտանիքի միւս անդամներէն 20 տարի ետք մկրտուեցաւ։ Քրիսթան կ’աւելցնէ, թէ ‘բնաւ իր յոյսը պիտի չկտրէ, թէ իր ամուսինը ի վերջոյ Եհովային կողքին դիրք պիտի բռնէ եւ ճշմարտութիւնը ընդունի’։ Մեր հաւատքը չբաժնող ազգականներուն հանդէպ մեր կեցուածքը պէտք է միշտ դրական եւ յոյսով յատկանշուած ըլլայ։

Մեր նպատակակէտն է՝ մեր փոխյարաբերութիւնները անվնաս պահել, որպէսզի մեր ազգականներուն պատեհութիւն տանք որ ճշմարտութեան ծանօթանան եւ Աստուածաշունչի պատգամը իրենց սրտին դպչի։ Ամէն բանի մէջ պէտք է «հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ» վարուինք (Ա. Պետ. 3։15