Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քաջասի՛րտ եղիր. Եհովան օգնականդ է

Քաջասի՛րտ եղիր. Եհովան օգնականդ է

«Կը համարձակինք ըսելու. ‘Տէրը իմ օգնականս է’» (ԵԲ. 13։6

1, 2. Ճամբորդող անհատներէն շատեր հայրենիք վերադառնալէ ետք, ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն (տե՛ս բացման պատկերը)։

«ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆ աշխատելով, գործիս մէջ պատասխանատու դիրքի վրայ էի եւ շատ դրամ կը շահէի», կը նշէ Էտուարտոն *։ «Բայց երբ սկսայ Եհովայի վկաներուն հետ Աստուածաշունչը սերտել, անդրադարձայ թէ աւելի կարեւոր պատասխանատուութիւն մը ունէի. ընտանիքիս հոգ տանիլ թէ՛ հոգեւորապէս եւ թէ ֆիզիքապէս։ Ուստի ընտանիքիս վերադսարձայ» (Եփ. 6։4

2 Էտուարտոն գիտէր թէ իր ընտանիքին միանալով Եհովան հաճեցուց։ Բայց նախորդ յօդուածին մէջ նշուած Մարիլինին պէս, ան իր կնոջ եւ զաւակներուն հետ իր փոխյարաբերութիւնը վերահաստատելու պէտք էր սկսէր։ Նաեւ, ընտանիքին ապրուստը ճարելու համար, ան ստիպուած էր տնտեսական աւելի տկար պայմաններու ներքեւ աշխատիլ։ Ան ինչպէ՞ս պիտի կարենար գլուխ ելլել։ Ժողովքի անդամներէն ի՞նչ օգնութիւն կրնար ակնկալել։

ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՒ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵԼ

3. Ծնողքին բացակայութենէն զաւակները ինչպէ՞ս կ’ազդուին։

3 «Գիտակցեցայ թէ զաւակներս անտեսած էի այնպիսի ժամանակ մը, որ անոնք շատ կարիք ունէին առաջնորդութեանս ու խանդաղատանքիս», կը խոստովանի Էտուարտոն։ «Ներկայ չէի որ Աստուածաշունչէն իրենց պատմութիւններ կարդայի, իրենց հետ աղօթէի, զիրենք շոյէի եւ իրենց հետ խաղայի» (Բ. Օր. 6։7)։ Իր մեծ աղջիկը՝ Աննան կը մտաբերէ. «Հայրս մեզի հետ չըլլալով, զգացականօրէն անապահով կը զգայի։ Երբ վերադարձաւ, կը ճանչնայինք միայն անոր դէմքն ու ձայնը։ Զիս գրկելն անգամ բնական չթուեցաւ ինծի»։

4. Հօր մը բացակայութիւնը ինչպէ՞ս կ’ազդէ իր գլխաւորութիւնը ի գործ դնելուն։

4 Հօր մը բացակայութիւնը նաեւ կը տկարացնէ իր դերը որպէս ընտանիքի գլուխ։ Էտուարտոյին կինը՝ Ռուպի կը բացատրէ. «Ստիպուեցայ երկու դեր խաղալ,– մայր ու հայր,– եւ վարժուեցայ ընտանեկան գրեթէ բոլոր որոշումները առանձին կայացնել։ Երբ Էտուարտոն տուն վերադարձաւ, հարկ էր որ սորվէի ճիշդ ի՛նչ ըսել է քրիստոնէական հպատակութիւն։ Նոյնիսկ ներկայիս, երբեմն պէտք է ես ինծի յիշեցնեմ թէ ամուսինս քովս է» (Եփ. 5։22, 23)։ Էտուարտոն կ’աւելցնէ. «Երեք աղջիկներս վարժուած էին իրենց մօր դիմել՝ բան մը ընելու համար արտօնութիւն առնելու։ Որպէս ծնողներ, անդրադարձանք թէ անհրաժեշտ էր որ մեր զաւակները նկատէին, թէ մենք միասնաբար որոշումներ կը կայացնենք, եւ հարկ կար որ սորվէի քրիստոնէավայել կերպով առաջնորդութիւն առնել»։

5. Հայր մը ինչպէ՞ս սկսաւ իր բացակայութեան առթած վնասը չէզոքացնել, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

