Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ընտանեկան պաշտամունքը կրնա՞ս աւելի հաճոյալի դարձնել

Ընտանեկան պաշտամունքը կրնա՞ս աւելի հաճոյալի դարձնել

«Ընտանեկան պաշտամունքին ընթացքին, հետաքրքրաշարժ քննարկութիւններով ա՛յնքան տարուած կ’ըլլանք, որ յաճախ մինչեւ ուշ ժամեր կը տեւէ, եթէ զայն չեզրափակեմ», կ’ըսէ Պրազիլի մէջ ապրող հայր մը։ Ճափոնի մէջ հայր մը կ’ըսէ, թէ իր տասը տարեկան տղեկը ժամանակը չի զգար եւ կ’ուզէ շարունակել։ Ինչո՞ւ։ «Ան ոգեւորուած կ’ըլլայ եւ ասիկա իր ուրախութեան կը նպաստէ», կը բացատրէ հայրը։

Անշուշտ, ո՛չ բոլոր զաւակները ա՛յսքան խանդավառ կ’ըլլան։ Իրականութեան մէջ, ոմանք թերեւս ընտանեկան պաշտամունքը բնաւ հաճոյալի բան չսեպեն։ Բայց ինչո՞ւ։ Թօկոյի մէջ հայր մը կ’ըսէ. «Եհովային պաշտամունքը պէտք չէ ձանձրացուցիչ ըլլայ»։ Եթէ պարագան այդպէս է, ուրեմն հարկ է որ ընտանեկան պաշտամունքը վարելու կերպին մէջ փոփոխութիւններ մտցուին։ Բազմաթիւ ընտանիքներ նկատած են, թէ ընտանեկան պաշտամունքը կրնայ «զուարճութիւն» ըլլալ (Եսա. 58։13, 14

Քրիստոնեայ հայրը կը գիտակցի, թէ որպէսզի ընտանիքը ընտանեկան պաշտամունքին ընթացքին ուրախանայ, հանդարտ մթնոլորտ պէտք է տիրէ։ Ռալֆ, որ երեք աղջիկ ու մէկ տղայ ունի, կ’ըսէ թէ իրենց ընտանեկան պաշտամունքը անպաշտօն խօսակցութիւն է, որուն մէջ բոլորը պարփակուած են։ Արդարեւ, նիւթը բոլորին համար հետաքրքրաշարժ դարձնելը եւ բոլորը պարփակելը մարտահրաւէր մըն է։ Մայր մը կը խոստովանի. «Միշտ կորով չունիմ որ ընտանեկան պաշտամունքը ուզածիս պէս հաճոյալի դարձնեմ»։ Կրնա՞ս այս մարտահրաւէրին հետ գլուխ ելլել։

ԴԻՒՐԱԹԵՔ ԸԼԼԱԼ ԵՒ ԲԱԶՄԱԶԱՆ ՆԻՒԹԵՐ ՔՆՆԱՐԿԵԼ

«Պէտք է դիւրաթեք ըլլանք», ըսաւ Գերմանիոյ մէջ ապրող երկու զաւակի տէր հայր մը։ «Մեր ընտանիքին համար ամէնէն կարեւոր բանն է՝ բազմազան նիւթեր նկատի առնել», ըսաւ Նըթալիա, որ երկու աղջնակներու մայր է։ Բազմաթիւ ընտանիքներ իրենց ընտանեկան պաշտամունքը կը բաժնեն քանի մը մասերու։ «Ասիկա ուսումնասիրութիւնը աւելի եռանդուն կը դարձնէ եւ կը մղէ բոլորը որ մասնակցին», կը բացատրէ Քլեթոն, Պրազիլի մէջ երկու պատանուհիներ ունեցող հայր մը։ Ուսումնասիրութեան ժամանակը բաժնելով, ծնողները կրնան ուշադրութիւն ընծայել իւրաքանչիւր զաւակի կարիքներուն, եթէ տարիքի մեծ տարբերութիւն կայ։ Ծնողները կրնան նաեւ դիւրաթեք ըլլալ, մինչ կ’որոշեն ի՛նչ հրատարակութիւններ ուսումնասիրել եւ ինչպէ՛ս։

Ընտանեկան պաշտամունքին մէջ զանազանութիւն մտցնելու համար, կարգ մը ընտանիքներ ի՞նչ կ’ընեն։ Ոմանք իրենց ընտանեկան պաշտամունքը կը սկսին Եհովային գովերգելով։ «Ասիկա լաւ մթնոլորտ կը ստեղծէ եւ մեզ մտային գետնի վրայ կը պատրաստէ նկատի առնուելիք նիւթին համար», կ’ըսէ Խուան, որ Մեքսիքայի մէջ կ’ապրի։ Իր ընտանիքը կը զատէ երգեր, որոնք ընտրուած նիւթերէն ոմանց հետ կապ ունին։

Սրի Լանքա

Կարգ մը ընտանիքներ Աստուածաշունչէն հատուած մը միասնաբար կը կարդան։ Զանազանութեան համար, ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ անձնաւորութեան մը դերը կը ստանձնէ։ Ճափոնի մէջ հայր մը կը խոստովանի, թէ իրեն համար «սկիզբը այսպէս կարդալը քիչ մը տարօրինակ էր»։ Բայց իր երկու տղեկները կ’ուրախանային, որ ծնողքը իրենց հետ բան մը կը վայելէր։ Կարգ մը ընտանիքներ նոյնիսկ սուրբ գրային պատմութիւններու թատերախաղեր կը պատրաստեն։ Զաւակները «յաճախ պատմութիւններուն մէջ կը նշմարեն բաներ, որոնք մենք որպէս ծնողներ չնշմարեցինք», կ’ըսէ Ռաճըր՝ երկու տղեկներու հայր մը, որ կ’ապրի Հարաւային Ափրիկէի մէջ։