5 Էտուարտոն վճռած էր լաւագոյնը ընել ընտանիքին հետ իր փոխյարաբերութիւնը վերահաստատելու եւ անոնց հոգեւորութիւնը զօրացնելու համար։ «Նպատակակէտս էր՝ զաւակներուս մէջ ճշմարտութիւնը խօսքով ու գործով քանդակել,– ոչ թէ միայն ըսել թէ Եհովան կը սիրեմ, այլ՝ ցոյց տալ» (Ա. Յովհ. 3։18)։ Եհովան Էտուարտոյին հաւատքի արարքները օրհնե՞ց։ «Շատ տարբերութիւն ըրաւ տեսնելը, թէ ան որքա՛ն ջանք կը թափէ որ լաւ հայր ըլլայ եւ մեզի դարձեալ մօտենայ», կը պատասխանէ Աննան։ «Երբ տեսանք թէ ժողովքին մէջ կը ձգտի, իրմով հպարտ զգացինք։ Աշխարհը կը ջանար մեզ Եհովայէն հեռացնել։ Բայց տեսանք թէ մեր ծնողքը ճշմարտութեան վրայ կեդրոնացած էր, ուստի փորձեցինք նոյնը ընել։ Հայրս խոստացաւ անգամ մը եւս մեզ չթողուլ, եւ իր խոստումին տէրը ելաւ։ Եթէ մեզմէ կրկին հեռանար, հաւանաբար այսօր Եհովայի կազմակերպութեան մէջ չըլլայի»։

ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ԸԼԼԱԼԸ ԸՆԴՈՒՆԻԼ

6. Պատերազմի ընթացքին շատ մը ծնողներ ի՞նչ բան ըմբռնեցին։

6 Կարգ մը փորձառութիւններ ցոյց կու տան, թէ Պալքանեան թերակղզիի պատերազմին ընթացքին, հոն ապրող Եհովայի վկաներուն զաւակները ուրախ էին՝ հակառակ կեանքի դժուար պայմաններուն։ Ինչո՞ւ։ Ծնողները չկարենալով գործի երթալ՝ տունը մնացին եւ անոնց հետ սերտեցին, խաղացին եւ խօսակցեցան։ Ասկէ ի՞նչ դաս կը քաղենք։ Դրամէն կամ նուէրներէն աւելի, զաւակները պէտք ունին որ իրենց ծնողքը իրենց հետ ըլլայ։ Իրապէս, ճիշդ ինչպէս որ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ, զաւակները պիտի օգտուին երբ ծնողները իրենց ուշադրութիւն ընծայեն եւ մարզեն (Առ. 22։6

7, 8. ա) Վերադարձող ծնողներէն ոմանք ի՞նչ սխալ կեցուածք կ’ունենան։ բ) Ծնողներ ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակներուն օգնել որ ժխտական զգացումները յաղթահարեն։

7 Ցաւօք սրտի, ճամբորդութենէն վերադարձող ծնողներէն ոմանք, երբ իրենց զաւակներուն դժգոհութիւնը կամ անտարբերութիւնը նշմարեն, կը հակազդեն՝ ըսելով. «Ինչպէ՞ս կրնաս այսքան ապերախտ ըլլալ այն ամէն զոհողութեան ի տես, որ քեզի համար ըրի»։ Սակայն, մեծաւ մասամբ ծնողքին բացակայութիւնն էր որ զաւակներուն մէջ ժխտական կեցուածք յառաջացուց։ Ծնողք մը ինչպէ՞ս կրնայ խրամատը գոցել։

8 Եհովայէն օգնութիւն խնդրէ որ հասկնաս թէ ընտանիքդ իրապէս ինչպէ՛ս կը զգայ, եւ ցոյց տաս թէ իրենցմով հետաքրքրուած ես։ Ապա, երբ ընտանիքիդ հետ կը խօսիս, ընդունէ՛ թէ խնդրին մէջ բաժին ունիս։ Անկեղծօրէն ներողութիւն խնդրելը կրնայ օգնել։ Մինչ կողակիցդ եւ զաւակներդ կը նկատեն, թէ յարատեւ կը ջանաս հարցերը շտկել, անկեղծութիւնդ պիտի շօշափեն։ Վճռականութեամբ եւ համբերութեամբ, կրնաս աստիճանաբար ընտանիքիդ սէրն ու յարգանքը շահիլ։

ԻՐԵՆՆԵՐՈՒՆ ՀՈԳ ՏԱՆԻԼ

9. Ինչո՞ւ ‘մերիններուն հոգ տանիլը’ մեզմէ չի պահանջեր շարունակ ջանալ աւելի նիւթական բաներ ձեռք ձգել։

9 Պօղոս առաքեալ ուղղութիւն տուաւ, թէ երբ տարեց քրիստոնեաներ չկարենան ծայրը ծայրին բերել, զաւակները եւ թոռները պէտք է «փոխարէն հատուցանե[ն] իրենց ծնողներուն»։ Բայց ան նաեւ բոլոր քրիստոնեաները յորդորեց, որ իրենց առօրեայ անհրաժեշտութիւններով բաւականանան,– ուտելիք, հագուելիք եւ պատսպարան։ Պէտք չէ շարունակ ջանանք աւելի բարձր կենսամակարդակ ունենալ կամ ապագային համար նիւթական ապահովութիւն ձեռք ձգել (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 5։4, 8. 6։6-10)։ ‘Իրեններուն հոգ տանելու’ համար, հարկ չկայ որ քրիստոնեան հարուստ դառնայ այս աշխարհին մէջ, որ անցնելու վրայ է (Ա. Յովհ. 2։15-17)։ Պէտք չէ թոյլ տանք որ «հարստութեան խաբէութիւնը» կամ «այս աշխարհի հոգերը» վտանգեն մեր ընտանիքին «յաւիտենական կեանքը» Աստուծոյ արդար նոր աշխարհին մէջ (Մար. 4։19, ԱԾ. Ղուկ. 21։34-36. Ա. Տիմ. 6։19

10. Պարտքերու առնչութեամբ, ինչպէ՞ս կրնանք աստուածային իմաստութիւն ցոյց տալ։

10 Եհովան գիտէ թէ դրամի կարիք ունինք։ Բայց դրամը չի կրնար մեզի օգնել ու պաշտպանել այնպէս՝ ինչպէս որ աստուածային իմաստութիւնը կ’ընէ (Ժող. 7։12. Ղուկ. 12։15)։ Շատ մը պարագաներու, մարդիկ գործի համար արտասահման ճամբորդելու ծախսը կը թերագնահատեն, եւ երաշխիք չկայ թէ հոն աւելի դրամ պիտի շահին։ Արդարեւ շատ լուրջ վտանգներ կան։ Ճամբորդող անհատներէն շատեր նոյնիսկ աւելի մեծ պարտքերով տուն կը վերադառնան։ Փոխանակ Եհովային ծառայելու համար աւելի ազատ ըլլալու, անոնք կը սկսին իրենց պարտատէրերուն ծառայել (կարդա՛ Առակաց 22։7)։ Իմաստուն ընթացքն է՝ սկիզբէն պարտքի տակ չմտնել։

11. Որոշ պիւտճէի մը կառչիլը ընտանիքներուն ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ դրամական ճնշումը նուազեցնեն։

11 Էտուարտոն գիտէր թէ ընտանիքին հետ մնալու որոշումը յաջողցնելու համար, հարկ էր որ դրամ ծախսելուն շուրջ ուշադիր ըլլար։ Ինք ու իր կինը իրենց իսկապէս պէտք եղած ապրանքներուն համար պիւտճէ յատկացուցին։ Բնականաբար, այդ պիւտճէին կառչելով չէին կրնար գնել այն ինչ որ նախապէս կը գնէին։ Բայց բոլորն ալ համագործակցեցան եւ ոչ–անհրաժեշտ բաներու վրայ դրամ չծախսեցին *։ «Օրինակ», կ’ըսէ Էտուարտոն, «զաւակներս անձնական դպրոցներէ հանեցի եւ անոնց համար պետական լաւ դպրոցներ գտայ»։ Ինք ու իր ընտանիքը աղօթեցին որ գտնէր գործ մը, որ իրենց հոգեւոր սովորամոլութեան արգելք պիտի չհանդիսանար։ Եհովան անոնց աղօթքներուն ինչպէ՞ս պատասխանեց։