Հարաւային Ափրիկէ

Զանազանութիւն մտցնելու ուրիշ կերպ մըն է՝ միասնաբար ծրագրի մը վրայ աշխատիլ, ինչպէս՝ Նոյի տապանին կամ Սողոմոնի տաճարին օրինակը շինել։ Այսպիսի ծրագիրներ կը պահանջեն պրպտումներ ընել, որոնք կրնան հետաքրքրաշարժ ըլլալ։ Օրինակ, Ասիոյ մէջ 5 տարեկան աղջնակ մը, իր ծնողքը եւ մեծ մայրը հետեւեալը փորձեցին. նստասենեակին մէջ, անոնք միասնաբար աշխատեցան խաւաքարտի վրայ պատրաստել խաղ մը, որ հիմնուած է Պօղոսի միսիոնարական ճամբորդութիւններուն վրայ։ Ուրիշ ընտանիքներ Ելից գրքի պատմութիւններուն վրայ հիմնուած խաղեր պատրաստած են։ Թօկոյի մէջ ապրող 19 տարեկան Տանըլտ կ’ըսէ, թէ զանազանութիւն մտցնելը «կեանք տուաւ մեր ընտանեկան պաշտամունքին ե՛ւ մեր ընտանիքին»։ Կրնա՞ս մտածել ծրագրի մը մասին, որ ընտանեկան պաշտամունքդ աւելի՛ հաճոյալի պիտի դարձնէ։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է

Թէեւ զանազանութիւնը եւ դիւրաթեք ըլլալը ընտանեկան պաշտամունքը հետաքրքրաշարժ կը դարձնեն, բայց պաշտամունքը դաստիարակչական ըլլալու համար, պէտք է բոլորը պատրաստուած ըլլան։ Ատեններ, դժուար կ’ըլլայ որ զաւակները կարենան երկար ժամանակ նստիլ եւ ուսումնասիրել, ուստի հայր մը պէտք է ուշի–ուշով ընտրէ նիւթ մը, որ պիտի հետաքրքրէ իր զաւակները, եւ ապա լաւ պատրաստութեան համար ժամանակ տրամադրէ։ Հայր մը կ’ըսէ. «Երբ պատրաստուած ըլլամ, բոլորը աւելի իմաստալից ուսումնասիրութիւն կը վայելեն»։ Գերմանիոյ մէջ, հայր մը կանխաւ իր ընտանիքին կ’իմացնէ, թէ գալիք շաբաթներուն ի՛նչ նկատի պիտի առնեն։ Պենինի մէջ, երբ 6 երեխաներու հայր մը թուային տեսասկաւառակ դիտելու յայտագիր կ’ընէ, ան կանխաւ իր երեխաներուն հարցարան կը բաշխէ։ Իրապէս, նախապատրաստութիւնը ընտանեկան պաշտամունքին որակին դրականօրէն կ’ազդէ։

Երբ ընտանիքի անդամները նկատի առնուելիք նիւթերը կանխաւ գիտնան, շաբթուան ընթացքին կրնան անոնց մասին խօսիլ եւ այսպէս իրենց խանդավառութիւնը աւելցնել։ Եւ եթէ իւրաքանչիւր անհատ նշանակում ունենայ, իւրաքանչիւր անհատ պիտի զգայ թէ անիկա իր ընտանեկան պաշտամունքն է։

ԿԱՆՈՆԱՒՈՐԱԲԱՐ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԵՑԷ՛Ք

Բազմաթիւ ընտանիքներու համար դժուար է կանոնաւոր ընտանեկան պաշտամունք ունենալ։

Շատ մը հայրեր պէտք է երկար ժամեր աշխատին իրենց ընտանիքները կերակրելու համար։ Օրինակ, Մեքսիքայի մէջ հայր մը տունը կը ձգէ առաւօտուն ժամը 6–ին, եւ իրիկունը ժամը 8–էն առաջ տուն չի վերադառնար։ Կամ կ’ըլլան ատեններ, երբ ոմանք իրենց Ընտանեկան պաշտամունքին օրը կը փոխեն, քանի որ կ’ունենան ուրիշ հոգեւոր յայտագիր մը, ինչպէս՝ շրջանային տեսուչի այցելութիւն կամ համաժողով։

Հակառակ դժուարութիւններուն, պէտք է վճռենք կանոնաւորաբար ընտանեկան պաշտամունք ունենալ։ Թօկոյի մէջ, 11 տարեկան Լոըս կը բացատրէ թէ ասիկա որքա՛ն կարեւոր է իր ընտանիքին համար. «Թէեւ ատեններ օրուան ընթացքին պատահած որոշ բանի պատճառաւ մեր ընտանեկան պաշտամունքը ուշ ժամերուն կը սկսինք, բայց մի՛շտ զայն կ’ընենք»։ Ուստի լաւ գաղափար է ընտանեկան պաշտամունքը շաբթուան սկիզբը ընել։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի եթէ անակնկալ բան պատահի, ընտանիքը կարենայ շաբթուան ընթացքին ուրիշ օր մը ընտրել։

Ինչո՞ւ զայն կը կոչենք ընտանեկան պաշտամունք։ Քանի որ անիկա Եհովայի պաշտամունքին մէկ մասն է։ Ընտանեօք կրնանք ‘մեր շրթունքներուն պտուղները մատուցանել’, ամէն շաբաթ Եհովան փառաբանելով (Ով. 14։2)։ Թող որ իւրաքանչիւրս ընտանեկան պաշտամունքը վայելենք, քանի որ «Տէրոջը ուրախութիւնը [մեր] զօրութիւնն է» (Նէ. 8։9, 10