12, 13. Հայր մը ի՞նչ գործնական քայլեր առաւ իր ընտանիքը հոգալու համար, եւ Եհովան ինչպէ՞ս օրհնեց պարզ կեանք վարելու անոր վճռականութիւնը։

12 «Առաջին երկու տարիներուն, հազիւ մեր ապրուստը կը ճարէինք», կը մտաբերէ Էտուարտոն։ «Մէկ կողմ դրած դրամս կը հատնէր, չնչին եկամուտս միշտ ծախքը չէր ծածկեր, եւ ես ֆիզիքապէս յոգնած էի։ Բայց մենք բոլոր ժողովներուն ներկայ կը գտնուէինք եւ միասնաբար ծառայութեան կը մասնակցէինք»։ Էտուարտոն վճռեց ո՛չ իսկ մտածել գործի առաջարկներու մասին, որոնք ամիսներով կամ տարիներով զինք իր ընտանիքէն հեռու պիտի պահէին։ «Փոխարէն», կ’ըսէ ան, «սորվեցայ զանազան գործեր աշխատիլ, այնպէս որ եթէ մէկ գործը մատչելի չըլլար, միւսին կրնայի ձեռնարկել»։

Ընտանիքիդ նիւթապէս օգնելու համար, կրնա՞ս սորվիլ զանազան գործեր աշխատիլ (տե՛ս պարբերութիւն 12)

13 Քանի որ Էտուարտոն ստիպուած էր իր պարտքերը քիչ–քիչ վճարել, պահանջուեցաւ աւելի մեծ տոկոս վճարել։ Բայց ան սեպեց թէ ատիկա վճարելիք չնչին գին է, որպէսզի ընտանեկան կեանքի բոլոր երեսակներուն մասնակցի, ինչպէս որ Եհովան կ’ուզէ որ ծնողներ ընեն։ «Այժմ, իմ վաստկած գումարս արտասահման շահածիս 10 առ հարիւրէն պակաս է», կ’ըսէ Էտուարտոն, «բայց անօթի չենք մնար։ ‘Տէրոջ ձեռքը կարող է փրկել’։ Իրականութեան մէջ, որոշեցինք ռահվիրայութիւն ընել։ Յատկանշականօրէն, ատկէ ետք տնտեսական ճնշումը նուազեցաւ եւ մեր նիւթական անհրաժեշտութիւնները ճարելը աւելի դիւրին դարձաւ» (Եսա. 59։1

ԱԶԳԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՃՆՇՈՒՄԻՆ ՀԵՏ ԳԼՈՒԽ ԵԼԼԵԼ

14, 15. ա) Նիւթական բաները հոգեւոր հետապնդումներէն առաջ դասելու ճնշումին հետ ընտանիքը ինչպէ՞ս կրնայ գլուխ ելլել։ բ) Արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ երբ ընտանիքը լաւ օրինակ հանդիսանայ։

14 Շատ մը շրջաններու մէջ, մարդիկ պարտաւոր կը զգան իրենց ազգականներուն ու բարեկամներուն դրամ եւ նուէրներ տալ։ «Ասիկա մեր մշակոյթին մէկ մասն է, եւ մենք կը սիրենք տալ», կը բացատրէ Էտուարտոն, ու կ’աւելցնէ. «Բայց չափ ու սահման կայ։ Փափկանկատօրէն ազգականներուս կը բացատրեմ, թէ իրենց պիտի տամ որքա՛ն որ կրնամ, առանց ընտանիքիս հոգեւոր կարիքներն ու սովորամոլութիւնը վտանգելու»։

15 Վերադարձող ճամբորդները եւ անոնք որոնք կը մերժեն իրենց ընտանիքը ձգելով արտասահման աշխատիլ, յաճախ կը դիմագրաւեն իրենց ազգականներուն բարկութիւնը, արհամարհանքը եւ յուսախաբութիւնը, քանի որ ապրուստ ճարելու համար թերեւս իրենց վստահած էին։ Ոմանք զիրենք անսիրալիր կը կոչեն (Առ. 19։6, 7)։ «Բայց եւ այնպէս», կը նշէ Էտուարտոյին աղջիկը՝ Աննան, «երբ կը մերժենք նիւթական առաւելութիւններու համար հոգեւոր բաները զոհել, մեր ազգականներէն ոմանք կրնան ի վերջոյ անդրադառնալ, թէ իրապէս որքա՛ն կարեւոր է մեր քրիստոնէական կեանքը։ Բայց անոնք ասիկա ինչպէ՞ս պիտի հասկնան, եթէ իրենց պահանջներուն տեղի տանք» (համեմատէ՛ Ա. Պետրոս 3։1, 2

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՆԴԷՊ ՀԱՒԱՏՔ ԴՐՍԵՒՈՐԵԼ

16. ա) Անհատ մը ինչպէ՞ս կրնայ սխալ դատողութեամբ ‘ինքզինք խաբել’ (Յակ. 1։22)։ բ) Եհովան ինչպիսի՞ որոշումներ կ’օրհնէ։

16 Քոյր մը, որ բարգաւաճ երկիր ճամբորդեց՝ առանց իր ամուսինին եւ զաւակներուն, ըսաւ երէցներուն. «Որպէսզի կարենամ հոս գալ, հարկ եղաւ որ մեծ զոհողութիւններ ընենք։ Ամուսինս նոյնիսկ ստիպուեցաւ որպէս երէց ծառայելէ հրաժարիլ։ Ուստի իսկապէս յոյս ունիմ որ Եհովան պիտի օրհնէ այս քայլը»։ Եհովան միշտ կ’օրհնէ այն որոշումները, որոնք իրեն հանդէպ հաւատք ցոյց կու տան. բայց ինչպէ՞ս պիտի օրհնէ որոշում մը, որ իր կամքին հակառակ է, մանաւանդ երբ կը պարփակէ անտեղիօրէն սուրբ առանձնաշնորհումներէ հրաժարիլ (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։6. Ա. Յովհաննէս 5։13-15

17. Ինչո՞ւ Եհովայի ուղղութիւնը պէտք է փնտռենք նախքան որոշում կայացնելը, եւ ասիկա ինչպէ՞ս կրնանք ընել։

17 Եհովայի ուղղութիւնը փնտռէ՛ նախքան որոշումներ կայացնելդ, եւ ոչ թէ անկէ ետք։ Աղօթքով խնդրէ սուրբ հոգին, իմաստութիւն եւ առաջնորդութիւն (Բ. Տիմ. 1։7)։ Դուն քեզի հարցուր. «Ի՞նչ պայմաններու ներքեւ պատրաստ եմ Եհովային հնազանդելու։ Նոյնիսկ հալածանքի՞ ներքեւ»։ Եթէ այո, պատրա՞ստ ես իրեն հնազանդելու, երբ ասիկա նշանակէ միայն կենսամակարդակդ իջեցնել (Ղուկ. 14։33)։ Երէցներէն խնդրէ աստուածաշնչական խրատներ, եւ զանոնք ի գործ դնելով ցոյց տուր թէ կը հաւատաս ու կը վստահիս քեզի օգնելու Եհովայի խոստումին։ Երէցները չեն կրնար տեղդ որոշումներ կայացնել, բայց կրնան քեզի օգնել որ ընես այնպիսի ընտրութիւններ, որոնք ժամանակի ընթացքին ուրախութիւն պիտի բերեն (Բ. Կոր. 1։23

18. ա) Ընտանիքը հոգալու պատասխանատուութիւնը որո՞ւն վրայ կ’իյնայ։ բ) Ի՞նչ պարագաներ օգնելու պատեհութիւն կու տան մեզի։

18 Եհովան կ’ակնկալէ որ ընտանիքի գլուխը օրէ օր կրէ ընտանիքը հոգալու «բեռ»ը։ Պէտք է գովենք եւ աղօթենք անոնց համար, որոնք հակառակ իրենց դիմագրաւած ճնշումին ու փորձութեան, այդ պատասխանատուութիւնը կը կատարեն՝ առանց իրենց կողակիցը կամ զաւակները ձգելու։ Ասկէ զատ, պատեհութիւն ունինք այս հաւատարիմ եղբայրներուն յայտնելու մեր սէրը, երբ բնական աղէտներ հարուածեն կամ բժշկական ստիպողական պարագայ մը ծագի (Գաղ. 6։2, 5. Ա. Պետ. 3։8)։ Կրնա՞ս եղբօր կամ քրոջ մը օգնել որ շրջանին մէջ գործ գտնէ, կամ տալ այն ինչ որ շատ անհրաժեշտ է, ինչպէս՝ դրամ կամ ուտելիք։ Եթէ այդպէս ընես, պիտի թեթեւցնես անոր դիմագրաւած ճնշումը, որ ընտանիքը ձգելով հեռու տեղ աշխատի (Առ. 3։27, 28. Ա. Յովհ. 3։17

ՅԻՇԷ՛ ԹԷ ԵՀՈՎԱՆ ՕԳՆԱԿԱՆԴ Է

19, 20. Քրիստոնեաները ինչո՞ւ կրնան վստահ ըլլալ որ Եհովան իրենց պիտի օգնէ։

19 Աստուածաշունչը մեզ կը յորդորէ. «Բարքերնիդ արծաթասէր չըլլա՛յ, բաւական սեպեցէք որչափ բան որ ձեռքերնիդ կայ. վասն զի ինք ըսաւ թէ՝ ‘Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ’. այնպէս որ կը համարձակինք ըսելու. ‘Տէրը իմ օգնականս է, ուստի ես պիտի չվախնամ. մարդը ինծի ի՞նչ պիտի ընէ’» (Եբ. 13։5, 6)։ Այս յորդորը ինչպէ՞ս կրնանք գործադրել։

20 «Մարդիկ յաճախ կ’ըսեն թէ Եհովայի վկաները շատ ուրախ են», կը նշէ զարգացող երկրի մը մէջ ապրող փորձառու երէց մը։ «Անոնք նաեւ կը նկատեն թէ նոյնիսկ աղքատ Վկաները միշտ կոկիկ կը հագուին եւ կը թուին լաւ վիճակ ունենալ»։ Ասիկա ներդաշնակ է այն խոստումին հետ, որ Յիսուս տուաւ անոնց, որոնք Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը կը դնեն (Մատ. 6։28-30, 33)։ Այո, երկնաւոր Հայրդ Եհովան քեզ կը սիրէ եւ քեզի ու զաւակներուդ համար լաւագոյնը կը կամենայ։ «Տէրոջը աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէս զի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ» (Բ. Մն. 16։9)։ Մեզի տուած իր պատուիրանները,– ներառեալ անոնք որ կապ ունին ընտանեկան կեանքին եւ նիւթական կարիքներուն հետ,– մեր օգտին համար են։ Անոնց հետեւելով ցոյց կու տանք, թէ Եհովան կը սիրենք եւ իրեն կը վստահինք։ «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն» (Ա. Յովհ. 5։3

21, 22. Ինչո՞ւ վճռած ես Եհովային վստահիլ։

21 Էտուարտոն կ’ըսէ թէ մշտնջենապէս կորսնցուց այն ժամանակը, որուն ընթացքին իր կնոջմէն ու զաւակներէն հեռու էր։ Ան կ’աւելցնէ. «Բայց սխալ որոշումիս վրայ չեմ կեդրոնանար։ Նախկին պաշտօնակիցներէս շատեր հարուստ են, բայց ուրախ չեն եւ իրենց ընտանիքները լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւեն։ Միւս կողմէ, մեր ընտանիքը շա՜տ ուրախ է։ Եւ կը տպաւորուիմ տեսնելով թէ ինչպէս այս երկրին մէջ եղբայրներ, աղքատ ըլլալով հանդերձ, իրենց կեանքին մէջ հոգեւոր բաները առաջին տեղը կը պահեն։ Բոլորս Յիսուսի խոստումին ճշմարիտ ըլլալը կը շօշափենք» (կարդա՛ Մատթէոս 6։33

22 Քաջասի՛րտ եղիր։ Որոշէ՛ Եհովային հնազանդիլ եւ վստահիլ։ Աստուծոյ, կողակիցիդ եւ զաւակներուդ հանդէպ սէրդ թող քեզ մղէ, որ ընտանիքիդ հանդէպ հոգեւոր պատասխանատուութիւնդ կատարես։ Առ ի արդիւնք, պիտի շօշափես թէ ‘Եհովան օգնականդ է’։

^ պարբ. 1 Անունները փոխուած են։

^ պարբ. 11 Տե՛ս Զարթի՛ր–ի սեպտեմբեր 2011 թիւը, էջ 3-9 (անգլերէնով)։